ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԻ ԱՌՋԵՒ
Մարդկային կեանքը կը դիմաւորուի յաճախ անկիւնադարձերով՝ որոնք կ՚որոշեն մարդուս ընթացքը։ Արդարեւ, անկիւնադարձի առջեւ ըլլալ, կը նշանակէ որոշում տալ՝ թէ ո՛ր ուղղութեամբ պէտք է շարունակել կեանքի ուղին։
Մարդ, ներկայիս, ինչպէս անցեալին, միշտ գտնուած է անկիւնադարձերու առջեւ, եւ պէտք է գտնուի, որպէսզի կարենայ գործածել իր բնատուր «ազատ կամք»ը։
Պահ մը խորհեցէք, սիրելի՜ ընթերցողներ, կեանքի մէջ եթէ չըլլար անկիւնադարձեր, ապա մարդ մեքենայի մը միօրինակութեամբ պիտի շարժէր։ Բայց մարդ բանաւոր էակ մըն է՝ կը քննէ, կը դատէ, կ՚որոշէ եւ ի՛նք կը գծէ իր ուղին, ինք իր կամքով, սխալ կամ ճիշդ, ընթացք կու տայ իր կեանքին։ Բանականութեամբ օժտուած մարդը՝ ազատ եւ անկախ, կը յառաջանայ կեանքի ճամբուն վրայ, իր նախընտրութեամբ, իր որոշումներով։
Ահաւասիկ այս պատճառով կարեւոր եւ անհրաժեշտ են «անկիւնադարձ»երը, որոնք կը յիշեցնեն մարդուն՝ թէ պէ՛տք է գործածէ իր խելքը, օգտուի իմացականութեան բարիքներէն, դատէ, որոշէ եւ ըստ այնմ շարունակէ իր ճամբան՝ այս կամ այն ուղղութեամբ։
Բայց այս ազատութիւնը՝ կը նշանակէ նաեւ պատասխանատուութի՛ւն։ Ուստի ամէն ազատութիւն, բնականաբար իր հետ կը բերէ պատասխանատուութի՛ւնը։
Դարաւոր այլազան տեսութիւններ, յեղաշրջումներ, ընկերային կեանքի փոփոխութիւններ՝ մարդկային ուղեղը, բանականութիւնը կը ցնցեն։ Պահ մը խորհեցէ՛ք, դեռ այսօր մարդիկ չեն կրցած որոշել «վերջնական ուղղութիւն» մը, եւ տեւական որոնումի մէջ են, եւ այս պատճառով կը խարխափին ու կը դեդեւին։
Անցեալը վերջացուցած է իր շրջանը, ապագան մո՛ւթ կ՚երեւի, եւ անորոշ։ Ուրեմն ներկան կրնայ ընթացք տալ մարդուս։ Արդարեւ, հսկայական յառաջդիմութիւններ, նորանոր գիւտեր, զարմանալի համակարգեր, բոլորն ալ ընթացք կու տան մարդուս, բայց անոնք նորանոր հարցեր ստեղծող թնճուկներ կը հանդիսանան։ Մարդ կը շուարի, քանի որ ան տակաւին պատրաստ չէ՛ լուծման լաւագոյն եղանակներ գտնելու անոնց։ Մէկ կողմէ՝ «ազատ կամք», միւս կողմէ՝ պատասխանատուութիւն. մէկ կողմէ՝ որոշում տալու պարտաւորութիւն, միւս կողմէ՝ հսկայական անորոշութիւն։ Եւ մարդ պահ մը կու գայ, որ բոլորովին անկարող կը զգայ ինքզինք, քանի որ «անորոշութիւն»ը ամենէն վտանգաւոր կացութիւնն է մարդուս, որով կրնայ դիմաւորուիլ յաճախ, կեանքի ճամբուն վրայ՝ անկիւնադարձերու առջեւ։
Ապա ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընէ մարդ։
Յուսահատի՞ ուրեմն, յուսալքուի՞ եւ դասալի՞ք ըլլայ կեանքի վազքին մէջ։
Բայց մարդուն բանականութեան հակառակ է այդ ընթացքը եւ վիրաւորիչ՝ մարդկային արժանապատուութեան համար։ Ուրեմն մարդ պէ՛տք է ջանայ իր բանականութիւնը ողջմտութեամբ զօրացնէ։ Արդարեւ, ողջմտութեամբ զարդարուած բանականութիւնը զօրաւո՛ր է։ Ահաւասիկ, ժամանա՛կն է գիտակցելու, թէ մարդ իր շահածներուն առընթեր ի՛նչեր կը կորսնցնէ։ Հաշուեկշիռ մը ընել անհրաժեշտ է։
Ուստի, մանաւանդ ներկայ դարուս, բազմամիլիոն մարդոց «մեքենայացած» հոգին դատարկ է, պարապ է այսօր։ Բարոյականի օրէնքներ կ՚անտեսուին եւ երբեմն ալ կ՚արհամարհուին, աւելին՝ կրօնք եւ Աստուած ժամանակավրէպ կը նկատուին եւ կ՚անտեսուին։ Բարոյական, հոգեկան արժէքներ կը մերժուին, կ՚ուրացուին եւ ոմանք պարծանք կը զգան այդ մերժումին եւ ուրացումին պատճառով։
Բայց ժամանակակից ուրացող եւ մերժող մարդը, կը խորհի՞ արդեօք, թէ իր ուրացած եւ մերժած արժէքներէն պարպուածին տեղը ի՞նչ բանով պիտի կարենայ լեցնել, միայն հաճո՞յքով, զուարճանա՞լով։
Ի՞նչ բանէ չի զզուիր եւ ձանձրանար մարդ արդեօք։ Մարդ պէտք է գիտակցի՝ թէ ունայնապաշտութիւնը ամենամեծ վտանգն է մարդկութեան։
Ոմանք «հոգիի դատարկութիւն» խօսքը ծիծաղելի եւ անիմաստ կը գտնեն, ցաւալի՜ է այս տեսակ մտածութիւն մը, քանի որ հոգին ալ կրնայ պարպուիլ երբեմն եւ մոլորութեան մատնէ մարդս։
Այսօր, ընդհանրապէս, հոգեկան դատարկութեան եւ սնանկութեան ապացոյցներն են մարդկային շատ մը մոլութիւններ։
Հոգեկան պարապութեան եւ սնանկութեան հետեւութիւնները չե՞ն միթէ անձնասպանութիւնները։ Հաճոյքներէ յափրացումի եւ բթանալու երեւոյթներ չե՞ն միթէ անգթութիւնը, եսամոլութիւնը, մարդոց այլամերժ կեցուածքը, ամէն տեսակ ոճիրները եւ համաճարակի բնոյթ ստացող այլասերումը մարդուն։ Այս բոլորին պատճառը չէ՞ք տեսներ հոգեկան դատարկութեան մէջ։
Այս բոլորը կը նշանակէ՝ թէ մարդկութիւնը այսօր հասած է «անկիւնադարձ»ի մը առջեւ, որով պարտաւոր է ան, այսօր իսկ նորոգուիլ, նոր կեանք մը ստանալ՝ անյապաղ նո՛ր հաւաքականութիւն մը կերտել՝ ուր հոգեւորը համընթաց ըլլայ նիւթականին՝ մարմնականին։
Ի՞նչ ընել ուրեմն։
Նախ, համոզուիլ, թէ մարդուս կեանքին մէջ կա՛յ նաեւ հոգեւոր ապրումներու իրականութիւն մը եւ թէ ամէն ինչ հաճոյք չէ՛։ Ուստի կարեւորութիւն ընծայել հոգեւոր արժէքներու՝ ֆիզիքական արժէքներու ընծայուած կարեւորութեան չափով։ Յետոյ գիտնալ, թէ կա՛ն նաեւ մտաւոր արժէքներ։ Ուրեմն մշակոյթի եւ շինիչ գեղարուեստի փարիլ՝ նոր ըմբռնումներով, նոր չափանիշներով՝ նորագուած միտքով եւ նոր հոգիով։ Կարեւորութիւն ընծայենք ամէն հոգեւորին եւ մտայինին, որոնք մեր էութեան անբաժանելի տարրերն են։
Այսօր կան թէ՛ անհատական, թէ՛ հասարակական հրատապ հարցեր եւ մարդիկ սաստիկ վրդոված են։ Հարցը «լինելու եւ չլինելու» հարցն է այսօր։ Ուստի պէտք է, անհրաժեշտ է, որ խելաբերի մարդկութիւնը, քանի որ երբեք ուշ չէ դեռ, համագործակցութեան զգացումով երբ համակուին մարդիկ եւ գործեն իրատեսութեամբ, կարելի է ազատիլ այս քաոսային վիճակէն։ Ուստի մարդիկ կը տարուբերին բարիին եւ չարին միջեւ եւ չեն կրնար որոշել իրենց դիրքը՝ չեն կրնար ընտրել իրենց համար օգտակարը, նպաստաւորը, որ միշտ «բարի՛»ն է։
Արդարութիւն, բարիք տարածող բարեմոյն հոգին անպայման պիտի ապահովէ ցանկալի խաղաղութիւնը, բաւ է որ մարդիկ անդրադառնան անոր, ընտրեն շիտակը, ճշմարիտը եւ բարին։
Քանի որ ուշ չէ տակաւին՝ պէտք է սթափինք եւ խնայենք մեր ապագայ սերունդները, մեր զաւակները, մեր միջավայրը, մեր աշխարհը ամբողջ…։
Արդարեւ մարդկութիւնը պէտք ունի մանաւանդ անցեալի թերութիւններէն, սխալներէն դաս առնելու՝ առանց քրքրուելու եւ գձուձ հաշիւներով զիրար վիրաւորելու, առանց զիրար վշտացնելու, միշտ սիրով՝ որ ամէն նեղութեան դարմանն է, առանց որու մարդկութիւնը չի կրնար երջանկանալ։
Հարցումը սա՛ է. «Յո՞ երթաս մարդկութիւն», քանի որ անոր վերջաբանը մտահոգութիւն կը պատճառէ։ Ուստի սիրով լեցուն սիրտեր պէտք է արթննան այն խոր թմբիրէն, քանի որ ուշ չէ՛ տակաւին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 29, 2016, Իսթանպուլ