ՍԻՐՈՅ ՄԷՋ ՀԱՍՏԱՏ ՄՆԱԼ

«Ինչպէս որ Հայրս զիս սիրեց, նոյն ձեւով ալ ես ձեզ սիրեցի։ Մնացէ՛ք իմ սիրոյս մէջ» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 9)։

Յիսուսի ամբողջ կեանքը, Անոր խօսքերը, Անոր արարքները, Անոր լռութիւնները եւ Անոր տառապանքները, Անոր ապրելու եւ խօսելու կերպը՝ Յայտնութիւնն է Հօր։ Յիսուս կարող է ըսել. «Ո՛վ որ զիս կը տեսնէ, կը տեսնէ Հայրը» (ՅՈՎՀ. ԺԴ 9), իսկ Հայրը կ՚ըսէ. «Ասիկա Իմ սիրելի Որդիս է, ունկնդիր եղէ՛ք Անոր» (ՂՈՒԿ. Թ 35)։ Մեր Տէրը մարմնացած-մարդացած ըլլալով Հօր կամքը կատարելու համար, Անոր խորհուրդներուն ամենադոյզն գիծերը մեզի կը յայտնեն «Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 9)։

Արդարեւ, Յիսուսի ամբողջ կեանքը վերականգնումի խորհուրդ է։ Ինչ որ Յիսուս ըրաւ, ըսաւ եւ կրեց, իբր նպատակ ունէր անկեալ մարդը վերհաստատել իր սկզբնական կոչումին մէջ։ Եւ ասիկա կը բխէր աստուածային Սէրէն։

Յիսուսի հիւանդներուն հանդէպ կարեկցութիւնը եւ ամէն տեսակ ախտաւորներուն վրայ Իր կատարած բազմաթիւ բուժումները բացայայտ նշանն են, թէ «Աստուած այցելած է Իր ժողովուրդին» (ՂՈՒԿ. Է 16) եւ Աստուծոյ Արքայութիւնը մօտալուտ է։ Յիսուսի նախասիրութիւնը հիւանդներու եւ ցաւերէ տառապողներու հանդէպ դարերու ընթացքին շարունակեց քրիստոնեաներուն մասնայատուկ հետաքրքրութիւնը արթնցնել բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք կը տառապին, կը չարչարուին իրենց մարմինին եւ հոգիին մէջ։ Ասիկա մեկնակէտն է զանոնք սփոփելու համար կատարուող անխոնջ ջանքերուն՝ որ կը բխի սէրէն։

Արդարեւ, մեր մեղքերուն համար Իր Որդին մահուան մատնելով, Աստուած յայտնի կ՚ընէ, թէ մեր մասին Իր «ծրագիր»ը մեր արժանիքը կանխող «բարեհաճ սիրոյ ծրագիր» է. «Ասոր մէջ կը կայանայ սէրը. մենք չենք որ սիրեցինք Աստուած, այլ Ինք սիրեց մեզ եւ առաքեց Իր Որդին իբր զոհ քաւութեան մեր մեղքերուն համար» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 10)։

Փաստը՝ թէ Աստուած կը սիրէ մեզ, այն է, թէ «Յիսուս Քրիստոս մեռաւ մեզի համար երբ մենք տակաւին մեղաւոր էինք» (ՀՌՈՄ. Ե 8)։ Այս սէրը բացառում չունի. Յիսուս յիշեցուց զայն կորսուած ոչխարին առակին եզրակացութեան մէջ. «Այսպէս, ձեր Հայրը որ երկինքն է, չ՚ուզեր որ ո՛չ մէկն այս փոքրիկներէն կորսուի» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 14)։ Ան կը հաստատէ «թէ Ինք Իր կեանքը կու տայ իբր փրկանք բազմութեան» (ՄԱՏԹ. Ի 28). այս «բազմութիւն» բառը բացառող իմաստ չունի. ան դէմ առ դէմ կը դնէ «մարդոց ամբողջութիւն»ը եւ Փրկչին միակ Անձը, որ Ինքզինք կը զոհէ փրկելու համար զայն։ (ՀՌՈՄ. Ե 18-19)։ Ուստի Յիսուս Քրիստոս մեռաւ բոլոր մարդոց համար առանց բացառութեան, քանի որ Ան մարմնացաւ եւ մարդացաւ, աշխարհ եղաւ «Մա՛րդ»ուն համար։

Յիսուսի զոհաբերումը «համայն աշխարհի մեղքերուն համար» (Ա ՅՈՎՀ. Բ 2) արտայայտութիւնն է Իր սիրոյ հաղորդութեան՝ Հօր հետ. «Հայրը կը սիրէ զԻս, որովհետեւ Ես Իմ կեանքս կու տամ» (ՅՈՎՀ. Ժ 17)։ «Հարկ է որ աշխարհը գիտնայ թէ Ես կը սիրեմ Հայրը եւ ինչպէս որ պատուիրեց Ինծի Հայրը՝ Ես ալ այնպէս կ՚ընեմ» (ՅՈՎՀ. ԺԴ 31)։

Յիսուս սէրը կ՚ընէ «Նոր պատուիրան մը»։

Սէրը աստուածաբանական այն առաքինութիւնն է, որով կը սիրենք Աստուած Իրեն համար՝ ամէն բանէ վեր, եւ մեր մերձաւորը իբրեւ մեր անձը, Աստուծոյ սիրոյն համար։ Եւ այս ուղղութեամբ, Յիսուս սիրելով իրենները «մինչեւ վերջ» (ՅՈՎՀ. ԺԳ 1), Ան կը յայտնէ սէրը Հօր զոր կ՚ընդունի։

Սիրելով զիրար՝ աշակերտները կը հետեւին Յիսուսի սիրոյն եւ զայն կ՚ընդունին նաեւ իրենց մէջ։ Ասոր համար Յիսուս կ՚ըսէ. «Ինչպէս Հայրը սիրեց զԻս, այնպէս ալ Ես սիրեցի ձեզ։ Մնացէ՛ք Իմ սիրոյս մէջ» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 9)։ Եւ դեռ. «Ահաւասիկ Իմ պատուիրանս, սիրեցէ՛ք զիրար ինչպէս Ես սիրեցի ձեզ» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 12)։

Սուրբ Հոգիին պտուղը եւ Օրէնքին լիութիւնը՝ Սէրը կը պահէ Աստուծոյ եւ Իր Քրիստոսին «պատուիրանները». «Մնացէ՛ք Իմ սիրոյս մէջ։ Եթէ պահէք Իմ պատուիրաններս, պիտի մնաք Իմ սիրոյս մէջ» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 9-10), (ՄԱՏԹ. ԻԲ 40) եւ (ՀՌՈՄ. ԺԳ 8-10)։

Քրիստոս մեզ սիրելուն համար խաչուեցաւ մեզի համար երբ տակաւին մենք «թշնամիներ» էինք. (ՀՌՈՄ. Ե 10)։ Տէրը կը պատուիրէ մեզի «Իրեն պէս սիրել, նոյնիսկ մեր թշնամիները» (ՄԱՏԹ. Ե 44), մեր ամենէն հեռաւորը դարձնել մեր մերձաւորը (ՂՈՒԿ. Ժ 27-37), սիրել մանուկները (ՄԱՐԿ. Թ 37) եւ աղքատները (ՄԱՏԹ. ԻԵ 40-45) ինչպէս զԻնք։ Արդարեւ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «առանց սիրոյ ես ոչինչ եմ» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 3)։ Եւ ամէն ինչ որ առանձնաշնորհում է, ծառայութիւն, նոյնիսկ առաքինութիւն… «առանց սիրոյ ինծի համար անօգուտ են» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 1-3)։

Արդարեւ, սէրը գերադաս է միւս բոլոր առաքինութիւններէն։ Ան առաջի՛նն է աստուածաբանական առաքինութիւններուն։ Այժմ «երեքը կը մնան. հաւատքը, յոյսը եւ սէրը. սակայն սէրը ամենամեծն է» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 13)։

Սէրը ո՜րքան կարեւոր եւ անհրաժեշտ է մարդ արարածին համար։ Ան յառաջ կու գայ Արարիչէն՝ որ սիրոյ «մարմնացում»ն է։ Հայր Աստուած Իր սիրոյ «ձեռքեր»ով կերտեց աշխարհը եւ հողէն ձեւակերպեց առաջին մարդը՝ Ադամը եւ Անոր կողակիցը՝ Եւան։ Ան սիրով լեցուց Եդեմի պարտէզը եւ Իր ստեղծած «զոյգ»ին տրամադրեց զայն իր բոլոր բարիքներով։ Աստուած ա՜յնքան սիրեց մարդը՝ Ադամը եւ Եւան, որ ամէն այցելութեան կ՚իջնէր անոնց քով, իր սէրը յայտնելու եւ անոնց սէրը վայելելու։

Ահա այս աստուածային սէրէն մասնիկ մըն է, որ Տէրը դրաւ իւրաքանչիւր մարդ արարածին սրտին մէջ. Աստուած Իր պատկերով եւ Իր նմանութեամբ ստեղծեց մարդը եւ սէրէն կաթիլ մը տուաւ անոր պատուիրելով որ «Իրար սիրենք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի» ըսաւ. (ՅՈՎՀ. ԺԳ 12)։

Սէրը անպակա՛ս ըլլայ մեր կեանքին մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 2, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2020