ԱՆՑԵԱԼԻ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԱՏԱԲԱԶԱՐԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ
Հետաքրքրական է ուսումնասիրել՝ ժողովուրդին աւանդական ծէսերը եւ արարողութիւնները անցեալի մէջ, որոնք կը տարբերին շրջանէ շրջան։ Զոր օրինակ, առնենք ամուսնութիւնը, եւ տեսնենք թէ՝ անցեալի Նիկոմիդիոյ Ատաբազարի շրջանին մէջ ի՛նչպէս կը կատարուէր, ի՞նչեր էին անոր արարողութիւնները, ծէսերը, պայմանները՝ որոնք այսօր գոյութիւն չունին մեծ մասամբ, թերեւս շատ փոքր շրջանակներու մէջ միա՛յն։
«Գլխահարկ» (=«պաշլըք փարասը») եւ կամ «կաթնագին» վճարելու սովորութիւնը աղջիկ վաճառելու ամենահին բարքերը յիշեցնող սովորութիւն մըն է անշուշտ, որ կը շարունակուէր տակաւին մինչեւ ԺԹ դարու կէսերը։ Հոս միջանկեալ պէտք է աւելցնել, որ այս «տուրք»ը՝ մինչեւ ետքն ալ, երկար ժամանակ գոյութիւն ունեցած է «մաղագործ» հայ «բոշաներ»ու մէջ։ («մաղագործ»=ձարագոյծ, մաղ գործող արհեստաւոր), («բոշայ»=թափառական ցեղ մը՝ վաչկատուն, քոչուոր, գնչու)։
Գլխահարկի կամ կաթնագինի սակարկութիւններու եւ հետեւաբար խնամիական գժտութիւններու առաջքն առնելու համար, «Ատաբազարի ազգային իշխանութիւն»ը աշխատեցաւ որոշ միօրինակ փոքրիկ սակի մը վերածել՝ հարուստի թէ աղքատի համար, որպէսզի ժողովրդային արմատացած հաւատալիքի՝ «իրաւունք-սովորութեան» մը խորհրդանշանական գոհացում, զոր՝ «նշանտուք»ի՝ «պաշտօնական հարսնախօսութեան» ատեն, ազգային իշխանութիւնը կը գանձէր փեսացուէն պսակադրութեան եւ եկեղեցական տուրքերու հետ միասին, ուղղակի՛ հարսնցուին մօրը տրուելու համար։
Այս միօրինակ կաթնագինը՝ մինչեւ վերջն ալ արձանագրուած է թաղային տոմարներու մէջ, զոր՝ շատ ընտանիքներ չյօժարելով ստանալ, կը թողէին եկեղեցւոյ։
Ամուսնական արարողութիւններէն մէկն էր նաեւ՝ «Առեւանգում»ը կամ «աղջիկ փախցնել»ու արարողութիւնը։ Կովկասէն գաղթած Չէրքէզներու մէջ կը շարունկուէր ձեւականօրէն «առեւանգում»ը՝ իրարու սահմանուած զոյգի ընտանիքներուն միջեւ։
Մանչուն բարեկամներէն կազմուած ձիաւոր խումբ մը կ՚երթար աղջկան գիւղը կամ տունը, «առեւանգել»ու՝ փախցնելու համար աղջիկը՝ որմէ ետք միայն հարսանեկան խրախճանքը կը սկսէր։
Երկու կողմերու երիտասարդութեան այս «ձեւական ընդհարում»ը՝ երբեմն ալ տեղի կու տար իրական բարդութիւններու եւ մինչեւ իսկ գժտութիւններու։
Չէրքէզներու այս սովորութիւնը առիթ մըն է պարզապէս դիւրութիւն ընծալելու համար՝ բաղդատութիւն ընելու՝ հայ ժողովուրդին «Գեղմտէք» կոչուած սովորութեան հետ։
«Գեղմտէք», այսինքն՝ «գիւղ մտնելու սովորութիւն» կոչուած նուէր, որ կը բաղկանար ողջ կամ եփած հաւեղէնէ մը, մէկ ափսէ խմորեղէնէ եւ մէկ շիշ օղիէ, զոր հարսնառութեան գացող փեսայի խումբին յառաջապահ երիտասարդները կը տանէին հարսնցուի տան դրան առջեւ դիմաւորելու սպասող երիտասարդներուն՝ որպէսզի դռնէն «անցք» տրուի փեսացուին եւ ուղեկից խումբին։
Այս «գեղմտէք»ի նուէրը շատ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր, այնպէս որ նուէրի զանցառութենէն խնամիական գժտութիւններ ալ ծագած են երբեմն, մանաւանդ պարտեալ կողմի երիտասարդութեան իբր արժանապատուութեան հարց, քանի որ կատակախառն հեգնանքի նշաւակ պիտի դառնան այլեւս անոնք…։
«Շեմքի անցք». Եկեղեցւոյ մէջ պսակադրութենէ ետք, հարսանեկան թափօրով՝ պսակուած զոյգը կը դառնայ մանչուն տունը, որուն դրան առջեւ աւանդական նոր արարմունքներ տեղի կ՚ունենան։
ա) «Տարօս». Փեսայի տան պատուհանէն՝ ցորեն կամ կորեկ, մանր դրամներու հետ խառն, կը ցանուին հարս ու փեսի գլխուն վրայ։ Առատութիւն եւ բեղմնաւորութիւն ապահովելու համար, համակրական մոգութեան հեթանոս պաշտամունքի կամ հաւատացեալ վերջամնացութիւն մըն է այս «ծէս»ը։
բ) «Տան շեմին վրայ մատաղ ընել». տան շեմին վրայ հաւ մը զենուլ՝ մատաղ ընել, որուն արեան կաթիլներէն անպատճա՛ռ քսել հարս ու փեսի ոտնամատներուն, որպէսզի կարենան անցնիլ շեմին վրայէն դէպի ներս։
Ըստ հին ժողովրդային հաւատալիքներու՝ տան դրան շեմը՝ նկատուած է նախահայրերու ոգիներուն որպէս կայան, եւ իրեն յատուկ զանազան պաշտամունքներու, արարողութիւններու ծէսերն ունի։
աա) Ընտանի թերափներու կամ նախահայրերու ոգիներուն զոհ մատուցանելով նշան տալ, թէ՝ առեւանգումի, այսինքն աղջիկ փախցնելու արշաւէն յաղթական վերադարձած են իրենց յաջորդները։
բբ) Առեւանգուած՝ փախցուած աղջիկը՝ այլեւս «օտար» մը չէ՛, քանի որ միեւնոյն զոհին արիւնով շաղապատուելով՝ արենակցած է իրենց ընտանիքին եւ ընդունած ընտանի թերափներու («թերափ»=տնական կուռք՝ չաստուածներու արձան. պաշտումի առարկայ) պաշտամունքը։
«Հաղորդական զոհ»ի հաւատալիք, որ «անցք»երու շեմայի լրման երրորդ գօտիին յատուկ է հոս։
Արդարեւ հարսանեկան-ամուսնական սովորութիւններու կարգին կան տակաւին ուրիշ մանր ձեւականութիւններ ալ, որոնք զանց կ՚առնենք չերկարելու եւ յօդուածի մը սահմաններէն դուրս չելլելու համար։ Այնուամենայնիւ, անցեալի սովորութիւններ, որոնք կը փոխուին ժամանակի ընթացքին եւ տարբեր երեւոյթներ ցոյց կու տան զանազան մշակոյթներու մէջ, առիթ կ՚ընծայեն որ բաղդատենք զանոնք մեր օրուայ սովորութիւններուն հետ։ Ուստի անցեալի սովորութիւնները ուսումնասիրելով, աւելի լաւ կը հասկնանք ներկայ սովորութիւններու պատճառները, նպատակները եւ մանաւանդ անոնց իմաստը։
Մարդիկ եթէ որեւէ արարողութեան կամ ձեւականութեան իմաստը հասկնան, աւելի նպատակայարմար կը գործադրեն զայն, ապա թէ ոչ մեքենաբար կը կատարեն զանոնք։ Մեքենաբար կատարուած որեւէ արարողութիւն արդիւնաւոր ըլլալէ հեռո՛ւ է, քանի որ կը մնայ միա՛յն «ձեւ»ի մէջ եւ խորհուրդը զուրկ կը մնայ…։
- Օգտուեցանք՝ Ա. ԿԷՆՃԵԱՆի «Ժողովրդային Հաւատալիք Եւ Արարողութիւններ-Բարիզ 1938» ուսումնասիրութենէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 29, 2016, Իսթանպուլ