ԱՆԿԱԽ ՄՏՔԻ ՏԷՐ ԸԼԼԱԼ

«Անկախ մտքի տէր ըլլալ» կը նշանակէ անկողմնակալ ըլլալ, անաչառ ըլլալ եւ դէպքերուն նայիլ առարկայական հայեացքով եւ անձերու միջեւ խտրութիւն չդնել, հաւասար նկատել եւ արդարադատ ըլլալ։ Անկախ միտք ունեցողը երբեք չ՚ազդուիր արտաքին ազդեցութիւններէ եւ կը վստահի իր իսկ մտքին, իր դատողութեան։ Արդարեւ, արդարադատութիւնը առաքինութիւն մըն է՝ որուն առաջին պայմանն է անկախ մտածել, որոշումներուն մէջ ուրիշներու գաղափար եւ տեսակէտներէն կախում չունենալ։

Բայց երբ անկախ մտածել, անկախ մտքի տէր ըլլալ կ՚ըսենք, ասիկա երբեք չի նշանակեր ուրիշներու մտքին հանդէպ բոլորովին օտար ըլլալ, արդարեւ պէտք է յարգել ուրիշներու գաղափարները եւ տեսակէտները եւ բացարձակապէս պէտք չէ ստորագնահատել զանոնք, որովհետեւ ամէն մարդ իրաւունք ունի «անկախ մտքի տէր» ըլլալու։

Եւ դարձեալ, «անկախ մտքի տէր ըլլալ» արգելք պէտք չէ ըլլայ տուեալ տրամադրութիւններու, օրէնքներու, կանոններու, իշխանական դրութիւններու անհնազանդ գտնուիլ։ Օրինաւոր ամէն դրութեան հնազանդութիւնն ալ առաքինութիւն է, եւ նաեւ պա՛րտք։

Ուրեմն, «անկախ մտածել» կամ «անկախ մտքի տէր ըլլալ» չի նշանակեր բոլորովին անջատուիլ կամ մերժել տուեալ կանոնական վիճակը եւ հեռու մնալ կարգապահութենէ։ Այլապէս ընկերութան մէջ քաոս կը տիրէ՝ խառնակ վիճակ, որ ընդունելի չէ որեւէ ընկերային դրութեան մէջ։

Անկախ մտքի տէր մարդը անկողմնակալ մարդ է, եւ անկողմնակալ մարդը հանրային համարում եւ յարգանք կը վայելէ եւ շա՜տեր կը ջանան այդպէս ցոյց տալ իրենք զիրենք՝ իրենց ընկերային կեանքին եւ յարաբերութիւններուն մէջ։ Անկողմնակալ մարդը վստահութիւն կը ներշնչէ իր անձնականութեամբ, իր հաստատ նկարագրով։ Թէեւ ամէն մարդ ինքզինք անկողմնակալ եւ անկախ մտքի տէր ցոյց տալ կ՚ուզէ, բայց, իրապէս անկախ մտքի տէր եւ ամէն առիթով իրենց համոզումը, իրենց տեսակէտը, առանց նկատումի, շիտկէ շիտակ յայտնող, պարզող մարդիկ միայն կրնան անկողմնակալ ըլլալ եւ ա՛յդպէս ճանչուիլ. եւ այդպիսիներ քիչ են…։

Անկողմնակալութիւնը ի՞նչ բան կրնայ խախտել։ Նիւթական եւ կամ բարոյական շահու ակնկալութիւններ, վիճակէն, կացութենէն օգուտ քաղելու մտադրութիւններ կրնան խախտել անկողմնակալութիւնը։ Անսակարկ մօտեցում եւ զօրաւոր նկարագրի տէր, հաստատամիտ անձեր կրնան անկողմնակալ ըլլալ։ Ուստի անկողմնակալութիւնը կը պահանջէ ուղղամտութիւն, որ բնական հետեւանքն է զօրաւոր նկարագրի, անսակարկ կերպով դէպքերու եւ անձերու մօտեցողներու։ Եւ անշուշտ այս կէտին կարեւորութիւն կը ստանայ մանաւանդ անկեղծութիւնը։ Անկեղծ մարդը միայն կրնայ անկողմնակալ մնալ, քանի որ ամէն ծածուկ բան ի վերջոյ կը յայտնուի։ Անկողմնակալ մարդը ուղիղ կը նայի դէպքերուն եւ շիտակ կը դատէ զանոնք։

Արդարեւ, անկողմնակալութիւնը չի նշանակեր երկու ներհակ, հակառակ ուղղութիւններու եւ տեսութիւններու իւրաքանչիւրին մաս մը իրաւունք տալ, կամ երկուքին վրայ ալ թերութիւն եւ յանցանք գտնել։ Երկու հակառակ կողմերու ալ իրաւունք տալ երբեք համապատասխան կեցուածք մը չէ անկողմնակալութեան նկատմամբ։ Ով որ կը թերանայ շիտակը անվախ կերպով ըսելու եւ պաշտպանելու մէջ, կամ կը թուլանայ սխալին եւ ծուռին հանդէպ, կ՚անտեսէ սխալը եւ ծուռը, կը ծածկէ, կը սքօղէ իր համոզումը եւ իրաւախոհութեան կերպեր, միջոցներ կը փորձէ՝ երկուքը հաշտեցնելու համար, այդու իսկ ամենէն յոռի եւ վատ կողմնակալութիւնը կ՚ընէ, եւ կրնայ առանց ուզելու, անգիտակցաբար օգնել եւ պատճառ ըլլալ, որ սխալը ընդունուի եւ տեւէ, սխալը շիտակ կարծուի եւ յանցանք մը օրինաւոր դառնայ, եւ ասիկա ի վերջոյ «հանրային չարիք» մը կ՚ըլլայ։

Ուրեմն անկախ մտքի տէր մարդը՝ անկողմնակալ մարդը իրերը եւ իրողութիւնները, արարքները եւ գաղափարները կը դիտէ եւ կը դատէ, առանց կանխակալ կարծիքներու եւ վեհերոտութեան։

Անկախ մտքի տէր մարդը իր սեփական, իւրայատուկ համոզումը կը կազմէ, առանց նկատումներէ ազդուելու, առանց անձնական շահու ակնկալութիւններու կը ճշդէ դիրքը եւ արիաբար, համարձակ կերպով կը ջատագովէ եւ կը պաշտպանէ, ի՛նչ որ ըստ իր համոզումին եւ կարծիքին շիտակ է՝ ուղիղ եւ արդա՛ր, եւ այս ուղղութեամբ ճշմարտութեան եւ բարիին յաղթանակին կը նպաստէ։ Այս իմաստով, անկախ մտքի տէր մարդը առաքինի եւ ազնիւ մարդ է, եւ ինչպէս ըսինք, հասարակութեան մէջ վստահելի մարդ ըլլալու պատիւը կը վայելէ։

Ահաւասի՛կ, այս իսկ է իրական անկողմնակալութիւնը եւ անկախ մտքի տէր ըլլա՛լը։

Ուստի անկողմնակալութիւնը կը ծառայէ արդարութեան, որ բարոյական առաքինութիւն մըն է եւ կը կայանայ յարատեւ եւ հաստատ կամքով տալու Աստուծոյ եւ մարդոց ի՛նչ որ ճշմարտութիւն է, բարի է եւ գեղեցիկ։ Այն որ ճշմարտութիւն է, այն որ բարի է եւ այն որ բարոյական իմաստով գեղեցիկ, անիկա շիտակ է եւ ուղի՛ղ։ Եւ ասիկա կ՚ենթադրէ յարգել իւրաքանչիւրին իրաւունքը, յարաբերութիւններու մէջ ներդաշնակութիւնը՝ ապահովելու համար ընկերային խաղաղութիւնը եւ հասարակաց բարի՛քը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 1, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2019