ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
Յաճախ կ՚անդրադառնանք մարդուն բանական արարած մը ըլլալուն, որուն հետեւանքն է քննարկել, դատել եւ ազատ կամքով որոշում տալ։
Արդարեւ քննարկելու ազատութեան սկզբունքը Վոլթէրի, Ռուսոյի, Տէգարթի եւ Տիտրոյի գրիչներուն շնորհիւ փիլիսոփայական գաղափարներու աշխարհին մէջ հրապարակուելէն ի վեր մարդկային միտքը նոր թռիչք մը ստացաւ։
Այս իմաստով, հրամայականոն դրութիւն մը՝ «dogmatique» վարդապետութիւն մը ըստ էութեան ներհակ է մարդկային բնութեան։ Մարդը, կոչուած է քննարկելու, ուսումնասիրելու, աւելի լայն իմաստով՝ դատելու, կշռելու, խորը թափանցելու եւ յետոյ որոշում տալու՝ թէ ընդունի կամ մերժէ որեւէ իրողութիւն։ Արդարեւ, առանց քըն-նարկելու ապրուած կեանքը պարզապէս վատնուած ժամանակաշրջան մըն է։
Մարդ, սկիզբէն ի վեր հարցուց. «Ուրկէ՞ եկայ», «ի՞նչ եւ ո՞վ եմ», «ո՞ւր կ՚երթամ» եւ «ինչպէ՞ս պիտի երթամ»։ Այս բոլոր հարցումները կարելի է ամփոփել երեք հարցումի մէջ. «Ի՞նչ», «ինչո՞ւ» եւ «ինչպէ՞ս»։ Այս հարցումներուն անտարբեր մնալ, անկարեւոր նկատել մարդկային արժանապատուութիւնը կը վիրաւորէ, քանի որ մարդ բանաւոր արարած մըն է, եւ զանազանելու եւ ընտրելու յատկութեամբ եւ կարողութեամբ օժտուած է։ Ասիկա առանձնաշնորհութիւն մըն է եւ կարելի չէ հրաժարիլ, ինչ որ կը նշանակէ «մարդ» ըլլալէ հրաժարիլ…։
Անշուշտ այս վիճակը պէտք է զանազանել տուեալ օրէնքներու եւ կանոններու հպատակելու վիճակէն, քանի որ օրէնքներու եւ կանոններու չհպատակիլ ընկերային քաոսի մը պատճառ կը հանդիսանայ եւ ընկերային ներդաշնակ կեանքը կը քայքայէ եւ վտանգի կ՚ենթարկէ։
Իրողութիւնները քննարկել, դատել, կշռել եւ ազատ կամքով ընտրութիւն ընել, որոշել՝ աւելի բարձր մտաւոր մակարդակի վրայ պէտք է նկատի առնել։ Ուստի, գաղափարայինը, տեսլականը եւ գործնականը պէտք է զգուշութեամբ եւ ուշադրութեամբ զանազանել։ Արդարեւ, ամէն տեսլական, ամէն գաղափար կրնայ չպատշաճիլ եւ չյարմարիլ գործնականին հետ։ Եւ ուրեմն, քննարկելու ազատութիւնը պէտք է նկատի ունենալ աւելի անհատական մարզի մէջ։
Արդարեւ, «ի՞նչ», «ինչո՞ւ» եւ «ինչպէ՞ս» հարցումներուն պատասխանը կնճռոտ է, դժուարալո՛յծ է։ Այս խնդիրները լուծելու համար բանաւորութեան արհեստով զբաղող անձեր, ստիպուած էին իրենց էութեան, կենդանութեան, զգայութիւններու եւ ծանօթութիւններու պատճառը քննել եւ հասկնալ։
Այս նպատակին հասնելու համար ուրիշ կերպ եւ միջոց չկար, բայց միայն «նետուիլ փիլիսոփայութեան գիրկը»՝ ընդլայնել միտքին հորիզոնը, բարձրանալ դէպի իմացականութեան վերին գաւառները, խորանալ եւ թափանցել իմաստին, քննարկել եւ հոն թռչտելով աշխատիլ պատռելու անստուգութեան այն վարագոյրը՝ որուն ետեւն է քանի մը ահագին խնդիրներու, խրթին հարցերու լուծումը. խնդիրներ եւ հարցեր որոնց լուծումը մասամբ արդէն լուծուած կը թուի եւ որոնց մէկ մասն ալ «գերեզմանի կափարիչին ներքեւ» սպասելով լուսաւորեալ աշխարհը երկբայութեան մէջ կը թողու՝ կարծես թէ մարդուս մտքին սահմանաւորութիւնը ծաղրելու եւ անոր յանդգնութիւնը պատժելու համար…։ Այս երկբայութիւնը ոմանց բարոյական էութեան մաշիչ թոյն մը կրնայ համարուիլ. երկբայութիւն՝ զոր Ալֆրէտ Միւսէ կ՚անուանէ, մասամբ իրաւացի կերպով, 19-րդ դարու հիւանդութիւնը՝ ասոր քոյրը անուանելով նաեւ ձանձրութիւնը։
Այս ահագին հարցերու մասին գոհացուցիչ պատասխան մը առնելու նպատակով մարդկութիւնը կը դիմէ փիլիսոփայութեան։
Այս հարցերուն առաջինը եղած է սա. այս աշխարհը, զոր անեզրութեան ձեռքը իբր հիւլէ անջրպետութեան մէջ նետած է, ինքնագո՞յ է, թէ ունի «Ստեղծիչ» մը։
Եթէ «ինքնագոյ» է, ի՞նչպէս կարելի է պատահաբար տեղի ունենալ իրերու այնպիսի համակարգութիւն մը՝ ուր բնազանցութիւնը մեզի կը յայտնէ «յաւիտենական օրէնքներ»ու էութիւնը, եւ հետեւաբար բարձրագոյն եւ ամենակարող իմացականութեան մը միջամտութիւնը։
Եթէ «ինքնագոյ» չէ աշխարհս, եթէ Արարիչ մըն է պատճառներու պատճառը. Անիկա ինչպէ՞ս ստեղծած է մարդը. ազատ եւ Իր գործերուն պատասխանատո՞ւ, թէ «ճակատագրային զօրութիւն»ներու ենթակայ «ինքնաշարժ մեքենայ» մը։
Մարդ հոգի ունի՞, թէ ոչ։
Հոգիին անմահութիւնը ստո՞յգ է, թէ երեւակայական ցնորք մը։
Հանդերձեալ աշխարհ մը կա՞յ, թէ ոչ, մարդս մահուանէ ետք պատիժ կամ վարձք պիտի ընդունի՞, թէ այս ալ երեւակայութեան ցնորք մըն է։
Ահա այս ահագին խնդիրները, հարցերը զորս 18-րդ դարու փիլիսոփայութիւնը յան-դըգնութեամբ յուզեց, եւ որոնք երկու սկզբունքներու մէջ սաստիկ վիճաբանութիւններու պատճառ եղած են։
Առաջինն է «իշխանութեան սկզբունք»ը՝ որ կը կռթնի յայտնութեան եւ աւանդութեան վրայ։
Երկրորդն է «ազատութեան սկզբունք»ը՝ որուն գահն է մարդկային բանաւորութիւնը։
«Իշխանութեան սկզբունք»ը կը ներկայացնէ Եկեղեցին։
«Ազատութեան սկզբունք»ը կը ներկայացնէ փիլիսոփայութիւնը։
Եկեղեցին կայուն է՝ անշարժ եւ մնայո՛ւն։ Անիկա չի քններ, այլ կը հաւատա՛յ. իր փաստն է յայտնութիւնը։ Այս փաստին վրայ հիմնուելով, Եկեղեցին կը հարկադրէ մարդը հաւատալու իր վարդապետութեան։
Փիլիսոփայութիւնը, այսինքն իմաստասիրութիւնը, ընդհակառակը՝ ըստ Տէգարթի՝ նախ իր միտքը գրաւող ամէն կրօնական կարծիքները արմատաքի կը խլէ եւ դարձեալ զանոնք մի առ մի քննելով ճշմարիտը կ՚ընդունի եւ անստոյգը կը մերժէ։
Իր իբր ճշմարիտ ընդունածը ուրիշին ալ կ՚ուսուցանէ՝ համոզելով զանիկա որ հաւատայ իր ընդունած ճշմարտութեան։ Այս համոզումը բոլորովին տրամաբանական է, եւ հաւատալն ալ կամայական եւ ազա՛տ։ Արդարեւ, իմաստասիրութեան միջոցով ընդունուած ճշմարտութիւնը կրնայ սխալական ըլլալ, եւ ճիշդ այս կէտին է որ զայն ընդունիլը եւ անոր հաւատալը կամայական է եւ ազա՛տ։ Մինչդեռ կրօնքին համոզուած ճշմարտութիւնը՝ որ հաւատքի մէջ կը կայանայ, ստո՛յգ է։ Կրօնքի միջոցով գոյացած հաւատքը զօրաւոր փաստ մը ունի՝ յայտնութիւնը, որուն կարելի է հասնիլ հոգիի աչքով։
Բայց հոս պէտք է կարեւորութեամբ նշել՝ թէ կրօնքի միջոցով գոյացած հաւատքը պէտք չէ՛ շփոթել հրամայականոն դրութեան հետ՝ ուր բանականութիւնը եւ ազատութիւնը երբեք տեղ չունին։
Ճշմարիտ հաւատքը հոգիին եւ մտքին միութեան մէ՛ջ է. «հասկնալով հաւատալ եւ հաւատալով հասկնալ»։
Ա՛յս է ճշմարիտ հաւատքը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 4, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024