ԱՐԱՐԻՉ ԵՒ ՆԱԽԱԽՆԱՄ

Աստուծոյ փառքը այն է, որ իրականան Իր սիրոյ, բարութեան եւ իմաստութեան յայտնութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը՝ որոնց հեռանկարով ստեղծուեցաւ աշխարհը։ Իր կամքին բարեհաճ ծրագիրը այս եղաւ. ընել մեզ «որդեգիրներ Յիսուս Քրիստոսի մեր Տիրոջմով, ի գովաբանութիւն փառքի Անոր շնորհքին». (ԵՓՍ. Ա 5-6), քանի որ Աստուծոյ փառքը կենդանի մա՛րդն է, իսկ մարդուն կեանքը Աստուծոյ տեսութիւնն է։ Եթէ Աստուծոյ յայտնութիւնը արարչագործութեամբ երկրի վրայ ապրող բոլոր արարածներուն արդէն իսկ կեանք տուաւ, որքան աւելի յայտնութիւնը Հօր՝ Բանով, կեանք պիտի տայ անոնց, որոնք կը տեսնեն Աստուած, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Երանոս Լիոնցի։

Վերջնական վախճանը արարչագործութեան այն է, որ Աստուած՝ «որ արարիչն է բոլոր արարածներուն, ըլլայ ի վերջոյ ամէն ինչ ամէն բանի մէջ». (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 28), իրականացնելով միանգամայն Իր փառքը եւ մեր երանութիւնը։

Միակ եւ ճշմարիտ Աստուածը, բոլորովին ազատ ծրագրով, ժամանակներուն սկիզբէն իսկ, Իր բարութեամբ եւ իր ամենակարողութեան զօրութեամբ. ոչինչէն ստեղծեց թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ մարմնաւոր արարածը, ո՛չ թէ աճեցնելու համար Իր երանութիւնը, ո՛չ ալ ձեռք ձգելու համար Իր կատարելութիւնը, այլ զայն յայտնելու համար Իր արարածներուն տուած բարիքներով։

Ասիկա հիմնական եւ էական ճշմարտութին մըն է, զոր Սուրբ Գիրքը եւ Աւանդութիւնը չեն դադրիր ուսուցանելէ եւ հանդիսակատարելէ. «Աշխարհը ստեղծուեցաւ Աստուծոյ փառքին համար»։

Աստուած ստեղծեց ամէն բան՝ Ա՛ն է Արարիչը, եւ նաեւ՝ Նախախնա՛մը։ Ան աշխարհը ստեղծեց իր փառքը յայտնելու եւ հաղորդելու համար։ Որովհետեւ Աստուած ստեղծելու ուրիշ պատճառ չունի եթէ ոչ Իր սէրը եւ Իր բարութիւնը։

«Սիրոյ բանալին է, որ Անոր աջը բացաւ, որպէսզի ստեղծէ արարածները», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ «Սկիզբէն, Աստուած ստեղծեց երկինքը եւ երկիրը». (ԾՆՆԴ. Ա 1)։ Աստուածաշունչին այս առաջին խօսքերով երեք հաստատում կը կատարուի. յաւիտենական Աստուածը սկի՛զբ մը դրաւ ամէն էութեան՝ որ գոյութիւն ունի Իրմէ դուրս։ Միա՛յն Ինքն է արարիչ։ Գոյութիւն ունեցողներու ամբողջութիւնը՝ որ արտայայտուած է «երկինք եւ երկիր» բանաձեւով, կախում ունի Անկէ՝ որ անոնց լինելութիւն կու տայ։ «Սկիզբէն էր Բանն… եւ Բանն Աստուած էր». (ՅՈՎՀ. Ա 1-3), «Ամէն ինչ Անով եղաւ եւ առանց Անոր ոչինչ եղաւ»։

Նոր կտակարանը կը յայտնէ, թէ Աստուած ստեղծեց ամէն ինչ Յաւիտենական Բանին միջոցով, որ Իր սիրելի Որդին է։ Անով է որ «ստեղծուեցան ամէն ինչ, երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ…»։ Ամէն ինչ ստեղծուեցաւ Անով եւ Անոր համար։ Ան ամէն բանէ առաջ է եւ ամէն ինչ կը գոյանայ Անով։ (ԿՈՂ. Ա 16-17)։ Եկեղեցւոյ հաւատքը կը հաստատէ նաեւ արարչագործ ներգործութիւնը Սուրբ Հոգիին. Ան է պարգեւատուն կեանքին եւ աղբիւրը ամէն բարիքին։ Այս ուղղութեամբ, Աստուած ըստ Իր իմաստութեան ստեղծեց աշխարհը։ Ան յառաջ կու գայ Աստուծոյ ազատ կամքէն՝ որ ուզեց արարածները մասնակից դարձնել Իր էութեան, Իր իմաստութեան եւ Իր բարութեան։

Արարչագործութիւնը ունի իր իւրայատուկ լաւութիւնը եւ կատարելութիւնը, բայց ան Արարիչ ձեռքերէն չելաւ բոլորովին աւարտած։ Ան ստեղծուեցաւ «ընթացքի վիճակի մէջ», ան կ՚ընթանայ դէպի նուաճելի վերջին կատարելութիւն մը՝ որուն սահմանած է զայն Աստուած։ Այն միջոցառումները որոնցմով Աստուած կ՚առաջնորդէ Իր արարչագործութիւնը դէպի այս կատարելութիւնը, մենք զայն կը կոչենք «աստուածային նախախնամութիւն»։

Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով, Աստուած՝ Արարիչ է եւ Նախախնամ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 31, 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Ապրիլ 7, 2023