ՆԱՄԱԿԱՆԻ 2 ՎՇՏԱԲԵԿ ԸՆԿԵՐՈՋ

Այն ապրումները որ ունեցած ես, այսօր ծանօթ զգացում մըն է այն բոլորին համար, որ մա՛րդ կը կոչուին, որովհետեւ աշխարհի վրայ չկայ մարդ, որ իր անցաւոր այս կեանքի ընթացքին ճաշակած չըլլայ տառապանքն ու վիշտը՝ տնտեսական ու ընկերային ո՛ր դասակարգին ալ պատկանին: 

Հաւանաբար յաճախ դուն քեզի տրտնջաս կեանքի անարդարութեան դէմ, ընդվզումի հուրով լեցուիս անիրաւութեան դէմ. այդ բոլորը գրեթէ ամէ՜ն օր կ՚ընենք մենք, սակայն ճշմարտութիւնը մէկ է. ան պիտի շարունակէ իր յամառ ընթացքը. մեր կեանքը կապուած է անոր կամապաշտ ընթացքին:

Տառապանքն ու վիշտը որ ունիս այսօր, կեանքի բնականոն ընթացք մըն է, որուն հետ պէտք է սորվիս թեւանցուկ շրջիլ գրեթէ կեանքիդ ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, որովհետեւ զայն վերացնելը անհնար է. պարզապէս պէտք է համակերպիլ: Յիշէ, որ կ՚ապրիս այնպիսի աշխարհի մը մէջ, որ իր Տէրը անգամ լացուց եւ ծեծի ենթարկեց. նոյնիսկ Աստուծոյ հանդէպ  տմարդի եղողը ինչպէ՞ս կրնայ մարդ ըլլալ մարդու նկատմամբ:

Ապրելու եւ գոյատեւելու համար պէտք է սորվիս այս ցաւերը յառաջիկայ ցաւերուն դիմաց մարզումի վերածել, որովհետեւ այդ մէկը կեանքի շարունակական ընթացք պիտի ըլլայ. չկարծես որ այս ցաւերը ամբողջութեամբ աղերս ունին նիւթականի հետ. հարուստները եւս ենթակայ են ցաւերու եւ վիշտերու, որովհետեւ մահուան կողքին վիշտը եւս հասարակաց գիծն է բոլորին. երբեք մի՛ փորձեր խոյս տալ վիշտէն, որովհետեւ մահուան նման ո՛ր անկիւնն ալ պահուըտիս մէկ է. պիտի գայ ու գտնէ քեզ, խոշտանգէ հոգիդ, որուն դիմաց հարկադրուած ես տոկալ:

Չկարծես որ մարդոց հանդէպ բարի ու ազնիւ ըլլալը առաւելութիւն մը պիտի ըլլայ քեզի համար. մարդիկ այդ մէկը եւս պիտի ճանկռտեն ու մէջդ կերտեն ըմբոստն ու ապստամբը. չկայ մարդ որ ըմբոստ կամ վշտաբեկ ծնի. այդ բոլորը պարզապէս ձեռագործն է մարդուն, որ վերջ պիտի չունենայ:

Բարութիւնն ու ազնուութիւնը միայն հեքիաթներուն ու գիրքերուն մէջ լաւ է:

ՎԻՇՏ 1.- Կեանքիդ մէջ գոնէ մէկ անգամ անկեղծօրէն պիտի սիրես, անշահախնդիր նուիրուիս ու յանձն առնես ամէ՛ն տեսակ զոհողութիւն, սակայն ցանածիդ փոխարէն տրտմութիւն ու թախիծ հնձես. պիտի գտնուին անձեր, որոնք պիտի խոստանան կեանքի ամբողջ տեւողութեան մի՛շտ քովդ ըլլալ, սակայն ժամանակ մը ետք պիտի տեսնես, թէ այս խօսքերը պարզապէս լոզունգներ են, փո՜ւճ ու անարժէք. փորձէ՛ կեանքիդ մէջ խոստումներուն չհաւատալ, որովհետեւ անոնք ծնունդ են նշեալ վայրկեանին. անկէ դուրս անոնք կեանք չունին: Հաւանաբար մի՜շտ հարցականի տակ դնես հոգիով-սրտով բխած այդ խոստումներուն իսկութիւնը. անոնք որ այնքա՜ն անկեղծ ու սրտանց կը հնչէին, ո՞ւր են այսօր. այդ ուխտերն ու երդումները ի՞նչ եղան, երբեք պիտի չկարենաս վերլուծել:

Այս վիշտը անընդհատ պիտի այրէ հոգիդ:

ՎԻՇՏ 2.- Պիտի ունենաս բարեկամներ, որոնց հանդէպ հարազատ եղբօր ու քրոջ սէր ու հրայրք պիտի զգաս. անձնուիրութեամբ պիտի աջակցիս անոնց, օգնես ու օժանդակես, սակայն ամենէն պատեհ առիթին առաջին ու ամենէն ծանր հարուածը անոնցմէ պիտի ստանաս, որ շատ աւելի՛ ցաւ պիտի պատճառէ, քան օտարին մարմնական ու հոգեկան խոշտանգումները: Պիտի տեսնես, որ հարազատ կարծած մէկ բարեկամդ գերեզմանափորդ դարձած հողափոսդ կը փորէ, անոր վրայ կենալով բարձրանալու եւ յաջողելու յոյսով: 

Անձեր, որոնց հետ այսօր հացի եւ սիրոյ սեղան կը կիսես, անձեր՝ առանց որոնց կեանքը անիմաստ կը թուի քեզի համար, ժամանակ մը ետք պիտի աներեւութանան: Այնպէս ինչպէս երբ աշնան փոթորիկը սկսի, միայն մի քանի տերեւներ ամուր կառչած կը մնան ծառի ճիւղերուն, այնպէս ալ շա՜տ շա՜տ քիչեր են որ պիտի մնան կեանքիդ մէջ:

Վիշտդ պիտի քառապատկուի, երբ տեսնես, թէ այլ հեռացողներն ու քեզ լքողները շատ անգամ ամենէն մօտիկ հարազատ-ազգականներդ պիտի ըլլան. անձեր, որոնք «հարազատ» կը կոչուին, սակայն հարազատութեան ո՛չ մէկ նշոյլ կ՚ունենան իրենց մէջ: Առաջին հարուածն ու բամբասանքը անոնցմէ ծնունդ կ՚առնէ. առնէտի պէս կը կրծեն հոգիդ: Հարազատ եղբայրդ ու քոյրդ շատ անգամ անտարբեր կը մնան վիշտերուդ ու նեղութիւններուդ դիմաց, այդ իսկ պատճառով սորվիր նեղութեանդ մէջ միայն անձիդ վստահիլ, որովհետեւ ամէն մարդ իր խաչը միայն ի՛նք կը կրէ:

Այս բոլորին դիմաց մի՛շտ յիշէ, որ խաղաղ ծովու վրայ նաւարկող նաւաստին չէ՛ որ հերոս կը դառնայ. ծովուն ալեկոծութեան յաղթողն ու բոլոր դժուարութիւններուն հանդերձ նաւը խաղաղ նաւահանգիստ հասցնողն է, որ կ՚արժանանայ այդ տիտղոսին:

Երանելի ես ա՛յն ժամանակ, երբ յաջողիս բոլոր վիշտերդ սանդուխի վերածել ու անոնց վրայ կոխելով բարձրանալ. երանելի չես երբ որ վիշտ չունիս, այլ երանելի ես այն ժամանակ, երբ կրցած ես յաղթահարել այդ բոլորը: Այս մենամարտին մէջ միակը չես. բոլորիս վիճակուած քննութիւն մըն է այդ բոլորը:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԻՍԱՀԱԿ ԱԼԻԽԱՆԵԱՆ
(1876-1946)

Մեր թուականէն 146 տարիներ առաջ՝ 7 փետրուար 1876-ին Վրաստանի Դուշեր քաղաքին մէջ ծնած է դերասան, բեմադրիչ, թատերական գործիչ եւ Վրաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Իսահակ Ալիխանեան:

Ալիխանեան նախնական կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1896 թուականին: Տակաւին աշակերտական տարիներէն մեծ սէր ունեցած է բեմի նկատմամբ եւ դպրոցը աւարտելէ ետք ընդունուած է դերասան Գրիգոր Աւետեանի խումբը, ուր ունեցած է իր դերասանական նախափորձերը եւ փայլուն արդիւնքներու հասած: Այնուհետեւ դերասանը սկսած է զանազան հայկական թատերախումբերու հետ շրջիլ Կովկասի զանազան շրջաններ եւ ներկայացումներ ունենալ, ընկերակցութեամբ ժամանակի յայտնի դերասաններ Սիրանոյշի (Մերոպէ Գանթարճեան), Ալեքսանդր Աբէլեանի, Հայկանոյշ Թրեանցի եւ ուրիշներու հետ:

Ալիխանեան հիմնականին մէջ բեմ բարձրացած է Թիֆլիզի մէջ, սակայն ելոյթներ ունեցած է նաեւ Երեւանի, Պաքուի, Նոր Նախիջեւանի, Մոսկուայի մէջ, ուր սիրուած եւ եղած է ճանաչելի թատերական դէմք մը:

Ալիխանեան եղած է հիմնադիրներէն մին «Գաբրիէլ Սունդուկեան» ազգային թատրոնի, ուր ինք եւս ստանձնած է դերեր եւ կատարած բեմադրութիւններ, բեմադրելով Սունդուկեանի «Պէպօ»ն, Հենրիխ Իփսենի «Ուրուականները», Մաքսիմ Կորքիի «Յատակումը» եւ այլ ներկայացումներ: Այսպէս Ալիխանեան բեմադրած է աւելի քան 25 ներկայացումներ:

Շնորհիւ իր վաստակին՝ 1941 թուականին Խորհրդային Վրաստանի կողմէ արժանացած է Ժողովրդային արուեստագէտ կոչումին. Վրաստանի ամենէն հին փողոցներէն Հաւապարի փողոցը մինչեւ օրս կը կոչուի Իսահակ Ալիխանեանի անունով:

Դերասանը մահացած է 14 մարտ 1946 թուականին, Թիֆլիզի մէջ եւ թաղուած է Խոջիվանքի գերեզմանատան մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 7, 2022