ԲԱ­ՐԵ­ԿԵՆ­ԴԱ­ՆԸ ԸՆ­ՏԱ­ՆԻ­ՔԻ ՄԷՋ

Հայ ժո­ղո­վուր­դին ըն­կե­րա­կան, ըն­տա­նե­կան եւ բա­րո­յա­կան կեան­քը սեր­տօ­րէն կա­պուած է կրօ­նա­կան հա­ւա­տա­լիք­նե­րու եւ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու հետ։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ ա­սոնց­մէ է նաեւ «Բա­րե­կեն­դան»ը՝ որ ան­ցեա­լի մէջ, եւ այ­սօր ալ կա­րե­ւոր տեղ մը կը գրա­ւէ մա­նա­ւանդ ըն­տա­նե­կան մի­ջա­վայ­րե­րուն մէջ։ Ան­շուշտ ա­նոր կրօ­նա­կան կող­մը ան­հա­տա­կան հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ է, բայց ըն­կե­րա­յին-ժո­ղովր­դա­կան կող­մը ա­ւե­լի շատ կը հե­տաքրք­րէ ըն­տա­նի­քը։ Ը­սենք ա­ւան­դու­թիւն մը, սո­վո­րու­թիւն մը՝ որ ան­ցեա­լը կը կա­պէ ներ­կա­յին, ինչ­պէս՝ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը ի­րա­րու։

Ար­դա­րեւ ըն­կե­րա­յին-ըն­տա­նե­կան կեան­քը մեծ ի­րո­ղու­թեան մը առ­ջեւ կը գտնուի, երբ «Բա­րե­կեն­դան»ը կը հաս­նի։ Ըն­կե­րա­յին գի­տակ­ցու­թիւ­նը, թէեւ տար­բեր ձե­ւե­րով, կը յայտ­նուի ան­հատ­նե­րու ա­մէն մէ­կուն կեան­քին մէջ եւ կեան­քը զգա­լի փո­փո­խու­թեան մը կ՚են­թար­կուի։

«Բա­րե­կեն­դան»ը այս փո­փո­խու­թիւ­նը զգա­լի կը դարձ­նէ մնա­ւանդ ստեղ­ծուած խան­դա­վա­ռու­թեամբ, կա­տա­րուած խրախ­ճանք­նե­րով եւ յայտ­նի ե­ռու­զե­ռով։

Բայց պէտք է ըն­դու­նուի, որ «Բա­րե­կեն­դան»ը՝ որ­քան ալ կրօ­նա­կան բնոյթ ու­նե­նայ, ան վե­րա­ծուած է ժո­ղովր­դա­կան-մշա­կու­թա­յին ի­րա­դար­ձու­թեան մը։

Եւ Բա­րե­կեն­դա­նին ա՛յդ կողմն է որ կը հե­տաքրք­րէ շա­տե­րը։ Մե­ծա­մաս­նու­թեան հա­մար Բա­րե­կեն­դա­նը՝ զուար­ճու­թեան, խրախ­ճան­քի, խան­դա­վա­ռու­թեան «օր» մըն է միայն։ Ա­ւան­դու­թիւն մը՝ որ ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ այդ ո­գե­ւո­րու­թեան։ Տու­նե­րու մէջ պատ­րաս­տու­թիւն­ներ կը կա­տա­րուին, ազ­գա­կան­ներ, բա­րե­կամ­ներ կը հրա­ւի­րուին՝ հա­ւա­քուե­լու եւ միա­սին ու­տե­լու խմե­լու, զուար­ճա­նա­լու հա­մար։ Խոս­տո­վա­նինք, որ Բա­րե­կեն­դա­նի գի­տակ­ցու­թիւ­նը կամ ընբռ­նու­մի միայն «օր»ուան մը սահ­ման­նե­րու մէջ կը մնայ եւ յե­տոյ կը շա­րու­նա­կէ կեան­քը իր բնա­կան եւ սո­վո­րա­կան ըն­թաց­քին մէջ։

Սա­կայն «Բա­րե­կեն­դան»ը կեան­քի եւ ապ­րե­լա­կեր­պի փո­փո­խու­թեան մը սկիզբն է, եւ այդ փո­փո­խու­թեան նա­խօ­րեա­կին նե­րե­լի կը հա­մա­րուին կե­րու­խու­մի ա­ռա­տու­թիւ­նը, չը­սե­լու հա­մար չա­փա­զան­ցու­թիւ­նը, որ շատ ան­գամ կը հաս­նի ան­ժոյժ ու ան­չափ աս­տի­ճան­նե­րու շատ մը մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ, շռայ­լու­թեան ցոյց մը կ՚ըլ­լայ, ինչ որ նե­րե­լի կը նկա­տուի այդ օ­րուան հա­մար։ Բա­րե­կեն­դա­նը այս ի­մաս­տով ու հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ սկիզբ մըն է նոր շրջա­նի մը, փո­փո­խու­թեան մը։

Վա­նա­կան կեան­քի խստամ­բեր կար­գու­կա­նո­նի կա­պերն իսկ կը թուլ­ցուին Բա­րե­կեն­դա­նին, եւ թոյլ կը տրուի, որ խստակ­րօն կեան­քի ա­ւան­դու­թիւն­ներն ու պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը մեղ­մա­ցուին ու մեղ­կա­ցուին, եւ պահ մը, վա­նա­կան­ներն իսկ, եբ­րեւ մարդ, աշ­խար­հիկ՝ ըլ­լան, ան­շուշտ ա­ռանց ել­նե­լու թոյլ­տուու­թեան կամ թո­ղու­թեան պատ­շաճ սահ­ման­նե­րէն։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ այս է որ «ա­բե­ղա­թող» կը կո­չուի վա­նա­կան խրախ­ճան­քի ար­ձակ օ­րե­րը, վան­քե­րու մէջ, Բա­րե­կեն­դա­նի առ­թիւ։

Իսկ տու­նե­րու մէջ ազ­գա­կան­ներ, բա­րե­կամ­ներ քով քո­վի կու գան՝ ճիշդ միեւ­նոյն տան եւ ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րուն պէս։ Ուս­տի ո­րե­ւէ խիստ չափ ու աս­տի­ճան չկայ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րու մէջ՝ ան­շուշտ միշտ պատ­շա­ճը յար­գե­լով։

Այս հա­ւա­քոյթ­նե­րուն ան­վե­րա­պահ ու ան­կաս­կած ըն­տա­նու­թեան մը ե­րե­ւոյ­թը ա­մէ­նուն շար­ժու­ձե­ւե­րուն եւ նիս­տու­կա­ցին մէջ բնա­կան կը հա­մա­րուի։ Եւ վան­քե­րու թախ­ծոտ ո­լորտ­նե­րուն մէջ ալ՝ միա­բա­նա­կան կեան­քի հա­մար­ձա­կու­թիւն­նե­րով ծի­ծաղ­ներ կը թրթռաց­նեն պա­հիկ մը, եւ ա­հա՛ քիչ յե­տոյ այս բո­լո­րին կը յա­ջոր­դէ լրջու­թի՛ւ­նը, ծան­րու­թիւ­նը՝ մե­ծա­գոյն, հրա­շա­լի՜ փո­փո­խու­թիւ­նը։

Այդ «փո­փո­խու­թիւն»ը կը յայտ­նուի այն­պէս, կար­ծես թէ բան մը ան­ցած, ապ­րուած չըլ­լայ քիչ ա­ռաջ. բո­լորն ալ լո՛ւրջ են, մտա­խոհ, պար­կեշտ։

Ըստ ա­ւան­դու­թեան, տու­նե­րու մէջ ալ, Բա­րե­կեն­դա­նի առ­թիւ չգոր­ծա­ծուած, մէկ կողմ դրուած ա­ման­ներն ու ա­նօթ­նե­րը իսկ մեծ խնամ­քով լուա­ցուած եւ մաք­րուած են, եւ կար­ծես պատ­րաստ կը սպա­սեն «մեծ փո­փո­խու­թեան»՝ դի­մա­ւո­րե­լու Մեծ Պահ­քը։

Հայ ըն­տա­նի­քի հի­մը, սիւ­նը՝ հայ տան­տի­կի­նը, ան­խոնջ ու բա­րե­պաշտ, մաք­րա­սէր, յոգ­նած, ան ալ կը պատ­րաս­տուի դի­մա­ւո­րե­լու «մեծ փո­փո­խու­թիւն»ը թէ՛ ըն­կե­րա­յին եւ թէ ըն­տա­նե­կան կեան­քին մէջ։

Եւ նոյն խնկե­լի բար­քը վան­քե­րու մէջ ալ տի­րեր է ան­ցեա­լին։ Ար­դէն վա­նա­կան­ներն ալ «ըն­տա­նիք»ի մը ան­դամ­նե­րը չե՞ն։ Ա՛յս է այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, թէ ի՛նչ­պէս ըն­կե­րա­յին կեան­քը կ՚ազ­դէ ան­հա­տա­կան կեան­քին եւ կը փո­խէ ա­նոր ըն­թաց­քը։ Կեն­ցա­ղա­սէր մար­դիկ, տես­նե­լով կեան­քին միւս ե­րե­սը, ըն­կե­րա­յին կեան­քի այս նոր փու­լին, այս մեծ փո­փո­խու­թեան մէջ հրա­շա­լի՜ փո­փո­խու­թեան մը կ՚են­թար­կուին։ Քիչ կը խօ­սին, քիչ կը ծի­ծա­ղին, ա­ւե­լի մտա­խոհ, բայց լա՛ւ կ՚աշ­խա­տին, լա՛ւ կը գոր­ծեն, եւ պէտք է ը­սել՝ լաւ ալ կը խոր­հին…։

Եւ այս «մեծ փո­փո­խու­թիւն»ը կ՚են­թադ­րէ կեան­քի ու կեն­սա­ղի, ապ­րե­լա­կեր­պի սո­վո­րա­կան պայ­ման­նե­րուն փո­փո­խու­թեան շրջան մը՝ որ ա­նու­րա­նա­լի եւ անժխ­տե­լի կապ մը ու­նի հայ ան­հա­տին ըն­կե­րա­կան բա­րք­­ե­րուն հետ։ Եւ այս ցոյց կու տայ՝ հո­գե­ւոր ու բա­րո­յա­կան կեան­քին ազ­դե­ցու­թիւ­նը ան­հա­տա­կան եւ աշ­խար­հա­յին կեան­քին, ինչ որ փո­խա­դարձ ազ­դե­ցու­թիւն մը կը գոր­ծէ։

Բայց երբ այս բո­լոր ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու վրայ կը խօ­սինք, պէտք է խոս­տո­վա­նինք, թէ ներ­կայ կեան­քը, ընդ­հան­րա­պէս չի պատ­շա­ճիր, կամ ա­ւե­լի ճիշդ է ը­սել՝ չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ ան­ցեա­լի այս բա­րե­դէպ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Այ­սօր կրօն­քի բա­րե­րար ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը չեն ազ­դեր աշ­խար­հա­սէր եւ ինք­նա­մոլ ան­հատ­նե­րու սիր­տե­րուն։ Այ­սօր, դժբախ­տա­բար, Բա­րե­կեն­դա­նը վե­րա­ծուած է զուտ աշ­խար­հա­յին, ժո­ղովր­դա­կան-մշա­կու­թա­յին ե­րե­ւոյ­թի մը։ Բա­րե­կեն­դա­նը, ընդ­հան­րա­պէս կորսն­ցու­ցած է իր կրօ­նա­կան ու բա­րո­յա­կան ի­մաստն ու նպա­տա­կը, դար­ձած է միայն խրախ­ճան­քի, զուար­ճու­թեան, խան­դա­վառ օր մը ապ­րե­լու, կե­րու­ խու­մի ա­ռիթ մը։

Այ­սօ­րուան ըն­կե­րա­յին եւ ըն­տա­նե­կան կեան­քը շա՜տ տար­բեր է ան­ցեա­լի կեան­քէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 27, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016