ԱՐԴԻՒՆԱՒՈՐ ԿԵԱՆՔ ԱՊՐԻԼ
«Անպէտ կեանք մը վաղահաս մա՛հ է պարզապէս»։
ԵՈՀԱՆ ՎՈԼՖԿԱՆԿ ՖՈՆ ԿԷՕԹԷ
Կ՚ըսեն, որ կարեւորը երկար ապրիլը չէ, այլ արդիւնաւոր եւ մարդկութեան օգտակար ապրիլն է։ Լաւ ապրիլ, արդիւնաւոր ապրիլ՝ երկար ապրելու հետ կապ չունի։ Ուստի, պատմութիւնը կը վկայէ մարդոց, որոնք կարճ ապրած են, բայց շատ օգտակար գործեր արտադրած են։ Եւ դարձեալ, կը յիշուին անոնք ընդհանրապէս, որ օգտակար, մնայուն գործ մը կատարած են եւ ո՛չ թէ երկար տարիներ ապրած։
Ուրիշ առիթներով ալ յիշուած էր. կարեւորը որակն է եւ ո՛չ թէ քանակը։ Նոյն իրականութիւնը կարելի է տեսնել նաեւ կեանքի տեւողութեան կապակցութեամբ։ Կեանքին արժէքը իր որակին մէջն է, եւ ո՛չ թէ տարիներու քանակին մէջ։ Ի՞նչ կ՚արժէ երկար կեանք մը, որ ապարդիւն է անցած՝ ո՛չ մէկ բարի, ո՛չ մէկ օգտակար, ո՛չ մէկ շահաւոր գործ, այլ պարապ անցած երկա՜ր տարիներ միայն։
Պատմութիւնը կը վկայէ մեծ մարդիկ, որոնց կեանքը թէեւ կարճ, բայց իրենց գործերը մեծ եղած են. անոնք չեն մոռցուած, երախտագիտութեամբ յիշուած, յարգուած։ Կը յիշէ՞ք մէկը որ յիշուի պարզապէս եւ միայն երկար տարիներ ապրած ըլլալուն համար։ Բայց մեծ գործեր կատարած մարդիկ յիշուած են միշտ, առանց նկատի ունենալու անոնց կեանքի երկարութիւնը կամ կարճութիւնը։
Ըսինք, որ պատմութեան մէջ շատ օրինակներ կան կարճ կեանք ապրող բայց իրենց մեծ գործերով անմոռաց մարդիկ, որոնց առաջնակարգին է Յիսուս Քրիստոս։ Ո՞վ կրնայ ըսել որ Յիսուս մեծ է կարճ ապրած ըլլալուն համար. Ան մեծ է՝ կարճ կեանքին մէջ անհամեմատօրէն մեծ գործ կատարած ըլլալուն համար, եւ մանաւանդ որ ան ալ իր կեանքին վերջին երեք տարիներուն ընթացքին։ Երեւակայեցէ՛ք որ Ան միայն երեք տարուան երկրային կեանքին մէջ մարդկային պատմութեան ընթացքը փոխեց, աշխարհը յեղաշրջեց։ Իր բոլոր մեծութեանը մէջ Ան ցոյց տուաւ, թէ կարեւորը երկար ապրիլը չէ՛, այլ՝ օգտակար ապրիլ, մարդկութեան մնայուն ժառանգ մը թողուլ եւ բառին իսկական իմաստով՝ «մեծ գործ» մը կատարելն է։
Արդարեւ, Յիսուս կարող եղաւ կարճ ժամանակի մը մէջ շատ բան ըլլալ շատերու համար, եւ ո՛չ թէ միայն իր ժամանակին, այլ բոլոր ժամանակներու համար։ Յիսուս, զոր օրինակ՝ աշակերտին համար գիտութեան աղբիւրն է՝ ամենալաւ դասատո՛ւն, բժիշկին համար մեծագոյն բժշկապետը, փաստաբանին համար ամենավստահելի եւ ճշմարիտ վկան, պարտիզպանին համար ճշմարիտ որթատունկը, արուեստագէտին համար ամենագեղեցիկը՝ իտէալը, ճարտարապետին համար անկիւնի գլխաւոր անհրաժեշտ քարը, դատախազին համար արդար դատաւորը, դաստիարակին եւ ուսուցչին համար մեծ վարդապետը, տպագրողին համար իսկական բնագիրը, հողագործին համար հունձքի ճշմարիտ Տէրը, աստղաբանին համար առաւօտեան պայծառ աստղը, մեծահարուստին համար պահուած գանձը, կենսաբանին համար կեանքը, գոհարավաճառին համար թանկարժէք մարգարիտը, հիւանդին համար ճարտար բժիշկը, անկենդան մարմիններու կենդանութիւնը պարգեւողը, մեղաւորին համար Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղք կը վերցնէ, հաւատացեալին համար կենդանի Աստուծոյ Միածինը, Փրկիչը, բարի հովիւը եւ գերիշխան Տէրը։ Ան ամէն բան է, ամէն բանի մէջ։ Եւ Ան այս բոլորը եղաւ եւ ըրաւ հազիւ երեք տարուան կարճ երկրային կեանքի մը մէջ։
Անշուշտ, Յիսուսի հետ անհամեմատելի, բայց իրենց գործերով անմոռաց «մեծ մարդիկ» կարելի է յիշել, որոնք կարճ կեանք մը ապրած են այս աշխարհի վրայ։ Արդէն «յաւիտենական»ի ճշմարտութեան դիմաց մարդկային կեանքը որքան ալ երկար ըլլայ, որեւէ արժէք չի ներկայացներ։ Եւ դարձեալ մարմինը՝ նիւթը քանի որ տեւական չի կրնար մնալ, կարճ կամ երկար ժամանակի մը մէջ եւ անպայմա՛ն պիտի վերջանայ, եւ ուրեմն կարեւոր ալ չէ անոր տեւողութեան երկարութիւնը կամ կարճութիւնը, կարեւորը անիկա լա՛ւ օգտագործել, արդիւնաւորել, աւանդը լա՛ւ գործածելն է, քանի որ կեանքը աւանդ մըն է մարդուս Աստուծոյ կողմէ տրուած։
Մեր բոլորին ծանօթ է Աւետարանի մէջ «Քանքարներու առակ»ը. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 14-30) եւ (ՂՈՒԿ. ԺԹ 11-27), ուր Յիսուս ցոյց կու տայ աւանդի մը օգտագործուելու կերպը եւ կարեւորութիւնը։ Եւ քանի որ կեանքն ալ մեզի տրուած «աւանդ» մըն է, ուրեմն պէտք է որ զայն լա՛ւ օգտագործենք, ուր ժամանակը կարեւոր չէ, ժամանակը որքան ալ ըլլայ՝ կարճ կամ երկար, այդ ժամանակաշրջանին պէտք է կարելին ընել՝ աւանդը օգտագործելու, շատցնելու համար։
Ուստի վերոյիշեալ առակով, Յիսուս կը գովաբանէ աշխատասիրութիւնը, ջանասիրութիւնը եւ բարի նպատակով ճարպիկութիւնը եւ կը դատապարտէ ամլութիւնը՝ ծուլութիւնը, անգործութիւնը։
Աշխատասիրութեամբ եւ ջանադրութեամբ՝ մարդ ոչ միայն իր կեանքը կը գոյապահպանէ, այլ նաեւ անոր գոյատեւումը կ՚ապահովէ եւ բարօր ժամանակի մը կը վերածէ կեանքը։
Մինչդեռ ծուլութեամբ, անտարբերութեամբ անշահ կենցաղով, մարդ, կեանքը թշուառութեան եւ տառապանքի ժամանակաշրջանի մը կը վերածէ։
Սիրելի՜ բարեկամներ, դուք ո՞րը կը նախընտրէք. բարօր, երջանիկ կեա՞նք մը, թէ տառապանքի ժամանակաշրջան մը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 4 2022, Իսթանպուլ