ՍՈՒՏ ՈՒ ՃԻՇԴ ՀՐԱՇՔՆԵՐ
Նուազագոյնը մէկ անգամ անպայմանօրէն հանդիպած ըլլալու էք անձի մը, որ ձեզի պատմէ իր հետ կատարուած հրաշքի մը տեսութեան մասին. հաւանաբար երեւակայածին նկատած էք այդ մէկը, սակայն առ ի յարգանք համբերութեամբ շարունակած էք «ականջ կտրած» ունկնդրել եւ կամ ալ իրապէս հաւատալով փառաբանակից դարձած էք... սակայն հարցը միշտ մնացած է նոյնը. հրաշքները ճշմարտութի՞ւն են, թէ ոչ երեւակայութեան ծնունդ:
Հեթանոսական շրջանին մարդ արարածը մեծապէս կը հաւատար հրաշքներու գոյութեան, որովհետեւ գիտութեան մանրամասներուն անտեղեակ բնութեան մէջ կատարուած ամէ՛ն բան կը վերագրէր աստուածներու. գրեթէ ամէն երեւոյթ ունեցած է իր աստուածը: Այս բոլորէն անմասն չէ մնացած նաեւ հայ ժողովուրդը:
Հեթանոս ժողովուրդին քրիստոնէութեան դառնալէ ետք նոյնիսկ հրաշքի գաղափարը որոշ ժամանակ մնացած է, այն տարբերութեամբ որ զանազան աստուածներու փոխարէն մարդիկ սկսած են բոլորը վերագրել մէկ Աստուծոյ՝ մինչեւ սկսաւ կամաց կամաց զարգանալ «գիտութիւն» հասկացողութիւնը եւ մարդ այդ բոլորը փոխանակ վերին ուժերու, սկսաւ փնտռել բնութեան տարրերուն մէջ:
Հակառակ բոլոր զարգացումներուն, մարդուն մէջ միշտ ալ մնաց հրաշքի եւ վերին ուժի մը կողմէ կատարուած արարքներու համոզմունքը եւ այսօրուան մարդը եւս իր կեանքի մէջ շատ մը երեւոյթներ, մինչեւ իսկ սեփական համոզումով կատարուած որոշումներ կը վերագրէ Աստուծոյ՝ «Աստուծոյ կամք» խորագրին տակ, անգիտանալով որ մարդ իր կեանքի որոշումները ի՛նք միայն կրնայ տալ եւ ո՛չ թէ Աստուած կը կազմակերպէ այդ բոլորը:
Պատմութեան ընթացքին կատարուած են բազմաթի՜ւ հրաշքներ՝ մէկը միւսէն տարբեր ձեւերով, սակայն մարդկային միտքը այնպէս, ինչպէս բնութեան տարրերու պարագային, անոնց մէջ եւս ուզած է գտնել բացատրութիւններ ու պատճառներ:
Գրիգոր Տաթեւացիի «Գիրք հարցմանց» աշխատութենէն իսկ կարելի է ենթադրել, որ հարիւրաւոր տարիներ առաջ եւս մարդիկ տարուած են նման հարցերով, որու համար հայրապետը իր աշխատութեան մէջ պատասխանած է հետեւեալ հարցումին. «Ո՞րպէս երեւին անմարմինքն. մարմնո՞վ, առաչօ՞ք, թէ իսկութեամբ»: Աւելի ետեւ երթալով հրաշքներու հանդէպ կասկածը կարելի է նկատել նաեւ իսրայէլացի ժողովուրդին մօտ. Յիսուսի առաքեալներէն Թովմաս առաքեալ եւս չուզեց հաւատալ Տիրոջ յարութեան՝ մինչեւ տեսնելն ու շօշափելը:
Յաճախ մարդիկ կը վկայեն, թէ ունեցած են տեսիլ եւ իրենց աչքին առջեւ յայտնուած է այս կամ այն սուրբը։ Տաթեւացի տեղի ունեցած տեսիլքներուն համար հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ.- տեսիլք կամ տեսնել ըսելով պէտք չէ հասկնալ այն տեսնելը որ մենք իրար կը տեսնենք, որովհետեւ անոնք անմարմին են (ուրուականներ են) եւ մարմնականէն աւելի տեսիլքի (երազի) ձեւով կարելի է տեսնել զանոնք:
Հրաշքներու հանդէպ մարդոց վստահութիւնը ա՛լ աւելի նուազեցաւ, երբ շատ մը քրիստոնեայ համայնքներ սկսան հրաշքներ կեղծել... մարդ որսալու եւ իրենց թիւը աւելցնելու ոչ-քրիստոնէական սկզբունքներով. մինչեւ օրս շատ մը քարոզիչներ համացանցերու եւ հեռուստատեսութեանց ճամբով հրաշքներ կը փորձեն կատարել ի ցոյց մարդկանց, աւելիով փաստելու իրենց աստուածահաճոյ ըլլալն ու հրաշագործելու կարողութիւն ունենալը, ինչ որ իրենց յաւելեալ հաւատացեալ, իսկ այդ հաւատացեալը յաւելեալ նիւթական կ՚ապահովէ:
Ժողովուրդը նման երեւոյթներու հանդէպ կը տկարանայ, որովհետեւ կը վախնայ քննարկման առարկայ դարձնել բան մը՝ որ աստուածային կրնայ ըլլալ, այդ իսկ պատճառով կուրութեամբ կ՚ընդունին. Յիսուս Քրիստոս գիտէ՛ր, որ մարդիկ հրաշքի ճամբով է որ պիտի մոլորեցնեն շատեր, այդ իսկ պատճառով կը զգուշացնէր իր աշակերտներն ու հետեւորդները, որպէսզի չխաբուին այդ կեղծ երեւոյթներէն:
Հրաշքներուն իրական ըլլալն ու չըլլալը կը բացատրենք հետեւեալ ձեւով. հրաշքը արտայայտութիւնն է հաւատքին եւ նկատի ունենալով որ ամէն մարդ հաւատքի նոյն չափանիշները չունին, կարելի չէ սպասել որ հրաշքներուն հանդէպ հասարակաց ընդհանուր գիծ մը գոյութիւն ունենայ. Յիսուս Քրիստոս եւս հրաշք կատարած ժամանակ իրեն դիմողներուն «գնա՛ եւ քու հաւատացածիդ պէս թող ըլլայ» ըսաւ, որովհետեւ հրաշքները կը կատարուին անհատական հաւատքի հիման վրայ եւ ո՛չ հաւաքական հաստատուած նորմերով: Հետեւաբար մեր հաւատացածին հիման վրայ կարելի չէ դատել եւ կամ բացատրել ուրիշի մը հրաշքի հանդէպ ունեցած ըմբռնումներն ու հաւատալիքները: Հրաշքները կը կատարուին պատճառի մը համար՝ ուղղուած այդ անձին, հետեւաբար աւելորդ կը նկատենք անոնց տարածումն ու բարձրաձայնումը, որովհետեւ այդ մէկը եւս ժամանակ մը ետք կը դառնայ գովասանքի մէկ տեսակի, մարդոց ցոյց տալու համար աստուածահաճոյ ըլլալը, որովհետեւ մարդոց մօտ կայ այն համոզումը, որ հրաշքները կը կատարուին միայն բարի ու Աստուածավախ մարդոց հետ եւ հաւանաբար այս համոզումն է պատճառը, որ հրաշք տեսնող չտեսնող հրաշք տեսնել կը ձեւացնէ՝ փաստելու իր անմեղ ըլլալու ոչ-ճշմարիտ վիճակը:
Հետեւաբար հաւատքի պարագային թող Տիրոջ ըսածին նման ըլլայ ձե՛ր հաւատքով (ո՛չ ուրիշներու). Աստուած ինքզինք ցոյց տալու համար հրաշքներ կատարելու կարիքը չունի, այլ ամէ՛ն բան որ աստուածային է ունի նպատակ եւ ուղերձ ուղղուած տուեալ մարդուն:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -63-
Յիշողութեանս մէջ կը մնայ հետեւեալ դէպքը. տասը տարեկան էի. գիշեր մը հօրաքրոջս տղան իր երազին մէջ տեսած է շուներ, որոնք յարձակած են իր վրայ եւ ուժով խածած են ձեռքը: Հօրաքրոջս տղան վախով արթննալով տեսած է որ ձեռքին վրայ իրապէս շան ակռաներու հետքեր կան:
Յաջորդ օր ամբողջ գերդաստանը գրեթէ հօրաքրոջս տունն էր. չեմ գիտեր ինչ համոզումով մեծ տարիքով կիներ յայտնեցին, որ պէտք է ամբողջ գիշեր արթուն մնալ, որովհետեւ նման բաներ կրնան կրկնուիլ:
Տունը եկեղեցիէն բանով մը պակաս չէր. ամէն կողմ խունկի ծուխ եւ մեծերու «ո՜վ Յիսուս Քրիստոս» յառաջանքը: Դէպքէն տարիներ ետք տակաւին կը մնայ անյստակ... թէ ի՞նչ էր այդ ակռաներու հետքերը, ինչո՞ւ արթուն մնացինք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ