ԽԱՌՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ, տար­բեր դա­ւա­նանք­նե­րու՝ մրկտուած ուղ­ղա­փառ եւ կա­թո­ղի­կէ քրիս­տո­նեա­նե­րու մի­ջեւ «խառն ա­մուս­նու­թեան» պա­րա­գա­ներ կը ներ­կա­յա­նան բա­ւա­կան յա­ճա­խա­կի կեր­պով։ Ա­սի­կա ա­մու­սին­նե­րուն եւ հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րուն յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ։ Իսկ, դար­ձեալ մկրտուած՝ ուղ­ղա­փառ կամ կա­թո­ղի­կէ քրիս­տո­նեա­նե­րու մի­ջեւ «պաշ­տա­մուն­քի տար­բե­րու­թեամբ» կա­տա­րուած ա­մուս­նու­թիւն­նե­րուն պա­րա­գան դեռ ա­ւե­լի՛ մեծ շրջա­հա­յե­ցո­ղու­թիւն կը պա­հան­ջէ։

Ա­մու­սին­նե­րուն՝ կո­ղա­կից­նե­րուն մի­ջեւ դա­ւա­նա­կան տար­բե­րու­թիւ­նը ա­մուս­նու­թեան հա­մար ան­յաղ­թա­հա­րե­լի դժուա­րու­թիւն մը չի՛ գո­յաց­ներ, ե­թէ ա­նոնք յա­ջո­ղին հա­մա­տե­ղել ի՛նչ որ իւ­րա­քան­չիւ­րը սոր­ված եւ ըն­դու­նած է իր հա­մայն­քէն, եւ ի­րար­մէ սոր­վի՛լ Քրիս­տո­սի հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը ապ­րե­լու իւ­րա­քան­չիւ­րին ե­ղա­նա­կը։

«Խառն ա­մուս­նու­թիւն»նե­րուն յա­րու­ցած «դժուա­րու­թիւն»նե­րը սա­կայն պէտք չէ թերգ­նա­հա­տուին։

Ար­դա­րեւ, այդ դժուա­րու­թիւն­նե­րը հե­տե­ւանքն են այն ի­րո­ղու­թեան՝ որ քրիս­տո­նեա­նե­րու մի­ջեւ բա­ժա­նու­մը տա­կա­ւին չէ յաղ­թա­հա­րուած։ Ա­մու­սին­նե­րը՝ «այր-մարդ» եւ «կին-մարդ» են­թա­կայ են քրիս­տո­նեա­նե­րու բա­ժա­նու­մին «ող­բեր­գու­թիւն»ը ի­րենց ըն­տա­նի­քին ծո­ցին մէջ իսկ ապ­րե­լու վտան­գին։

Պաշ­տա­մուն­քին տար­բե­րու­թիւ­նը կրնայ դժուա­րու­թիւն­նե­րը սաստ­կաց­նել։ Հա­ւատ­քի, հա­ւա­տա­լիք­նե­րու մա­սին կամ ա­մուս­նու­թեան ըմբռ­նու­մին մա­սին տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ կրօ­նա­կան-դա­ւա­նա­կան տար­բեր մտայ­նու­թիւն­նե­րը կրնան ա­մուս­նու­թեան մէջ լա­րուա­ծու­թիւն­նե­րու աղ­բիւր հան­դի­սա­նան, սկիզբ տան ա­նոնց, գլխա­ւո­րա­բար զա­ւակ­նե­րուն կրթու­թեան ու դաս­տիա­րա­կու­թեան հար­ցով։ Այն ա­տեն ա­նոնց կրնայ ներ­կա­յա­նալ փոր­ձու­թիւն մը՝ որ «կրօ­նա­կան ան­տար­բե­րու­թի՛ւն»ն է։

Բազ­մա­թիւ շրջան­նե­րու մէջ, խնդրոյ ա­ռար­կայ քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րը կրցած են «խառն ա­մուս­նու­թիւն­նե­րու մա­սին հա­սա­րա­կաց հո­վուա­կան մը» մշա­կել, շնոր­հիւ միու­թե­նա­կան երկ­խօ­սու­թեան։

Ուս­տի, միու­թե­նա­կան երկ­խօ­սու­թեան ստեղ­ծած «հա­սա­րա­կաց հո­վուա­կան»ին պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ե­ղած է՝ օգ­նել ա­մոլ­նե­րուն, որ­պէս­զի ի­րենց իւ­րա­յա­տուկ կա­ցու­թիւ­նը եւ հան­գա­ման­քը հա­ւատ­քի լոյ­սին տակ ապ­րին։ Ան նաեւ պի­տի օգ­նէ կո­ղա­կից­նե­րուն՝ որ­պէս­զի ի­րենց եւ ի­րենց ե­կե­ղե­ցա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն ու պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն շուրջ ստեղ­ծուած լա­րուա­ծու­թիւն­նե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ յաղ­թա­հա­րեն։

Այս «հա­սա­րա­կաց հո­վուա­կան»ը պի­տի քա­ջա­լե­րէ, պի­տի խրա­խու­սէ ի­րենց մի­ջեւ հա­սա­րա­կաց ե­ղող ար­ժէք­նե­րուն ծաղ­կու­մը, բար­գա­ւա­ճու­մը, իսկ զի­րենք ի­րար­մէ բաժ­նող կամ հե­ռաց­նող պա­րա­գա­նե­րուն՝ փո­խա­դարձ յար­գա՛ն­քը։

Հոս կ՚ար­ժէ յի­շել Լա­տին Ե­կե­ղեց­ւոյ կի­րար­կու­թիւ­նը, պար­զա­պէս գա­ղա­փար մը կազ­մե­լու հա­մար այս մա­սին։ Լա­տին Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ի զօ­րու ե­ղող օ­րէն­քին հա­մա­ձայն, «խառն ա­մուս­նու­թիւն» մը, իր օ­րի­նա­ւո­րու­թեան հա­մար, կա­րիքն ու պա­հանջ­քը ու­նի ե­կե­ղե­ցա­կան իշ­խա­նու­թեան «բա­ցա­յայտ ար­տօ­նու­թեան»։

­Պաշ­տա­մուն­քա­յին տար­բե­րու­թեան պա­րա­գա­յին, ա­մուս­նու­թեան վա­ւե­րա­կա­նու­թեան հա­մար՝ ար­գել­քէն «բա­ցա­յայտ տնօ­րի­նում» մը կը պա­հան­ջուի։

Խնդրոյ ա­ռար­կայ այս «ար­տօ­նու­թիւն»ը կամ այս «տնօ­րի­նում»ը կ՚են­թադ­րէ, թէ եր­կու կող­մե­րը ա­մուս­նու­թեան նպա­տակ­նե­րը եւ էա­կան յատ­կու­թիւն­նե­րը կը ճանչ­նան եւ զա­նոնք չեն մեր­ժեր։

Այս «ար­տօ­նու­թիւն»ը կ՚են­թադ­րէ նաեւ թէ՛ կա­թո­ղի­կէ կող­մը, թէ՛ կը հաս­տա­տէ իր յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րը եւ թէ՛ զա­նոնք բա­ցա­յայ­տօ­րէն կը ծա­նօ­թաց­նէ ոչ-կա­թո­ղի­կէ կող­մին, յայտ­նե­լով, թէ ի՛նք պի­տի պա­հէ իր հա­ւատ­քը, իսկ զա­ւակ­նե­րուն մկրտու­թիւ­նը եւ կրթու­թիւ­նը պի­տի ա­պա­հո­վէ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ (Codex Iuris Canonici, «Կա­նո­նա­գիրք Լա­տին Ե­կե­ղեց­ւոյ», canon 1124, 1086 եւ 1125. «կա­նոն­ներ»)։

­Պաշ­տա­մուն­քա­յին տար­բե­րու­թեամբ կազ­մուած ա­մուս­նու­թեան մէջ՝ կա­թո­ղի­կէ ա­մու­սի­նը մաս­նա­յա­տուկ պար­տա­կա­նու­թիւն մը ու­նի. «քա­նի որ ոչ-հա­ւա­տա­ցեալ կի­նը կամ այ­րը՝ ա­մու­սի­նը կը սրբա­նայ իր հա­ւա­տա­ցեալ ա­մու­սի­նով» (Ա ԿՈՐՆԹ. Է 14)։ Թէ՛ քրիս­տո­նեայ կո­ղա­կի­ցին եւ թէ՛ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար մեծ ու­րա­խու­թիւն է, ե­թէ այս «սրբա­ցում»ը ա­ռաջ­նոր­դէ միւս կո­ղա­կի­ցը ա­զա­տօ­րէ՛ն դարձ կա­տա­րե­լու դէ­պի քրիս­տո­նեայ հա­ւատ­քը։

Ա­մուս­նա­կան «ան­կեղծ սէր»ը, ըն­տա­նե­կան ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րուն խո­նարհ եւ համ­բե­րա­տար գոր­ծադ­րու­թիւ­նը եւ յա­րա­տեւ ա­ղօթ­քը կրնան տրա­մադ­րել ոչ-հա­ւա­տա­ցեալ կո­ղա­կի­ցը ըն­դու­նե­լու իր դար­ձին շնորհ­քը։

Այ­սօր աշ­խար­հի մէջ, նկա­տի ու­նե­նա­լով ա­մուս­նու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ ա­նոր վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րը հա­սա­րա­կա­կան-ըն­կե­րա­յին եւ քա­ղա­քա­կան կեան­քի տե­սա­կէ­տէն՝ ա­մուս­նու­թեան ար­տօ­նու­թիւ­նը վե­րա­պա­հուած է «քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թեան»ը։ Այս­պէս, պե­տա­կան օ­րէնք է դար­ձած։

Պե­տա­կան օ­րէնք է դար­ձած, այն­պէս որ երբ օ­րի­նա­պէս չա­փա­հաս դար­ձած­նե­րը ա­մուս­նա­նալ կ՚ու­զեն, կը դի­մեն «քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թեան» եւ կը յայ­տա­րա­րեն՝ թէ պի­տի ա­մուս­նա­նան։ Օ­րի­նա­ւոր վկա­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ կ՚ար­ձա­նագ­րուին ա­նոնց ինք­նու­թեան եւ բնա­կու­թեան վե­րա­բե­րեալ կա­րե­ւոր եւ անհ­րա­ժեշտ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը։

Այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէ ետք ա­նոնք ա­զա՛տ են կեն­ցա­ղա­վա­րե­լու իբ­րեւ օ­րի­նա­ւոր այր եւ կին։

Բայց քրիս­տո­նեայ ըն­տա­նիք­նե­րու մէ­ջէն ա­մուս­նա­ցող­ներ, յար­գե­լով հան­դերձ երկ­րի օ­րէն­քը, քա­ղա­քա­յին ա­մուս­նու­թեան ար­տօ­նու­թեան օ­րի­նա­ւոր ձե­ւա­կեր­պու­թիւն­նե­րը լրաց­նե­լէ յե­տոյ ե­կե­ղե­ցի կ՚եր­թան պսա­կադ­րու­թեամբ օրհ­նե­լու ի­րենց ա­մուս­նու­թիւ­նը։

Խառն ա­մուս­նու­թեան պա­րա­գա­յին, նա­խընտ­րե­լի է տղուն եւ աղջ­կան՝ միեւ­նոյն դա­ւա­նու­թեան եւ ազ­գու­թեան պատ­կա­նի­լը՝ ըն­տա­նե­կան կեան­քի խա­ղա­ղու­թեան եւ եր­ջան­կու­թեան հա­մար, մա­սամբ չա­փով, քա­նի որ նոյն դա­ւա­նու­թեան եւ ազ­գու­թեան մէջ կա­տա­րուած ա­մուս­նու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով կազ­մուած ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ իսկ խա­ղա­ղու­թիւ­նը եւ եր­ջան­կու­թիւ­նը կա­րե­լի է որ չա­պա­հո­վուի, եւ նոյն դա­ւա­նու­թեան եւ ազ­գի պատ­կա­նե­լով հան­դերձ՝ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ, ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ, խռո­վու­թիւն­ներ եւ ա­պեր­ջա­նիկ կեան­քի մը դժբախ­տու­թիւն­ներ պա­տա­հին։ Ուս­տի ըն­տա­նե­կան խա­ղա­ղու­թեան եւ եր­ջան­կու­թեան հա­մար պէտք է ա­ւե­լի լայն ու ըն­դար­ձակ «պա­տու­հան»է մը դի­տել, ա­ւե­լի հե­ռա­տես եւ շրջա­հա­յեաց ու զգու­շա­ւոր ըլ­լալ եւ ըն­տա­նե­կան խռո­վու­թիւն­նե­րու, ա­պեր­ջան­կու­թիւն­նե­րու եւ մին­չեւ իսկ բա­ժա­նում­նե­րու միակ պատ­ճա­ռը պէտք չէ՛ փնտռել ու տես­նել, կամ կար­ծել՝ «խառն ա­մուս­նու­թեան» մէջ։

Ուս­տի ա­մուս­նա­ցող­նե­րու ա­զատ կամ­քով յօ­ժա­րու­թիւ­նը, հա­ճու­թիւ­նը եւ մա­նա­ւանդ ան­կեղծ, մա­քուր սէ՛­րը կան­գուն կը պա­հեն, հաս­տատ ու ան­խախտ հի­մե­րու վրայ կը բարձ­րաց­նեն օ­րի­նա­ւոր ա­մուս­նու­թեամբ կազ­մուած ըն­տա­նի­քը։ Կ՚ը­սուի, թէ ըն­տա­նի­քը «առտ­նին Ե­կե­ղե­ցի» մըն է. ա­պա ու­րեմն հոն՝ ո՛ւր Ե­կե­ղե­ցիի մը սրբու­թիւ­նը, խա­ղա­ղու­թիւ­նը, հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը կա՛յ, հո՛ն է ա­հա­ւա­սիկ եր­ջա­նիկ ըն­տա­նի­քը՝ իր եր­ջա­նիկ, ու­րախ, ե­րա­նե­լի՜ ան­դամ­նե­րով։

Եւ եր­ջա­նիկ ան­դամ­նե­րէ կազ­մուած ըն­տա­նի­քը ա­մէն ինչ կ՚ար­ժէ, ան­փո­խա­րի­նե­լի գա՛նձ մըն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 2, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016