ԾԽԵԼԸ ՉԷ՛ ՈՐ ԿԸ ՍՊԱՆՆԷ
Ծխող մը չեմ, սակայն եթէ ըլլայի թող շիրիմիս վրայ գրէին... ծխելէն չմեռաւ, որովհետեւ աշխարհի վրայ մեռնելու այնքա՜ն պատճառ կայ՝ որ սիկառէթին առիթ չի՛ հասնիր: Սիկառէթը մարդը կրնա՞յ սպաննել. չե՛մ գիտեր, սակայն գիտեմ ուրիշներ, որոնց մահացու ուժին հանդէպ վստահ կրնանք ըլլալ:
Աշխարհ գալու ժամանակ լոյս աշխարհ եկած մանուկին առջեւ ծաղիկներ բերին, երփներանգ փուչիկներով զարդարեցին ամբողջ սենեակը, սակայն պատին վրայ չգրեցին «կեանքը կը սպաննէ՛», չըսին որ երփներանգ սկսող կեանքը վերջ պիտի գտնէ սեւերով ու սուգով ու դարձեալ ծաղիկներով՝ ուրախութեան տեղ տխրութեան ու թախիծի:
Սիրահարող երիտասարդին առջեւ երբեք չգրեցին «սէրը կը սպաննէ՛». երիտասարդը երբեք չգուշակեց որ ախորժելի եւ դուրեկան այդ զգացումը կրնայ մահուան մը չափ ցաւ ու թախիծ պատճառել: Ուրախութեան եւ հրճուանքի պահերուն երբեք չմտածեց, որ անոնք օր մը կրնան դառնալ անցեալ ու երազ ու խլել տուած հաճոյքէն շա՜տ շատ աւելին՝ ամբողջ կեանք մը նոյնիսկ:
Նուիրուած բարեկամին դիմաց երբեք չգրեցին «բարեկամութիւնը կը սպաննէ՛». երիտասարդը իրեն ցաւակից ու վշտակից կարծածներէն ստացաւ իր կեանքի ամենէն մեծ հարուածներն ու ապտակները: Անոնք՝ որոնց համար հոգի ու սիրտ կու տար՝ խորտակեցին թէ՛ հոգին եւ թէ՛ սիրտը: Այդ հարուածներէն ետք միայն հասկցաւ, թէ ինչ ըսել կ՚ուզէր թրքական առածը «ձիւն եկաւ այն լեռներուն վրայ՝ որոնց վստահած էի»:
Իր յաջողութեամբ հպարտացող երիտասարդին դիմաց չգրեցին «ձախորդութիւնը կը սպաննէ՛» եւ անվերջանալի թուացող յաջողութենէն ետք եկող ձախողորդութիւնը մոռցնել տուաւ նաեւ յաջողութեան հաճոյքը: Սիրալիր շրջապատ ունեցող երիտասարդը հո՛ն է որ ինքզինք զգաց մինակ, զգաց լքուած ու անկարեւոր, որովհետեւ բոլորը ո՛չ թէ իր՝ այլ իր յաջողութեան համար «կը սիրէին» զինք:
Շատ մը երիտասարդներու դիմաց չգրեցին «ընտանիքը կը սպաննէ՛». որովհետեւ հակառակ ընդունուածին ամէն ընտանիք չէ՛ որ իր զաւակին յաջողութիւնը ցանկաց: Ամէն ընտանիք չէ՛ որ հոգիով սիրտով նուիրուեցաւ իր զաւակներուն կեանքին:
Երիտասարդին առջեւ չգրեցին «դրամը կը սպաննէ՛» եւ իր հարազատներէն, նոյնիսկ իր եղբայր-քոյրէն որոշ դրամ առնելէ ետք է որ գիտցաւ, թէ դրամը շատ անգամ աւելի՛ կարեւոր ու առաջնահերթ է աշխարհի մէջ՝ քան հարազատութիւնն ու արենակից ըլլալը. ինչքա՜ն շատ են այսօր անոնք, որոնք դրամի սիրոյն իրենց մօր, հօր, եղբօր, քրոջ եւ «անոնց համար հոգի կու տամ» ըսած անձերուն հետ յարաբերութիւն չունի:
Բարիք ու ողորմութիւն կատարողին դիմաց չգրեցին «բարիքը կը սպաննէ՛». հազար բարիքներէ ետք միակ սխալ մը կատարելէ ետք զգաց երիտասարդը այդ մէկը, որովհետեւ վայրկենական ամբողջ բարիքները մոռացութեան տրուեցան եւ այդ միակ սխալը խոշորացոյցով մեծցնել փորձեցին անոնք՝ որոնց միայն ու միայն բարիք կատարած էր:
Իր զաւակներուն համար հոգի տուող մօր մը դիմաց չգրեցին «զաւակը կը սպաննէ՛». ամբողջ կեանք մը իր զաւակներուն համար զոհաբերած մայր մը այդ բոլորը զգաց երբ հակառակ իր սերմանած զոհողութիւններուն ապերախտութիւն ու անտեսում հնձեց: Ծերանոցին մէջ նետուող մայրը միայն նկատեց, թէ ինչ ուրախութեամբ գրկած էր զանոնք եւ ինչ դժբախտութեամբ յայտնուեցաւ այդտեղ:
Իր գեղեցկութեամբ հպարտացող երիտասարդուհիին դիմաց չգրեցին «տարիքը կը սպաննէ՛». դժբախտութեանց հանդիպելէ ետք միայն հասկցաւ երիտասարդուհին, որ պէտք չէր անարգեր ու անտեսեր այլոց թերութիւնները:
Մեղաւորին դիմաց չգրեցին «բանտը կը սպաննէ» եւ միայն ազատութիւնը առյաւէտ իր ձեռքէն կորսնցնելէ ետք զգաց անոր ահաւորութիւնը: Ամբողջ կեանքը ձրիաբար տրուած այդ արժէքը սկսաւ գնահատել անոր կորուստէն ետք միայն:
Կուրաբար «սիրած»ին վստահողին դիմաց չգրեցին «վստահիլը կը սպաննէ՛» եւ երիտասարդուհին այդ բոլորը սորվեցաւ իր սիրածի կողմէ դաւաճանութիւնը ապրելով: Այդ մահացու վիշտը ապրեցաւ, երբ առ յաւէտ իրար միացած մնալու երդումը փոխուեցաւ անէծքի, իրար օգնելը՝ ծեծի ու ցաւ ի սիրտ շատեր հասան մինչեւ մահուան:
Ու այս բոլորին դիմաց վըս-տա՛հ եղէք որ ծխելը ամենէն պա՜րզ, ամենէն անմեղ բանն է, որ մարդ կրնայ կատարած ըլլալ: Աշխարհի վրայ այսօր շատե՜ր երանի պիտի տային, որպէսզի ո՛չ թէ վերոյիշեալները, այլ սիկառէթը զիրենք սպաննած ըլլար: Տակաւին շարքը կարելի էր երկարել ու երկարել, որովհետեւ աշխարհի մէջ սպաննող երեւոյթները ապրեցնողներէն շա՜տ աւելի շատ են:
Երանի՜ դպրոցները մանուկներուն սիկառէթի վնասներու մասին տուած բացատրութեանց մէկ երրորդը տային կեանքի մէջ զիրենք սպաննելու պատրաստ երեւոյթներուն մասին, որովհետեւ այդ երեւոյթներն են որ զիրենք պիտի առաջնորդեն ծխելու, պիտի առաջնորդեն վիշտի ու թախիծի:
Սիկառէթներուն վրայ մեծատառ «կը սպաննէ» գրելու փոխարէն թող փոխե՛ն մարդկութիւնն ու մարդոց ապրելաձեւը, որովհետեւ կեանքը կը սպաննէ, իսկ սիկառէթը կու գայ անոր մահուան վերջին խնկարկումը ընելու:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -88-
Կեանքիս մէջ ծխողներուն հանդէպ ատելութիւն մը չեմ ունեցած, սակայն ատած եմ ա՛յն անձերը, որոնք ժամ մը չծխելու պարագային ջղային խանգարում ունեցող մարդոց տեսք կը ստանան։
Օր մը բարեկամներէս մէկը ժխոռ դէմքով կ՚ըսէր «Հետս մի՛ խօսինք, ջղային եմ»։ Անտրամաբանական շարժումներ կ՚ընէր, փորձելով բոլորի ուշադրութիւնը վրան գրաւել։
Պէտք է յստակ սահմանում մը տալ. սիկառէ՞թը մարդուն վրայ կ՚իշխէ, թէ ոչ մարդը սիկառէթին...։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ