ԽԱՉԻ ՄԱՍԻՆ ՄԵՐ ՊԱՐԾԱՆՔԸ
Գաղատացիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս Առաքեալ սապէս կ՚ըսէ. «Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ։ Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհի համար» (ԳԱՂԱՏ. Զ 14)։
Ինչպէս յայտնի է, Յինանց Ե. Կիրակիին, այս տարի 14 Մայիսին, յիշատակուեցաւ Սուրբ Խաչի երեւման տօնը՝ անգամ մը եւս յիշելով Քրիստոսի չարչարանքները, խաչելութիւնը, խաչի վրայ թափած անմեղ ու անարատ արեան շնորհիւ մարդկային ցեղին փրկութի՛ւնը։ Եւ դարձեալ, ինչպէս խորհրդածուեցաւ այս մասին, Սուրբ Խաչի երեւման տօնը պատմական դէպքի մը յիշատակութիւնն է՝ երբ 351 թուականին, Մայիս ամսուան մէջ, Կիւրեղ Երուսաղէմացի հայրապետի օրերուն, օրուայ երրորդ ժամուն, այսինքն ժամը 9-ին երկնքի վրայ երեւցաւ Քրիստոսի խաչի նշանը՝ տարածուելով Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռը։
Այս հրաշալի՜ դէպքին ականատես կ՚ըլլան ո՛չ միայն Երուսաղէմ բնակող քրիստոնեաները, այլեւ տարբեր դաւանանքներու եւ կրօններու պատկանող մարդիկ։
Խաչի պայծառ երեւումէն արեգակն իսկ կը մթագնի։
Երուսաղէմի բնակիչները, բոլորն ալ կը շտապեն եկեղեցի, կ՚աղօթեն Աստուծոյ՝ գոհութիւն յայտնելով Բարձրեալին՝ այս մեծ եւ հրաշալի շնորհին արժանացած ըլլալնուն համար։ Երկնային այս հրաշքին շնորհիւ շատեր կը հաւատան Քրիստոսի, կը մկրտուին Կիւրեղ հայրապետի ձեռքով՝ անդամագրուելով Անոր Եկեղեցիին։ Եւ այս հրաշալի դէպքի առթիւ Կիւրեղ հայրապետ նամակ մը կը գրէ Բիւզանդիոյ Կոստանդին կայսրին, որ Մեծն Կոստանդիանոսի որդին էր։
Նամակին մէջ, Կիւրեղ հայրապետ կը պատմէ Երուսաղէմի մէջ խաչի երեւման մասին՝ թելադրելով, որ վերջինս հաստատ մնայ իր քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքին մէջ, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ՝ Նիկիական դաւանութեանը։
Խաչը, Հռովմէական կայսրութեան ժամանակ մահապարտները անարգելու եւ նախատելու միջոց մը, առարկայ մըն էր։ Արդարեւ, Հին Կտակարանի մէջ կը կարդացուի. «Անիծուած է ան, որ կախուած է փայտէն» (Բ ՕՐ. ԻԱ 23)։ Ուստի, Աստուածորդին միացաւ խաչափայտին՝ սրբագործելով զայն եւ Իր Սուրբ Արիւնով համայն մարդկութիւնը փրկեց ու ազատեց սատանայի գերութենէն։ Եթէ մինչեւ Քրիստոսի Խաչը, խաչափայտը ընդհանրապէս անարգանքի եւ նախատինքի նշանն էր, ապա Տիրոջ խաչելութեամբ, անոր մէջ դրուեցաւ կեանքի խորհուրդը, եւ մարդ արարածը կարելիութիւնը ունեցաւ, հնարաւորութիւնը ստացաւ «նոր մա՛րդ» ըլլալու։ Կորնթացիներու գրած իր երկրորդ նամակին մէջ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է. այլեւս չէ՛ այն՝ ինչ որ էր նախապէս, քանի որ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ» (Բ ԿՈՐՆԹ. Ե 17)։
Քրիստոս խաչի վրայ ներեց մարդոց մեղքերուն, ջնջեց անոնց մեղքերու պարտամուրհակը՝ գամելով զայն խաչափայտին։ Արդարեւ, համայն մարդկութեան փրկութեան համար մարմնացած եւ մարդացած Աստուած խաչուեցաւ, թաղուեցաւ, բայց երրորդ օրը հրաշափառապէս յարութիւն առաւ մեռելներէն՝ քանդելով մահուան կապանքները։
Յարութիւն առաւ Տէր Յիսուս Քրիստոս, քանի որ Լոյսը կարելի չէ՛ր մնալ գերեզմանի մթութեան մէջ։
Եւ այս իրողութիւնը նկատի ունենալով է որ Կիւրեղ Երուսաղէմացին կ՚ըսէ. «Կը դաւանիմ խաչը, քանզի գիտե՛մ Յարութիւնը»։
Հետեւաբար խաչը մեզի համար յոյսի, սիրոյ, յաղթութեան, յաղթանակի եւ փրկութեան նշա՛նն է, որուն վրայ Աստուածորդին պարտութեան մատնեց սատանան՝ չարը՝ մարդկութեան առջեւ բանալով երկնքի դռները, որ մինչ այդ փակուած էին մարդկային ընտանիքին նախածնողները՝ Ադամի եւ Եւայի անհնազանդութեանը պատճառով։
Յիսուս խաչի վրայ ցոյց տուաւ իր անհո՜ւն սէրն ու անբաւ ողորմածութիւնը ադամորդիներու նկատմամբ։ Յիսուս խաչին վրայ համայն մարդկութեան սորվեցուց հաւատարմութիւնը, ողորմածութիւնը, ներողամտութիւնը եւ արդարութի՛ւնը։
Յիսուս Քրիսոտս իր փրկագործութեան խորհուրդով խաչը վերածեց յաղթութեան նշանի։
Ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Քա՛ւ լիցի, որ ես պարծենամ ուրիշ բանով, քան մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչո՛վ» (ԳԱՂԱՏ. Զ 14)։
Եւ իրապէ՛ս, ճշմարիտ եւ անկեղծ քրիստոնեաներու համար «Տէրունական Նշան»ը պարծանքներու պարծանքն ու Աստուծոյ անսահմա՜ն եւ անվերջ սիրոյն արտայայտութիւնն է՝ անկեալ մարդուն նկատմամբ։ Ճի՛շդ է, անհաւատ եւ Տիրոջ բարիքն ու փառքը չճաշակած մարդոց համար խաչի վրայ Քրիստոսի այս զոհողութիւնը, անձնուիրութիւնը անիմաստ ու անըմբռնելի կը թուի, բայց հաւատացեալներու համար, որոնք իրենց սրտին մէջ ընդունած են ճշմարիտ Աստուածը՝ Յիսուս Քրիստոսը, Խաչը դարձած է փրկութեան գրաւականը։ Անտարբերութեան, տգիտութեան խաւարին մէջ խարխափող այս մարդոց մասին Պօղոս Առաքեալ դարձեալ կ՚ըսէ. «Քանի որ ինչպէս յաճախ կ՚ըսէի եւ հիմա եւս լալով կ՚ըսեմ, մեր մէջ կան շատեր՝ որոնց կեանքը թշնամանք է Քրիստոսի խաչին։ Անոնց վերջը կորուստ է, որովհետեւ իրենց Աստուածը իրենց փո՛րն է։ Ամօթալի բաներով կը հպարտանան եւ միայն երկրաւոր բաներու մասին կը խորհին» (ՓԻԼԻՊ. Գ 18-19)։
(Սկզբնաղբիւր՝ «Սիւնեաց Կանթեղ»)։
Եւ երբ խօսքը Խաչի մասին է, կ՚արժէ յիշել Գրիգոր Տաթեւացիի մեկնաբանութենէն հատուած մը՝ ուր կը բացատրէ իմաստը խաչին թեւերուն։
«Խաչին թեւերը, առաջինը կը նշանակէ չորս բարութիւնները, որ Քրիստոս տուաւ մեզի։ Վերի մասը ցոյց կու տայ երկնքի արքայութիւնը, արքայութեան բացուիլը, վարի մասը՝ դժոխքի աւերումը, աջը՝ շնորհներու բաշխումը, ձախը՝ մեղքերու թողութիւնը։
«Երկրորդ՝ կը նշանակէ չորս առաքինութիւնները՝ որոնք հարկ է տարածել մեր ներքին մարդու մէջ։ Վերը՝ կը նշանակէ սէրը, վարի մասը՝ խոնարհութիւնը, աջը՝ հնազանդութիւնը, ձախը՝ համբերութիւնը։
«Երրորդ՝ կը նշանակէ մարդուս դրախտէն զրկուիլը՝ քանի որ աջ էր՝ ձախ դարձաւ։
«Չորրորդ՝ կը նշանակէ մարդուս չորս խորհուրդները, վերի մասը՝ միշտ վերին մասին խորհիլ՝ ուր նստած է Քրիստոս, վարի մասը՝ մարդուս կեանքին վախճանը։ Աջ ու ձախ կողմերը՝ դատաստանի ընտրութիւնը աջակողմեան՝ փառքը, ձախակողմեան՝ պատիժը, հատուցո՛ւմը…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 1, 2017, Իսթանպուլ