ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ՏԵՍԻԼՔԸ
Սուրբ Էջմիածնի Կաթողիկէ Մայր Տաճարի հիմնադրութիւնը խորհրդանի՛շն է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի հրաշալի՜ տեսիլքին։
Արդարեւ, Մաղաքին Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, իր «Ծիսական Բառարան»ին մէջ «կաթողիկէ» բառին մասին սապէս կ՚ըսէ. «Յունական բառին թարգմանական իմաստով կը նշանակէ ընդհանրական, եւ նմանութեամբ սկսաւ նշանակել եւս մեծ ու գլխաւոր, եւ մայր-եկեղեցիները կոչուեցան կաթողիկէ, եւ յատուկ կերպով այդ անունը տրուեցաւ Էջմիածնի Մայր-տաճարին։ Մայր եկեղեցիներուն գմբէթ ունենալէն, գմբէթն ալ կաթողիկէ սկսաւ կոչուիլ, եւ յատկապէս հայ ճարտարապետութեան սեպհական գմբէթը՝ որ ցցուած ու վեղարանման ձեւ ունի։ Այժմ ստէպ այդ իմաստով կը գործածենք կաթողիկէ անունը, եւ երբ զանգակատուներ ալ նոյն ձեւով կը վերջանան, անոնք ալ սոյն անունով կը բացատրուին։ Վիճակաւորներուն եւ մանաւանդ անոնցմէ բարձրաստիճաններուն աթոռներուն վրայ գտնուած գմբեթաձեւ հովանին ալ՝ նոյնպէս կաթողիկէ կոչուեցաւ, եւ սովոր ենք կաթողիկէով եկեղեցի կամ կաթողիկէով աթոռ անուանել այն եկեղեցին ու աթոռը՝ որ սրածայր գմբէթ ունին վրանին»։
Կաթողիկէ Սրբոյ Էջմիածնի տօնը կը կատարուի Հոգեգալուստի տօնէն տասնեւհինգ օր վերջի Կիրակիին, այսինքն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Վիրապէն ելնելու տօնի Շաբաթ օրուան վաղորդայնին, յիշատակն է այն տեսիլքին, զոր մեր հաւատքին հայրը՝ Սուրբ Գրիգոր ունեցաւ արդարեւ, ըստ Ագաթանգեղոսի, Արտաշատի զնտանէն ելլելէն քիչ յետոյ, եւ որուն մէջ տեսաւ անիկա ամպեղէն եւ լուսեղէն տաճարի մը ձեւը, սիւներով եւ կամարներով կազմուած, Վաղարշապատի հայ հին հեթանոսական շրջանի դիւական պաշտամանց այն տեղին վրայ, զոր Աստուծոյ Միածինը երկինքէն իջնելով՝ ջախջախելով խորտակած էր ոսկի մուրճով։
Ուստի «Կաթողիկէ Սրբոյ Էջմիածնի տօն»ը հայերու մէջ հայկական կռապաշտութեան վերջնական ջնջումի յիշատակն է՝ որուն փոխարէն կանգնած է «Հայ Եկեղեցի»ն եւ անոր «Հայրապետական իշխանութիւն»ը։
Այս փառաւոր դէպքով Հայ Եկեղեցին առաջին անգամ կը ճշդէր իր «ինքնուրոյնութի՛ւն»ը։
Նաեւ՝ ընդհանրական եկեղեցին, որ հայ հոգիին երկունքին մէջ կը գծագրուէր՝ «կազմակերպուած հաստատութիւն» մը ներկայանալով, անոր մարմին տալով երեք դարերէ ի վեր առաքելական քարոզութեամբ հայ ժողովուրդին մէջ պաշտուած տարածուն աւետարանական հաւատքին։ (Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան (1874-1939), «Սուրբ եւ Տօնք» 1939)։
Արդարեւ, Աստուծոյ կողմէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի՝ հայ ժողովուրդի պահապանին շնորհուած փառաւոր տեսիլքը եզակի երեւոյթ մըն է Հայ Եկեղեցիի եւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Ինչպէս հոգեգալուստը վերնատան մէջ գտնուող բոլոր առաքեալները լեցուց Սուրբ Հոգիով, այնպէս ալ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի տեսիլքը Սուրբ Հոգիով լեցուց ամբողջ հայ ժողովուրդը, որպէսզի այդ շնորհով Հայ Եկեղեցին ամրապէս խարսխուի Սուրբ Էջմիածինով, եւ հայ ժողովուրդը ընդունի քրիստոնէութիւնը իբրեւ իր երկրի կրօնը։
Տրդատ Գ թագաւորը իր կատարած անօրէնութիւններուն եւ մեղքերուն պատճառով անասունի կերպարանք ստացած էր։ Օր մը անոր քոյրը՝ Խոսրովիդուխտ տեսիլք մը տեսաւ՝ որ կրկնուեցաւ յաջորդաբար։ Ըստ այս հրաշալի՜ տեսիլքին, միայն Արտաշատի բանտին մէջ բանտարկուած Գրիգորը կրնար բժշկել հիւանդ թագաւորը։ Թագաւորը, հոգեկան ներքին տուայտանքներէ ալեկոծ՝ փախչած գացած էր Երասխ գետի ափերը եւ այնտեղ հոգեխռով կը թաւալէր ճահճուտներու մէջ։
Գրիգորը փնտռելու համար Օտա իշխանի գլխաւորութեամբ պատգամաւորներ ուղարկուեցան Արտաշատ։ Բանտապետը եւ պահակները կասկածի մէջ էին Գրիգորի կենդանութեան մասին։ Սակայն անոնց կասկածները փարատեցան երբ գուբի մէջ իջեցուցած պարանը շարժուեցաւ։ Ուստի Գրիգորը կ՚ապրէր…։
Այնուհետեւ, Գրիգորը հանեցին գուբէն, բանտարկուած խոր վիրապէն, լուացին անոր թոյլ եւ նկուն մարմինը, հագուստներ հագցուցին եւ բերին Վաղարշապատ։ Շուրջ տասներեք տարի, որպէս մահապարտ, ան մնացած էր Խոր Վիրապին մէջ։
Ըստ գրաւոր յիշատակութեան մը՝ Աստուծոյ հրեշտակը՝ պառաւի մը՝ ծեր կնոջ մը կերպարանքով ամէն օր անոր նկան մը հաց եւ փարչ մը ջուր կը բերէր։ Այսպէս, աստ-ւածային նախախնամութեամբ Գրիգոր ողջ էր մնացած։ Ահա՛, Աստուծոյ կատարած մեծագոյն հրաշքներէն մի՛ն։
Իսկ երկրորդ հրաշքը՝ անասնակերպ հիւանդ թագաւորին՝ Տրդատի բժշկո՛ւմն էր։ Ուստի Գրիգոր իր հաւատքով բժշկեց թագաւորը, ապա Սուրբ Հոգիով մկրտեց արքայական ընտանիքի անդամները եւ բոլոր իրեն հաւատացողները։
Թագաւորական ընտանիքը, ականատես ըլլալով թագաւորին ապաքինման հրաշքին, դարձի եկաւ հեթանոսութենէն՝ դարձաւ քրիստոնեայ եւ մկրտուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին կողմէ։
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ գուբէն ազատուելէն յետոյ քարոզչական մեծ գործունէութիւն ծաւալեց Հայաստանի մէջ։ Ամէնուրեք քարոզութիւններ սկսան։
Լուսաւորչական շարժումը եւ աշխատանքը չմնաց միայն պալատի շրջապատին մէջ, այլ ընդգրկեց ժողովրդական լայն խաւերը։ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը, քրիստոնէական լոյսը տարածուեցաւ երկրին մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս։
Սակայն Սուրբ Գրիգոր ունէր մե՜ծ երազ մը, մեծ իղձ մը։ Անիկա եւս աստուածային հրաշագեղ տեսիլքով շնորհուեցաւ իրեն։ Ան ամէն գիշեր դուրս կու գար պալատի սահմաններէն եւ այգիներու մէջ, հնձաններու մօտ ծունկի կու գար եւ կ՚աղօթէր Աստուծոյ։ Եւ այդ աղօթքներով Սուրբ Գրիգոր ո՛չ միայն երախտիքի անկեղծ խօսքեր կ՚ուղղէր Աստուծոյ՝ իրեն փրկութեանը համար մահուան գուբէն, ո՛չ միայն Հռիփսիմեանց եւ Գայանեանց անմեղ հոգիներուն լուսաւորման թախանձանքով կը դիմէր Անոր, այլ նաեւ ուրիշ խնդրանք մըն ալ կը յղէր երկինք։ Ան Աստուած տեսնելու խընդ-րանքն էր, տենչն էր սուրբի անմեղ ու անկեղծ հոգիի, որ իր զոհողութիւններով ու տառապանքներով լեցուն աննիւթական ճանապարհով, հոգեւոր բնոյթ էր ստացած։
Աստուած, անսալով սուրբի թախանձանքներուն, արժանացուց զայն Աստուածորդիի երեւման փառաւոր տեսիլքին։
Ագաթանգեղոս եւ Բիւզանդ պատմիչներ կը վկայեն, թէ օր մը կէս գիշերէն յետոյ, երբ աստղերը կը սկսէին նուաղիլ, երկնքի դռները բացուեցան, եւ այնտեղէն աստուածային լոյսը յորդեցաւ դէպի Հայաստան՝ դէպի Վաղարշապատ քաղաք։ Եւ այդ լոյսին մէջ Ի՛նքը՝ Քրիստոս, ոսկիէ մուրճը ձեռքին իջաւ երկինքէն երկիր, Արարատեան շրջան՝ այն վայրը ուր կը գտնուի Սուրբ Էջմիածնի Տաճարը։
Եւ ահաւասիկ այն տօ՛նն է որ կը կատարուի «Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօն»ին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 3, 2017, Իսթանպուլ