ԱՂՔԱՏՆ ՈՒ ՀԱՐՈՒՍՏԸ

Այն անձերէ՞ն ես, որ կը կարծէ, թէ կեանքը, օրուան հացի դրամը վաստակիլն ու մարդկային կեանքի մէջ պայքարիլը դժուար է. եթէ այո, ապա վստահ կրնաս ըլլալ, որ աշխարհի մարդկութեան մեծամասնութիւնը նոյն կարծիքը ունի, սակայն այս կարծիքին հակառակ գոյութիւն ունի խաւ մը, որ կեանքն ու դրամ շահիլը շա՜տ դիւրին կը նկատէ եւ այս երկու իրարու հակառակ կարծիքներն է, որ աշխարհը կը դարձնէ հանելուկի մը՝ որ գուցէ երբեք ալ պիտի չլուծուի:

Օրական դրութեամբ կը տեսնեմ բազմահազար մարդոց մտատանջ հեւքը, կը տեսնեմ օրապահիկ մը ապահովելու համար ամբողջ օր քրտինք թափող աշխատաւորները, որոնք իրենց յոգնութեան դիմաց արդար վարձատրութիւն չեն ստանար եւ նոյն պահուն կը տեսնեմ, թէ համաշխարհային մամուլի մէջ տակաւին մօրուքը նոր ծիլ արձակող երիտասարդ մը ճոխ ու փարթամ իր կեանքով կը յայտարարէ, թէ «ինչքա՜ն դիւրին է մեր օրերուն դրամ շահիլը»: 

Կեանքի անարդարութիւնը մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած էր, սակայն հարուստին կեանքը գրեթէ անծանօթ էր աղքատին, սակայն արդի արհեստագիտութեամբ հարուստներու զեխ կեանքը հրապարակաւ հասանելի ու տեսանելի դարձաւ բոլորին, ինչ որ այդ անհաւասարութեան եւ անարդարութեան գոյութիւնը աւելիով շեշտեց: Իր հոգերուն մէջ խեղդուած մարդ արարածը սկսաւ տեսնել, թէ ինչպէս երիտասարդ մը անիմաստ խմիչքի մը համար անհոգութեամբ հազարներ կը ծախսէ, մինչ ինք յաջորդ օր-ւան օրապահիկին համար մտահոգութիւն կը կրէ:

Այսօր մեծ հարստութիւններու տէր դարձած մեծահասակներ ու երիտասարդներ յաճախ ելոյթներու ժամանակ կը բարձրաձայնեն նուիրուածութեամբ ու տաժանակիր ձեւով աշխատելու կարեւորութեան մասին, կը խօսին յոգնութեան, պայքարի մասին, մինչ իրապէս հոգիով ու սիրտով, չարչարուելով աշխատողները կը շարունակեն մնալ թշուառութեան մէջ:

Պէտք է ընդունիլ, որ այսօր նիւթապէս լաւ վիճակի մէջ գտնուիլը այնքան ալ աշխատանքի հետ կրնայ կապ չունենալ. այսօրուան ամերիկացին հարուստ չէ՛, որովհետեւ Ափրիկէի մէջ ապրող մարդէն աւելի կ՚աշխատի։ Ընդհակառակը, կրնանք վստահ ըլլալ, որ ափրիկեցի մարդուն յոգնութեան կէսը անգամ չի կրեր ամերիկացին, սակայն ինչ անարդարութիւն, որ նուազ յոգնութեամբ առաւել բարենպաստ կեանք մը կը վայելէ:

Մէկուն հարուստ եւ միւսին աղքատ ըլլալը աշխատասիրութեան հետ աղերս չունի, որովհետեւ մի՛շտ ալ աղքատութեան մէջ գտնուողը աւելի աշխատող եղած է՝ քան հարուստը: Որոշ ժամանակ գոյութիւն ունէր այն կարծիքը, որ հարստանալու եւ «յաջողակ» մարդ դառնալու գաղտնիքը ուսում ստանալու մէջ է, սակայն մերօրեայ հարուստները կենդանի վկաներ են, որ հարստութեան տիրանալը ուսման մակարդակի հետ այնքան ալ կապ չունի, որովհետեւ մերօրեայ հարուստներուն մեծամասնութիւնը դպրոցը անգամ չէ աւարտած։ Ամերիկեան յայտնի կազմակերպութեան մը վիճակագրութեան համաձայն, աշխարհի մեծահարուստներու 67 առ հարիւր տոկոսը համալսարանական վկայական չունի:

Համալսարանի ուսման ձախորդութիւնը պարզապէս կարելի է փաստել այն հանգամանքով, որ համալսարաններու դասախօսները ընդհանրապէս աղքատ դասակարգի պատկանող մարդիկ են. այսօր Հայաստանի մէջ տնտեսագիտութիւն դասաւանդող դասախօսներէն քանի՞ն մեծահարուստներ են. համալսարանական աշակերտին դրամի մասին դասախօսութիւն կու տայ ան, որ ամսուն վերջ վճարուելիք ամսավճարին կարօ՞տը ունի:

Դրամ շահիլը դիւրին թէ դժուար կը նկատէք՝ չեմ գիտեր, սակայն աշխարհահռչակ «Ֆորթիւն» (Fortune) պարբերականը կը յայտնէ, թէ օրական դրութեամբ աշխարհի վրայ 1700 մարդ կը դառնայ միլիոնատէր. նոյն պարբերականը կը յայտնէ, թէ այսօր միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գոյութիւն ունի մօտաւորապէս 21951000 միլիոնատէր մարդ, որոնցմէ 9 հազար հոգին եւ աւելին տէր են աւելի քան 100.000.000 միլիոն տոլարներու:

Մերօրեայ մարդկութիւնը կը սկսի անդրադառնալ, որ մարդը հարստացնողը մարմնապէս չարաչար աշխատողը չէ. մերօրեայ անարդարութիւնը այն է, որ մեծահարուստը առանց աշխատելու իր հարստութեան վրայ հարստութիւն կը դիզէ, մինչ չարաչար աշխատողը հազիւ իր օրապահիկը կ՚ապահովէ:

Յաջողակ ըլլալու համար պարզապէս պէտք է խելացի ըլլալ, որովհետեւ այսօր խելքն է, որ մարդը կը հարստացնէ եւ ո՛չ աշխատանքը եւ այդ բոլորին նախաքայլը կեանքին ու դրամին հանդէպ մեր ունեցած համոզումները փոխելէն կը սկսի։ Դրամը ազգութիւն չի ճանչնար. այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելի հարստութիւն չկայ՝ քան Ափրիկէ. ամէն տեղ ալ դրամը գոյութիւն է, պարզապէս զայն ձեռք ձգելու հմտութիւնը պէտք է ունենալ, որովհետեւ այդ գաղտնիքը լուծողները Հայաստան ալ ըլլան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ալ ըլլան՝ կը հասնին յաջողութեան:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -235-

Մի քանի շաբաթ առաջ մեր ծանօթներէն մին, որ Հայաստանի մէջ գործող լիբանանահայ ճաշարաններէն մէկուն մէջ կ՚աշխատի, յայտնեց, թէ ճաշարանատէրը գնած է 40 հազար ամերիկեան տոլար արժող ինքնաշարժ մը: Անարդարութեան գոյութեան գիտակցելով հարց տուի, թէ ճաշարանատէրը ի՞նչ կ՚ընէ. պատասխանը սպասած էր. ո՛չ մէկ բան: Մեր բարեկամն ու իրեն նման տասնեակ մը կիներ չարաչար կ՚աշխատին, սակայն նոր ինքնաշարժներու տէր կը դառնայ ճաշարանատէրը. այս է աշխարհի անարդարութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 6, 2023