ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԷ ԱՆՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԻՒՆ

Մարդոց մտայնութեան մէջ յաճախ մասերու բաժնուած են պետութիւնները՝ զարգացած կամ յետամնաց, կրթուած ու անկիրթ խորագրեալ բաժանումներով, սակայն ժամանակը կը փաստէ, որ մարդոց մտայնութիւնը՝ որու հետեւանքով նաեւ ազգերունը, ժամանակի ընթացքին կրնան փոփոխութիւններ կրել եւ պետութեան մը աստղը, որ այսօր կը փայլի, կրնայ նոյն փայլքը չունենալ մի քանի տասնամեակներ ետք: Այդ փոփոխութիւնը ներկայէն աւելի կախեալ է ապագայէն եւ հասակ առնող նոր սերունդէն, որովհետեւ լաւ կրթուած սերունդ մը միայն կրնայ ազգի մը ճակատագիրը եւ ընթացքը փոխել, մինչ հակառակը կրնայ չքացնել գոյութիւն ունեցող աստղի փոքր լոյսն անգամ:

Այս է պատճառը, որ մեր իրականութենէն ներս կարեւոր տեղ կը գրաւէ Զարթօնքի սերունդը, որովհետեւ անոնց միջոցով է, որ զարգացաւ գիր-գրականութիւնը՝ որ օգնեց մարդիկը դաստիարակել եւ սխալը ճիշդէն զանազանել. Պարոնեան կամ Օտեան երբեւէ նպատակ չունեցան ժողովուրդի թերութիւններուն վրայ ծիծաղելու կամ անպատուելու, այլ զանոնք երեւան հանելով ուզեցին ցոյց տալ անոնց տգեղութիւնները:

Պէտք է ընդունիլ, որ անցեալին հայ ժողովուրդը քաղաքակրթուած ժողովուրդ մը չէր։ Գարեգին Սրուանձտեանց իր Վիճակագրական յօդուածներէն «Հաս ու չհաս եւ Ս. Եկեղեցւոյ օրէնք» խորագրեալ գրութեան մէջ խօսելով այդ հին մտայնութիւններուն մասին կը յայտնէ, թէ «քրդեր ու տաճիկներ կը ծիծաղին հայոց օրինաց վրայ». այսօր մեզմէ շատեր զանոնք յետամնաց ու անյառաջադէմ կը նկատենք, սակայն կը տեսնենք, որ անցեալը եւս այնքան ալ փայլուն չէ եղած:

Ազգերու զարգացած ըլլալն ու չըլլալը կը նմանի մարդու մը սիրտի զարկերուն, որովհետեւ այնպէս ինչպէս կը յառաջդիմէ, շատ անգամ ալ տեղքայլի կը դիմէ. օրինակ՝ երբ լաւապէս սերտենք մեր պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, որ ունեցած ենք Ոսկեդար մը՝ զարգացման ու յառաջդիմութեան շրջան մը, որուն յաջորդած է մի քանի դարերու լռութիւնը՝ մինչեւ Շնորհալի, Նարեկացի եւ այլն ու այսպէս անընդհատ վերիվայրումներու շրջան մըն է պարզապէս:

Մերօրեայ մտաւորականներու պակասի զգացումը բնական հայելին է որոշ յետընթացութեան, որովհետեւ ունեցանք այնպիսի Զարթօնքի սերունդ մը՝ որմէ շա՜տ հեռու ենք այսօր եւ նոր գրողներուն տեղ հիներուն անդադար յիշատակումը արդէն իսկ փաստն է այդ մտային հարստութեան մեծութեան: Մերօրեայ սերունդը 1980-1995 թուականներուն գործող գրողներ չճանչցաւ հաւանաբար, սակայն հակառակ 21-րդ դարու սերունդ ըլլալուն, ճանչցաւ ու լսեց Չարենց, Շիրազ, Բակունց, Շիրվանզադէ եւ այլք. 1980-1995 թուականներուն չունէի՞նք գրողներ… վստահաբար ունէինք, սակայն սերունդներ իրենք կ՚որոշեն ապրեցնել գրողները, թէ ոչ:

Ազգի մը զարգացած ըլլալ չըլլալը կարելի է փաստել իր յիշատակուող գրողներով, որովհետեւ մեր ազգի նման ազգ մը, որ միայն իր հին գրողներով կը հպարտանայ՝ վստահաբար ունի դժբախտ ներկայ մը: Յաճախ որպէս առաւելութիւն կը նկատենք հիները յիշելը, սակայն իրականութեան մէջ հիները յիշելը պայմանաւորուած է նորերու «չգոյութենէն»: Նախապէս յօդուածի մը մէջ յիշած էինք, որ ազգ մը դէպի զարգացում առաջնորդողը մտաւորականութիւնն է, որ անցեալին գոյութիւն էր նաեւ քաղաքականութեան մէջ, սակայն այսօր մերօրեայ մտաւորականները գրեթէ դուրս դրուած են ամէն ոլորտէ եւ այդ մէկը ինքնին յետամնացութեան կը տանի հասարակութիւնը:

Կայ այլ սխալ մը, որ յաճախ նոր մտաւորականները կը փորձենք համեմատել հիներուն հետ։ Այո՛, նոր մտաւորականները նման չեն հիներուն, սակայն ի նկատի պէտք է ունենալ, որ հասարակութիւնը եւս այսօր նման չէ անցեալի հասարակութեան, արհեստագիտութիւնը նոյնպէս նման չէ՛ անցեալի արհեստագիտութեան եւ կարելի չէ անարդարօրէն ոչ-հաւասար համեմատականներ կատարել։ Այսօր ամէ՛ն բան տարբեր է հիներէն: Կը սիրենք հինը, սակայն կ՚ուզենք նորին մէջ ապրիլ. նորը զարտուղի կը գտնենք, սակայն հինով ապրողը յետամնաց կը նկատենք ու այսպէս քաոսի մը մէջ կ՚ուզենք քաղաքակրթութիւն մը հիմնել՝ որ հեռու է իրականութենէն:

Այսօր Ամերիկան, Եւրոպան եւ այլ երկիրներ իմաստուն ու զարգացած կը նկատենք, սակայն կ՚ուզենք յստակեցնել, որ կար ժամանակ, երբ անոնց տեղ նոյն կարծիքին կ՚արժանանար Հայաստանը՝ իր արհեստով, իր արուեստով, գիր-գրականութեամբ ու հարստութիւններով: Սակայն, ցաւ ի սիրտ, կորսնցուցած ենք այդ բոլորը:

Նոյն վիճակին արժանացած է այսօր Լիբանանը, որ Աստուածաշունչի մէջ յաճախ գովասանքով ու մեծարանքով յիշուած է, սակայն այսօր կը պարզէ ցաւալի վիճակ մը:

Այս բոլորը ակամայ մտածել կու տայ ապագային մասին՝ որ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար անյայտ է. մաղթենք, որ այնքան ալ լաւ վիճակ չպարզող մեր հայրենիքը Լիբանանի կամ այլ կործանած երկիրներու վիճակը չ՚ունենար:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -186-

Լիբանանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրապետ եղած ժամանակ դպիրներէն մին անկեղծ գտնուելով իր տան մէջ գոյութիւն ունեցող հարցի մը մասին խօսեցաւ. կինը առնելով իր զաւակները կը դիմէր աղանդաւորական շարժումներէն մէկուն. այլեւս եկեղեցի չէր յաճախեր եւ զաւակները եւս կ՚արգիլէր, մինչ ինք ամէն կիրակի կու գար եկեղեցի եւ կը ծառայէր:

Յոյս ունէր, որ ժամանակի ընթացքին համոզել կինն ու զաւակները. «մօտ օրէն կը տեսնես, պիտի գան», կ՚ըսէր:

Ժամանակ մը ետք ինք սկսաւ չգալ. ընտանիքը փրկած էր ի՛նք եւս յաճախելով այդտեղ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2023