«ԳՈՐԾ»ԻՆ ՀՈԳԻՆ «ԽՕՍՔ»Ն Է

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք 6 Նո­յեմ­բեր 1937 թուա­կիր «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ»ի մէջ հրա­տա­րա­կուած, Ար­տա­շէս Գալ­փաք­ճեա­նի «Լաւ Խօ­սա­լու եւ Հա­մո­զե­լու Ա­րուես­տը» խո­րագ­րեալ շա­հե­կան յօ­դուա­ծը։

Տղա՛ս, չեմ սխա­լիր ե­թէ ը­սեմ որ «գործ»ին հո­գին «խօսք»ն է։ Վա­ճա­ռա­կա­նու­թեան, ֆրան­սա­ցի­նե­րը «Քօ­մէռս» կ՚ը­սեն. բայց այս բա­ռը կը նշա­նա­կէ նաեւ «Խօ­սակ­ցու­թիւն»։

­Խօ­սակ­ցու­թիւ­նը ա­րուեստ մըն է։ Եւ ինչ­պէս որ ո եւ է ար­հեստ կամ ա­րուեստ կա­րե­լի չէ ի գործ դնել ա­ռանց ա­սոնք սոր­վե­լու, այդ­պէս ալ գոր­ծի մար­դը, ար­հես­տա­ւոր թէ ա­ռեւտ­րա­կան, ե­թէ իր գոր­ծին մէջ յա­ջո­ղիլ կ՚ու­զէ, պէտք է լաւ խօ­սիլ, կա­նո­նա­ւոր կեր­պով խօ­սակ­ցիլ գիտ­նայ։

Ա­ռեւտ­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն ը­սե­լով ի՞նչ կը հասկ­նանք.- Մեր մէկ ապ­րան­քը կամ ծա­ռա­յու­թիւ­նը ու­րի­շին ըն­դու­նիլ տա­լու հա­մար մա­տու­ցում մը ը­նել, կամ ու­րի­շէ մը խնդրանք մը ըն­դու­նիլ, յանձ­նա­ռու­թիւն մը կ՚առ­նենք, յանձ­նա­րա­րու­թիւն մը կ՚ը­նենք, բո­լոր ա­սոնք եւ այս կար­գի ա­ռեւ­տու­րի վե­րա­բե­րող գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ը­նե­լու հա­մար կը բա­նակ­ցինք, կը սա­կար­կենք եւ մեր ու­զած պայ­ման­նե­րը ըն­դու­նիլ տա­լու հա­մար, կը ջա­նանք հա­մո­զել կամ տար­հա­մո­զել մե­զի հետ գործ ու­նե­ցող մը։

Արդ, հա­մո­զել կամ տար­հա­մո­զել գիտ­նա­լու հա­մար պէտք է մարդ խօ­սակ­ցե­լու ա­րուես­տը գիտ­նայ, լա՛ւ խօ­սիլ կա­րե­նայ, պեր­ճա­խօս ըլ­լայ։

Պեր­ճա­խօ­սու­թիւ­նը ա­մուր շղթայ մըն է, ոս­կիէ շղթայ մը, որ լսո­ղը կը կա­պէ, կը կաշ­կան­դէ։ Չե՞ս տես­ներ որ, խորհր­դա­րան­նե­րուն մէջ ան­գամ, ուր ազ­գի մը ճա­կա­տա­գի­րը ո­րո­շող խնդիր­ներ կը յու­զուին, ա­մէն կու­սակ­ցու­թիւն իր տե­սա­կէ­տը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար պետ մը ու­նի, եւ այս պե­տը՝ «լի­տըր»ը՝ ո՛ր­քան ալ հմուտ եւ խե­լա­ցի ըլ­լայ, ար­ժէք մը չ՚ու­նե­նար, ե­թէ պեր­ճա­խօս, ճար­տա­սան չըլ­լայ։

Գիտ­ցիր որ, տղա՛ս, ու­րիշ գոր­ծե­րու մէջ ալ ա­սանկ է։ Գոր­ծի մա­սին բա­նակ­ցու­թեան մը մէջ, նոյ­նիսկ ա­ռեւ­տու­րի պարզ սա­կար­կու­թեան մէջ պէտք է լաւ խօ­սիլ գիտ­նաս, լե­զուա­նի ըլ­լաս, քու ա­ռա­ջարկդ, պայ­մանդ ըն­դու­նիլ տա­լու հա­մար։

Լաւ խօ­սիլ գիտ­նա­լը՝ ճար­տա­սա­նու­թիւն մըն է, եւ ա­սի­կա բնա­կան տա­ղանդ մըն է, ա­մէն մար­դու տրուած չէ այս ձիր­քը։ Ա­սով մէկ­տեղ չըլ­լայ որ միտ­քէդ ան­ցը­նես թէ, դուն օժ­տուած չես բնա­կան այդ ձիր­քով։ Կրնայ ըլ­լալ որ այդ­պէս ըլ­լայ, բայց պատ­շաճ, վա­յե­լուչ խօ­սե­լու կա­նոն­ներ կան, կրնաս սոր­վիլ ա­սոնք եւ նոյ­նիսկ հռե­տոր մը ըլ­լալ։

Ճար­տա­սան, հռե­տոր՝ չըլ­լայ որ խրտչիս այս խո­շոր բա­ռե­րէն։ Ճար­տա­սան մար­դը ե­ռան­դուն, հա­մո­զիչ եւ գրա­ւիչ ոճ մը ու­նի, հռե­տո­րը՝ սա­հուն, յստակ եւ վա­յե­լուչ ոճ։ Դուն կրնաս այս ո­ճը  ու­նե­նալ, ե­թէ լաւ խօ­սակ­ցու­թեան պայ­ման­նե­րուն եւ կա­նոն­նե­րուն հոգ տա­նիս ու սոր­վիս։ Եւ պէտք է որ հոգ տա­նիս ու սոր­վիս, ո՛ր­քան ալ հա­մեստ գոր­ծի մը ձեռ­նար­կես։

Մէկ եր­կու տո­ղի մէջ քե­զի յի­շեմ լաւ խօ­սակ­ցու­թեան քա­նի մը կա­նոն­նե­րը.

Խօ­սակ­ցու­թիւն մը՝ ո՛ր­քան ալ պատ­շաճ եւ վա­յե­լուչ բա­ռե­րով ու ձե­ւե­րով ալ ըլ­լայ, ա­նի­կա հա­ւա­սա­րա­պէս չի յար­մա­րիր ա­մէն մար­դու, ուս­տի պէտք է նկա­տի առ­նես խօ­սա­կի­ցիդ տրա­մադ­րու­թիւ­նը, մտայ­նու­թիւ­նը, ճա­շակն ու հա­կու­մը եւ ընտ­րես ա­նոր հետ խօ­սե­լու յար­մար ե­ղա­նակն ու ժա­մա­նա­կը։

Պէտք է որ խօ­սակ­ցու­թեանդ մէջ պարզ, դիւ­րա­հասկ­նա­լի եւ ըն­թա­ցիկ բա­ռեր գոր­ծա­ծես։ Եր­բեք տի­րա­կան բա­ռեր չխօ­սիս եւ գոր­ծին պա­հան­ջա­ծէն ա­ւե­լի մեծ բա­ռեր չգոր­ծա­ծես։

Պէտք չէ՛ որ միշտ դուն խօ­սիս. ժա­մա­նակ տուր որ խօ­սա­կիցդ ու­զա­ծը ը­սէ, եւ այն­պէս ցոյց տուր որ կը շա­հագրգ­ռուիս ու կը հե­տաքրք­րուիս ա­նոր խօս­քե­րով։

Վեր­ջա­պէս, կան հնչում­ներ, կեր­պեր, ձե­ւեր ո­րոնք խօ­սակ­ցու­թեան մէջ ա­մէ­նէն հա­ճե­լի կամ ան­հա­ճոյ նշա­նա­կու­թիւ­նը կ՚առ­նեն, պէտք է ա­սոնք տե­ղին գոր­ծա­ծել գիտ­նաս։

Վա­յե­լուչ խօ­սե­լու եւ պատ­շա­ճօ­րէն ար­տա­յայ­տուե­լու հա­մար կան ձե­ւեր, ո­ճեր եւ ա­սոնք կրնաս ի­րաց­նել յա­ճա­խե­լով ըն­տիր ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը եւ շա­րու­նակ կար­դա­լով վար­պետ գրող­նե­րու հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը։

Ու­րիշ խոր­հուրդ մըն ալ տամ քե­զի։

Լաւ խօ­սիլ կա­րե­նա­լու եւ ու­րի­շին խօս­քին ալ բուն ի­մաս­տը կա­րե­նալ հասկ­նա­լու հա­մար, պէտք է ու­շադ­րու­թիւն ը­նես գոր­ծա­ծուած բա­ռե­րուն իս­կա­կան նշա­նա­կու­թեան եւ յայտ­նուած գա­ղա­փա­րին սահ­մա­նին վրայ։

Չէ՞ որ խօս­քը բա­ռե­րով կազ­մուած է եւ գա­ղա­փար­ներ կը յայտ­նէ։ Արդ, բա­ռե­րը, մա­նա­ւանդ վե­րա­ցա­կան բա­ռե­րը մէկ նշա­նա­կու­թիւն մը միայն չու­նին, ա­նոնք մէ­կէ ա­ւե­լի ի­մաստ ու­նին եւ ա­սոնք կը փո­խուին՝ խօ­սո­ղին ու լսո­ղին մտայ­նու­թեան հա­մե­մատ։

Ար­դա­րեւ, բա­ռե­րը զա­նա­զան ա­ռում­ներ ու­նին եւ շատ կա­րե­ւոր է խօս­քի մը մէջ գոր­ծա­ծուած բա­ռին ի՞նչ ա­ռու­մով առ­նուած ըլ­լա­լը ո­րո­շել։ Հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին, մեր միտ­քը մութ կը մնայ, կամ բնաւ չենք կրնար մեր միտ­քը հասկց­նել. խօս­քը կ՚եր­կա­րի, սխալ հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­ներ կ՚ըլ­լան, ա­նի­մաստ վի­ճա­բա­նու­թիւն­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան։

Ա­սոր կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը բա­ցատ­րե­լու հա­մար օ­րի­նակ մը յի­շեմ քե­զի։

«Գիւ­ղա­ցի մը մօ­տա­կայ գիւղ մը պի­տի եր­թայ, ո­րուն ճամ­բան ան­ծա­նօթ է ի­րեն։ Քիչ մը ան­դին, պի­տի անց­նի գե­տէ մը, որ յոր­դած է եւ վտան­գա­ւոր տե­ղեր ու­նի։

«Դի­մա­ցը կ՚ել­լէ կա­ռա­պան մը եւ կը հարց­նէ, թէ ո՞ր ուղ­ղու­թեամբ եր­թայ։ Կա­ռա­պա­նը.- ա­ջէն գնա՛, կ՚ը­սէ եւ գիւ­ղա­ցին ա­ջէն եր­թա­լով գե­տին հե­ղե­ղին մէջ կ՚իյ­նայ ու կը խեղ­դուի»։­

Այս խեղճ մար­դուն խեղ­դուե­լուն պատ­ճա­ռը այն էր որ, կա­ռա­պա­նը ո­րոշ չէր կրցած ը­սել թէ ո­րո՞ւն աջ կող­մէն պի­տի եր­թար. ի­րե՞ն թէ գիւ­ղա­ցիին աջ կող­մէն, ո­րով­հե­տեւ ի­րեն աջ կող­մը դի­մա­ցը կե­ցող գիւ­ղա­ցիին ձախ կողմն է, ա­նոր ձախ կողմն ալ ի­րեն աջ կող­մը։

Ե­թէ կա­ռա­պա­նը ո­րո­շա­պէս ը­սած ըլ­լար թէ.- իմ աջ կող­մէս գնա՛, խեղճ գիւ­ղա­ցին սխալ ճամ­բայ չի պի­տի բռներ ու չպի­տի խեղ­դուէր։

Բա­ռե­րուն նշա­նա­կու­թիւ­նը ո­րոշ կեր­պով յայտ­նի չըլ­լա­լէն, այս կար­գի շատ մը սխալ­ներ՝ սխալ հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­ներ կը պա­տա­հին նաեւ գոր­ծի մէջ, մէկ կամ միւս կող­մին վնաս կը պատ­ճա­ռեն։

Ա­սոնց­մէ զատ, պատ­մա­կան շատ մը պայ­քար­ներ կան, ո­րոնց պատ­ճա­ռը՝ միեւ­նոյն բա­ռին տրուած տար­բեր մեկ­նու­թիւնն է։ Յե­տոյ, կարգ մը բա­ռեր կան, մո­գա­կան ուժ ու­նե­ցող միս­թիք խօս­քեր, ո­րոնց հա­մար մի­լիո­նա­ւոր մար­դիկ զո­հուած են, ա­ռանց ա­նոնց ի­մաս­տը հասկ­նա­լու, կամ չեն հասկ­ցած ա­նոնց ի­մաս­տը, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք ի­մաստ չու­նին։

Լաւ խօ­սե­լու եւ ը­սուած խօս­քը խօ­սակ­ցին ըն­դու­նիլ տա­լու հա­մար, կարգ մը կէ­տեր կան, ո­րոնց պէտք է ու­շադ­րու­թիւն ը­նես։

Պէտք է, որ քե­զի ա­ռար­կայ ե­ղող խնդի­րը լա՛ւ ու­սում­նա­սի­րես եւ այս խնդրոյ սահ­մա­նէն դուրս չել­լես, որ­պէս զի ա­ւե­լորդ վի­ճա­բա­նու­թիւն­նե­րու ա­ռիթ չտաս։

Չըլ­լա՛յ որ գոր­ծի մը վրայ պա­տա­հա­կան պա­րա­գա­յի մը բա­ցար­ձակ դա­տաս­տան մը ը­նես։ Օ­րի­նա­կի հա­մար, ի­րենց ար­հես­տին մէջ տգէտ բժիշկ գտնուե­լէն եւ ա­նոնց վնաս հասց­նե­լէն, բժշկու­թիւ­նը չի դա­տա­պար­տես։

«Կա­րե­լի» ե­ղած բա­նե­րը «հա­ւա­նա­կան» չնկա­տես, ո­րով­հե­տեւ ա­մէն բան կա­րե­լի է, բայց շատ քիչ բան հա­ւա­նա­կան։

Քու դի­մա­ցինդ, քե­նէ ա­ւե­լի ու­ժով ա­պա­ցոյց չու­նե­նա­լէն չհե­տեւց­նես թէ ի­րա­ւուն­քը քու կողմդ է։ Եւ ա­նոր ի­րա­ւունք չու­նե­նա­լը ա­պա­ցու­ցա­նե­լէ չհե­տե­ւիր թէ քու կար­ծիքդ ճիշդ է։

Կան տա­կա­ւին ու­րիշ բազ­մա­թիւ պա­րա­գա­ներ, ո­րոնց մա­սին յա­ջորդ ան­գամ պի­տի գրեմ։

Ար­տա­շէս Գալ­փաք­ճեան

«ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ», 6 Նո­յեմ­բեր 1937

Ա­հա­ւա­սիկ, մօ­տա­ւո­րա­պէս 80 տա­րի ա­ռաջ գրուած տո­ղեր։ Ա­նոնց մեր օ­րե­րու պատ­շա­ճու­թիւ­նը կը թո­ղունք մեր սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն խորհր­դա­ծու­թեան։ Բայց պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, որ կան շատ բա­ներ, ո­րոնք այ­սօ­րուան հա­մար ալ շատ օ­տար չեն մե­զի հա­մար. քա­նի որ մար­դը միշտ «մա՛րդ» է իր բնա­ւո­րու­թեամբ, եւ կարգ մը բա­ներ չե՛ն փո­խուիր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 29, 2016, Իս­թան­պուլ

 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2016