ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ԱՆՀԱՒԱՏՆԵՐԸ

Այս օրերուն, երբ Հայաստանի մէկ մասը ցոյցերով, իսկ միւս մէկ մասը Քրիստոսի արձանի տեղադրութեամբ զբաղուած է, անձնական փորձով աչքերուս առջեւ կեանքի կոչուեցաւ Դերենիկ Դեմիրճեանի «Հայը» յօդուածին մէջ գրած հետեւեալ տողերը.- հայը «լցրել է իր երկիրը եկեղեցիներով, բայց տարին մի անգամ չի մտնում մէջը՝ աղօթելու»:

Անցնող շաբթուան ընթացքին պոլսահայ Տ. Թէոդիկ Քահանայ Չեթինքայա զանգեց եւ առաջարկեց կիրակի պատարագի մասնակցիլ. ըսաւ «Չարպաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եմ. Եթէ կրնաս գալ՝ եկուր»:

Սիրելի Քահանայ Հօր առաջարկին ընդառաջելով կիրակի օր որոշեցի քրոջս հետ երթալ պատարագի։ Տեղը անծանօթ էր. այդ իսկ պատճառով ճամբան կեցած երկու կիներու մօտ կանգնելով հարցուցի ճամբան. յայտնեցին, թէ իրենք եւս նոյն ուղղութեամբ կ՚երթան. աւելին, երկու կիներէն մին կ՚ապրէր եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ:

Մեքենայ բարձրացան. կիներէն մին գնահատական ոճով սկսաւ գնահատել մեր եկեղեցի երթալը, որովհետեւ, ինչպէս ինք կ՚ըսէր «եկեղեցի երթալէն ու հաւատքէն աւելի կարեւոր բան չկայ»:

Կիները ճամբան առաջնորդեցին մինչեւ հասանք եկեղեցւոյ մը դիմաց. այդ փողոցը ապրող կինը ըսաւ, թէ «ա՛յս է եկեղեցին»: Ուշադրութեամբ նայեցայ. «Սուրբ Խաչ» գրուած էր եկեղեցւոյ մուտքին, մինչ Տէր Հօր եկեղեցին պէտք էր Ս. Աստուածածին ըլլար. կնոջ ուշադրութեան յանձնեցի, որ մեր ուզածը Ս. Աստուածածինն է, ո՛չ Սուրբ Խաչը: Կնոջ պատասխանը անակնկալ էր.- «Ճիշդը եթէ կ՚ուզէք, եկեղեցւոյ անունը չեմ գիտեր»:

Միտքիս մէջ դարձեալ Դերենիկն էր խօսողը.- «լցրել է իր երկիրը եկեղեցիներով, բայց տարին մի անգամ չի մտնում մէջը՝ աղօթելու»: Եկեղեցիէն մի քանի քայլ հեռու տան դիմաց նստող կնոջ հարցուցի, թէ ո՞վ է եկեղեցւոյ քահանան (կրնայ ըլլալ սխալ յիշած ըլլայի եկեղեցւոյ անունը)։ Երկրորդ կնոջ պատասխանը.- «Ես որտեղի՞ց իմանամ, թէ ով է քահանան»:

Եւ ահաւասիկ առաջին Քրիստոնեայ պետութեան մը հաւատացեալ զաւակները, որոնք եկեղեցւոյ քով ապրելով հանդերձ եկեղեցւոյ անունը անգամ չեն գիտեր, որովհետեւ անգամ մը գոնէ մտնելով աղօթք մը բարձրացուցած չեն առ Աստուած:

Հաւանաբար Եսայի մարգարէի բերնով ըսուածը յատուկ հայերուն համար ըսած ըլլար. «Կեղծաւորնե՛ր, դուք Աստուծոյ միայն շուրթերով կը պաշտէք, մինչ ձեր սիրտը հեռու է Աստուծմէ»:

Շատ անգամ սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայորդիները եկեղեցի չյաճախելու պատճառ առաջ կը բերեն եկեղեցւոյ հեռու ըլլալը. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ապրող հայորդիներէն շատ լսած եմ «երկու ժամ պէտք է քշեմ, որ հասնիմ եկեղեցի» արտայայտութիւնը. Հայաստանի մէջ այդ պատկերը երկու քայլ է՝ որ նոյնքան հեռու կը թուի մարդոց, ինչքան երկու ժամը:

Մեր առաջին Քրիստոնեայ պետութիւն ըլլալը տարբեր չէ անցեալին հարուստ, սակայն այսօր սնանկացած մեծահարուստէն, որ հակառակ իր աղքատութեան իր անցեալի գանձերուն մասին կը շարունակէ խօսիլ. մեր այսօրուան վիճակը մարգարէացումն է այն խօսքին, որ առաջինները վերջին պիտի ըլլան եւ մենք որպէս առաջին Քրիստոնեայ պետութիւն այսօր վերջինն ենք. վերջին՝ մեր հաւատքով եւ մեր քրիստոնէութեամբ:

Այդ հաւատքի ամրութեան պատճառով էր, որ մեր պետութիւնը ուզեց կրթական ծրագիրէն դուրս դնել կրօնական գիտութիւնը, հաւանաբար վախնալով որ  բոլորը Աստուածաբաններ դուրս գան:

Եւ ի՜նչ զարմանալի. նման ազգ մը օտար ափերու վրայ դպրոցէն ու ակումբէն առաջ Եկեղեցի շինեց առաջին հերթին, որովհետեւ հոգեւոր սնունդը մարմնականէն աւելի վեր դասեց: Այդ եկեղեցին շինողներն ալ, եկեղեցւոյ անունը անգամ չգիտցողներն ալ հայեր են:

Ու այս բոլորին դիմաց կը յիշեմ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ապրող ա՛յն այլազգիները, որոնք կամայ թէ ակամայ կը սորվէին հայկական եկեղեցւոյ անունները, շատ անգամ աղօթքի մը համար ներս մտնելու համարձակութեամբ նոյնիսկ: Այս բոլորին դիմաց կը յիշեմ մեր նախնիներու մէջ բոյն դրած «Ակումբ չեկողը, եկեղեցի չգացողը, զաւակը հայկական վարժարան չղրկողը` հոգս անգամ չէ, թող դադրի՛ հայ ըլլալէ, թող ձուլուի, ուծանայ, ինչ կ՚ուզէ թող ըլլայ» մտածելակերպը, որ եթէ ի գործ դրուէր այսօր... հայերու արդէն իսկ քիչ եղող թիւը շա՜տ շատ աւելի քիչ կ՚ըլլար:

Այսօր Յիսուս Քրիստոսի արձանը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն առաջ մեր սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ պէտք է կանգնեցնել, որովհետեւ ո՛չ եկեղեցին եւ ո՛չ ալ արձանը առանց ժողովուրդին կուռք մը ըլլալէ տարբեր բան չի կրնար ըլլալ:

Մինչեւ հիմա ականջիս մէջ կը լսեմ տարեց կնոջ ձայնը.- «եկեղեցի երթալէն ու հաւատքէն աւելի կարեւոր բան չկայ». խօսք՝ որ ցայսօր մնացած է խօս-քի սահմաններուն մէջ՝ առանց երբեք գործի վերածուելու:

Հիմա արդէն աւելի լաւ կը հասկնամ, թէ ինչու տասնամեակներէ առաջ Գէորգ Էմին «Զարմանալի՜ հայ, զարմանալի՜ հայ» կը կոչէր. կը շարունակենք մնալ զարմանալի՝ հաւատարիմ մնալով ա՛յն կորուստի ճամբուն, որուն ուղեւորներն ենք հիմա:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՎԱՀՐԱՄ ԱԼԱԶԱՆ
(1903-1966)

Մեր թուականէն 119 տարիներ առաջ՝ 6 մայիս 1903-ին Վանի մէջ ծնած է բանաստեղծ, արձակագիր եւ հասարակական գործիչ Վահրամ Ալազան (բուն անունով Վահրամ Գաբուզեան):

Ալազան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ: Երիտասարդ տարիքին ականատես եղած է Համաշխարհային Ա. պատերազմին եւ ընտանիքի անդամներուն հետ միասին Վանէն գաղթած է դէպի Երեւան, ուր շարունակած է իր ուսումը, միաժամանակ զբաղելով գրաշարութեամբ:

Ալազան 1918 թուականին որպէս գրաշար ու բանուոր գործի ընդունուած է «Ուրարտու» տպարանէն ներս, ուր որոշ ժամանակ աշխատելէ ետք անցած է «Խորհրդային Հայաստան» օրաթերթ՝ դարձեալ գրաշարի պաշտօնով: «Խորհրդային Հայաստան» օրաթերթին մէջ 1921 թուականին լոյս կը տեսնէ Ալազանի առաջին բանաստեղծութիւնը՝ «Կարմիր յաղթանակը» խորագրով, որուն կը յաջորդեն բազմաթիւ ուրիշ բանաստեղծութիւններ ու պատմուածքներ, որոնք կը հրատարակուին «Ալազան» գրչանունով:

Գրական գործունէութեան սկսելէ տարի մը ետք՝ 1922-ին կը հրատարակուի Ալազանի առաջին գիրքը՝ «Տարիների խաղը» խորագրով: Այնուհետեւ 1922-ին եղած է «Ավանգարդ» թերթի հիմնադիր անդամներէն մին, 1922-1930 թուականներուն ստանձնած է «Տպագրական բանուոր» լրագիրի խմբագիրի պաշտօնը. եղած է Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութեան առաջին քարտուղարը. 1932-1936 տարիներուն Ալազան վարած է «Գրական թերթի» խմբագիրի պաշտօնը:

Ալազան 1936 թուականին Խորհրդային Միութեան պետական եւ քաղաքական գործիչ Փաւելի Պերայի դէմ մահափորձ կատարող խմբակի անդամ ըլլալու մեղադրանքով դատապարտուած է տասը տարուան ազատազրկման. տասը տարի զանազան բանտերու մէջ մնալէ ետք 1946 թուականին ազատ արձակուելով վերադարձած է Հայաստան եւ բնակութիւն հաստատած Աշտարակի մէջ, ուր հիմնած է Պերճ Պռօշեանի տուն-թանգարանը:

Երեք-չորս տարի Աշտարակի մէջ գործունէութիւն ծաւալելէ ետք Ալազան 1949 թուականին դարձեալ նոյն մեղադրանքով դատապարտուած է ցմահ բանտարկութեան եւ աքսորուած է Սիպիր, ուրկէ վերադարձած է 1954 թուականին՝ ամբողջութեամբ արդարանալով: Հայաստան վերադառնալէ երկու տարիներ ետք՝ 1956 թուականին կաթուածահար ըլլալով մինչեւ իր մահը եղած է անկողնային հիւանդ. այդ վիճակին մէջ ուրիշներու ճամբով թուղթին յանձնած է իր կեանքի դաժան պատմութիւնը, որ հրատարակուած է Ալազանի մահէն ետք «Տառապանքի ուղիներում» խորագրով:

Ալազանի կողքին գրողը յօդուածներ ստորագրած է նաեւ «Յորձանք», «Վ. Անողոք», «Ալ-Զար», «Ա. Բանուոր», «Գրաշար», «Վահրամ Անողոք» գրչանուններով: Ալազան անունը որդեգրած է ներշնչուելով Գէորգ Բաշինջաղեանի «Ալազանի դաշտավայրում» խորագրեալ յօդուածէն:

Արձակագրութեան ու բանաստեղծութեան կողքին զբաղած է նաեւ թարգմանական աշխատանքով, հայերէնի թարգմանելով վրացի բանաստեղծ Կրիկորի Կրիշաշվիլիի բանաստեղծութիւնները եւ զանազան այլ բանաստեղծութիւններ ու ընտիր գործեր:

Արձակագիրը մահացած է 17 մայիս 1966-ին Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 6, 2022