Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Գ. ՕՁՆԵՑԻ (717-728)

Հայ Եկեղեցւոյ ամենանշանաւոր հայրերէն մէկը՝ որ միանգամայն սուրբերու կարգին կը գտնուի իր առաքինի եւ ճգնակրօն վարքին համար, կը հանդիսանայ Յովհան Իմաստասէր Օձնեցին, որ երբեմն կոչուած է նաեւ սոսկ Իմաստասէր կամ Օձնեցի։

Օձնեցի հարուստ ծնողներու զաւակ էր, մանկութեան հասակէն ընտիր կրթութիւն եւ ուսում ստացաւ Է. դարու նշանաւոր վարչապետ Թէոդորոս Քռթենաւորի մօտ եւ նուիրուեցաւ եկեղեցականութեան։ Ան Հայ Եկեղեցւոյ նշանաւոր վարդապետներէն մէկը դարձաւ եւ իր հռետորական տաղանդի, քաջ հմտութեան եւ տրամաբան մտածողութեան համար «իմաստասէր» կոչումը ստացաւ։

Եղիա Կաթողիկոս՝ Եղիա Ա. Արճիշեցի (703-717) գնահատելով անոր արժանիքները, հետը Աղուաններու երկիրը տարաւ Ներսէս-Բակուր Կաթողիկոսի խնդրի ժամանակ եւ ապա անոր Արագածոտն գաւառի եպիսկոպոս ձեռնադրեց, այս պաշտօնէն ալ ան կոչուեցաւ՝ Եղիա Կաթողիկոսէն յետոյ, Հայոց Հայրապետական Աթոռը ժառանգելու։

Թէ ի՛նչ վիճակի մէջ էր Հայոց Եկեղեցին եւ առհասարակ հայ ժողովուրդը, այդ գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ Օձնեցին իր ատենաբանութեան մէջ հետեւեալ խօսքերով։

«Շատ կարեւոր բաներու մէջ կը տեսնեմ անկարգութիւնը բազմացած. եւ անկարգ են ո՛չ միայն ժողովրդականներ, այլ առաւելապէս եկեղեցականները եւ առաջնորդները։ Մենք որ մէկ ազգ ենք, եւ մէկ քարոզիչի (Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի) ձեռքով ճշմարտութեան ճանապարհը ինկանք, այժմ տարբեր ճանապարհներով կ՚երթանք թէ՛ մեր վարքը եւ բարքը, եւ թէ՛ մեր աստուածպաշտութիւնը այլաձեւ դարձնելով։ Մենք որ աշխարհային զբօսանքներու եւ առեւտուրի մէջ խօսակից եւ հաշուակից ենք իրարու, խաղաղութեան Աստուծոյ վերաբերեալ իրերու մէջ կը փախչինք խաղաղութենէն եւ իբրեւ այլազգիներ եւ օտարներ կը կռուինք իրարու հետ»։

Այս գրութեան պատճառը մէկ կողմէ Եզրի (Եզր Ա. Փառաժնակերտցի. 630-641) ընդունած միութիւնն է. «Եզրի խմորը» եւ յունադաւան հայերու յարուցած վէճերը, թէ պէտք է «բաժակին մէջ ջուր խառնել», խմորուած հացով Ս. Պատարագ մատուցանել, «Սուրբ Աստուած…»ը առաջ «խաչերու» երգել, ծննդեան եւ մկրտութեան տօները բաժնել, եւ այլն, միւս կողմէ ալ՝ ապականութեան եւ անապականութեան վէճերը, եւ վերջապէս՝ Պաւղիկեան աղանդաւորները եւ հայ պատկերամարտիկները։

Կրօնական մտածողութեան այս պէսպէս արտայայտութիւնները հարկա՛ւ այս ժամանակ միայն առաջ չեկան, այլ աւելի առաջ ծնունդ առած էին, բայց մանաւա՛նդ քաղաքական անյաջող պայմաններու բերմամբ Օձնեցիի նախորդները անկարող եղան դիմադրելու եւ կռուելու. իսկ այժմ քաղաքական կացութեան ժամանակ, Իմաստասէրն Օձնեցին զբաղուեցաւ այս տեսակտեսակ աղանդներով եւ աշխատեցաւ անոնց տարածման առաջքն առնել։

Այս աղանդներէն էին՝ «Պատկերամարտիկներ»ը։ Այս աղանդաւորները՝ հակառա՛կ էին պատկերներու։ Արդարեւ պատկերներու հակառակ շարժումը սկիզբ առաւ Յունաց տէրութեան մէջ, երբ 726 թուականին Լեւոն Իսաւրացին իր հրովարտակը հրատարակեց։

Այդ օրուանէ վերջ սոսկալի ներքին կռիւ ծագեցաւ, որ երկար տարիներ շարունակուեցաւ։ Պատկերամարտիկ կայսրերու քաղաքականութեան ջերմ պաշտպան էին յունաց բաժնի հայերը եւ Պաւղիկեան աղանդաւորները։

Բայց պատկերներու հակառակ շարժումը հայ աշխարհի մէջ արդէն դարուկէս աւելի առաջ սկսած էր, մօտաւորապէս 596 թուականներէն, չնայելով այն իրականութեան որ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ ամէն տեսակ պատկերներու յարգանքը այնպէս զարգացած չէր՝ ինչպէս յոյներու մէջ։ Պատկերները Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կը գտնուէին կամ իբրեւ որմնանկար եւ կամ առանձին շարժական։

Նկարները կը ներկայացնէին սուրբերու եւ մանաւանդ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի, Ս. Հռիփսիմէի, եւ ուրիշ սուրբերու կեանքի դէպքերը, իսկ պատկերները՝ Փրկչի տնօրէնութիւնները, առաքեալներու եւ Ս. Կոյս Մարիամի կենդանագրութիւնը։

Եկեղեցիներու մէջ եւ ընդհանրապէս ամէնուրեք մեծ տեղ կը բռնէին քարեայ եւ մետաղեայ խաչեր՝ պէսպէս զարդարանքներով։ Սակայն պատկերներու չափազանց յարգանքը՝ մանաւանդ յունաց կողմէ, արդէն նախապէս մտածող մարդոց ուշադրութիւնը գրաւած էր եւ տակաւին Զ. դարու սկիզբները յայտնի Ասորի հեղինակ Փիլոքսէնը (527) գրութիւն մը հրատարակեց պատկերներու դէմ։

Նոյն Զ. դարու վերջերը՝ 596 թուականին, երբ Հայոց Կաթողիկոսութիւնը երկուքի բաժնուեցաւ։ Մովսէս Կաթողիկոսը (Մովսէս Բ. Եղիվարդեցի. 574-604) առանձին շրջաբերականով արգիլեց յոյներէ մասունք եւ պատկերներ ստանալ։ Կաթողիկոսի այս արգելքէն դրդուած երեք հայ եկեղեցական՝ Եսայի, Թադէոս, Գրիգոր, սկսան քարոզել թէ պատկերապաշտութիւնը կռապաշտութի՛ւն է. Սուրբ Գիրքի ոգիին հակառակ, եւ թէ նոյնը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ յոյներէն մտած է։

Անոնց քարոզութիւնը խռովութիւն ստեղծեց եւ երբ Մովսէս Կաթողիկոս անոնցմէ պահանջեց որ գան եւ իրեն ներկայանան։ Անոնք հեռացան Աղուաններուն երկիրը եւ այնտեղ սկսան քարոզել։

Այս առթիւ Հայոց Կաթողիկոսը պատուէր ուղարկեց՝ որ ոչ ոք սուրբերու պատկերները չխոտէ՝ չարհամարհէ։ Իսկ Վրթանէս Քերթողն ալ իր «Յաղագս Պատկերամարտաց» գիրքը գրեց, ուր Սուրբ Գիրքով եւ հայրենի վկայութեամբ կը հաստատէ պատկերներու կարեւորութիւնը։

Անոնց դէմ գործեց նաեւ Յովհան Մայրավանեցին, որը եւ վերոյիշեալ երեք կրօնաւորներու գայթակղած միտքերը ուղղեց։

Բայց եւ այնպէս այս հակապատկերական շարժումը չվերջացաւ Աղուաններու եւ հայ աշխարհի մէջ եւ հետզհետէ աւելի զօրացաւ Պաւղիկեաններու եւ Արարացիներու ձեռքով։ Արարացիներ (Բ ԹԱԳ. ԻԳ 11,13) առհասարակ սաստիկ թշնամի՛ էին պատկերապաշտութեան եւ Խաչի երկրպագութեան՝ համարելով քրիստոնեաներու այդ սովորութիւնը կռապաշտութիւն։ Նոյնպիսի հայեացք ունէին այն կէտի վրայ ե՛ւ Պաւղիկեանները՝ որոնք իրենց կրօնական համոզումներու միակ հիմունք Նոր Կտակարանը կ՚ընդունէին։

Ահա անոնց հետ միացան հայ պատկերամարտիկները Ը. դարուն, ինչպէս որ կը յայտնէ Օձնեցին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 4, 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2023