ԲԱՐՈՅԱՊԷՍ ՀԱՐՈՒՍՏ

Հայրիկ կը շարունակէ խօսիլ զաւակներուն պարտաւորութիւններուն մասին եւ կարեւորութեամբ կը շեշտէ ծնողք-մանուկ եւ մանուկ-ծնողք փոխյարաբերութեան կարեւորութիւնը. խօսքը ուղղելով զաւակներուն Հայրիկ կ՚ըսէ. «Երբ կը ծերանան եւ կը զառամին ձեր ծնողքը, դուք նոցա որդի մխիթարութեան եւ ցուպ ծերութեան լինիք. ամենայօժար սիրով խնամել, դարմանել եւ երբեք չը տրտմեցուցանել զիրենք»: Այս պարտաւորութիւնը Հայրիկ կը կոչէ «ընտանեկան տան պատիւ», իսկ խօսելով անոնց մասին, որոնք հեռու կը մնան այդ պարտաւորութենէն եւ կ՚ոտնակոխեն այդ ընտանեկան պատիւը, Հայրիկ կ՚ըսէ. «Հայր եւ մայր բամբասողները՝ Աստուծոյ եւ մարդկանց առաջ շատ մեղապարտ են»:

Ընտանիքի մը պատիւը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ եւ հետեւաբար նոր սերունդին պարտաւորութիւնն է իր ընտանիքին պատիւը բարձր պահել եւ այդ մէկը պահելու համար պէտք է բարոյական հարստութիւնը ժառանգել ծնողքէն, որ Հայրիկի խօսքերով «ոսկիէն եւ կորստական հարստութենէն աւելի մեծ է»: Հայրիկ իր աշխատութեան մէջ յաճախ կը խօսի նիւթական եւ բարոյական հարստութեան տարբերութեանց մասին, որովհետեւ այն խումբը՝ որուն համար կը գրէր Հայրիկ նիւթապէս անապահով ընտանիքներ էին եւ անոնցմէ շատեր նիւթական հարստութիւնը բարոյականէն աւելի կը գնահատէին, հետեւաբար Հայրիկ բազմիցս կը յիշէ այն ճշմարտութիւնը, որ բարոյապէս հարուստ ըլլալը՝ գանձեր ունենալու համազօր հարստութիւն մըն է, որովհետեւ Հայրիկի համոզումով բարոյապէս հարուստ ըլլալը շատ անգամ նիւթապէս ալ կը հարստացնէ մարդը. այդ իսկ պատճառով հարուստներու զաւակներու մասին բազմաթիւ վատ օրինակներու կարելի է հանդիպիլ. Հայրիկ յաճախ կը շեշտէ, որ անոնց զաւակները հարուստ են միայն նիւթականով եւ ոչ բարոյականութեամբ եւ հետեւաբար անոնց հարստութիւնը դատապարտուած է կորստեան եւ ժամանակաւոր է. այդ իսկ պատճառով Հայրիկ կ՚ուզէ, որ իր զաւակները չնախանձին նման ընտանիքներու՝ որոնք նիւթական հարստութեան մէջ կ՚ապրին, որովհետեւ անոնց բարոյականութենէ զուրկ զաւակները վերջապէս պիտի մսխեն այդ բոլորը եւ դառնան թշուառներ. «Նոքա, որ երբեմն տէր էին՝ ծառայ եւ ստրուկ կը դառնան», կ՚ըսէ Հայրիկ: Հայրիկի համոզումով շատ մը հարուստներու աղքատ դառնալը «պատահականութիւն» չէ. «Դուք մի՛ այնպէս կարծէք թէ հարստութենէ ինկած ամէն դժբախտներն երկնից կամ աշխարհիս պատահարներէն են. ո՛չ, դոցա մեծ մասին անկումն բուն իրենց վարած անչափաւոր կեանքէն է», կ՚ըսէ Հայրիկ:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ Հայրիկ կ՚ապրէր այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր հարուստը շատ հարուստ, իսկ աղքատը շատ աղքատ վիճակի մը մէջ կ՚ապրէր։ Գոյութիւն չունէր միջին խաւ մը եւ Հայրիկի ժողովուրդը, որ աւելի գաւառի եւ գիւղերու ժողովուրդն էր նիւթապէս անկեալ վիճակ մը ունէին եւ հետեւաբար Հայրիկի պարտաւորութիւնն էր զանոնք այլ հարստութեամբ մը օժտել՝ բարոյական հարստութեամբ, որովհետեւ բարոյական հարստութիւնը տան մէջ խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն կը ստեղծէ եւ նման սիրոյ մթնոլորտի մը մէջ աղքատութեան ու թշուառութեան բեռը եւս կը նուազի: Անդին, շատ անգամ հարուստները աւելիով կը հարստահարէին գիւղացիներն ու թշուառ ժողովուրդը եւ բնականաբար աղքատ ժողովուրդին մօտ գոյութիւն ունէր հարուստներու հանդէպ ատելութիւն մը. հետեւաբար Հայրիկ հասկնալով այդ բոլորը շատ աւելի կը մեծարէր աղքատ ու պատուաւոր ընտանիքի զաւակները, քան մեծահարուստներունը՝ որ մեծաւ մասամբ արդար աշխատութեան մը արդիւնքը չէին:

Հայրիկ կը գրէր ո՛չ թէ գրականութիւն ստեղծելու եւ իր ունեցած աշխատութիւններուն վրայ նոր մը աւելցնելու համար. Հայրիկ կը գրէր եւ կ՚ուզէր, որ իր գրութիւնը յաջողի զարգացնել կրթութիւն չստացած աղքատ ժողովուրդի խաւը. մինչեւ իսկ շատ անգամ «երանելի» կը նկատէ աղքատութեան մէջ ապրող զաւակները՝ որոնք բարոյապէս հարուստ են. Հայրիկի խօսքերն են. «Գիտցէք նաեւ, այն ազնուականաց զաւակները, որոնք հայրենի տան հարստութիւնը դիւրապէս կը ժառանգեն, այնչափ մեծ ու գովելի չեն. հապա այն իսկ է աւելի փառք եւ պարծանք, որ ձեր ազնուականութիւնը ձեզմէ սկսի, որով դուք իրաւամբ հայրենի տան հիմնադիր ազնուական կը լինիք»: Անոնց որպէս օրինակ Հայրիկ կը խօսի մրջիւններու մասին, որոնք աշխատասիրութեամբ կ՚աշխատին եւ իրենց կեանքը կը բարելաւեն:

Այս բոլորը կոչ մըն էր աղքատ ժողովուրդի զաւակներուն. այսօր նոյն կոչին պէտք ունի մերօրեայ նոր սերունդը. այսօր համացանցի ճամբով մեր նոր սերունդը անդադար կը զբաղի եւ նախանձի աչքերով կը դիտէ կեանքը անոնց՝ որոնք «հանգիստ» կ՚ապրին եւ այդ մէկը սեփական ինքնաքննութեան մէջ ժխտական տեղ կը գրաւէ. այսօր շատ մը երիտասարդներ բարձրանալու փոխարէն կը դիտեն անոնց կեանքը՝ որ զեղխութեան մը մարմնացումն է պարզապէս:

Այս բոլորին մասին խօսելէ ետք Հայրիկ կը յորդորէ ըսելով՝ «յուշ պահեցէք ինչ որ գրեցի», յայտնելով, որ մարդ արարած ինչ որ ցանէ՝ այն կը հնձէ, որովհետեւ մարդ ինչ չափով որ չափէ՝ նոյն չափով պիտի չափուի: Հայրիկ դարձեալ կը շեշտէ, որ ամէն երիտասարդ ժառանգէ հօր եւ մօր օրհնութիւնը, որովհետեւ «եթէ մայրն անիծէ, տան հիմերը կը խախտուին», կ՚ըսէ Խրիմեան Հայրիկ:

«Ժառանգեցէք ուրեմն երկու բերանոց օրհնութիւնք, որպէսզի ձեր կեանքը եւ վախճանը միշտ բարի ու բարգաւաճ լինի»:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Կ՚ուզեմ զաւակս բժիշկ դառնայ, սակայն ինք չուզէր. ի՞նչ պէտք է ընել:

Պատասխան. Բնական է, որ ծնողներ ձգտումներ ունենան եւ ուզեն իրենց զաւակները որոշ դիրքի վրայ տեսնել, բայց կարեւոր է նաեւ յարգել անոնց անհատական հետաքրքրութիւնները: Փոխանակ երեխան մղելու դէպի բժշկութիւն, հետաքրքրուեցէք, թէ ի՞նչ են զինք բժշկութենէն հեռու պահող ազդակներն ու պատճառները: Խրախուսեցէք բաց հաղորդակցութիւնը եւ ուսումնասիրեցէք այլընտրանքային ուղիները, որոնք համահունչ են իր հետաքրքրութիւններուն: Երեխաներուն սեփական երազներու իրականացման աջակցիլը շատ աւելի մեծ յաջողութեան պատճառ կը դառնայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 6, 2024