ՄԵ՜Ծ ԸԼԼԱԼՈՒ ՎԷՃ ՄԸ
Ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք, սիրելի՜ բարեկամներ, մարդոց մէջ, մեր շուրջը, տեւական «մե՜ծ ըլլալ»ու, գերադասուելու եւ միշտ «աւելի՛ զօրաւոր երեւել»ու պայքար մը, մրցակցութիւն մը, տենչ մը կա՛յ։ Բայց ասիկա մեր օրերուն յատուկ երեւոյթ մը չէ՝ մարդ էակին ստեղծագործութեան ժամանակներէն իսկ գոյութիւն ունեցած է «Ես»ի մրցում մը, մաքառում մը եւ վէ՛ճ մը։
Զոր օրինակ, առէ՛ք «նախանձ»ի զգացումը, առէ՛ք «հպարտութիւն»ը, առէ՛ք եւ այն բոլոր մոլութիւնները՝ բոլորն ալ նպատակ ունին, ինքզինք, «Ես»ը գերադասելու, աւելի մե՛ծ ըլլալու տենչը, ուրիշը ստորագնահատելու նենգաւոր ու վատամիտ արտայայտութեամբ վեհ ու «կարեւոր» ցոյց տալու անհիմն կարծիքը ստեղծել, եւ ա՛յդպէս ներկայացնել ամէնուն։ Բայց մարդ, ի՛նչ որ է իրականին, ո՜րքան ալ ջանք թափէ, չի՛ կրնար փոխել ինքզինք։ Թերեւս արտաքնապէս, միջոցի մը համար կրնայ համոզել իր շուրջինները, սակայն միջոց մը վերջ կը յայտնուի մարդուս իսկակա՛ն չափը եւ աստիճանը՝ մե՞ծ թէ՛ պզտիկ…։
Ահաւասիկ, Աւետարանի մէջ ալ կը տեսնուի օրինակներ «մեծ երեւել»ու եւ մեծութեան մասին վէճերու։ Կը պետմուի, թէ անգամ մը Քրիստոսի աշակերտներուն մէջ վէճ ծագած է՝ թէ իրենցմէ ո՛վ պիտի նկատուի մե՛ծը։
Թէեւ Թոլսթոյ կ՚ըսէ, թէ՝ մարդոց արժէքը կարելի չէ հասկնալ իրենց ներկայ վիճակով, այլ իրաւ արժէքը՝ մարդու մը հասնիլ ուզած, երեւակայած դիրքն է, բայց ասիկա ըսուած է ո՛չ թէ բացասական իմաստով, այլ՝ դրական, քանի որ մարդիկ միշտ կը փափաքին աւելի լա՛ւ դիրք ունենալ, յառաջանալ, բարձրանալ եւ մէկ խօսքով կատարեալ ըլլալ, կատարեալին հասնիլ։ Իսկ մեծ ըլլալու անհիմն տենչը՝ որ ի վերջոյ ուրիշները ստորադասելու, ստորագնահատելու կը հասնի եւ ենթակային «եզակի» ըլլալու համոզումը կը գոյացնէ, ահաւասիկ ա՛յս է որ մոլութիւն կը համարուի։
Ուրեմն պէտք է զանազանել նպաստաւորը եւ աննպաստը, պէտք է անդրադառնալ տարբերութեան օրինական, ըստ կանոնի մրցակցութիւններուն եւ ապօրինի, ուրիշներուն արժանապատուութիւնը վիրաւորելով բարձրանալու տենչին։ Մարդիկ ազատութիւնը կը վայելեն բնականաբար, կատարելագործուելու՝ աւելի բարձր դիրքերու հասնելու զգացումին, այնքան ատեն որ հաւասար պայմաններով եւ անկեղծ ու անխարդախ միջոցներով կ՚արտայայտուի ու կը գործադրուի այդ մրցակցութիւնը եւ մե՜ծ ըլլալու փափաքը։
Աղքատ մարդ մը կը մօտենայ մեծահարուստի մը, եւ կը հարցնէ. «Ո՞րն է յաջողութեան ճամբան, ես ալ կ՚ուզեմ հարուստ ըլլալ»։ Մեծահարուստը նախ կը զարմանայ նման հարցում մը լսելով, այնուհետեւ մատով ցոյց կու տայ, թէ ո՛ւր կը գտնուի յաջողութիւնը։
Աղքատ մարդը՝ ոգեւորուած այդ թելադրանքէն, թէ արդէն յաջողութեան եւ հարստութեան ճամբայ մը գոյութիւն ունի, ըստ մեծահարուստին ցուցմունքին, կ՚ուղեւորուի դէպի այդ ուղղութեամբ եւ ուղղակի այդ ճամբուն կը դիմէ։ Բայց… ճամբան շատ մացառախիտ է, քարքարուտ եւ ճահճոտ։
Աղքատը կը մտածէ, որ գուցէ սխալ ճամբայ մտած է, եւ կը վերադառնայ դարձեալ հարուստին մօտը.
«Յաջողութեան եւ հարստութեան ճամբան ո՞ւր է», կրկին կը հարցնէ աղքատը։
Իսկ հարուստը, մատով դարձեալ նոյն ճամբան ցոյց կու տայ։ Ցոյց տուածը նո՛յն ճամբան է…։
Ուստի աղքատը կը սկսի նոյն ճամբուն վրայ քալել։ Այս անգամ արդէն կերպով մը կ՚անցնի ճահճուտը, մացառուտը, սակայն այս անգամ ալ խորունկ փոսի մը մէջ կ՚իյնայ, երկար ժամանակ կը տանջուի եւ ձեւով մը դուրս կու գայ փոսէն, եւ կը հասնի լեռներուն՝ ուր կը փորձէ բարձրանա՜լ։ Սակայն կը սայթաքի՝ կը սահի ու կ՚իյնայ, գետին կը գլորի եւ արիւնոտ ոտքերով, ջղայնացած՝ կ՚որոշէ կրկին երթալ ու բողոքել հարուստին.
«Ես քեզի ըսի եւ ցոյց տուի յաջողութեան ճամբան, իսկ դուն առանց հարցնելու՝ թէ այդ ճամբան ինչպէ՞ս պիտի օգտագործեմ, անմիջապէս ուղեւորուեցար», կ՚ըսէ հարուստ մարդը՝ հանդարտեցնելով ջղայնացած աղքատը։
Իսկ աղքատը՝ ջղայնոտ, կը շարունակէ բողոքել.
«Ես քեզի հարցուցի յաջողութեան եւ հարստութեան ճամբան, իսկ դուն ո՛վ գիտէ ուր ուղարկեցիր զիս», կը շարունակէ. «ես գացի նոյն այն ճամբաներով՝ որ դուն ցոյց տուիր ինծի։ Բայց ահա վիճակս՝ որ կը տեսնես։ Միթէ ա՞յս է յաջողութիւնը եւ հարստութիւնը»։
Հարուստը, հանդարտ ու պաղարիւն, մինչեւ վերջ մտիկ կ՚ընէ աղքատ մարդուն բողոքները։ Ներս կը քաշէ ծխախոտի վերջին քուլանները եւ կը պատասխանէ.
«Յաջողութիւնը եւ հարստութիւնը իսկապէ՛ս կը գտնուի այդ ուղղութեան վրայ, ուղղակի քիչ մը հեռու էր այն լերան կողէն՝ ուր դուն արդէն հասած էիր»։
Ուրեմն շատեր ուղղակի չեն հասկնար, չեն անդրադառնար, թէ ո՜րքան մօտ են այդ բաղձալի յաղթանակին, յաջողութեան այն պահուն, երբ արդէն կը վհատին, կը յուսալքուին եւ կը յանձնուին պարտութեան։
Ահաւասիկ, այն մարդոց կը նմանին անոնք, որ իրենք զիրենք յաջողակ, ճարպիկ կը նկատեն եւ այդպէս կը ներկայացնեն իրենց շուրջիններուն, յաղթական կ՚երեւին եւ հպա՛րտ։ Բայց չեն հանդուրժեր, չեն տոկար զանազան դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու՝ անմիջապէս կը յուսալքուին՝ դասալիք կ՚ըլլան կեանքի պայքարի դաշտէն։ Ուստի «աժան հերոս»ներ են, «ձրիակեր» եւ «մակաբոյծ» դատարկապորտներ՝ ամէն անոնք, որ իրենք իրենցմով հպարտ են, մեծամիտ ու ինքնահաւան, եւ իրենք զիրենք անփոխարինելի կը կարծեն եւ կը նախատեն, կ՚անարգեն ուրիշները, անոնք, որ տարբերութիւն չունին իրենցմէ եւ թերեւս շատ աւելի արժէքաւոր, գնահատելի եւ իմաստո՛ւն։ Մինչդեռ մարդուս, ստեղծագործութեան պահէն իսկ ստացած կոչումն է՝ իրերօգնութիւն, զիրար ամբողջացնել, զիրար լրացնել։ Ապա ուրեմն, ինչո՞ւ ոմանք ուրիշներէն վե՛ր կը համարեն իրենք զիրենք։
Կեանքը ա՛յդպէս է՝ երջանկութիւնը, յաջողութիւնը, հարստութիւնը «միասին ըլլալ»ու մէջ է, եւ եթէ միութիւն կայ՝ հոն կա՛յ յաջողութիւն, յաղթութիւն եւ հարստութի՛ւն։ Անոնք որ զիրար չեն նախատեր, չեն ստորագնահատեր, կը միացնեն իրենց միտքն ու զգացումը՝ ո՛չ ոք կրնայ կոտրել, բեկել, փշրել զանոնք, իսկ առանձին մարդը միշտ դատապարտուած է պարտուե՛լու։
Ուժերու միացումով կը ստեղծուի «հասարակաց ուժ»՝ որ աւելի զօրաւոր է, քան՝ մէկ ուժը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 2, 2016, Իսթանպուլ