ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ՄԵՂՔԻ ՄԱՍԻՆ

Մեղքը յանցա՛նք մըն է ընդդէմ բանականութեան, ճշմարտութեան եւ ուղիղ խղճմտանքին, թերացում մըն է ճշմարիտ սիրոյն դէմ՝ Աստուծոյ եւ մերձաւորին հանդէպ, կարգ մը բարիքներուն էութեան թիւր փարումի մը հետեւանքով։ Արդարեւ, մեղքը կը վիրաւորէ մարդուն բնութիւնը եւ վնաս կը հասցնէ մարդկային համընկերութեան։ Ան բնորոշուած է իբրեւ «խօսք մը, արարք մը կամ բաղձանք մը՝ որոնք հակառակ են յաւիտենական Օրէնքին», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Մեղքը «վիրաւորա՛նք» մըն է Աստուծոյ հանդէպ. «Միայն Քու դէմդ մեղանչեցի։ Ինչ որ չար է Քու աչքերուդ, եւ գործեցի զայն» (ՍԱՂՄ. Ծ 6)։ Մեղքի դէմ կը կանգնի Աստուծոյ սիրոյն մեզի հանդէպ եւ Անկէ կը շեղեցնէ մեր սրտերը։

Առաջին՝ սկզբնական մեղքին պէս ան անհնազանդութիւն մըն է, ըմբոստութիւն մը ընդդէմ Աստուծոյ, կամաւոր կերպով դառնալ «Աստուծոյ պէս», ճանչնալով եւ բնորոշելով բարին եւ չարը. (ԾՆՆԴ. Գ 5)։ Այսպէս մեղքը «սէր մըն է անձին, որ կը դառնայ արհամարհանք Աստուծոյ», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Այս ամբարտաւան պանծացումովը անձին, մեղքը անմիջականօրէն կը հակադրուի փրկութիւնը կատարող Յիսուսի հնազանդութեան (ՓԻԼ. Բ 6-9)։ Յայտնութեան յառաջխաղացքին հետ կը լուսաւորուի նաեւ մեղքին իրողութիւնը։

Թէպէտ Հին Կտակարանի Աստուծոյ ժողովուրդը՝ Ծննդոցին մէջ յիշուած «անկում»ին պատմութեան լոյսին տակ մարդկային վիճակին տառապանքը շօշափեց, սակայն ան չկրցաւ հասնիլ այս պատմութեան վերջնագոյն նշանակութեան, որ կը յայտնուի միայն Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան եւ Յարութեան լոյսով։ Պէտք է Քրիստոսը ճանչնալ իբրեւ «աղբիւր շնորհքի»՝ ճանչնալու համար Ադամը իբրեւ «աղբիւր մեղքի»։ Մխիթարիչ Սուրբ Հոգին է, որ առաքուած յարուցեալ Քրիստոսէն, եկաւ յանդիմանելու «աշխարհը մեղքին համար» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 8), յայտնելով Ան որ Փրկո՛ղն է մեղքէն։

Սկզբնական մեղքին վարդապետութիւնը, այսպէս ըսելու համար, «ներհակ երես»ն է Աւետիսին, որ կը հաղորդէ, թէ Յիսուս Փրկիչն է բոլո՛ր մարդոց, թէ՛ բոլո՛րը կարիքը ունին փրկութեան եւ թէ փրկութիւնը շնորհուած է բոլորին՝ շնորհիւ Քրիստոսի։ Եկեղեցին, որ ունի ներքին զգացումը Քրիստոսի, լաւ գիտէ, թէ կարելի չէ՛ խախտել սկզբնական մեղքին յայտնութիւնը, առանց միանգամայն վնաս հասցնելու Քրիստոսի խորհուրդին։

Մեղանչումին պատմումը (ԾՆՆԴ. Գ) կը կիրարկէ «պատկերաւոր լեզու», սակայն կը հաստատէ առաջնակարգ իրադարձութիւն մը եղող իրողութիւն մը՝ որ պատահեցաւ «մարդկային պատմութեան սկիզբը»։ Յայտնութիւնը կու տայ մեզի հաւատքին հայող ստուգութիւնը, թէ մարդկային ամբողջ պատմութիւնը կը կրէ հետքը սկզբնական, կամ նախնական յանցանքին, որ «ազատ կամք»ով գործուեցաւ մեր նախածնողներուն կողմէ։

Մեր նախածնողներուն անհնազանդութեան նախընտրանքին ետին՝ կայ Աստուծոյ հակադրող փորձիչին ձայնը, որ նախանձէ տարուած՝ զանոնք մահուան գիրկը գլորեց։ Աստուածաշունչը եւ Եկեղեցւոյ Աւանդութիւնը այս էակին մէջ կը տեսնեն «անկեալ հրեշտակ» մը, կոչուած «Սատանա» կամ «դեւ»։ Եկեղեցին կ՚ուսուցանէ, թէ ան նախապէս եղած է «բարի հրեշտակ» մը, ստեղծուած Աստուծմէ։ Ուստի դեւը եւ միւս չար ոգիները թէեւ Աստուծմէ ստեղծուեցան բարի բնոյթով, բայց անոնք իրենք զիրենք չարացուցին։ Այս կը նշանակէ՝ թէ «չար»ը բարիին այլասերած՝ վատասերած, ազնուութիւնը կորսնցուցած վիճակն է։ Ասիկա կարելի է նմանցնել նախապէս թարմ պտուղի մը փտած՝ ապականած վիճակին. պտուղը բնութեամբ նո՛յն պտուղն է, բայց նախապէս թարմ, յետոյ, զանազան արտաքին ազդեցութիւններու պատճառով փտած կամ նեխած…։

Սատանային զօրութիւնը սակայն անսահման չէ, ան սոսկ արարած մըն է, հզօր՝ որովհետեւ զուտ հոգի է, սակայն կը մնայ սոսկ արարած մը, ան չի՛ կրնար խափանել Աստուծոյ Թագաւորութեան կերտումը։ «Սատանան սկիզբէն մեղանչեց» (Ա ՅՈՎՀ. Գ 8), «Ան հայրն է սուտին» (ՅՈՎՀ. Ը 44)։

Մարդը փորձուելով սատանայէն, ձգեց որ իր սրտին մէջ մեռնի իր Արարիչին հանդէպ վստահութիւնը եւ իր ազատութիւնը չարաշահելով՝ «անհնազանդ եղաւ» Աստուծոյ պատուիրանին։ Ուրեմն սկզբնական մեղքը ազատութեան փորձութիւնն է։

Ահաւասիկ, այս կէտին մկրտութիւնը այն սրբարար խորհուրդն է, որ կը սրբէ մեզ սկզբնական մեղքէն եւ վերստին ծնունդ կու տայ Սուրբ Հոգիի շնորհած նորոգուած կեանքով անդամակցելու Քրիստոսի Եկեղեցիին։ Մկրտութիւնը Եկեղեցւոյ առաջին խորհուրդն է, որմէ յետոյ միայն հաւատացեալը կրնայ մասնակցիլ միւս խորհուրդներուն։ Արդարեւ, կան ոմանք՝ որ կը խորհին, թէ քանի որ Քրիստոս Իր խաչելութեամբ մարդկութիւնը փրկեց մեղքէն, այլապէս անհրաժե՞շտ է մկրտութիւնը։

Մկրտութիւնը ոչ միայն անհրաժեշտ է, այլ նաեւ պարտադի՛ր։ Խորհուրդը բացայայտօրէն հաստատած է Ի՛նք Յիսուս. (ՄԱՏԹ. ԻԸ 19), (ՄԱՐԿ. ԺԶ 15), (ՅՈՎՀ. Գ 5), եւ Ինքն ալ մկրտուած է Յովհաննէս Մկրտչի կողմէ։ Բայց Անոր մկրտութիւնը խորհուրդ չէր, քանի որ Յիսուս Ինքը մկրտութեան խորհուրդի արդիւնքի, այսինքն սկզբնական մեղքէն մաքրուելու, սրբուելու կարիքը չունէր։ Այս իմաստով, Յիսուսի մկրտութիւնը «օրինական» էր եւ ո՛չ թէ «խորհրդական»։ Մկրտութիւնը, ուրեմն առաջին եւ մուտքի խորհուրդն է։ Ուստի Յիսուս արդէն հաստատած էր մկրտութեան խորհուրդը իր քարոզութեան սկիզբէն իսկ, որով եւ հասկնալի կը դառնայ Նիկոդեմոսին տուած բացատրութիւնը, քանի որ այդ խօսակցութիւնը տեղի չէր ունենար, եթէ մկրտութեան խորհուրդը հաստատուած չըլլար։

Իսկ Յարութենէն յետոյ Յիսուսի պատուէրը. «Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք։ Զանոնք մկրտեցէք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 19) կը վերաբերի բոլոր ժողովուրդներուն մկրտուելու Ամենասուրբ Երրորդութեան անունով։

Յիսուսի մկրտութեան մասին Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի սապէս կ՚ըսէ. «Օրէնքի կատարման համար. օրինակ եղաւ մեզի համար մկրտուելու, ուր յայտնեց Ս. Երրորդութեան խորհուրդը»։

Մկրտութեան շնորհիւ է որ կը սրբուինք մեր սկզբնական մեղքէն, բայց յետոյ դարձեալ կը մեղանչենք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 2, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2019