ՍԷՐԸ ԿԸ ԿԱՆԽԷ ԱՄԷՆ ՕՐԷՆՔ

«Օրէնքը արդարներուն համար չէ՛», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ (Ա ՏԻՄ. Ա 9)։ Եւ դարձեալ, բաղդատելով սէրը եւ օրէնքը, կը շարունակէ. «Սէրը օրէնքի լրումն է։ Ով որ ընկերը սիրէ, կը կատարէ օրէնքը» (ՀՌՈՄ. ԺԳ 10)։ Ուստի սիրոյ եւ ազատութեան օրէնքը կամքն է, որ ինքնիրեն «օրէնք» կ՚ըլլայ։ Ահաւասիկ, այս իմաստով է որ սէրը կը կանխէ ամէն օրէնք։

Արդարեւ, ամբողջացնելով Պօղոս առաքեալի խօսքը, թէ՝ օրէնքը արդարներուն համար չէ՛, կարելի է ըսել. «օրէնքը անօրէններու համար է՝ մեղաւորներու եւ ուղղութենէ շեղողներու համար»։ Արդարը, օրինապահը, ինք բնազդաբար, ինքնաբերաբար, պատրաստակամ եւ ամբողջութեամբ կը գործադրէ արդէն ի՛նչ որ «օրէնք»ը կը պարտադրէ եւ կը ստիպէ. այն՝ ի՛նչ որ ուղիղ է, շիտակ է եւ ըստ էութեան՝ «օրինաւո՛ր»։ Եւ օրինապահը նոյն կերպով կը ստիպէ ուրիշներուն նաեւ գործադրել, համակերպիլ «օրէնք»ին։

Յովհաննէս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ով որ Աստուծմէ ծնած է մեղք չի գործեր, որովհետեւ Աստուծոյ սերմը իր մէջ կը մնայ եւ չի կրնար մեղանչել, քանի որ Աստուծմէ ծնած է» (Ա ՅՈՎՀ. Գ 9)։ Այս սա կը նշանակէ. Սուրբ Հոգին, սրբացուցիչը, կը բնակի եւ կը թագաւորէ իր մէջ եւ հոգեկան եւ գերբնական բնութիւնը, որ Սուրբ Հոգին ստեղծած է իր մէջ, կ՚ըմբոստանայ ինքնաբերաբար, մեղքին դէմ, ինչ տեսակի ալ որ ըլլայ անիկա։ Ան այլեւս չի կրնար մեղանչել առանց մասնաւոր ճիգի եւ առանց ինքզինքին հետ թշնամանալու։ Եւ ամենէն վտանգաւոր թշնամութիւնը, մարդուն ինքն իր հետ եղած թշնամութիւնն է։ Այսպիսի թշնամութիւն մը շատ վտանգաւոր է, քանի որ այդ «ներքին թշնամութեան» անդրադառնալ գրեթէ անկարելի՛ է։

Մարդ մեղանչելով չըմբոստանար միայն Աստուծոյ, այլեւ իր իսկ կամքին դէմ, սիրոյ եւ ազատութեան դէմ, խղճին դէ՛մ։ Եթէ մարդ ընտրութիւն մը ընէ մեղքի եւ մահ-ւան միջեւ, հաւանական է որ պիտի ընտրէ մահը՝ մեռնի՛լը։ Մարդուս կամքը երբ այս ընտրութիւնը կը կատարէ, այդ կը նշանակէ, որ խիղճը արդէն տիրապետած է եւ սկը-սած գործել։

Մարդ եթէ մղուած չըլլար իր կիրքերէն եւ իր ազատ կամքին ձգուած ըլլար ընտրութիւնը, պիտի ընտրէր փրկութիւնը՝ Յիսուսի խաչը կրելով, եւ ինք պիտի նախընտրէր փրկութեան այդ ճամբան՝ աւելի եւս նմանելու համար իր Փրկչին։ Յիսուսի նմանելու այս անկեղծ փափաքը երախտագիտութեան արտայայտութիւն մըն է հանդէպ Փրկչին, որ չարչարուեցաւ մեր սիրոյն համար եւ սիրոյ եւ վեհանձնութեան զգացում մը՝ Անոր հանդէպ։

Ուրեմն «ազատութեան օրէնք»ն է որ Աստուած շարժեց իր ամբողջ իմաստութեամբ ստեղծելու մեզ եւ տալու Իր Որդին որպէս Փրկիչ համայն մարդկութեան։

Եւ նոյն այդ օրէնքը մղեց Աստուծոյ Որդին մարդանալու՝ մարմնանալու եւ կամովին ինքզինք զոհելու խաչին վրայ։ Ազատութեան-սիրոյ օրէնքն է որ շարժեց Ամենասուրբ Երրորդութիւնը նախասահմանելու մեզ, կանչելու, արդարացնելու եւ փառաւորելու մեզ որդեգրութեամբ, ընելու մեզ նախընծայ Սուրբ Հոգիին նախընծաներուն մէջ։ Ինչպէս Աստուած ամէն ինչ ուղղած է Իր փառքին, մեզ ալ ընտրած է իր ամենամեծ փառքին համար։ Եւ այս ընտրութիւնը եղած է առանց որեւէ կարիքի եւ ստիպումի, միա՛յն Իր ազատութեամբ, Իր սիրով եւ ինքնաբերաբար, քանի որ Աստուծոյ կամքը Իր իմաստութիւնն է եւ Իր անհո՜ւն սէրը՝ Իր օրէ՛նքը։ Ի՛նք Իր Անձին օրէնքն է, եւ օրէնք եւ ազատութիւն տարբեր են, բայց անբաժանելի՛։

Ազատութեան եւ սիրոյ այս օրէնքը յայտ-նըւած է աշխարհի մարմնացեալ-մարդացեալ Բանի անձին մէջ։ Ուստի Յիսուսի մէջ կը տեսնենք կա՛մք մը՝ որ Իր օրէնքն է, եւ ամէն անոնք որ կը նմանին Իրեն, իրենց նմանութեան չափով կ՚ըլլան իրենց անձին օրէնքը՝ իրենց ազատութիւնը եւ իրենց սէրը գործածելու եւ կեանքի կոչելու մէջ։

Ազատութեան եւ սիրոյ օրէնքը կը կանխէ ամէն օրէնք՝ իրմէ շատ ետեւ կը ձգէ դրուած օրէնքը, եւ զայն գիտցողը կը նմանի այն գիտնականին՝ որ ա՛լ չի մտածեր այբուբենի մասին կամ երաժիշտին՝ որ այլեւս չի մտածեր եօթը ձայնաստիճաններու մասին։ Ազատութեան եւ սիրոյ օրէնքը ամէն օրէնքէ աւելի ենթարկող պատուիրան մըն է։ Ան կը շարժէ սիրտը, կը ստիպէ խիղճը եւ անդադար կը մղէ կամքը՝ դէպի բարին, դէպի ճշմարի՛տը…։

Բարոյական կեանքին գործադրութիւնը՝ ոգեւորուած սիրով, քրիստոնեային կու տայ Աստուծոյ որդիներուն գերբնական ազատութիւնը։ Քրիստոնեան չի կանգնիր Աստուծոյ առջեւ իբրեւ ստրուկ մը՝ ծառայական վախին մէջ, ոչ ալ իբրեւ իր օրականը փնտռող վարձկանը, այլ իբրեւ որդի՛ մը որ կը պատասխանէ Անոր սիրոյն՝ որ «նախ Ինք սիրեց մեզ» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 19)։

«Լրումը մեր բոլոր գործերուն, սիրոյ գուրգուրանքն է։ Հոն է վախճանը։ Մենք կը վազենք զայն ընդունելու համար, մենք կը վազենք դէպի հոն, անգամ մը որ հասնինք, անոր մէջ պիտի հանգչինք», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Սէրը իբրեւ «պտուղ» կ՚արտադրէ ուրախութիւնը, խաղաղութիւնը, ողորմածութիւնը եւ ազատութիւնը։ Նոր Օրէնքը Սուրբ Հոգիին շնորհքն է, որ տրուած է հաւատացեալներուն՝ Քրիստոսի հաւատքին մէջ։ Ան կը գործէ սիրոյ միջոցով, կ՚օգտագործէ Տիրոջ քարոզը՝ ուսուցանելու համար մեզի ի՛նչ որ պէտք է կատարել, եւ խորհուրդները՝ հաղորդելու համար մեզի՝ զայն կատարելու շնո՛րհքը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 4, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2019