ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ…
Կոմիտաս Վարդապետին տաղանդին եւ արուեստին յայտնութիւնը զայն կը դնէ փառքի եւ պատուի բա՛րձր պատուանդանի մը վրայ՝ որուն հետամուտ չեղաւ երբեք։
Արդարեւ, իր հանճարին, իր յատկութիւններուն եւ գործին համընթաց՝ անոր նկարագրին զմայլելի մէկ գիծը կը պատմուի, որ զինք շա՜տ վեր բարձրացուցած է հիացողներու եւ համակիրներու աչին առջեւ։
Կոմիտաս Վարդապետի նկարագրին մասին կենդանի վկայ մըն է եղած Յովհաննէս Ս. Ալիքսանեան, որ իր տպաւորութիւնները կը ներկայացնէ հետեւեալ տողերով.
«Պոլսոյ մօտակայ հայաշատ քաղաք մը՝ որ շատ բան լսած էր Կոմիտաս Վարդապետի նկատմամբ, առաջին անգամ կը վայելէր անոր այցելութիւնը։ Այդ օրը քաղաքին հայ բնակիչներուն համար մեծաշուք տօնի մը օրը եղաւ։ Քաղաքին ամենէն ընդարձակ եկեղեցիին մէջ համեստ այլ արժէքաւոր ուսուցչի մը պաշտօնավարութեան յիսնամեակը կը տօնուէր, որուն ներկայ կը գտնուէր Կոմիտաս Վարդապետ, եւ որ հանդէսին շուքը մեծապէս աւելցուց քանի մը եկեղեցական մեներգներ երգելով։ Ժողովուրդին մեծ մասը՝ որ հեռուէն լսեր էր վարդապետին համբաւը, հիմա հիացախառն յափշտակութեամբ կ՚ունկնդրէր իր երգին…։
«Յետոյ ժողովուրդը սկսաւ խնդրել որ -Կռունկ-ը երգէ։ Ձայները բարձրացան. -Կռունկ-ը, -Կռունկ-ը։ Վարդապետը կարծես չէր լսեր։
«-Կռո՜ւնկ-ը աղաղակը հիմա ամէն բերնէ կը լսուէր։
«Վարդապետը անդրդուելի կը մնար։ Ժողովուրդին այս միահամուռ եւ սրտաբուխ բաղձանքին հանդէպ իր անտարբերութիւնը շատերու անհասկնալի էր։ Վերջապէս երբ ժողովուրդին փափաքին արտայայտութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, վարդապետը ոտքի ելաւ յուզուած, եւ կտրուկ, գրեթէ յանդիմանական շեշտով մը ըսաւ.
«Հոս եկեղեցի՛ է եւ գլուխինս՝ վեղար։
«Եւ նստա՛ւ։
«Հոս եկեղեցի է, եւ գլուխինս՝ վեղար…
«Այս լակոնական մերժումը, առանց որեւէ բացատրութեան, ո՛չ դժգոհանք պատճառեց եւ ո՛չ յուսախաբութիւն, այլ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ տեսակ մը ահի եւ շլմորանքի, զոր մարդ կ՚ունենայ՝ յանկարծ վսեմ տեսարանի մը առջեւ գտնուած ատեն, եւ այդ վսեմութեան առջեւ խոնարհեցաւ բնազդաբար, թէեւ լիովին չկրցաւ ըմբռնել այդ փաստին զօրութիւնը կամ առարկութեան բանաւորութիւնը։ Համոզուեցաւ միայն թէ Կոմիտաս Վարդապետ Եկեղեցիին նուիրականութիւնը եւ եկեղեցական սքեմը չէր կրնար հաշտեցնել ոչ-եկեղեցական մեներգի մը հետ։
«Իր այդ համոզումին կողքին ունեցած իր արի կեցուածքը իրեն հանդէպ մեր հիացումը շատ աւելցուց, որովհետեւ այդ մերժումը ներքին շատ մեծ ուժի մը յայտնութիւնն էր։
«Ո՛չ ժողովրդային անկեղծ եւ անմեղ բաղձանքի մը արտայայտութիւնը, ո՛չ իր ժողո-վըրդականութիւնը կորսնցնելու նկատումը, ոչ ալ արուեստին սիրոյն մղումը կրցան վայրկեան մը իսկ վարանումի մատնել զինք։
«Անդրդուելի էր եւ անողոք։
«Նուիրական այդ սրբավայրին մէջ իր անտեղիտալի հաւատքի սիւնին կռթնած՝ կը նմանէր հերոսի մը՝ որուն բնածին տաղանդին հուրը, արուեստագէտի ներշնչումը եւ նուիրականութեանց հանդէպ ունեցած իր խոր համոզումը զիրար կը գերազանցէին։
«Այս, ըստ երեւոյթին աննշան՝ բայց իրապէ՛ս նշանակալից միջադէպէն վերջ երբ որ տեսած եմ զինք կամ լսած իր մասին, միշտ յիշած եմ իր մաքուր եւ զօրաւոր նկարագիրը ցայտուն կերպով երեւան բերող իր այդ յատկանշական խօսքը.
«Հոս եկեղեցի՛ է, եւ գլուխինս՝ վեղար։
«Եւ հիմա, եթէ իրապէ՛ս յարգանք ունինք այս նշանաւոր հայ տաղանդին հանդէպ, որ ազգին պատիւը բարձրացուց օտարին առջեւ, եթէ հպարտ կը զգանք հայ երաժշտութեան այս մեծ վարպետին համար, եթէ երախտապարտ ենք իրեն մատուցած անխառն հաճոյքի պահերուն եւ անգնահատելի բազմաթիւ ծառայութիւններուն համար, եւ եթէ արցունք ունինք մեր սրտերուն մէջ՝ այդ լուսաշող ջահին՝ անժամանակ կերպով մարելու վիճակին մէջ գտնուելուն պատճառով, այն ատեն հայ ժողովուրդին բոլոր նուիրականութեանց հանդէպ մե՛նք ալ ունենանք Կոմիտաս Վարդապետին յարգալից եւ անխախտ դիրքը։
«Ո՛չ մէկ բան ատկէ աւելի պիտի հրճուեցնէր իր հոգին»։
Ահաւասիկ, կենդանի վկայի մը վկայութեամբ Կոմիտաս Վարդապետի վարմունքը եւ կեցուածքը իր նուիրականութիւններուն եւ արժէքներուն նկատմամբ։ Եւ յիշենք, որ այս տողերը գրուած են 1931 թուականին՝ մօտաւորապէս 87 տարի առաջ։ Ուրեմն կարգ մը սկզբունքներ անայլայլելի են եւ մշտնջենակա՛ն։ Իր սեփական արժէքներուն, իր նուիրակն բարոյական եւ հոգեւոր ստացուածքներուն հանդէպ բծախնդիր ըլլալ՝ որեւէ պատճառով կամ պատրուակով տեղի չտալ՝ զօրաւոր եւ հաստատ նկարագիրի մը արտայայտութի՛ւնն է։ Այդպէս կը կարծեմ, թէ ուրիշ առիթներով ալ անդրադառնալ փորձած եւ հարցուցած էինք, թէ՝ կատարեալ մարդ, անթերի եւ զօրաւոր մարդ ըլլալու համար բաւակա՞ն է գիտութիւն, հարստութիւն եւ մինչեւ իսկ բնատուր տաղանդ։ Եւ երբ այս բոլորին տէր մէկու մը կը պակսի զօրաւոր նկարագիր, ապա ուրեմն ան ո՞րքան «մեծ» կարելի է անուանել կամ ան ո՞րքան վստահելի կ՚ըլլայ իր շուրջիններուն։
Անշուշտ գիտութիւն, հմտութիւն, տաղանդ եւ մինչեւ իսկ հարստութիւն, որ ի վերջոյ չափանի՛շ մըն է աշխատասիրութեան, փորձառութեան եւ հմտութեան, մարդուս համար կարեւոր եւ անհրաժեշտ ազդակներ են, բայց այդ բոլորը մեծ մասամբ կը պատկանին մարդուս աշխարհային կեանքին՝ նիւթական եւ ֆիզիքական միջավայրին։ Բայց մարդ ունի նաեւ բարոյական աշխարհ մը՝ որ կարելի չէ անտեսել եւ անկարեւոր նկատել։ Մարդ «ամբողջ» մըն է իր մարմնական եւ բարոյական էութեամբ։
Եւ ահաւասիկ Կոմիտաս Վարդապետի օրինակով՝ մարդ կը յիշուի, փառք եւ պատիւ կը ստանայ որքան իր տաղանդով, եւ արտադրած գործերով, նո՛յնքան եւ իր նկարագրով, եւ իր տաղանդը ներկայացնելու կերպով եւ գործերը ներկայացնելու եղանակով…։
Ուստի տաղանդ, գիտութիւն, հմտութիւն, փորձառութիւն եւ հարստութիւն, այս բոլոր կարեւոր «դրամագլուխ»ները եթէ պատշաճ կերպով չգործածուին եւ չներկայացուին, անոնք ինքնին որեւէ արժէք չեն արտայայտեր, կ՚ըլլան միայն պարզ վիճակներ։
Ուրեմն, Կոմիտաս Վարդապետի օրինակով՝ իրապէ՛ս «մե՛ծ» են անոնք՝ որ իրենց ունեցած առաւելութիւններուն կրնան միացնել զօրաւոր եւ հաստատ նկարագիր մը, հաւատարիմ մնալով իրենց հաւատալիքներուն, արժէքներուն, սկզբունքներուն եւ նուիրականութի՛ւններուն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 2, 2018, Իսթանպուլ