ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ - Բ -
Աղօթելու, Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու լաւագոյն միջոց մը, ապահով ճամբայ մըն է աստուածային պաշտամունքը, եւ ուրեմն տեղին եւ գիտակից կերպով պէ՛տք է օգտագործել զայն՝ որպէսզի հասնի իր նպատակին։
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Բաբգէն Ծ. Վրդ. Կիւլէսէրեանի «Երգե՞լ թէ կարդալ» շահեկան յօդուածը՝ հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին։
ԵՐԳԵ՞Լ ԹԷ ԿԱՐԴԱԼ
Ստոյգ է որ եկեղեցւոյ մէջ բարձր ձայնով կարդացուած որեւէ աղօթք կամ գիրք բնականէն եղանակ մը կ՚ունենայ, բայց այսչափ միայն եւ ո՛չ աւելի, վասնզի աւելին զեղծում մըն է։ Մեր երանաշնորհ նախնիք եթէ առանձինն հրահանգներ կամ խրատներ չեն կտակած մեզի՝ ցոյց տալու համար աղօթքներ եւ ընթերցումներ կարդալու եղանակները, բայց ողջմտութիւնը ամենէն յայտնի կտակ մըն է մեզի՝ տեսնելու համար թէ մեր եկեղեցական գիրքերուն մէջ շատ որոշ նշաններ կան այդ մասին. օրինակի համար, բացէք Ժամագիրքը, եւ տեսէք որ աղօթքներու վրայ որեւէ խազ չկայ, ընդհակառակը այլ եւ այլ խազեր կան սաղմոսներուն վրայ, երգերու եւ մեղեդիներու վրայ։ Ճաշոցին մէջ չէք գտներ որեւէ խազ այն բոլոր ընթերցուածներուն վրայ, որոնք այսօր պարզապէս երգուելու աստիճան կը քաշքշուին, կը ծեքծեքուին։ Պատարագամատոյցի աղօթքներն իսկ, որոնք պէտք է որոշ չափով մը ներդաշնակուին պատարագի երգերուն հետ, չեն խազագրուած, մինչ սարկաւագներու եւ դպիրներու ինկած մասերը խազեր եւ նշաններ ունին։
Հակառակ այս իրողութիւններուն, սովորութիւն եղած է, զոր օրինակ, ընթերցուածներու մէջ Մարգարէութիւններն ու Աւետարանները եղանակով կարդալ, պատարագի աղօթքները ներդաշնակել երգերուն հետ, եւ «Որ օրհնես զայնոսիկ»ը աւելի հանդիսաւորապէս ըսել. բայց ուշագրաւ տարբերութիւններ կան ասոնց ալ գործադրութեան մէջ, եւ այս տարբերութիւնները առ հասարակ միտած են դէպի յոռի եղանակաւորումներ եւ ծեքծեքումներ, որոնք դժբախտաբար հաճոյք իսկ կը պատճառեն ոմանց։ Բայց այս տգեղ սովորութիւնները պէտք չէ որ քաջալերուին ժողովուրդէն, վասնզի ատոնք բնիկ, հայաւանդ չեն մեր եկեղեցւոյ մէջ, ատոնք զեղծումներ են, տգիտութենէ քաջալերուած իրողութիւններ են, ատոնք պաշտամունքը անհասկընալի, ապարդիւն ընելու միջոցներ եղած են։
Պաշտամունքի ներդաշնակութեան մէջ ամէն մաս իր պայմանին մէջ պէտք է կատարուի։ Եթէ պաշտամունքը ծայր ծայր պարզ աղօթքներէ բաղկացած ըլլար կամ պարզ սաղմոսերգութենէ, կամ երգերէ, կամ քարոզներէ, անհանդուրժելի պիտի ըլլար. բայց քանի որ այս բոլորին ներդաշնակութեամբ յօրինուած է պաշտամունքը, պէտք է պահել ատոր այլ եւ այլ մասերուն նկարագիրը։ Պարզ կարդալու յատկացուած աղօթք մը՝ պէտք չէ՛ երգել, պէտք չէ արուեստակեալ ձայներով եւ եղանակներով պղծել ու եղծել զայն։
Այս դիտողութիւնները թերեւս զարմանալի թուին շատերուն, այսինքն անոնց, որոնք գաղափար իսկ չունին պաշտամունքի պարզութեան, գեղեցկութեան, վայելչութեան վրայ։ Այսպիսիներ կը կարծեն թէ պաշտամունքին արուեստակեալ ձայներով եւ ձեւերով կատարումը հին օրէնք է, նոյնիսկ Լուսաւորչէն մնացած բաներ են։ Է՜հ, սոսկալի է այս. անհանդուրժելի է։ Բացարձակապէս պէտք է վտարել ամէն արուեստականութիւն եւ կեղծութիւն, աստուածային պաշտամունքէն. այսինքն ծեքծեքուած ընթերցումները, արուեստակեալ ձայներն ու ձեւերը, չափազանցութիւնները եւայլն եւայլն, որոնք բացարձակապէս կ՚եղծեն պաշտամունքի պարզութիւնը, եւ կտոր կտոր կ՚ընեն ատոր ազդեցութեան շինիչ լարերը։
Այսօր ամէն նախանձախնդիր եւ բանգէտ անձ կը խոստովանի թէ՝ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ ո՛չ միայն խանգարուած, այլ նոյնիսկ կորսուած է իրեն յատուկ երաժշտական արուեստը եւ ատոր տեղ տիրած է «խանէնտէիութիւն»ը։ Ասոր հակառակ շատեր ալ կան, որոնք այս խանէնտէիութիւնէն համ կ՚առնեն, կը կարծեն որ այդ է եկեղեցական երաժշտութիւնը. բայց այսպէս չէ։ Երաժշտութիւնը եթէ հաւատացեալներուն հոգեւոր տենչը արծարծելու չի ծառայեր, եթէ աստուածային շնորհաց օծութիւններով չ՚ողողեր աղօթող էութիւնները, կը դադրի երաժշտութիւն ըլլալէ։
Լամբրոնացիին սա խօսքերը՝ իբրեւ ոսկի համար՝ շարականներու սկիզբը կը դրուէր երբեմն. «Զի ազդումն երաժշտական եղանակին, ըստ որումն ունի զօրութիւն, ընդոստուցեալ զարթուսցէ զմիտս ամենեցուն առ ի տենչումն շնորհին, քանզի չիք ինչ՝ որ զկամս մեր յեղաշրջէ յուրախութիւն կամ ի տրտմութիւն՝ որպէս զերգոցն ձայն, յորժամ որպէս պարտն իցէ՝ լինիցի. վասն այսորիկ եւ եկեղեցական աւանդութիւն ընկալաւ զսոյն յարտաքնոցն» (ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏԱՐԱԳԻ, Տպ. Երուսաղէմ, 1842, երես 157, հմմտ. եր. 150, 33-34շ)։
- Պիտի շարունակուի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 3, 2020, Իսթանպուլ