ՀԱՅ ՄԸ ՊԻՏԻ ԾՆԻՍ…

Արդէն իսկ 27 տարիներէ ի վեր՝ 1995 թուականէն սկսեալը 7 ապրիլը ազգային տօնացոյցին համաձայն, Հայրենիքէն ներս կը նշուի որպէս Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր: Հայ Առաքելական Եկեղեցին ապրիլի 7-ը կը նշէ որպէս Սուրբ Աստուածածնի աւետման տօն:

Հազարամեակներ առաջ Գաբրիէլ հրեշտակ կու գայ աւետելու Սուրբ Կոյս Մարիամին, թէ «ուրախացի՛ր, Տէրը քեզի հետ է. ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես. Անիկա մեծ պիտի ըլլայ...» (Ղուկաս 1. 30-32):

Աշխարհի «փրկութեան» լուրը մարդ արարածին փոխանցուեցաւ կնոջ մը՝ Ս. Աստուածածինին միջոցաւ եւ հետեւաբար հայութեան փրկութեան յոյսի աւետումը սպասելու յոյսով հաւանաբար այս օրը նուիրուեցաւ հայ մայրերուն, հաստատ գիտնալով, որ անոնցմէ ծնող զաւակներն են, որ պիտի դառնան փրկիչները այս հայրենիքին:

Դարեր առաջ վարդապետ եւ մատենագիր խօսելով մօր դերակատարութեան մասին՝ կ՚ըսէր, եթէ ան թերանայ իր պատասխանատուութեան մէջ, Աստուծոյ ատեանին առջեւ ի՛նք պատասխանատու պիտի ըլլայ զաւակներուն գործած չարիքներուն համար. նոյն այդ պատասխանատուութիւնը կը կրէ ամէ՛ն մայր՝ որ իր զաւակին մէջ չէ կրցած բոցավառել հայկականութեան հանդէպ ունեցած կապուածութիւնն ու սէրը, որովհետեւ բոլորս ալ գիտենք, թէ մօր փոխանցած դաստիարակութիւնը հազարապատիկ աւելի՛ ազդեցութիւն ունի մանուկին վրայ, քան դպրոցական գրասեղաններուն վրայ նստած մանուկներուն փոխանցուած գիտութիւնը:

Մեր նախնիները փորձած են հայ մօր տիպարը մեր մէջ քանդակել անապատի հողերուն վրայ իր զաւակին այբուբենը սորվեցնող մօր կերպարով. փորձած են հայ մօր հայրենասիրութիւնը մեր մէջ քանդակել Կապուտիկեանի «թէ մօրդ անգամ սրտիցդ հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս» խօսքերով: Փորձեցին հայ մօր տիպարը մեր մէջ քանդակել Սօսէ Մայրիկով, որ զէնքը ձեռքին իր ամուսնոյն կողքին անվեհեր կը կռուէր:

Ի՞նչ եղաւ այդ մայրերուն. անոնք ե՞րբ անապատի այբուբենէն յանկարծ փոխանցուած կրթութեան սլաքը դարձուցին դէպի անգլերէնն ու ֆրանսերէնը. ինչպէ՞ս եղաւ յանկարծ, որ այդ նոյն հայ մայրը «այբ», «բեն» ու «գիմ»ի փոխարէն «A - B - C» սորվեցնելու սկսաւ. ինչպէ՞ս եղաւ որ նոյն այդ մօր զաւակները տրուած խրատին տեղերը շփոթելով փոխան իրենց մօր անուններուն մոռցան այն՝ որ պէտք չէ մոռնային՝ մայրենի լեզուն:

Կարդացէ՛ք մի քանի օր առաջ մեր յիշած նահատակներուն մասին. պիտի տեսնէ՛ք, թէ անոնք իրենց անհատական նամակներուն մէջ ինչպէ՜ս արտայայտուած են իրենց մայրերուն հանդէպ, որոնք ո՛չ մէկ հարըս-տութիւն ունենալով կրցած են անոնց տալ ամենէն սուղը՝ հայրենասիրութիւնն ու հայու արիւնը, որոնց համար աշխարհի ամենէ՛ն մեծ գանձն ու ժառանգն է:

Անոնցմէ Ասատուր Կիւզէլեան իր մօր մասին խօսելով Մավեանին ղրկած 30 ապրիլ 1972 թուակիր նամակին մէջ կը գրէ. «Հազար օրուան տառապանքին դիմաց հազիւ թէ մէկ օրուան ուրախութիւն ապրած ըլլայ». կեանքի տառապանքներն ու դժուարութիւններն են որ ծնունդ տուին նման սերունդի մը՝ որոնք կրցան կեանք տալ սփիւռքահայ կեանքին։ Փաստօրէն ճի՛շդ է ըսուած այն բանը, թէ դժուարութեան մէջէն հերոսներ կը ծնին. այդ հերոսները դիւրութիւններ կը ստեղծեն, որ իր կարգին ժամանակի ընթացքին կը վերածուի դժուարութեան՝ մինչեւ նորերը ծնին:

Կասկածէ վեր է, որ մենք այսօր այդ դժուարին օրերն ու պահերն է որ կ՚ապրինք, այն յոյսով որ աւետում մըն ալ մեզի կատարուի եւ ծնին անոնք՝ որոնք պիտի կարենան դժուարութեան մէջէն պատմութեան ոսկեզօծ էջեր ստեղծել:

Աւետման այդ նոյն հաւատքով էր հաւանաբար որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2013 տարին հռչակեց «Հայ մօր տարի», շեշտելու համար այն դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը, որ միա՛յն մայր մը կրնայ իր զաւակին փոխանցել: Վեհափառին խօսքերով «Հայ մայրո՛վ հայը հայ մնաց՝ պատմութեան ամեհի ալիքներուն դիմաց». այս խօսքերուն կը յաջորդէ արդէն իսկ կամաց կամաց իր ճշդութիւնը կորսնցնող այլ հաստատում մը. «Հայ մայրո՛վ հայը հայ է՝ ներկայ ժամանակներու ինքնութիւն ապականող հոսանքներուն դիմաց»... այսօր հայ մայրը գրեթէ ի՛նք դարձած է օտար եւ օտար մօրմէն հայ զաւակ սպասելը էշը խօսեցնելու փորձէն տարբեր բան մը չի կրնար ըլլալ:

Շիրազի, Սեւակի, Մավեանի, Կիւզէլեանի եւ նման հազարաւորներու մայրերը իրենց ետին գեղեցիկ նկարներ ու հազար ու մէկ արտառոց բաներ չձգեցին, սակայն աշխարհին տուին շա՜տ աւելին՝ իրենց զաւակներուն մէջ իրենց ցանած հայրենասիրութեան ճամբով եւ իրենց ջամբած այդ կրթութեան ճամբով իսկ անմահացան:

Նման մնայուն հարստութիւն մը ձգած, ժամանակաւոր փուճ արժէքներ առջեւ կը քաշենք այսօր ազգովի, աղօթելով՝ որ այդ աւետումը չուշանայ աւելի: Չուշանայ այն աւետիսը, որ կ՚ըսէ «զաւակ մը պիտի ծնիս, սակայն Միշելի փոխարէն Հայկ պիտի կոչես զայն՝ որովհետեւ ան է որ պիտի յաղթէ Բէլին»:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՐԱ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
(1902-1969)

Մեր թուականէն 120 տարիներ առաջ՝ 7 ապրիլ 1902-ին Պոլսոյ մէջ ծնած է քանդակագործ, Երեւանի Նկարիչներու միութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ, Երեւանի Գեղարուեստական կաճառի հիմնադիր եւ Հայաստանի քանդակագործութեան հիմնադիր Արա Սարգսեան:

Սարգսեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Տատեան վարժարանէն ներս. այնուհետեւ ընտանիքին հետ փոխադրուած է Բերա թաղամասը, ուր ուսումը շարունակած Էսաեան վարժարանէն ներս:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Արա կիսատ թողլով ուսումը սկսած է աշխատիլ տարբեր ոլորտներու մէջ՝ զբաղուելով գրագրութեամբ, գծագրութեամբ եւ այլ գործերով: Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Արա Սարգսեան իր ուսումը շարունակած է Պոլսոյ Գեղարուեստական վարժարանէն ներս, ուր ծնունդ առած է արուեստագէտի առաջին աշխատութիւնները. այդտեղ Արա նկարած է իր առաջին գործերը. ինչպէս՝ «Քաղց»ը՝ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ազդեցութեամբ, «Երաժշտութիւնը», «Յուսահատութիւն» եւ ուրիշներ:

Արա Սարգսեան գեղարուեստական վարժարանէն գերազանցութեամբ շրջանաւարտ եղած է 1921 թուականին եւ ուսումը շարունակելու համար մեկնած է Հռոմ եւ ապա անցած է Վիեննա, ուր աշակերտած է ժամանակուան յայտնի քանդակագործներու: Այդտեղ Արա մասնագիտացած է դիմաքանդակութեան արուեստին մէջ: Իր առաջին ցուցահանդէսները ունեցած է Վիեննայի մէջ եւ առաւելաբար յայտնի դարձած՝ 1924 թուականին ստեղծագործած «Լուռ վիշտը» աշխատանքով, որ կարելի է նայիլ բոլոր կողմերէն եւ իւրաքանչիւր կողմի վրայ տեսնել տարբեր արտայայտութիւն: Վիեննայի մէջ կատարած աշխատութիւններուն շնորհիւ Արա Սարգսեանի գործերը ներկայացուած են օրուան մամուլի ճամբով. անոր գործերէն շատեր մինչեւ այսօր տեղադրուած են Վիեննայի շարք մը թանգարաններուն, Վիեննայի Երաժշտութեան եւ կատարողական արուեստի համալսարանէն ներս, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան թանգարանէն ներս:

Հռոմ եւ Վիեննա գտնուելու միջոցին Արա Սարգսեան մասնակցած է նաեւ կուսակցական շարժումներու եւ զանազան գործողութիւններու, սակայն նկատի ունենալով Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս ապրիլը՝ ժամանակակիցներ զգուշացած են անոր անունը յիշելէ եւ շատ անգամ գործածած են «Ա. Ս.» սղագրութիւնը:

Արա Սարգսեան վերջնականապէս Հայաստան հաստատուած է 26 ապրիլ 1925 թուականին։ Հայաստան գալով Սարգսեան Երեւանի Գեղարուեստական վարժարանէն ներս բացած է քանդակագործութեան բաժին եւ երկար տարիներ ուսուցչութիւն կատարած է: Սարգսեան 1930 թուականին փորձած է ի մի համախմբել Երեւան ապրող բոլոր հայ նկարիչներն ու արուեստագէտները եւ այսպիսով հիմնած է Հայաստանի Նկարիչներու միութիւնը, որ գլխաւորած է մինչեւ 1937 թուականը:

Սարգսեանի ջանքերով 1945 թուականին Երեւանի մէջ հիմնուած է Երեւանի Գեղարուեստական կաճառը, որուն ղեկավարն ու վարիչը դարձած է ինք՝ մինչեւ 1959 թուականը:

Սարգսեանի նշանաւոր գործերը անոր կատարած դիմաքանդակներն են. ան քանդակած է Վահան Թոթովենցի, Մանուկ Աբեղեանի, Հրաչեայ Աճառեանի, Ալեքսանդր Միասնիկեանի, Թորոս Թորամանեանի, Րաֆֆիի, Միքայէլ Նալպանտեանի, Եղիշէ Չարենցի, Պարոյր Սեւակի, Վարդան Աճէմեանի, Խաչատուր Աբովեանի, Գաբրիէլ Սունդուկեանի եւ բազմաթիւ յայտնի հայ արժէքներու դիմաքանդակները:

Քանդակագործութեան կողքին Արա Սարգսեան զբաղած է նաեւ թատերական ձեւաւորման աշխատանքով. Սունդուկեանի անուան թատրոնէն ներս ձեւաւորած է «Սեւ գնացք», «Այգեբացին», «Մեծապատիւ մուրացկաններ», «Պաղտասար Աղբարը» եւ բազմաթիւ այլ ներկայացումներ:

Շնորհիւ իր վաստակին՝ Արա Սարգսեան արժանացած է «Աշխատանքային կարմիր դրօշ», «Կովկասի պաշտպանութեան համար», «Պատուոյ նշան» եւ «Հայրենական մեծ պատերազմին քաջարի աշխատանքի համար» շքանշաններուն: Արուեստագէտը 1935 թուականին արժանացած է Արուեստի վաստակաւոր գործիչ, իսկ 1950-ին Ժողովրդական նկարիչ կոչումներուն: Իր կատարած շատ մը քանդակագործութիւններուն համար արժանացած է պետական մրցանակներու:

Արուեստագէտը մահացած է 13 յունիս 1969 թուականին, Երեւանի մէջ: Երեւանի մէջ ի յիշատակ արուեստագէտին բացուած է Արա Սարգսեանի եւ Յակոբ Կոջոյեանի համատեղ տուն-թանգարանը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 7, 2022