ԵՐԿՈՒ ԿԱՄՔԵՐՈՒ ԲԱԽՈՒՄԸ
Ո՜րքան ողբերգական երեւոյթ մըն է երկու կամքերու բախումը՝ ուր ողջմտութեան եւ խղճին պարտութիւնը կը տեսնուի քմայքին առջեւ։ Ընկերային եւ ընտանեկան կեանքի մէջ կարելի չէ երեւակայել ասկէ աւելի եղերական պարտութիւն մը։ Արդարեւ, ողբերգական տեսարան մըն է տեսնել չափահաս երիտասարդի մը ինքնահաւանութիւնը, երբ հպարտութեամբ կ՚ըսէ. «Ծնողքս ստիպուա՛ծ է կատարել իմ կամքս ամէն ատեն»։ Կամքը եւ քմայքը զանազանելու է անշուշտ այստեղ, քանի որ անմեղ փափաք մըն ալ կրնայ ըլլալ ծնողքէն պահանջուածը, եւ սակայն անիկա եթէ քմայական է, պէտք է բծախնդրօրէն ծանրանալ հարցին վրայ՝ մերժելու կամ ընդունելու համար զայն։
Ողբերգական երեւոյթ է նաեւ տեսնել հայր մը՝ փորձառու եւ ողջամիտ, որ հակառակ իր դատողութեան ու կամքին՝ ստիպուած ու պարտադրուած կը զգայ ինքզինք, ամէն պահանջքը գոհացնել իր անփորձ զաւկին՝ որուն մէջ կամապաշտութիւնը եւ յամառութիւնը յիմարութեան աստիճանին է հասած։
Այս տեսարանները կարելի է տեսնել կեանքի մէջ՝ որոնք ընդհանրապէս անտարբերութեան զոհը կը դառնան, առանց անդրադառնալու անոնց վտանգաւոր բնոյթին եւ կը նկատուին բնական երեւոյթ մը՝ որ կը պատահի սովորաբար ամէն ատեն, ամէն տեղ։
Բայց այսպիսի դէպքեր երբ կը պատահին եւ հետզհետէ սովորական կը դառնան, անզգալիօրէն, ընտանիքէն սկսելով ամբողջ ընկերութիւնը կործանումի կը տանին։ Քմայական կամքին առջեւ պարտութիւն կը նշանակէ՝ ընտանքին եւ ընկերութեան հիմնական արժէքներուն խախտումը՝ ի՛նչ որ կը տանի բոլորովին կործանումի։ Աւանդական արժէքներ այնքան ատեն որ պահպանուին՝ ընտանիք եւ ընկերութիւն ամո՛ւր հիմերու վրայ հաստատ կը մնան։
Անշուշտ, հոս, անգամ մը եւս պէտք է կարեւորութեամբ յիշել՝ աւանդապահութեան եւ աւանդապաշտութեան տարբերութիւնը, քանի որ առաջինը որքան որ օգտակար է, երկրորդն ալ ա՛յնքան վնասակար։
Շփացած եւ պզտիկ հասակէն ի վեր իր կամքը պարտադրելու վարժուած զաւակը իրական ողբերգութեան մը տպաւորութիւնը կը թողու ամէն ողջամիտ եւ բանականութեան տէր անձի վրայ։
Հարցը պարզել դիւրին է, բայց լուծելը շատ դժուար, քանի որ «մարդ»ը ինք հասկնալ եւ անոր վարմունքը վերլուծել դիւրին գործ մը չէ եղած դարե՜րու, շրջաննե՜րու ընթացքին եւ կը շարունակէ ան մնալ միշտ «անծանօթ»՝ իր բոլոր երեսակներով, արտայայտութիւններով, ներաշխարհով։
Զաւակ մը կրնայ ունենալ քմայքներ կամ փափաքներ՝ վնասակար, անտեղի եւ անիմաստ, եւ թերեւս ծնողքին եւ ընտանեկան յարկին ալ անպատուաբեր։ Ծնողքը շիտակ դատողութեամբ եւ խիղճով կը հակառակի զաւկին քմայական կամքին՝ որ կը պնդէ, կը պարտադրէ, նոյնիսկ կը սպառնայ, եւ եղերական ըլլալու աստիճան առաջ կ՚երթայ…։
Հարցը, ահաւասիկ հո՛ս կը սկսի։
Ծնողքը պէ՞տք է տեղի տայ, թէ ո՛չ։
Տեսականօրէն դիւրին կ՚երեւի հարցը լուծել. ամէն ողջախոհ մարդ պիտի պատասխանէ, թէ՝ ծնողքը պէտք չէ՛ որ տեղի տայ զաւկին քմայական կամքին։
Բայց գործնականին մէջ այդքան դիւրին չէ՛ լուծել այս հարցը, ինչ որ կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ։ Ուրեմն պէտք է անդրադառնալ նա՛խ հարցին կարեւորութեանը եւ ո՛չ միայն ընտանեկան սահմաններու մէջ, այլ ընկերային շրջանակի մէջ ուսումնասիրել, դատել եւ ըստ այնմ պէտք է արդիւնքի մը հասնիլ այդ մասին։ Մակերեսային դատողութիւններ միշտ սխալելու դատապարտուած կը մնան։
Զաւակը սիրող՝ որդեսէր ծնողք մը, որ այս տեսակ երկընտրանքի մը առջեւ կը գտնուի, չի կրնար իր զաւկին կորստեան գաղափարին հետ դիւրաւ հաշտուիլ։
Միւս կողմէ, ի հեճուկս փորձառութեան, կրթութեան եւ դաստիարակութեան եւ թէ՛ դատողութեան լոյսերուն, զաւակներուն սպառնալիքին առջեւ տեղի տալ, հակառա՛կ է առողջ սկզբունքի, հակառա՛կ է նաեւ դեռահասներուն իսկ բարձրագոյն շահերուն։
Հոս հարց մը եւս կա՛յ. տղու մը այսպիսի շարժումները ժառանգակա՞ն է, թէ ստացական։
Անշուշտ այս հարցը կը պատկանի հոգեբաններու մասնագիտութեան, որուն մասին չենք ուզեր որեւէ կարծիք յայտնել, եւ կը բաւականանանք միայն հարցը ներկայացնելով։
Եւ սակայն, տղու մը անհնազանդ շարժումները ըլլա՛յ ժառանգական, ըլլա՛յ ստացական վնաս կը պատճառէ՝ նախ իրեն, յետոյ իր շուրջիններուն, ընտանիքին եւ ընկերութեան։ Եւ այս պատճառով, ծնողներ, պէտք է չափաւոր ըլլան իրենց վարմունքին մէջ զաւակներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան նկատմամբ։
Եւ եթէ ծնողքի մը իրենց զաւկին հանդէպ սէրը անկեղծ ու խորին է, եւ բնականաբար ա՛յդպէս ըլլալու է, ժամանակին եւ տեղին յայտնելու է զգացումները, խորհուրդները, զոր օրինակ, պէտք չէ՛ փայփայէ անոնց ամէն տեսակ քմայքները, որպէսզի անոնք տան մէջ, ընտանիքին հանդէպ «բռնապետ»ներ չդառնան, չիշխեն եւ պարտադիր չըլլան, որպէսզի կատարուի իրենց ամէն փափաքները։ Խոհեմ եւ ողջամիտ ծնողքը գիտակցութիւնը ունի «մարդ» հասցնելու կարեւորութեան՝ որ ապագան պիտի շինէ, եւ թոյլ չի տար որ անոնք վնասուին ու վնասեն ուրիշները, եւ ի վերջոյ իրենց կեանքը խորտակեն։ Գիտակից ծնողքը ըստ այնմ կը վարուի եւ չափազանցութենէ չի տար-ւիր իր զգացումներուն արտայայտութեանը մէջ։
Եւ վարջապէս, անուրանալի ճշմարտութիւն է, որ զաւկի մը կեանքը ծնողքը կը ձեւաւորէ եւ անոր ապագան ըստ այնմ կը կազմաւորուի։
Ծնողներ, ուրեմն, պէտք չէ՛ որ իրենց իսկ ձեռքով բարոյական խլեակներու բեկորներու վերածեն իրենց զաւակները, եւ անոնց դահիճը ըլլա՛ն։
Անոր բարձրագոյն օգտին, ծնողական հեղինակութեան պահպանման եւ ընտանեկան պատուին ու արժանապատուութեան բարձրացման համար անոր հետ ունեցած տեսակէտի տարբերութեան հետեւանքով ծնողքին եւ զաւկին կամքը բախում երբ ունենան եւ ծնողքը տեղի չտայ, կը գոյանայ ահաւասիկ այն հրաշալի՜ ներդաշնակութիւնը եւ հաւասարակշռութիւնը փոխադարձ կիրքերու եւ կամքերու, եւ հարցը, տակաւին չսկսած կը լուծուի եւ կեանքը կը շարունակէ իր բնական ընթացքը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 4, 2017, Իսթանպուլ