ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՆ ՄՈՒՐԱՑԿԱՆՆԵՐԸ
Վերջերս Լիբանանի մէջ նիւթապէս լաւ վիճակի մէջ գտնուող երիտասարդ տղայ մը Լիբանանի փողոցներուն մէջ «բարեգործութիւն» կ՚ընէ։ Բարեգործութիւն բառը կը չակերտենք, որովհետեւ ողորմութիւնը կու տայ անո՛ր՝ որ աւարտին մեծամեծ խօսքեր կ՚ըսէ իր հասցէին ուղղուած, որպէսզի այդ գովասանքի խօսքերը նկարահանէ եւ տեղադրէ համացանցի զանազան հարթակներու մէջ... մարդոց աչքին լաւապէս մտցնելու համար իր «բարերար» ըլլալու հանգամանքը:
Լիբանանցի այս տղան միակը չէ՛, որ հաճոյք կը ստանայ նման ցուցադրական երեւոյթներէ. այսօր ամէն մարդ ձեւով մը կ՚ուզէ լսելի դարձնել եւ ցուցադրել իր բոլոր կատարածները, որովհետեւ անոր ետին հիմնական նպատակը ո՛չ թէ օգնելն է՝ այլ մարդոց տեղեկացնելը թէ կ՚օգնեն...:
Ցաւ ի սիրտ, վերջին մի քանի տարիներուն այդ անհատներուն մաս կազմեց նաեւ Եկեղեցին, որ սկսաւ համացանցի եւ լրատուական միջոցներու ճամբով բարձրաձայնել իր բոլոր կատարած բարեգործութիւնները՝ հակառակ Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի աջին ըրածը ձախը չգիտնայ պատուիրանին: Նոյն ծուղակին մէջ ինկան նաեւ կուսակցութիւնները, որոնք իրենց պարտաւորութիւնը զոհողութիւն կատարածի ինքնավստահութեամբ կը շարունակեն ցայսօր տարածել բոլո՛ր օգնութիւններն ու իրագործումները:
Հոգեբանականօրէն հասկնալի է այս բոլորին պատճառը։ Մարդկայնօրէն ամէ՛ն մարդ՝ առանց բացառութեան իր լաւ գործերուն համար կ՚ուզէ գովասանքի արժանանալ, ինչպէս նաեւ հանրութեան ուշադրութեան առարկայ դառնալ, իսկ ուշադրութեան առարկայ դառնալէ ետք կը փորձեն քօղարկել այդ բոլորը՝ համեստի հոգեբանութեան մէջ մտնելով:
Թէ՛ քրիստոնէութեան, թէ՛ իսլամական եւ գրեթէ բոլոր կրօններուն մէջ օգնութիւնը ո՛չ ցուցադրութեամբ կատարել կը պատուիրուի. սակայն 21-րդ դարու մարդը իր կատարածները մեծ տառերով ժողովուրդին ներկայացնելու համար հետեւեալ անհեթեթ սուտը հնարած է. «Կ՚օգնեմ՝ որպէսզի ուրիշներ տեսնելով օրինակ առնեն եւ իրենք եւս օգնեն», այն համոզումով, որ բարի գործի մը ցուցադրութիւնը կրնայ ծնունդ տալ նոր բարեգործներու, որոնք մինչեւ այդ պահը ի՞նչ կը սպասէին չես գիտեր....:
Բացորոշ է, որ այս բոլորին ետին գտնուող նպատակը ո՛չ ողորմութիւն եւ ո՛չ ալ կարիքաւորին, անօգնականին օգնութիւն ցուցաբարելն է. ա՛յդ է պատճառը, որ յաճախ հանդիսութիւններուն նիւթապէս լաւ վիճակի մէջ գտնուողներ նուիրատուութիւն կատարելու մրցակցութեան կ՚անցնին, որովհետեւ իրենց անունը լսելը եւ մարդոց կողմէ ծափահարութեան արժանանալը տարբեր հաճոյք եւ զգացում է:
Բոլոր կրօններն ու ընկերաբանները նման երեւոյթներ յոռի կը գտնեն, որովհետեւ աղքատութիւնը աշխարհի ամենէն ահաւոր խոցերէն մէկն է եւ չեմ կարծեր աշխարհի վրայ ինքնակամ աղքատներ գոյութիւն ունենան։ Նման անձի մը իր խոցով խայտառակելն ու արար աշխարհ կատարուած օգնութեան համար բարձրաձայնելը հակառակ տրուած գումարին եւ անոր անհրաժեշտ կարիքին, մեծապէս ցաւ կը պատճառէ անհատի հոգւոյն մէջ, ինչ որ նուաստութեան եւ անյաջող ըլլալու հոգեբանութիւն մը կը ստեղծէ կարիքաւորին մօտ:
Ողորմութիւն տալու ժամանակ աշխարհի ամենէն քաղցր զգացումն ու վատը կը միանան. տուողը կը ստանայ լաւ տրամադրութիւնը՝ իսկ ստացողը վատը, որովհետեւ անոր հրապարակաւ ըլլալը յստակ տարբերութիւն մը կը գծէ երկու արենակից հայերու միջեւ եւ կը ստեղծէ տէրի ու ծառայի, մեծի եւ պզտիկի հոգեբանութիւն մը: Ողորմութեան պարագային սիրտն ու լեզուն իրարու հետ հաշտ չեն կրնար ըլլալ, որովհետեւ սիրտով կատարուած ողորմութենէն հեռու կը մնայ լեզուն, իսկ լեզուին վրայ եղած ողորմութենէն հեռու կը մնայ սիրտը:
Այս երկու տեսակի ողորմութիւն տուողներու կողքին 21-րդ դարը ստեղծեց նոր ողորմութիւն տուողներ, որոնք ողորմութիւն տալով է որ կը հարստանան: Այսօր մանաւանդ համացանցի մէջ գոյութիւն ունին անձեր, որոնք ցուցադրելով իրենց ողորմութիւնները՝ մարդոցմէ կը խնդրեն նիւթապէս աջակցիլ. անոնց տեղադրած տեսերիզներէն ազդուած մարդիկ գումարներ կը ղրկեն նման մարդոց, որոնք եկած գումարին մէկ մասը գրպանելով մանրուքներով բարերարութիւն ընել կը փորձեն: Այսօր շա՜տ շատեր այս մէկը որպէս ապրուստի միջոց կը տեսնեն, ինչ որ մարդկանց հանդէպ եղած վստահութեան շահագործումն ու չարագործումն է:
Այս բոլորի կողքին զարգացաւ նաեւ մուրացկանութեան եւ ուրիշէն գումար խնդրելու ոլորտը։ Բարեգործութիւն անուան տակ բացուած են մուրացկանութեան կայքեր, ուր երիտասարդ տղաք, աղջիկներ գրագէտ լեզուով կը գրեն այն բոլորը՝ ինչ պիտի չկարենար ըսել ոտնաբոպիկ մուրացկանը:
Տայ Աստուած, որ ո՛չ աղքատը ուզելու եւ ո՛չ ալ հարուստը տալու պարտաւորութիւնը ունենալ, որովհետեւ մերօրեայ մարդիկ իրենց տուած շա՜տ փոքր գումարի մը դիմաց կրնան անձին հետ անոր հոգին, ապրումներն ու զգացումները առնել՝ եւ ոտնակոխել զանոնք:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -62-
Տարիներ առաջ նիւթապէս հարուստ, ամերիկաբնակ սրբազան մը եկաւ Անթիլիաս եւ չես գիտեր ինչ յետին նպատակներով որոշեց երիտասարդ միաբաններէն մէկուն երկու հազար տոլար տալ:
Աւագ եկեղեցականին զարմանքը չուշացաւ. Երիտասարդ միաբանը մերժեց գումարը վերցնել եւ հեռացաւ: Շաբաթներ շարունակ այնքա՜ն փորձեց համոզել սակայն անօգուտ:
Զարմանալի էր. սրբազանը կ՚ուզէր դրամ տալ, իսկ երիտասարդը կը մերժէր. սակայն պատճառը երիտասարդ միաբանին նիւթապէս լաւ վիճակ ունենալը չէր՝ այլ ուրիշ էր:
Առիթով մը հարց տուինք, թէ ինչո՞ւ կը մերժէ. պատասխանը արդարացի էր. «Այս մարդը պիտի փորձէ երկու հազար տոլար տալ եւ յետոյ քու հոգիդ ծախու պիտի առնէ. պիտի ուզէ որ երբ ինք ուզէ իր մօտ երթամ, այս կամ այն ընեմ ու ստիպուած ըլլամ գերութեան մէջ մտնել այդ գումարին դիմաց»:
Այս է աշխարհը այսօր. ողորմութիւն հաւատացէ՛ք գոյութիւն չունի. պարզապէս ամէ՛ն ողորմութիւն՝ նպատակ մը կը հետապնդէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ