ՄԱՐԴՈՑ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մար­դոց մի­ջեւ հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը կը յե­նու էա­պէս ա­նոնց անձ­նա­կան ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան վրայ, ինչ­պէս նաեւ ան­կէ բխող ի­րա­ւունք­նե­րուն վրայ։ Ա­մէն տե­սակ խտրա­կա­նու­թիւն, որ կը հա­յի ան­ձին հիմ­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րուն, կամ ցե­ղի, սե­ռի, մոր­թի գոյ­նին, ըն­կե­րա­յին կա­ցու­թեան կամ դիր­քի, լե­զուի եւ կամ կրօ­նի վրայ, պէ՛տք է զան­ցուի իբ­րեւ ներ­հակ Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին։

Սա ան­վի­ճե­լի է. մարդ աշ­խարհ գա­լով, տրա­մադ­րու­թեան տակ չու­նի ի՛նչ որ անհրա­ժեշտ է իր մարմ­նա­ւոր ու հո­գե­ւոր կեան­քին բար­գա­ւա­ճու­մին հա­մար։ Ուս­տի կա­րի­քը ու­նի «ու­րիշ»նե­րուն, այ­սինքն իր նման­նե­րուն։

Ար­դա­րեւ կը յայտ­նուին տար­բե­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք ա­ռըն­չուած են ֆի­զի­քա­կան-մարմ­նա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, բա­րո­յա­կան եւ ի­մա­ցա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րուն, տա­րի­քին, զա­նա­զան փո­խա­նա­կում­նե­րով ձեռք ձգուած շա­հե­րուն, հարս­տու­թիւն­նե­րուն բաշ­խու­մին։ Այս բաշ­խու­մին ար­դար ըլ­լա­լու հա­մե­մա­տու­թեամբ կը հաս­-տա­տուի հա­ւա­սա­րու­թի՛ւ­նը։ Մար­դոց մի­ջեւ խտրու­թեան բար­ձու­մը։ Այս ի­մաս­տով ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ մար­դուն ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան ան­վե­րա­պահ, բա­ցար­ձակ յար­գա՛նք։ Մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան պաշտ­պա­նու­թիւ­նը եւ յա­ռաջմ­ղու­մը յանձ­նուած են մար­դուն, որ կը գոր­ծադ­րէ հա­ւա­սա­րու­թեան սկըզ-բուն­քով։ Ամ­բողջ մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան մէջ, ա­ռանց խտրու­թեան, իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ պա­տաս­խա­նա­տու եւ պար­տա­պան է այդ պաշտ­պա­նու­թեան։

Մարդ­կա­յին ան­ձին յար­գան­քը կ՚ընդգր­կէ յար­գան­քը այն ի­րա­ւունք­նե­րուն՝ ո­րոնք կը բխին ան­հա­տին ար­ժա­նա­պա­տուու­թե­նէն։ Այս ի­րա­ւունք­նե­րը ըն­կե­րու­թե­նէն կան­խա­գոյն են եւ ի­րենք զի­րենք կը պար­տադ­րեն ա­նոր։ Ուս­տի ի­րա­ւունք­նե­րու վա­յել­ման եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու կա­տար­ման մէջ ա­մէն մարդ հա­ւա­սար է, նոյն կեր­պով, ա­մէն մէ­կը իր ըն­դու­նա­կու­թեան եւ մաս­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն չա­փով եւ տա­րո­ղու­թեամբ։

Ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րու եւ մաս­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րու տար­բե­րու­թիւն­նե­րը աս­տուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին մաս կը կազ­մեն, եւ կը ներ­դաշ­նա­կեն, կը հա­ւա­սա­րակշ­ռեն կեան­քը։

Ըստ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ծրագ­րին՝ իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ իր պէտք ու­նե­ցա­ծը պէտք է ստա­նայ «ու­րիշ»էն, իսկ ա­նոնք, որ ի­րենց տրա­մադ­րու­թեան տակ ու­նին յատ­կու­թիւն­ներ, ըն­դու­նա­կու­թիւն­ներ, զա­նոնք բաժ­նեն կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն հետ։

Ար­դա­րեւ, մար­դոց մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւն­նե­րը յա­ճախ կը ստի­պեն մար­դի­կը բա­րեա­ցա­կամ, վե­հանձն ըլ­լալ, եւ կը քա­ջա­լե­րեն բաժ­նե­կից ըլ­լա­լու։

Այս ստի­պո­ղու­թիւ­նը եւ քա­ջա­լե­րան­քը կը խթա­նէ մշա­կոյթ­նե­րը զի­րար փո­խա­դար­ձա­բար ճո­խաց­նե­լու։

Հա­ւա­սա­րու­թեան սկզբուն­քը, ու­րեմն պէտք է հասկ­նալ՝ տար­բե­րու­թիւն­նե­րու ներ­դաշ­նա­կու­թիւն, հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն, եւ այդ ներ­դաշ­նա­կու­թեան ու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան վրայ հիմ­նուած ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թիւն, պարտ­քե­րու եւ ի­րա­ւունք­նե­րու բաշ­խում։ Չէ՞ որ բո­լոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ ա­մէն ան­հա­տի հա­ւա­սար չա­փով չէ տրուած։ Ե­թէ այդ­պէս ըլ­լար, ըն­կե­րա­յին կեան­քը ան­շար­ժու­թեան եւ ամ­լու­թեան պի­տի մատ­նուէր, աշ­խատ­ու­թիւն, գոր­ծու­նէու­թիւն գո­յու­թիւն պի­տի չու­նե­նա­յին…։

Ուս­տի բազ­մա­թիւ ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ բաշ­խուած են տար­բեր կեր­պե­րով, զա­նա­զան չա­փե­րով՝ ա­մէն մէ­կուն զատ զատ։ Այս կեր­պով, գո­յու­թիւն ու­նին նաեւ «ա­նի­րաւ ան­հա­ւա­սա­րու­թիւն»ներ, ո­րոնք կը վնա­սեն բազ­մա­թիւ ան­հատ­ներ։ Մինչ­դեռ ան­ձե­րու վա­յե­լած հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը, հա­ւա­սար ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ, որ մար­դիկ հաս­նին կեան­քի ա­ւե­լի՛ ար­դար եւ ա­ւե­լի՛ մարդ­կա­յին պայ­ման­նե­րու։ Ան­հա­ւա­սա­րու­թիւն­ներ ըն­կե­րու­թեան մէջ գայ­թակ­ղու­թիւն կը պատ­ճա­ռեն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 20, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2015