ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾՐԱԳԻՐԸ

Մարդ, մեկնելով Աստուծոյ գործերէն, բնական բանականութեամբ կրնայ ստուգապէս ճանչնալ զԻնք։ Բայց կայ նաեւ ուրիշ ճանաչումի «կարգ» մը՝ որուն մարդ չի՛ կրնար հասնիլ իր սեփական ուժերով. աստուածային Յայտնութան կարգն է այն։ Արդարեւ, Աստուած Ի՛նք կը յայտնէ Ինքզինք մարդուն՝ բոլորովին ազատ որոշումով։ Ասիկա կ՚իրականանայ յայտնելով Իր խորհուրդը՝ Իր հաճութեան «ծրագիր»ը՝ զոր կազմած է յաւիտեան Քրիստոսի մէջ՝ ի նպաստ ամբողջ մարդկութեան։ Ան Իր «ծրագիր»ը ամբողջովին կը յայտնէ առաքելով Իր սիրելի Որդին՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը եւ Սուրբ Հոգին։

Արդարեւ, Իր իմաստութեան եւ բարութեան մէջ հաճոյ թուեցաւ Աստուծոյ յայտնել Ինքզինք եւ ճանչցնել Իր կամքին խորհուրդը, որուն շնորհիւ մարդիկ, Քրիստոսով՝ մարմնացեալ եւ մարդացեալ Բանով, կը մերձենան Հօր՝ Սուրբ Հոգիի մէջ եւ մասնակից կ՚ըլլան «աստուածային բնութեան» եւ կը ճանչնան Աստուծոյ Ծրագիրը։

Աստուած՝ որ «կը բնակի անմատչելի լոյսին մէջ» (Ա ՏԻՄ. Զ 16), կ՚ուզէ Իր իսկ աստուածային կեանքը եւ ծրագիրը յայտնել եւ հաղորդել մարդոց՝ որ Իր ամենայն ազատութեամբ ստեղծած է, որպէսզի Իր Միածին Որդիով զանոնք «որդեգիրներ» դարձնէ։

Աստուած, Ինքզինք յայտնելով կ՚ուզէ որ մարդիկն ալ ատակ դառնան ընդառաջելու Իրեն, ճանչնալու եւ սիրելու զԻնք, աւելի քան ինչ որ իրենց սեփական միջոցներով պիտի չկարենային։

Հոս շեղում մը ընենք, եւ ծանրանանք «ճանչնալու եւ սիրելու» հարցին վրայ։ Արդարեւ, սիրելու զգացումը գոյանալու համար «սիրելու նիւթ» մը պէտք է որ գտնուի՝ անձ մը, երեւոյթ մը կամ որեւէ իր կամ իրողութիւն։ Սիրոյ զգացումը միայն այս կերպով կը գոյանայ եւ զգացումի կը վերածուի. ապա թէ ոչ, սէրը բոլորովին վերացական, բոլորովին մտացածին գաղափար մը կը մնայ եւ ոչ թէ զգացում մը՝ որ կը սպասէ յայտնուիլ որեւէ էութեան մը։ Ուրեմն կը հետեւի, թէ սիրելու համար նախ եւ առաջ պէտք է «սիրելու նիւթ»ը ճանչնալ։ Այլապէս սէրը որեւէ իմաստ չ՚ունենար, միա՛յն վերացական գաղափար մը։ Այս կը նշանակէ որ մարդ սիրելու համար, պէտք է ճանչնայ այն՝ ինչ որ պիտի սիրէ, սիրելու արժանի պիտի ըլլայ։ Սիրոյ զգացումին համար «սիրելու արժանի էութիւն» մը անհրաժեշտ է։ Եւ ահաւասիկ, այս իմաստով, Աստուած սիրելու համար պէտք է, անհրաժեշտ է նախ զԱստուած ճանչնալ։ Ուրեմն երբ Աստուած Ինքզինք կը յայտնէ, այս կը նշանակէ զԻնք «ճանչնալ» որպէսզի կարելի ըլլայ «սիրե՛լ»։

Այս հարկաւոր շեղումէն ետք շարունակենք մեր խորհրդածութիւնը։

Աստուած Իր արարչագործութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ հաստատած է ընդհանուր ծրագիր մը՝ որուն իրագործումը կը շարունակուի մինչեւ այդ ծրագրին ամբողջութեամբ կատարուիլը։

«Յայտնութիւն»ն ալ ահաւասիկ, այդ ծրագրին կարեւոր եւ անհրաժեշտ մէկ մասն է։ «Յայտնութեան Աստուածային Ծրագիր»ը կ՚իրագործուի միանգամայն «արարաքներով եւ խօսքերով»՝ որոնք սերտօրէն կապուած են իրարու եւ փոխադարձաբար զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ կը լուսաբանեն։

Աստուած աստիճանաբար կը հաղորդէ Ինքզինք մարդուն՝ զայն հանգրուաններով կը պատրաստէ Ինքզինք ճանչցնելու եւ ընդունելու գերբնական Յայտնութիւնը։ Այս Յայտնութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի մարմնացեալ եւ մարդեցեալ Բանին՝ Յիսուս Քրիստոսի Անձին եւ առաքելութեան մէջ։

Արդարեւ, Աստուած Բանով ստեղծեց եւ ամէն ինչ Բանով կը պահպանէ, կը խնամէ, եւ ստեղծուածներուն միջոցով կու տայ մարդոց անընդհատ վկայութիւն Ինքնիր մասին։

Ուստի մարդ երբ իր անհնազանդութեամբ կորսնցուց Աստուծոյ բարեկամութիւնը, Ան երբեք չլքեց զինք, այլ շարունակեց գործադրել Իր ծրագիրը՝ որ հաստատած էր ստեղծագործութեան առաջին պահէն իսկ։ Աստուած ծրագիր մը հաստատեց, քանի որ ստեղծագործութիւնը ունէր «պատճառ» մը, «նպատակ» մը եւ «իմա՛ստ» մը։ Եւ որեւէ գործ՝ որ նպատակ մը ունի, եւ թէ ունենալո՛ւ է, թէ ոչ ան «գործ» մը չըլլար, անհրաժեշտ է ունենալ նաեւ «ծրագիր» մը՝ որ պիտի իրագործէ նպատակը։

Ամէն նպատակ ունի իր ծրագիրը, եւ ուրեմն Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն ալ ունի իր ընդհանուր, աստուածահաստատ ծրագիրը։

Արդարեւ, մարմնացեալ եւ մարդացեալ Բանին Անձին մէջէն աստուածային Իմաստութեան հետ ունեցած Իր միութեամբ, Քրիստոսի մարդկային ճանաչումը լիուլի ունէր «յաւիտենական ծրագիր»ներուն գիտութիւնը, զորս յայտնելու համար եկած էր. «ՄԱՐԿ. Ը 31, Թ 31, Ժ 33-34, ԺԴ 18-20, 26-30)։

Հաւատքի Հանգանակին՝ «Հաւատամք»ին մէջ Եկեղեցին կը դաւանի Ամենասուրբ Երրորդութեան խորհուրդը եւ ամբողջ արարչութեան նկատմամբ Անոր «բարեհաճ ծրագիր»ը. «Որովհետեւ իր կամքին համաձայն մեզի յայտնեց շատ կանուխէն պատրաստած իր ծրագիրը, որ Քրիստոսով պիտի իրագործուի» (ԵՓԵՍ. Ա 9)։ Քրիստոսի խորհուրդը պատմութեան մէջ յայտնուած է եւ իրականացած՝ ըստ ծրագրի մը, ըստ իմաստութեամբ կարգաւորուած «տնօրինում»ի մը, զոր Պօղոս առաքեալ կ՚անուանէ «խորհուրդին տնտեսութիւնը»։ «Եւ լուսաւորեմ բոլորը, որպէսզի տեսնեն թէ ի՛նչպէս Աստուած կ՚իրագործէ իր ծրագիրը» (ԵՓԵՍ. Գ 9)։

Եւ երբ կը խօսուի «աստուածային ծրագիր»ի մասին, որ ընդհանուր խարիսխն է ստեղծագործութեան, այս կը նշանակէ՝ որ մարդկային կեանքի մէջ ամէն ինչ որ կը կատարուի եւ կ՚իրականանայ եւ պէ՛տք է իրագործուի, այս «Ծրագի՛ր»ին պատճառով է եւ ո՛չ թէ «Ճակատագիր»ի, որ շատեր անոր կը վերագրեն պատահածները…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 13, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մայիս 7, 2019