ԴԱՏ ԵՒ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆ
«Երբ մէկը խնդիր ունի քեզի հետ եւ դատի կը կանչէ քեզ, սկիզբէն համաձայնութեան եկուր անոր հետ՝ դատարան չինկած, այլապէս քեզ դատաւորին կը յանձնէ, դատաւորն ալ՝ ոստիկանին, եւ բանտ կը նետուիս։ Վստահ եղիր թէ բանտէն պիտի չելլես, մինչեւ որ տուգանքիդ վերջին դահեկանը չվճարես», (ՄԱՏԹ. Ե 25-26)։
Այսպէս կ՚ըսէ Յիսուս «Լերան քարոզ»ին մէջ։ Արդարեւ, Յիսուս երբ կ՚ըսէ ասիկա, իր խօսքին կը սկսի սապէս. «Լսեր էք որ անցեալին ըսուած է.- Մի՛ սպաններ, որովհետեւ ան որ կը սպաննէ՝ պիտի դատապարտուի։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Ով որ առանց պատճառի իր եղբօր դէմ բարկանայ, դատարան պիտի յանձնուի…», (ՄԱՏԹ. Ե 22)։ Ուրեմն, տեսնենք, թէ դատի եւ համաձայնութեան մասին ի՛նչ է գրուած Հին Կտակարանին մէջ։ «Եթէ մէկը իր դրացիին դէմ ոխ ունենայ եւ զանիկա նենգութեամբ մեռցնէ, իմ սեղանէս ալ պիտի առնես զանիկա՝ որպէսզի մեռնի» (ԵԼՔ. ԻԱ 14)։
Ուրեմն, Յիսուս Հին Կտակարանի կարգ մը պատուէրները աւելի մեղմացուցած է՝ անոնց մէջ մարդասիրութեան զգացումը դնելով։ Այս իմաստով, ահաւասիկ, Յիսուս կը պատուիրէ համաձայնիլ եւ հաշտութիւն կնքել՝ փոխանակ դատի դիմելու եւ պահանջատէր ըլլալու իրաւունքի մասին՝ կարծելով թէ միակ իրաւացին, միակ իրաւունքի տէրը ինքն է եւ հակառակորդը բոլորովին անիրաւ։ Ուստի, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ որեւէ խնդրի մէջ երբ իրաւունքներ համեմատուին՝ կարելի չ՚ըլլար բացարձակ իրաւունք գտնել կողմերէն մէկուն քով, քանի որ մին եթէ «շատ» իրաւացի կը նկատուի, միւսն ալ «քիչ» իրաւացի կ՚ըլլայ։ Ուրիշ խօսքով, երբ իրաւունքներու բախում մը կայ, այնտեղ կայ նաեւ որոշ չափով համեմատութիւն մը այդ իրաւունքներուն միջեւ։
Արդարեւ, իրաւական հարցերու շուրջ սովորութիւն է ընդունիլ՝ թէ իրաւունքներու ընդհարումի մը պարագային, այսինքն դատի մը ատեն՝ այդ բախումը եթէ նմանցուի երկու ապակեայ գաւաթներու, երբ կոտրի անոնցմէ մին, միւսն ալ՝ կը ճաթի՛…։ Եւ այս իսկ պատճառով է, որ դատական գործերու մասին ընդհանրապէս կ՚ըսուի, թէ ամենաշահաւոր եւ արդիւնաւոր դատը՝ հաշտութեամբ եւ համաձայնութեամբ արդիւնաւորուած եւ վերջացած դա՛տն է։ Այս գաղափարը բոլորովին կը նմանի աւետարանական այն պատուէրին՝ թէ դատի դիմելէ առաջ աւելի նպաստաւոր եւ շահաւոր է համաձայնութեամբ եւ հաշտութեամբ վերջացնել խնդիրը։
Արդարեւ, մարդիկ եթէ քիչ մը զիջում ունենան, գիտնան քիչ մը զոհողութիւն ընել՝ իրենց կորսնցուցած կարծածէն շատ աւելին կը շահին։
Նիւթը անգամ մըն ալ տեսնենք Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի տեսանկիւնէն։ «Համապատում»ի մէջ ան սապէս կ՚ըսէ. «Յիսուս, Հին Օրէնքի ներքեւ ծնած ու սնած եւ Հին Օրէնքի իշխանութեան ներքեւ ապրող, Նոր Օրէնք մը սկսած էր քարոզել եւ նոր վարդապետութիւններ կը սորվեցնէր։ Հինին եւ Նորին յարաբերութիւնն ու համեմատութիւնը խնդրոյ նիւթ կ՚ըլլար, եւ Յիսուսի ընթացքն ալ մեղադրանաց եւ հակառակութեանց առարկայ սկսած էր ըլլալ։ Հին Օրէնքն ալ աստուածային էր, Մովսէս մարգարէի ձեռօք տրուած եւ միւս մարգարէներու բերնով հաստատուած, եւ Յիսուս պիտի չկարենար ըսել, թէ Հին Օրէնքը գէշ է, սխալ է, դատապարտելի է։ Բայց եւ ոչ պիտի կարենար զայն հաստատել եւ ամրացնել, առանց ինքն իրեն հակասող գտնուելու եւ իր քարոզած Նոր Օրէնքը դատապարտելու։ Այդ մեծ եւ կարեւոր խնդիրն է, զոր Յիսուս իր խօսակցութեան նիւթ կ՚առնէ Լերան Քարոզին երկրորդ մասին մէջ։
«Յիսուսի տուած բացատրութիւնը եւ իր նոր վարդապետութեան պաշտպանութիւնը ամբողջովին կը հիմնուի օրէնքը քակելու եւ օրէնքը լրացնելու զանազանութեան վրայ։ Երկու պարագաներու մէջ ալ օրէնքը կը փոփոխուի, բայց ո՛չ նոյն կերպով. առաջին պարագային մէջ հինը ամբողջովին կը ջնջուի, եւ բոլորովին տարբեր օրէնք մը տեղը կ՚անցնի. իսկ երկրորդ պարագային մէջ հինը չի ջնջուիր, այլ կը կատարելագործուի եւ կ՚ամբողջանայ, իր կիսակատար կերպարանէն լրացեալ կերպարան մը կ՚առնու։ Այս են ահա Յիսուսի կտրուկ եւ յստակ խօսքերը.- Մի՛ համարիք եթէ եկի լուծանել զօրէնս կամ զմարգարէս, ոչ եկի լուծանել, այլ լնուլ։ Հետեւաբար Յիսուս կը վստահեցնէ, թէ աւելի դիւրին է որ երկինք ու երկիր կործանին ու ջնջուին, քան թէ Հին Օրէնքէն, Մովսէսի եւ միւս մարգարէներուն գրածներէն, կէտ մը անգամ. եբրայական յովտ տառին չափ փոքրիկ գիր մը անգամ վերցուի ու ջնջուի։
«Այս բացատրութեան վերջը. Մինչեւ ամենայն եղիցի յաւելուած մը կայ, զոր ոմանք կարծեցին իմանալ իբր թէ ըսէր, թէ մովսիսական Հին Օրէնքը ամբողջաբար պիտի մնայ, մինչեւ որ քրիստոնէական նոր օրէնքը իր կատարելութեան հասնին, սակայն այդ իմաստը Յիսուսի խօսքերուն ոյժը կը կտրէր։
«Ընդհակառակը Յիսուս կ՚ըսէ, թէ օրէնքներէն կէտ մը անգամ պիտի չջնջուի, այլ ամէնքն ալ իրենց լրումը պիտի ստանան, եւ այսպէս Հին Օրէնքը հետզհետէ իր ամբողջական կատարելագործութեանը պիտի հասնի։ Իսկ կատարելագործութիւնը, Յիսուսի տեսակէտով, օրէնքը իր տառական առումէն բուն իմաստին եւ հոգիին բարձրացնելն է, նիւթական իմացումէն հոգեկան գործադրութեան տանելն է. արտաքին ձեւէն ներքին իսկութեան փոխելն է։
«Հին Օրէնքը տառական եւ նիւթական եւ արտաքին վիճակէն, իմացական եւ հոգեկան եւ ներքին վիճակին պիտի անցնի, այսպէս Հին Օրէնքի կատարելագործութենէն պիտի յառաջէ Նոր Օրէնքը կամ Աւետարանը. կամ Յիսուս բացատրութեամբ՝ Երկնից Արքայութիւնը։
«Պզտիկ եւ մեծ պատուիրանի մը, խնդրի մը առջեւ կը բերէ Յիսուս։ Ով որ պատուիրաններէն ամենէն պզտիկն ալ լուծցէ եւ ուսուսցէ, Երկնից Արքայութեան մէջ նա պզտիկ պիտի կոչուի. իսկ որ արասցէ եւ ուսուսցէ նա մեծ պիտի կոչուի, եւ եթէ ոք դպիրներէն եւ Փարիսեցիներէն աւելի արդարութիւն չունենայ, նա Երկնից Արքայութիւն պիտի չմտնէ։
«Թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, թէ պատուիրանները քակողը բնաւ իսկ մաս պիտի չունենար Երկնից Արքայութեան մէջ, եւ թէ դպիրներուն եւ Փարիսեցիներուն արդարութիւնը կեղծաւորութիւն լինելուն, բնաւ իսկ արդարութեան անունին պէտք չէ՛ր արժանանար։ Բայց այս բացատրութիւնները եբրայաբանութեանց հետքեր ունին իրենց մէջ. պզտիկութիւնը անարգեալ ըլլալն է. իսկ մեծութիւնը ընտրեալ ըլլալ կը նշանակէ, եւ մէկ եզրին ընդունելի լինելը՝ նովին իսկ միւս եզրին մերժումը կը ցուցընէ։ Հետեւաբար Յիսուսի մտադրութիւնն է արտաքին եւ տառական օրինապահութիւնը հերքել, եւ ներքին ու հոգեկան օրինապահութիւնը յանձնարարել։
«Պատուիրանը քակողը չէ՛ ընդունելի, այլ՝ զայն լրացնո՛ղը. դպիրներուն եւ Փարիսեցիներուն արտաքնայարդար օրինապահութիւնը չի բաւեր Աւետարանին հետեւող լինելու. պէտք է Յիսուսի քարոզած ներքին եւ իսկական օրինապահութիւնը գործադրել…»։
Ուրեմն, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, շատ աւելի նպաստաւոր եւ շահաւէտ է համաձայնութեամբ եւ հաշտութեամբ վերջացնել որեւէ անհամաձայնութիւն կամ տարակարծութիւն, քան յամառիլ եւ երկարել անհամաձայնութիւնը կամ հակառակութիւնը՝ որ աւելի վնաս պիտի պատճառէ երկու կողմին ալ քան թէ շահ եւ օգուտ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր, 3, 2018, Իսթանպուլ