ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ՍԷՐ ԵՒ ԴԺՈԽՔ - Գ. -

Աստուծոյ, որ բարի է եւ ամենակարող, չարին գոյացութեան եւ չարագործութեան արտօնելու եւ արգելք չհանդիսանալու հարցը մարդկային միտքը զբաղեցնող խնդիր մըն է։ Աստուած քանի որ բարի է, սէր է եւ ամենակարող, ապա ուրեմն ինչո՞ւ արգելք չ՚ըլլար չարին չարագործութեանը։

«Ահա կը ղրկեմ ձեզ իբրեւ ոչխարներ՝ գայլերու մէջ։ Ուստի խորագէտ եղէք օձերու պէս, եւ անմեղ՝ աղաւնիներու պէս։ Զգո՛յշ եղէք, որովհետեւ պիտի գտնուին մարդիկ, որոնք ձեզ դատարան պիտի տանին եւ իրենց ժողովարաններուն մէջ ծեծեն», (ՄԱՏԹ. Ժ 16-17)։ Այս, եւ նման աւետարանական հատուածներէն կը հասկցուի, թէ աշխարհի վրայ միշտ եղած է «չար»ը եւ կը շարունակէ «չարագործել»։ Ուրեմն, պէտք է պայքարիլ չարին հետ՝ առանց վհատելու, առանց տկարանալու՝ քաջութեա՛մբ։ Չէ՞ որ այս աշխարհի վրայ կեանքը «պայքա՛ր» մըն է չարին դէմ՝ բարեգործութեամբ…։

Ուրեմն կը տեսնուի, որ «չար»ը եւ «չարագործութիւն»ը անպակաս եւ անբաժան են ստեղծագործութեան սկիզբէն ի վեր։ Արդարեւ, «չար»ը՝ «բարի»ին այլասերած՝ վատասերած վիճա՛կն է. այլ խօսքով՝ ամէն ինչ բարի՛ է ստեղծուած, բայց հետզհետէ դէպի գէշը փոխուած է։ Այս կարելի է նմանցնել թարմ պտուղի մը՝ որ ժամանակի ընթացքին կը փտի, կ՚ապականի եւ օթեկ, անօգտագործելի կը դառնայ, փոխանակ օգտի, վնաս կրնայ պատճառել զայն օգտագործողին։

Ասիկա բնութեան օրէնք է, թէեւ այդ օրէնքը հաստատած է Աստուած, բայց Ան հաւատարիմ եւ հպատակ է նաեւ իր հաստատած օրէնքին, ուստի չի միջամտեր, արգելք չ՚ըլլար, որ բարին չարի վերածուի, լաւը՝ վատի, օգտակարը՝ վնասակարի։ Ուրեմն, այս ընթացքը աստուածադիր բնական օրէնքներուն հետեւանքն է՝ որուն հաւատարիմ է նաեւ օրէնսդիրը՝ Ի՛նքն Աստուած։

Արդարեւ, չարը օգուտ մըն ալ ունի. եթէ չարը գոյութիւն չունենար, այլապէս «բարի»ն ի՞նչպէս պիտի յայտնուէր։ «Բարի»ն այն է՝ որ «չար» չէ, ապա ուրեմն չարը պէտք է ըլլայ, որպէսզի «բարի»ն ինքզինք յայտնէ։ Զոր օրինակ, ճերմակ գոյնը, «ճերմա՛կ» է՝ սեւ գոյնին նկատմամբ. եթէ սեւը չըլլար, ճերմակ գոյնին կ՚անդրադառնա՞ր մարդ։ Կամ եթէ խաւարը, մութը գոյութիւն չունենար՝ լոյսին արժէքը պիտի հասկցուէ՞ր մարդոց կողմէ։ Եւ վերջապէս՝ եթէ չարը գոյութիւն չունենար՝ ճշմարիտ բարին արժէք պիտի ունենա՞ր։ Այս ուղղութեամբ՝ եթէ սուտը չըլլար, ճշմարիտը պիտի յայտնուէ՞ր, եթէ հիւանդութիւններ չըլլային՝ առողջութեան, բժշկութեան արժէքը պիտի գիտցուէ՞ր։ Ո՛չ, քանի որ բաղտատելու եզր պիտի չըլլար եւ սովորական պիտի ըլլար ամէն բարիք, ինչ որ արժէքը գիտնալու չափանիշ մը պիտի չըլլար։

Այո՛, սիրելի՜ բարեկամներ, գաղափարը որքան ալ տարօրինակ եւ յարակարծական երեւի, «բարի»ն կա՛յ, քանի որ «չա՛ր»ը գոյութիւն ունի, թէ ո՛չ բարիի գաղափարը, ըմբռնումը գոյութիւն պիտի չունենար։ Եւ այս իմաստով, չարը՝ բարիին ստուգանիշն է, քանի որ չարը բարիէն է սերած, եւ ո՛չ թէ ստեղծուած։ Բունը՝ էականը միշտ «բարի»ն է եւ չարը անոր վատասերած վիճակը՝ ըստ աստուածահաստատ «բնական օրէնք»ին։

Ոմանք ալ «չարութիւն»ը կը վերագրեն «ազատ կամք»ի դրութեան։ Ուստի, մարդ իր արարչութենէն իսկ «ազատ կամք»ով է օժտուած, եւ այս կը նշանակէ, որ կրնայ ընտրել բարին եւ կամ չարը։ Արդարեւ, եթէ գոյութիւն չունենար «բարի»ին քով «չար»ը, «ազատ կամք»ը ի՞նչ արժէք պիտի ունենար, ուրեմն սկիզբէն իսկ «բարի»ի եւ «չար»ի գոյութիւնն է, որ մարդը օժտուած «ազատ կամք»ով, ընտրութեան մը առջեւ դրուած է։ Ապա թէ ոչ՝ մարդ բնազդաբար պիտի շարժէր եւ միօրինակ՝ բանականութենէ զուրկ կեանք պիտի ապրէր։

Յետոյ մարդուս «խիղճ»ը ինչ բանի պիտի ծառայէր՝ եթէ «բարի»ին քով «չար»ն ալ գոյութիւն չունենար։ Եւ եթէ չարութիւն չըլլար՝ բարեգործութիւնը արժէք մը պիտի ունենա՞ր։

Այս փաստարկումները, ահաւասիկ, ցոյց կու տան «չար»ին գոյութեան պատճառը, եւ մինչեւ իսկ «անհրաժեշտութիւն»ը մարդկային կեանքին հաւասարակշռութեան եւ ներդաշնակութեան գործին մէջ։

Լոյսը կա՛յ, որպէսզի խաւարը փարատի։

Բարին կա՛յ, որպէսզի չարը պարտուի՛։

Մինչեւ հիմա խօսուեցաւ մարդկային չարին եւ չարագործութեան մասին։ Բայց կա՛յ նաեւ բնական չարիքներ, երկրաշարժի, հեղեղի նման, որոնք ալ վնաս կը պատճառեն։

Բնական չարիքներն ալ բնութեան կարգաւորութեան, հաւասարակշռութեան նպաստող ազդակներ են, քանի որ ստեղծագործութիւնը «ծրագիր» մըն է՝ որ իր ընթացքը կը շարունակէ, չէ՛ աւարտած եւ արդէն երբ կատարելագործուի՝ վախճանը հասած պիտի ըլլայ։ Ուրեմն «չար»ը՝ «չարագործութիւն»ը բնութեան օրէնքին համաձայն պէ՛տք է գոյութիւն ունենար, որպէսզի ստեղծագործութեան աստուածային «ծրա-գիր»ը իրականանայ եւ կատարելագործուի՛։

Բարին եւ չարը, ուրեմն, ներդաշնակութեան, հաւասարակշռութեան, բնական կարգապահութեան համար անհրաժեշտ զուգաւորութիւն մը կը կազմեն՝ համընթաց երկու արժէք, զիրար ամբողջացնող, եւ կամ իրերամերժ ազդակներ, որոնք կեանքը կ՚առաջնորդեն նպատակի մը՝ իմաստ կու տան կեանքին եւ մարդ անոնց միջոցով է, որ կ՚անդրադառնայ Ճշմարտութեան, Լոյսին եւ ամէն գեղեցկութեան՝ որուն կոչուած է սկիզբէն իսկ…։

- Յաջորդով պիտի շարունակուի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 20, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունիս 6, 2018