ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
«Ազատութիւն»ը կամքին եւ իմացականութեան մէջ արմատացած կարողութիւնն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր։
Ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր անձ տէ՛ր է իր անհատականութեան։ Մարդուն մէջ ազատութիւնը զօրութիւն մըն է աճումի եւ հասանութեան՝ ճշմարտութեան եւ բարութեան մէջ։ Ազատութիւնը մարդուս արժանապատուութեան ազդակներէն մին եւ կարեւորագոյնն է. մարդուս արժանապատուութեան ստուգանիշն է իր ազատութիւնը։ Արդարեւ ազատութեան կը հասնի իր կատարելութեան, երբ կը կարգաւորուի դէպի ճշմարտութիւն, բարութիւն եւ գեղեցկութիւն՝ որ գագաթնակէտը եւ անկախը եւ բացարձակն է Աստուած՝ մարդուն երանութի՛ւնը։
Եւ այնքան ատեն որ ազատութիւնը վերջնականապէս հաստատուած չէ իր վերջնական բարիքին մէջ, որ Աստուած է, ան իր մէջ կը կրէ կարելիութիւնը «ընտրելու բարիին եւ չարին միջեւ», հետեւաբար կարելիութիւնը աճելու կատարելութեան մէջ եւ կամ սայթաքելու եւ մեղանչելու։ Այս իմաստով ազատութիւնը առիթ կու տայ մարդուն ընտրելու «ճամբայ» մը՝ որ պիտի տանի զինք դէպի բարին կամ չարը։ Մարդուս ազատութիւնը բոլորովին անձին կապուած կարողութիւն մըն է, որուն պատասխանատուն ալ միա՛յն ինքն է եւ այս կը նշանակէ, որ ազատութիւնը կը բերէ անկախութիւնը արարքներու մէջ՝ որուն կը յաջորդէ անձնական պատասխանատուութիւն մը։
Ամէն ոք իր ազատութիւնը ի՛նք կը գործածէ, քանի որ ան անձին սերտօրէն կապուած իրաւունք մըն է եւ կարելի չէ փոխանցել, փոփոխութեան ենթարկել եւ կամ հրաժարիլ։
Ազատութիւնը կը բնորոշէ յատկապէս մարդկային արարքները։ Ան կը դառնայ աղբիւր գովասանքի կամ պարսաւանքի՝ արժանիքի կամ անարժանութեան։ Եւ այս իսկ պատճառով, ան ստուգանիշ մը կ՚ըլլայ մարդուն արժանապատուութեան եւ նաեւ առիթ կ՚ընծայէ անոր նկարագրին կազմաւորման։ Ազատութիւնը գործածելու կերպը մեծ մասամբ ցոյց կու տայ ենթակային նկարագիրը եւ արժանաւորութիւնը։
Արդարեւ, մարդ որքան որ բարի է, որքան անկեղծ իր վարմունքներուն մէջ, որքան անկախ եւ ինքնութեան տէր, որքան հաւատարիմ սկզբունքներու, հաւատալիքներու, որքան նուիրուած բարձր գաղափարներու եւ ճշմարտութեան, ա՛յնքան աւելի ազատ կ՚ըլլայ։ Այս իմաստով ահաւասիկ, ազատութեան անմիջական ընկերակիցն է՝ անկախութիւնը, այսինքն անոնք՝ որ ուրիշէ կախում չունին, ազա՛տ են։
Ազատութեան պայմաններէն մին եւ կարեւոր օրէնքներու հնազանդութիւն, կարգ եւ կանոնի հաւատարմութիւնն է. ան որ օրէնքներու հպատակ եւ հնազանդ կը շարժի, արդէն ազատ է, եւ ան որ կարգ եւ կանոնի համաձայն կը գործէ ազատ է, քանի որ անոր համար որեւէ արգելք խնդրոյ առարկայ չէ՛։ Եւ ան որ ճշմարտութեան լոյսին մէջ կը քալէ եւ ո՛չ մէկ բանէ կ՚ազդուի, անշեղ կը յառաջանայ իր հաստատ ընթացքով, ահաւասիկ ան բառին իսկական առումով «ազա՛տ» է։
Երանի՜ այս իմաստով «ազատ»ներուն…։
Բայց ազատութիւնը մարդը կը դարձնէ «պատասխանատու» իր արարքներուն՝ այն չափով որ անոնք «կամովին» են։ Արդէն ազատութիւնը կ՚ենթադրէ կամքին համաձայն շարժիլ եւ վարուիլ. ի՛նչ որ կը նշանակէ, թէ ազատութեան անմիջականօրէն կը յաջորդէ պատասխանատուութիւնը։ Պատասխանատուութեան բնական հետեւանքն է՝ ազատութեան «սահմանաւոր» ըլլալը։
Արդարեւ, ազատութեան սահմանը ուրիշին ազատութեան սահմանն է։ Երբ ուրիշին ազատութեան սահմանը կը սկսի, հոն կը վերջանայ միւսին ազատութիւնը, ինչ որ կը ներդաշնակէ, կը կանոնաւորէ ընկերային կեանքը եւ կ՚ապահովէ անոր բարւոք կացութիւնը։ Եւ հոն՝ ուր կը գտնուի ազատութենէ զրկուած անհատ մը՝ հոն ազատութիւն չկա՛յ, քանի որ մէկուն ազատութիւնը կախում ունի միւսին ազատութենէն։ Այս իմաստով ազատութիւնը որքան անհատական, նո՛յնքան եւ աւելի՛ ընկերային-հասարակական արժէք մըն է։
Ինչպէս ըսինք, արդէն երբ անհատներ հաւատարիմ եւ հնազանդ են օրէնքներու, կարգ եւ կանոնի, բնականաբար ազատ են, քանի որ անոնց համար որեւէ արգելք խնդրոյ առարկայ չէ՛. ազատ են, քանի որ ճշմարտութեան մէջ կը գործեն։ Ուստի ամէն կամովին ուզուած արարք վերագրելի է զայն կատարողին։ Ազատութիւնը մարդուս բնատուր կարողութիւն մըն է, քանի որ Աստուած զայն իմացական արարած ստեղծեց, տալով անոր արժանապատուութիւնը անձի մը, որ օժտուած է նախաձեռնութեամբ եւ իր գործերուն տիրապետութեամբ։
«Աստուած թողուց մարդը իր անձնական դատումին» (ՍԻՐ. ԺԵ 14), որպէսզի ան կարենայ անձա՛մբ փնտռել ճշմարտութիւնը՝ Իր Արարիչը եւ ազատօրէն փարելով Անոր, հասնիլ լի եւ երանաւէտ կատարելութեան։ «Մարդը իմացական արարած է, եւ ասով՝ նման Աստուծոյ։ Ան ստեղծուած է ազա՛տ եւ տէ՛ր իր արարքներուն», կ՚ըսէ Սուրբ Երանոս Լիոնցի։
Ազատութիւնը մարդուն տրուած անգին եւ անփոխարինելի աստուածատո՛ւր պարգե՛ւ մըն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 27, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024