ԱՂՕԹՔԻ ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆԸ

Աղօթքը, ընդհանրապէս, վարժութեամբ զարգացող եւ կատարեալին հասնող զգացում մըն է։ Այս իմաստով աղօթքը «արուե՛ստ» մըն է։ Ստացական ընդունակութի՛ւն մը։ Այսպէս եթէ չըլլար, Յիսուս իր աշակերտներուն աղօթել սորվեցնելու պահանջքը չէ՛ր զգար, եւ անոնք, որ կը կարծէին աղօթել, այդպէս կը շարունակէին։ Ուրեմն, այս կը նշանակէ, թէ աղօթքը վարժութիւն պահանջող, հետզհետէ կատարելագործուող «արուեստ» մըն է։

Արդարեւ, ի՞նչ է աղօթքը։

Աղօթքը հոգիին վերացումն է առ Աստուած կամ աստուածային կամքին հաճոյ եղող բարիքի մը խնդրանքն է։ Ան միշտ պարգե՛ւ մըն է մարդը դիմաւորող Աստուծոյ կողմէ։

Քրիստոնեայ աղօթքը Աստուծոյ՝ Հօր զաւակներուն անձնական եւ կենդանի յարաբերութի՛ւնն է իրենց ամենաբարի եւ գթասէր Հօր, Անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի եւ անոնց սրտերուն մէջ բնակող Սուրբ Հոգիին հետ։

Աղօթքը՝ Աստուծոյ ներկայութեան քալել է, մտիկ ընել եւ հնազանդի՛լ է Իրեն։ Եւ այս իմաստով աղօթքը՝ հաւատքի եւ վստահութեան անվերջ պայքա՛ր մըն է՝ փորձութիւններու մէջ իսկ շարունակել Աստուծոյ հաւատարմութեան հաւատա՛լ։ Եւ ամէն պայքար յաղթութեան համար պահանջքը կը զգայ վարժութեան, փորձառութեան, հասունութեան եւ հոգեպէս կատարելութեա՛ն։ Ուստի յաջողութիւնը վարժութեան հարց մըն է՝ սորվելու եւ սորվուածը գործադրելու, օգտագործելո՛ւ։

Աղօթելու համար նա՛խ պէտք է ճանչնալ, ծանօթանալ, որպէսզի նպատակ մը եւ իմա՛ստ մը ունենայ աղօթքը, խնդրանքը…։

Բայց աղօթքը որքան «հաղորդակցութիւն» է Աստուծոյ հետ, նաեւ «գործակցութիւն» է Անոր հետ, եւ այս իսկ պատճառով, ան կը կարօտի վարժութեան եւ հետզհետէ զարգացմա՛ն։

Քրիստոնէական ամբողջ կեանքը աճման կեանք է. ինչպէս մանուկը կ՚աճի, երիտասարդ կ՚ըլլայ, հետզհետէ չափահաս կը դառնայ, քրիստոնէական կեանքն ալ «վերե՛լք» մըն է, զարգացման «ընթացք» մը, աստիճան առ աստիճան բարձրացող ապրումներու յաջորդականութի՛ւն մը։

Այս իմաստով, քրիստոնէական կեանքի մէջ աղօթքը, ընդհանրապէս «խնդրանք» է՝ պահանջք մը, որեւէ բան ուզել…։ Ճիշդ ինչպէս որ մանուկը իր մօրմէն կամ հօրմէն բան մը առնել կ՚ուզէ. կերակուր, հագուստ, խաղալիք, եւ այլն, այնպէս ալ աղօթքը շատերու համար ուրիշ բան չէ բայց միա՛յն «Աստուծմէ բան մը խնդրել, բան մը պահանջել»։ Այս տեսակ աղօթքին մէջ տիրական է «տո՛ւր» բառը, ուզելը. տո՛ւր, Տէ՛ր, տո՛ւր ինծի առողջութիւն, տո՛ւր ինծի հարստութիւն, տո՛ւր ինծի յաջողութիւն, տո՛ւր ինծի իմաստութիւն, եւ այլն, այսինքն՝ միշտ խնդրանք, միշտ պահանջք, միշտ ուզե՛լ, միշտ առնել։ Եւ ընդհանրապէս շատերու աղօթքի ըմբռնումը ա՛յս է…։

Անտարակոյս «խնդրանք»ը աղօթքին մէկ մասը կը կազմէ՝ էական եւ կարեւոր մէկ մասը, բայց եւ այնպէս՝ միա՛յն մէկ մասը, եւ ո՛չ՝ ամբողջութիւնը։

Աղօթքը, ուրեմն միայն խնդրանք, միայն ուզել՝ պահանջել չի՛ նշանակեր։

Շատ բնական է որ զաւակ մը իր պէտքերը, իր փափաքները կը յայտնէ իր ծնողներուն՝ հօրը եւ մօրը, եւ մենք ալ մեր կարօտութիւնները, մեր բաղձանքները կը յայտնենք եւ մեր կարօտութիւնները, մեր տկարութիւններու մէջ, թերութիւններու մէջ, հիւանդութիւններու մէջ, մեր փորձութիւններու մէջ, մեր մեղքներուն մէջ՝ Աստուծմէ կը խնդրենք օգնութիւն, զօրութիւն, առաջնորդութիւն, առողջութիւն, շնորհք, բժշկութիւն։ Աստուած որպէս Հայր, կ՚ուզէ եւ կը սիրէ, որ իր զաւակները համարձակութեամբ եւ ազատութեամբ մօտենան իրեն եւ յայտնեն իրենց կարօտութիւնները, ցաւերը, բաղձանքները, խնդրանքները. աղօթքը մեր հոգիներուն պահանջները՝ բաղձանքները Աստուծոյ անկեղծօրէն, մտերմօրէն յայտնելն է. համարձակօրէն եւ անվերապահօրէն՝ զաւկի մը իր հօր հետ մտերմութեան օրինակով։

Հետեւաբար ազատութեամբ եւ համարձակութեամբ եւ մտերմաբար մեր բոլոր բաղձանքները յայտնելու ենք Աստուծոյ ո՛չ թէ պահանջելով որ անշուշտ զանոնք կատարէ եւ թէ որ չկատարէ բարկանանք եւ քէն պահենք Անոր, այլ սիրով եւ խոնարհութեամբ ըսելու ենք.- Ո՛չ թէ իմ փափաքս, այլ Քո՛ւ կամքդ ըլլայ, քանի որ Աստուած միշտ մեզի համար բարին կը կամի եւ բարին կը կատարէ։ Արդարեւ ի՛նչ որ Աստուծմէ է՝ բարի՛ է, եւ քանի որ ամէն ինչ Աստուծմէ է, ապա ուրեմն ամէն ինչ բարի՛ է, եթէ նոյնիսկ այդ պահուն մեզի աննպաստ թուի։

Երկրորդ աստիճանին՝ աղօթքը կ՚ըլլայ հաղորդակցութիւն Աստուծոյ հետ եւ «խորհրդակցութի՛ւն»։ Այս երկրորդ աստիճանին ալ, աղօթքը չի դադրիր «խընդ-րանք» ըլլալէ, քանի որ հաղորդակցութիւնը եւ խորհրդակցութիւնն ալ ի վերջոյ խնդրանք մըն է, եթէ ո՛չ նիւթական, բայց մտային եւ հոգեւո՛ր։ Ասիկա որդի եւ հօր միջեւ յաճախ կը կատարուի՝ որդի մը երբ հասուն տարիքի հասնի՝ թէեւ պահանջք մը չ՚ունենար իր հօրմէն, բայց կրնայ խորհուրդ ուզել, խորհրդակցիլ եւ ըստ այնմ շարժիլ։ Այս կը նշանակէ՝ մտային եւ հոգեւոր օգնութիւն «խնդրել» հօրմէն։

Եւ վերջապէս աղօթքը՝ գործակցութի՛ւն է Աստուծոյ հետ։ Աստուծոյ կամքը կատարել, կարօտներու օգնել, հիւանդ խնամել, անօթի մը կերակրել՝ «Աստուծոյ գործակցիլ» կը նշանակէ եւ ինքնին «աղօ՛թք» է։

Ուրեմն աղօթքը վարժութեան կը կարօտի, ինչպէս տղան հետզհետէ կ՚աճի, ծնողքէն կը պահանջէ իր պէտքերը հոգալ, յետոյ կը խորհրդակցի, թէ ինչպէ՞ս կրնայ հոգալ իր պէտքերը եւ վերջապէս երբ այլեւս հասուն տարիքի հասած է՝ իր ծնողքէն սորվածներուն համեմատ կը շարժի, անոնց գործակից կ՚ըլլայ, թէեւ ինքնակամ կը շարժի, բայց միշտ կը գործակցի իր ծնողներուն եւ անոնց գիծէն կը քալէ, անոնց ճամբէն կը յառաջանայ, ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ անոնց հետ «գործակցի՛լ»։

Ահաւասիկ, այս պատճառով՝ Աստուծոյ կամքը կատարել՝ աղօթել է, հաղորդակցի՛լ է Անոր հետ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 1, 2017, Իսթանպուլ

 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2017