ԱՆՀՈԳՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ

Անհոգութիւնը մարդկային այն տկարութիւնն է՝ որ երբեմն կրնայ մեծ վնասներու առիթ տալ։ Ուստի անհոգութեան հետեւանքով, մարդ կրնայ կորսնցնել իրեն համար ճակատագրական առիթ մը։ Այս իմաստով, անհոգութիւնը՝ ինքնին «աննշան եւ անկարեւոր թերութիւն» մը, վտանգաւոր ախտանիշ մըն է, զոր կը կարօտի լո՛ւրջ դարմանումի, քանի որ անհոգութիւնը՝ անփութութիւնը կրնայ ունակութիւն մը դառնալ, եւ կեանքի որեւէ ասպարէզի մէջ ծանրակշիռ եւ վնասակա՛ր հետեւանքներ ունենալ։

Ուստի պարտաւորութիւն մըն է զայն դարմանել, եւ զայն սրբագրելու անհրաժեշտ աշխատանք մը, աւելի ճիշդ է ըսել, մարզանք մը, նոյնիսկ դաստիարակութիւն մը պէտք է նկատել՝ ի՛նչ որ պիտի նպաստէ ընկերային, իմացական եւ բարոյական աւելի՛ ուժեղ եւ առողջ կեանք մը ունենալու։ Բայց պէտք է խոստովանիլ, թէ անհոգութեան սրբագրութիւնը յաճախ անտեսուած եւ անհոգութեան մատնուած հարց մը եղած է։

Անհոգութեան թերութեան սրբագրութիւնը որքան անհրաժեշտ՝ նո՛յնքան ալ անկարեւոր նկատուած կրթութիւն մըն է ընդհանրապէս։ Եւ եթէ անհոգութիւնը բնական համարուի, կեանքը հետզհետէ անտանելի կը դառնայ մանաւանդ մարդկային փոխյարաբերութիւններու տեսակէտէ…։

Արդարեւ, մարդ կրնայ կարեւոր իրողութիւններու դէմ զանազան կերպով թերանալ անտարբերութեամբ, անհոգութեամբ, որ կ՚անտեսէ կամ կը մերժէ նկատի առնել կարգ մը կենսական արժէքներ։ Ուստի անտարբեր կեցուածքը մարդուն, կը ներկայացնէ փախուստ մը գոյութեան հարցականէն եւ հեղգութիւն մը բարոյական խղճմտանքին նկատմամբ։ Անհոգութիւնը տկարութիւն մըն է նաեւ պատասխանատուութեան գիտակցութեան, որ մարդս կը կատարելագործէ եւ ամուր նկարագրի մը տէր կը դարձնէ։ Ուստի անտարբերութիւնը անձնականութեան լուրջ թերութիւն մըն է։

Անգիտապաշտութիւնն ալ հետեւանքն է անտարբերութեան, որ չ՚ուզեր գիտնալ ճշմարտութիւնը եւ կը յուշանայ ջանք թափելու, հասկնալու, ըմբռնելու զայն։ Անհոգութիւնը ներհակ է մարդկային բանականութեան, քանի որ մարդ կոչուած է բանականութեամբ շարժելու՝ ուսումնասիրելու, հետաքրքրութիւն ցոյց տալու իր շուրջ գտնուած իրերու եւ կատարուած իրողութիւններու։

Առիթ մը փախցնելու, նպատակի մը չհասնելու, ժամադրութեան մը յապաղելու պատճառը երբեմն ժամանակը լաւ օգտագործելու անկարողութենէն աւելի արտաքին ազդակներ կրնան ըլլալ։

Մարդ եթէ լաւ կարենայ ծրագրել ժամանակի գործածութիւնը, հաւանաբար յապաղումներ նուազագոյն աստիճանի կ՚իջնեն։ Այս ուղղութեամբ, յապաղումի մը, ժամկէտի մը չհասնելու պատճառը երբեմն ժամանակին սղութենէն աւելի՝ ժամանակին առատութենէն կրնայ ստեղծուիլ։ Ասիկա կրնայ յարակարծիք երեւոյթ մը, հակասութիւն մը երեւիլ, բայց ուրիշ շատ մը հակասութիւններու նման՝ կեանքի իրողութի՛ւն մըն է։ Արդարեւ, քիչ ժամանակ ունեցողն է որ աւելի՛ բծախնդիր, հոգածու եւ խնայող է ժամանակին, քան առատ ժամանակ ունեցողը՝ որ կը փորձուի անտարբեր, անհոգ եւ անփոյթ ըլլալ ժամանակին նկատմամբ՝ ծոյլ եւ շռայլ վարուիլ անոր գործածութեանը մէջ։

Որեւէ գործ մը կատարելու ատեն, տակաւին ժամանակ կայ, ըսել այդ գործին կատարման առջեւ ամենամեծ վտանգը եւ արգե՛լքն է։ Ժամանակը կը սահի կ՚երթայ եւ ետ դարձնել կամ կեցնել անկարելի է։ Ուստի ժամանակը խնայողութեամբ եւ հոգածութեամբ պէտք է գործածել։ Ժամանակի նկատմամբ անհոգութիւնը եւ անտարբերութիւնը անդարմանելի վնասներու պատճառ կրնայ ըլլալ։

Եւ ո՛չ թէ միայն ժամանակի, այլ կեանքի ուրիշ առատութիւնները, ճոխութիւնները, հարստութիւնները, լա՜յն եւ հանգի՛ստ պայմանները, առողջութիւնը, փոխանակ կեանքը զարգացնելու, բարձրացնելու, աւելի եւս ճոխացնելու միջոցներ հանդիսանալու, երբեմն ճիշդ հակառա՛կ ազդեցութիւն կը գործեն։ Եւ ասոնք օրհնութեան տեղ անէծք, բարիքի տեղ չարիք կը դառնան։

Զոր օրինակ, սովորական տեսարան մըն է, թէ՝ հարուստ, ունեւոր ծնողքի զաւակը, որ դրամը կրնայ ուզածին պէս, առատօրէն կրնայ գործածել, կը խորհի, թէ ապագային ապրուստը հոգալու պահանջքը պիտի չունենայ։ Այդ մտայնութեան տէր մէկը բաւական անհոգ եւ անտարբեր կը գտնուի ընդհանրապէս կեանքի ապագայ նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու նկատմամբ։ Այս տեսակ մէկու մը միակ մտահոգութիւնը՝ զուարճանալ, կեանքի նկատմամբ անհոգ եւ անտարբեր, ճոխութեան մէջ շարունակել է կեանքը ընդհանրապէս, քանի որ կարելի չէ բոլոր հարուստի զաւակներու համար նոյն բանը խորհիլ։ Գիտակից ծնողներու զաւակներ յարգելի բացառութիւններ կը կազմեն այդ մասին՝ տիպար եւ օրինակելի անձեր, որ պատրաստուած են կեանքի պայքարին։

Ծանօթ եւ անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ վաղուան հացին հոգը ունեցող պատանին եթէ ժառանգականօրէն մտային անկարողութիւն մը չէ՛ ունեցած՝ կ՚աշխատի, կը պատրաստուի կեանքին, յաջողապէս կ՚աւարտէ իր դասընթացքը եւ հոգածութիւն ցոյց կու տայ իր անձին, ընտանիքին եւ ընկերութեան. անտարբեր եւ անհոգ չի գտնուիր իր շուրջիններուն եւ շուրջը կատարուածներուն նկատմամբ, օգտակար եւ պատուաբեր անդամ մը կը հանդիսանայ մարդկային ընկերութեան։

Չէ՞ որ մարդը կոչուած է հոգալ, հետա-քըրքրուիլ եւ օգնել իր շուրջիններուն՝ իր նմաններուն՝ անտարբեր, անփոյթ եւ անհոգ չըլլալ անոնց նկատմամբ։ Քանի որ այս հնամենի աշխարհին ամէն օր սորվեցուցած դասն է, թէ՝ կեանքին լայն եւ ճոխ միջոցները ունենալէ աւելի՛ կարեւո՛ր է այդ միջոցները լաւ եւ օգտակար կերպով գործածելու գիտութիւնը, գիտակցութիւնը եւ կա՛մքը ունենալ…։

Միջոցները, առիթները կարենալ լաւագոյն կերպով օգտագործելու համար, մարդ պէտք է հոգ տանի իր շուրջիններուն, իր շուրջը պատահածներուն, քանի որ անտարբերութիւնը, անհոգութիւնը, անփութութիւնը ամենամեծ արգելքներն են առիթներէ օգտուելու, միջոցները օգտագործելու։ Ուստի մարդկային կեանքի մէջ կը գտնուին բազմաթիւ «դրամագլուխ»ներ՝ առիթներ, բարեպատեհութիւններ՝ որոնցմէ ամէն մարդու արդար բաժին տրուած է, մարմնական եւ ֆիզիքական կարողութիւնը, ընկերային դիրքը, դասակարգը եւ ազդեցութիւնը, արտաքին գեղեցկութիւնը, մտային ձիրքերը, գեղարուեստական եւ այլ տաղանդներ արդար կերպով բաշխուած են ամէն մարդու, զատ զատ, որոնք եթէ միացուին, կը գոյանայ «հասարակաց ո՛ւժ» մը, որու միջոցով մարդկութիւնը կը յաղթահարէ ամէն դժուարութիւն։

Ուստի անտարբեր եւ անհոգ, անփոյթ չվարուի՛նք իրարու նկատմամբ, իրերօգնութեամբ զօրացնենք զիրար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 2, 2018, Իսթանպուլ        

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2018