ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ

Մարդ­կա­յին «անձ»ը պէտք ու­նի ըն­կե­րա­յին կեան­քին։ 

Ա­սի­կա մար­դուն հա­մար պա­հանջք մըն է՝ որ կը ծնի ա­նոր բնու­թե­նէն։ Փո­խա­դար­ձու­թեամբ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու, ու­րի­շին հետ փո­խա­նա­կու­թեամբ եւ երկ­խօ­սու­թեամբ իր «նման»նե­րուն հետ, մարդ կը զար­գաց­նէ իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ զօ­րու­թե­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը եւ ա՛յս­պէս կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ Իր բարձր կո­չու­մին։ Ար­դա­րեւ, «ըն­կե­րու­թիւն» մը ամ­բող­ջու­թիւնն է ան­ձե­րու՝ ո­րոնք զօ­դուած են ի­րա­րու ան­դա­մա­կան կա­պով՝ սկզբուն­քի մը հա­մե­մատ, որ գե­րի­վեր է քան ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը։ 

Որ­պէս «ըն­կե­րու­թիւն», միու­թեան մէջ միան­գա­մայն տե­սա­նե­լի եւ զգա­լի է «հո­գե­ւոր հա­մախմ­բում» մը, որ կը հա­մըն­թա­նայ ժա­մա­նա­կի տե­ւո­ղու­թեան մէջ, եւ կը ներ­փա­կէ ան­ցեա­լը եւ կը պատ­րաս­տէ ա­պա­գա՛ն։

Ըն­կե­րու­թեան ի­րա­կա­նու­թեամբ իւ­րա­քան­չիւր մարդ-ան­հատ «ժա­ռան­գորդ» կար­գուած է, եւ կ՚ըն­դու­նի բա­ժին­ներ՝ ո­րոնք կը զար­գաց­նեն ու կը ճո­խաց­նեն իր ինք­նու­թիւ­նը։ Ան­հա­տին պարտքն ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնն է օգ­տա­գոր­ծել այդ «ժա­ռանգ»ը։ Ար­դա­րեւ, իւ­րա­քան­չիւր մարդ-ան­հատ պէտք է անձ­նուէր ըլ­լայ այն հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ՝ ո­րոնց մաս կը կազ­մէ, ինչ­պէս նաեւ յար­գանք՝ այն հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րուն եւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն՝ ո­րոնք պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ են «հա­սա­րա­կաց բա­րիք»ին։

Ուս­տի, իշ­խա­նու­թիւ­նը կո­չուած է ա­պա­հո­վե­լու եւ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­սա­րա­կաց բա­րի­քը։ Այս ի­մաս­տով իշ­խա­նու­թիւ­նը ծա­ռա­յու­թեան ո­գիով պէտք է մօ­տե­նայ հա­սա­րա­կու­թեան։ 

Ա­մէն մէկ հա­սա­րա­կու­թիւն կը սահ­մա­նուի իր նպա­տա­կով եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով կը հնա­զան­դի յա­տուկ կա­նոն­նե­րու։ Թէ ի՞նչ է այդ նպա­տա­կը։ Ան­վի­ճե­լի է, որ «մարդ­կա­յին անձ»ը՝ ան­հա­տը պէ՛տք է ըլ­լայ են­թա­կան, նպա­տա­կը եւ նա­խաս­կիզ­բը ըն­կե­րա­յին բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու։ Այս հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ, զոր օ­րի­նակ, ըն­տա­նի­քը եւ ոս­տա­նը, ա­ւե­լի ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն մարդ­կա­յին բնու­թեան։ Ա­նոնք անհ­րա­ժեշտ են մար­դուն։ Մե­ծա­գոյն թի­ւով ան­հատ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար ըն­կե­րա­յին կեան­քին, պէ՛տք է ընտ­րո­վի ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն գո­յու­թիւ­նը քա­ջա­լե­րել, զոր օ­րի­նակ, մշա­կու­թա­յին, ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան, մար­զա­կան, ժա­ման­ցա­յին, քա­ղա­քա­կան, ար­հես­տա­ւո­րա­կան նպա­տակ­նե­րու եւ թէ քա­ղա­քա­կան հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու նպա­տակ­նե­րուն ծա­ռա­յող հա­մըն­կե­րու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ հա­մաշ­խար­հա­յին գետ­նի վրայ։ 

Այս «ըն­կե­րականու­թիւն»ը կ՚են­թադ­րէ նաեւ բնա­կան ձգտում մը՝ որ կը մղէ ան­հատ­նե­րը ըն­կե­րու­թիւն կազ­մե­լու, հաս­նե­լու հա­մար բարձր նպա­տակ­նե­րու, ո­րոնք կը գե­րա­զան­ցեն «ան­հա­տա­կան կա­րո­ղու­թիւն»նե­րը եւ տա­րո­ղու­թիւ­նը։ 

Ար­դա­րեւ, ըն­կե­րա­յին կեան­քը կը զար­գաց­նէ ան­ձին յատ­կու­թիւն­նե­րը, մա­նա­ւա՛նդ ա­նոր նա­խա­ձեռ­նու­թեան եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան ո­գին։ Ըն­կե­րու­թիւ­նը իր ամ­բող­ջու­թեամբ կը սա­տա­րէ մար­դուն ի­րա­ւունք­նե­րը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու։ 

Այս ըն­կե­րա­յին ամ­բող­ջու­թեան մէջ իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ ու­նի իր պաշ­տօ­նը եւ դե­րը՝ ա­պա­հո­վե­լու, տե­ւա­կա­նաց­նե­լու եւ պահ­պա­նե­լու հա­մար այս «ըն­կե­րա­յին ամ­բող­ջու­թիւն»ը…։ 

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 17, 2015, Իս­թան­պուլ

 

Շաբաթ, Մարտ 7, 2015