ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՊԷՍ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ

Մարդ արարածին աշխարհիկ կեանքը դիւրի՞ն է թէ դժուար՝ յարաբերական է եւ կախեալ է անձի աշխարհը ըմբռնելու սահմանումներուն հետ. շատ շատեր աւելի արդիւնաւէտ կը նկատեն լաւատես կեանքը, մանաւանդ երբ մարդ արարած շատ մը երեւոյթներ աւելի դիւրին կ՚ընդունի։ Նման մարդոց համար ժողովուրդը ստեղծած է «թեթեւ տանող» բառը, որովհետեւ այդ մօտեցումով անոնք դժուարութիւնները կը յաղթահարեն, սակայն վերջերս կը տեսնենք, թէ մարդիկ շահագործելով այդ մէկը կը փորձեն կեանքի մէջ ամէ՛ն բան «թեթեւ» տանիլ՝ նոյնիսկ անոնք՝ որոնք լրջութիւն կը պահանջէ: Կեանքի մէջ կան երեւոյթներ ու արժէքներ, որոնք թեթեւութեան չեն գար եւ որոշ լրջութիւն մը կը պահանջեն մարդ արարածի կողմէ, որովհետեւ ոչ լուրջ մտածուած ընթացք մը կրնայ խոր վէրքեր յառաջացնել կեանքի մնացած ընթացքին վրայ. վստահաբար անոնցմէ կարեւորագոյններէն մէկն է ամուսնութիւնը:

Մարդկութիւնը շատ անգամ ամուսնութիւնը պարզ ու հասարակ բան մը կը կարծեն, անոր լրջութիւնը մէկդի դնելով, կեդրոնանալով այն սկզբունքներուն ու համոզումներուն, որոնք մարդկային տկար միտքը ստեղծած են։ Այս բոլորին մասին աւելիով սկսայ մտածել, երբ հետեւեալ դէպքին ականատեսը եղայ. գիւղացի մեծահասակ մարդ մը տեսաւ երիտասարդ հայ օրիորդ մը եւ անմիջապէս այս արտայայտութիւնը ունեցաւ. «քեզի մեր Խաչիկին հետ պիտի պսակենք. այս գործին 60 տոկոսը ապահով է»։ Խաչիկը իրապէս ալ պսակուելու մտադրութիւն ունի՞. նոյնիսկ եթէ ունենայ տեսած կամ ճանչցա՞ծ է իրենց հարսնացու ներկայացող օրիորդը։ Եւ կամ հակառակը՝ օրիորդը ճանչցած կամ տեսա՞ծ է Խաչիկը. վերջապէս ո՞վ ըսաւ, որ այդ օրիորդը մտադիր է պսակուելու. շատերու համար ընտանիք կազմելը այսքան պա՜րզ ու դիւրին բան մըն է. վստահաբար գիտենք, որ այդ մեծահասակ մարդուն մօտ ժխտական ո՛չ մէկ մտադրութիւն կայ, սակայն շատ մը երեւոյթներ, մանաւանդ պսակադրութիւնն ու ընտանիք կազմելը պէտք չէ այդքան թեթեւի առնուին. եթէ կ՚ուզէք համամիտ ըլլալ, բաւարար է ստուգէք ամուսնալուծութեան ցուցանիշները, որ օրէ օր աճ կ՚արձանագրէ:

Ցաւ ի սիրտ, հին մտայնութեան զոհ դարձած, կը տեսնենք երիտասարդներ, որոնք ընտանիք կազմելը տարիքի եւ կամ պարտաւորութեան հարց կը կարծեն. «տունը մնացած»ի պիտակը չստանալու համար կ՚աճապարեն եւ այդ հապճեպ որոշումին ցաւը ամբողջ կեանք մը կը քաշեն. այս մէկը սերունդէ սերունդ դաստիարակութեան ճամբով փոխանցուող համոզում մըն է, որ մինչեւ օրս գոյութիւն ունի. մարդկային կեանքի ամենէն կարեւոր որոշումներէն մին շատերու համար անիմաստ ու թեթեւ երեւոյթ մըն է, որովհետեւ շատեր չեն կրնար երեւոյթներու խորը թափանցել եւ քննել, որպէսզի հասկնան, որ հարցը շուտ պսակուիլը եւ ընտանիք կազմելը չէ, այլ այդ մէկը ամենայն գիտակցութեամբ ու հասունութեամբ ընելն է:

Այս հարցին մասին աւելիով կը սկսիմ մտածել, երբ հայրենիքի մէջ կը տեսնեմ բազմաթի՜ւ երիտասարդ մայրեր, որոնք մի քանի զաւակ լոյս աշխարհ բերելէ ետք կը բաժնուին իրենց ամուսիններէն եւ թէ՛ իրենց եւ թէ՛ զաւակներուն համար կը ստեղծեն ոչ-յարմարաւէտ կեանքի պայմաններ։ Գացէ՛ք Կիւմրի, գացէ՛ք Սպիտակ, գացէ՛ք հայկական որեւէ գիւղ կամ քաղաք եւ պիտի տեսնէք, թէ ինչքա՜ն շատ է անոնց թիւը. իսկ աւելի ցաւալին այդ մանուկներուն պարագան է, որ չե՛ն գիտեր, թէ ինչ ըսել է ընտանիք, ընտանեկան սէր: Սակայն նման պարագաներու մէջ միայն ընտանիքը պէտք չէ մեղադրել, որովհետեւ այս մէկը կրթութեան մաս կը կազմէ եւ անոր մէջ մեծ դեր պարտի ունենալ դպրոցը, ինչու չէ նաեւ եկեղեցին՝ իր հոգեւոր եւ բարոյական դաստիարակութեամբ։ Բազմիցս ըսած ենք, որ մեր կրթական համակարգը միայն թուաբանութիւն ու լեզուներ չէ՛ որ պարտի սորվեցնել. մեր դպրոցներէն ներս այսօր կը պակսի մարդկային կեանքի ուսուցումը՝ իր բոլոր երեսներով. կը պակսի բարոյական կրթութիւնը. այսօր մեր դպրոցներուն մէջ շա՜տ անպէտք գիտելիքներ կը տրուին աշակերտներուն, սակայն ամենէն կարեւորները զանց կ՚առնուին:

Մեր նախնիները բազմիցս շեշտած են, որ այս աշխարհի չարութիւնը կարելի է փրկել միայն ու միայն կրթութեան ճամբով։ Կրթութիւնը՝ սխալները ճիշդի կը վերածէ, այդ իսկ պատճառով անոնք ամէ՛ն առիթի խօսած ու շեշտած են ուսման ու կրթութեան կարեւորութիւնը։ Կար ժամանակ, երբ կրթութիւնն ու ուսումը տղոց մենաշնորհներն էին, սակայն մեր նախնիները եւս եղած են պայքարողներէն, որպէսզի կինը ուսում ստանայ, որովհետեւ գիտակցած են, թէ այսօրուան երիտասարդ աղջիկը վաղուան մայրը կրնայ ըլլալ եւ հօրմէն աւելի մայրն է, որ կը զբաղի զաւակի դաստիարակութեամբ: Այսօրուան մայրն ու հայրը պէտք է լրջօրէն քննէ իր վարքն ու բարքը, որովհետեւ իր այսօրուան ընտանեկան կեանքը հայելին է իր զաւակի ընտանեկան կեանքին, որովհետեւ մանուկը ընտանեկան կեանքը կը հասկնայ իր տեսածով ու ապրածով եւ շատ անգամ ծնողքի սխալները որպէս ճիշդ ընդունելով նոյն սխալները կը գործէ եւ կրնայ լուրջ խնդիրներու հանդիպիլ:

Այսօր մանաւանդ սփիւռքի մէջ, պսակադրութեան արարողութենէն առաջ որոշ կարճ դասընթացք մը կը կազմակերպուի։ Իրականութեան մէջ այս մի քանի դասընթացքները բաւարար չեն հասկնալու համար, թէ ինչ ըսել է ընտանիք։ Այսօր նոյնիսկ պսակուած զոյգեր կարիքն ունին հասկնալու այդ մէկը, այդ իսկ պատճառով նման հարցերու մասին խօսիլը Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձումին մասին խօսելէն աւելի առաջնահերթ ու կարեւոր կը նկատենք: Յոյսով եմ այդ դաստիարակութեան պակասը կ՚ամբողջանայ, այլապէս օրէ օր աւելիով պիտի նահանջէ մեր ընտանեկան կեանքը եւ նոր զոհեր տայ մեզի:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս կանխել սխալ ամուսնութիւնը:

Պատասխան. Սխալ ամուսնութիւնը կանխելու համար անհրաժեշտ է հաղորդակցութիւն, արժէքներու մանրակրկիտ ըմբռնում եւ փոխադարձ յարգանք: Կարեւոր է ժամանակ յատկացնել դիմացինը լաւապէս ճանչնալու համար. ճանչնալ անոր անցեալը, մտադրութիւններն ու երկարաժամկէտ նպատակները: Կարեւոր է, որ երկու կողմերն ալ ամուսնութեան մօտենան տեղեկացուած համաձայնութեամբ, յստակ հասկնալով, թէ ինչ է ամուսնութիւնը, անոր լաւ ու վատ կողմերով: Այս բոլորին ուշադրութիւն դարձնելով եւ ունենալով սեփական համոզումներ՝ կրնաք կանխել սխալ ամուսնութեան վտանգը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2024