ՈՒՍՈՒՑԻՉ ՊԻՏԻ ՉՈՒՆԵՆԱՆՔ -Գ.

Գ.- Ինչո՞ւ համար կը պակսի ուսուցիչներուն թիւը:

Պէտք է միաձայնութեամբ ընդունինք, որ ուսուցիչներու թիւի պակասութիւնը այսօր համաշխարհային երեւոյթ կը կրէ. թէեւ հայերուս մօտ հասկնալի պատճառներով աւելիով շեշտուած է այդ երեւոյթը, սակայն ճշմարտութիւնը այն է, որ ամբողջ աշխարհը այսօր ուսուցիչի պակասով կը տառապի եւ այս ընթացքով շաւ աւելի մտահոգեցուցիչ ընթացք կրնայ ստանալ:

Տակաւին հինգ ամիսներ առաջ՝ 5 փետրուար 2022 թուականին յայտնի «CNN» լրատուական կազմակերպութիւնը կը հրատարակէր «Ուսուցիչները կը հեռանան եւ անոնց տեղը նորերը չեն գար ոլորտը լեցնելու» խորագրով հաղորդագրութիւն մը. ամերիկեան համալսարաններէն մէկուն տնօրէնը կը յայտարարէր, թէ «հիները թոշակի կ՚անցնին եւ մենք կարիքը ունինք նորերու, որպէսզի անոնց տեղերը լեցնեն, սակայն ներկայ թիւերը այնքան ալ լաւ ըլլալ չեն թուիր»:

Ձգելով օտարը անցնինք մերիններուն:

Հայկական հաստատութիւններէն ներս (ինչպէս անցեալին նաեւ այսօր) ուսուցիչ ըլլալ (ո՛չ դասատու) կը նշանակէ անխոնջ աշխատիլ՝ աւարտին ապերախտութեամբ վարձատրուելու համար, որովհետեւ մեր հայկական աւանդութեան համաձայն, իր գործը լաւ կատարող մշակի մը լաւագոյն գնահատանքը ապաշնորհ վարմունքի արժանի ըլլալն է:

Փորձենք ամփոփ ձեւով հասկնալ, թէ ինչու համար այսօր հայկական դպոցներէն ներս ունինք ուսուցիչի պակաս:

Այսօր եթէ ձեր զաւակը մահամերձ հիւանդ ըլլայ, վստահաբար բժիշկներուն մեծամեծ գումարներ վճարել յանձն պիտի առնէք, որպէսզի փրկուի ձեր զաւակը. դժբախտաբար նոյն բծախնդութիւնը չե՛նք ունենար մեր մահամերձ մայրենին բուժելու կոչուող ուսուցիչներուն հանդէպ, այլ ընդհակառակը, հօր մահուամբ ժառանգ սպասողներու պէս կարծես կ՚ուզենք տեսնել մահը մայրենիին: Այսօր մեր մայրենին մեծագոյն փրկելու կոչուածները ուսուցիչներն են, որոնց վստահուած պէտք է որ ըլլայ մեր ապագայ սերունդի հայրենասիրութիւնն ու մայրենի լեզուի գիտութիւնը:

Հաւանաբար շատերու համար չափազանցութիւն ըլլայ, սակայն անոնց նիւթական անկարողութիւնը յստակացնելու համար կ՚ուզեմ Արփիար Արփիարեանի «Դերասանուհին» աշխատութեան 4-րդ գլխէն մէջբերել հետեւեալ դրուագը.-

Երկար տարիներ դպրոցի մէջ ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնած անձի մը (պատուելի մը) անակնկալօրէն վերջ կը տրուի պաշտօնին ու դուրս կը դրուի դպրոցէն. ակամայ եւ յուսահատ կը դիմէ թերթի խմբագրութիւն, ուսուցչութեան պաշտօնի համար յայտարարութիւն մը տալու: Թերթի խմբագիրը յայտարարութեան դիմաց «մէճիտիյէ մը» կ՚ուզէ: Ուսուցիչը յուսահատ հետեւեալ պատասխանը կու տայ խմբագիրին. «Կ՚աղաչեմ, էֆէնտի, հիմա մի՛ ուզէք, գործի մտնեմ՝ այն ատեն մէկի տեղ երկուք տամ», սակայն խմբագիրին կողմէ կը մերժուի: Այս պատկերին դիմաց Արփիարեան կը գրէ.-

«Մէճի՞տ մը, ուսկի՞ց գտնէր։ Խեղճ մարդը մի քանի օրէ ի վեր եւ ոչ իսկ ծխախոտ առած էր։ Խմբագրատունէն դուրս ելաւ գլխիկոր եւ շուկայէն անցնելով՝ կամաց կամաց քալելով, տուն կ՚երթար։ Յուզուած էր։ Ի՞նչ էր, ի՞նչ եղաւ։ Կը յիշէր յիսուն տարիներու աշխատութիւնները։ Ի՜նչ հաւատքով մտած էր վարժապետութեան եւ մինչեւ ամիս մը առաջ այդ հաւատքէն չէր թերացած։ Յիսուն տարի՜, քանի սերունդներ կրթած էր։ Որքա՜ն ամիրաներու, որքա՜ն հարուստներու տղաներ ազգային հոգւով վառած էր։ Քանի՜ հազար աղքատներու զաւակներ կրթած էր, վրանին գուրգուրալով։ Ջերմ սիրով սիրած էր ազգը ու կը սիրէր։ Կեանքն ազգին նուիրած էր, եւ այսօր՝ կարօտ պատառ մը հացի, իբր մուրացկան կը շրջէր Ղալաթիայէն ի Պոլիս, եւ կը վռնտուէր...»:

Կ՚արժէ այս գրութիւնը որպէս նախապայման կարդալ տալ բոլո՛ր անոնց, որոնք մեծ յոյսերով մուտք կը գործեն ուսուցչութեան ասպարէզ, սակայն յուսախաբութիւնը չ՚ուշանար երբեք:

Կարդացէ՛ք Մավեան, ուր կը նկարագրէ երկու ուսուցիչներ. անոնցմէ մին ձգելով ուսուցչութեան ասպարէզը վաճառականութեամբ մեծահարուստ կը դառնայ, մինչ միւսը երկար տարիներ ետք կը գտնէ ինքզինք հոն՝ ուր սկսած էր՝ աղքատ ու անմխիթար:

Նման պայմաններ պատճառ կ՚ըլլան, որ երիտասարդ սերունդը որպէս ապագայ պաշտօն չընտրէ ուսուցչութիւնը. մեր թուականէն դար մը առաջ հայ ուսուցիչին աղջիկ չէին տար. վիճակը կամաց կամաց պիտի հասնի դարձեալ այդտեղ, թէեւ ժամանակի ընթացքին կարծես ո՛չ հայ դպրոց եւ ո՛չ ալ հայ ուսուցիչ պիտի մնայ:

Այսօր նիւթականի կողքին ուսուցչութենէն հեռու կը մնան գործի անապահովութեան պատճառով, որովհետեւ չե՛ս գիտեր ո՛ր պահուն ծանօթ-խնամի-բարեկամ կարգախօսին համաձայն կրնայ գալ ուրիշ մը եւ «խլել» պաշտօնը քեզմէ: Ահաւասիկ Լիբանանի մէջ փակեցին աւելի քան 5-7 դպրոցներ. այս մէկը կը նշանակէ, որ աւելի քան 50-60 ուսուցիչ կը դատապարտուի անգործութեան:

Հիմա դուք ըսէք, պիտի ուզէի՞ք ձեր զաւակը նախասիրէր գործ մը, որուն վարձատրութիւնը ապերախտութիւն է, պաշտօնի վրայ ըլլալը՝ անապահով, իսկ վճարումը՝ ողորմութեան համազօր ստակ մը:

•վերջ

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՀՄԱՅԵԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
(1871-1939)

Մեր թուականէն 83 տարիներ առաջ՝ 7 յուլիս 1939-ին Վրաստանի մէջ մահացած է գեղանկարիչ Հմայեակ Յակոբեան:

Յակոբեան ծնած է 26 մարտ 1871 թուականին, Տրապիզոնի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանը, ուր որպէս նկարչութեան ուսուցիչ ունեցած է յայտնի նկարիչ Յարութիւն Շամշինեանը: Աւարտելէ ետք ուսումը շարունակելու համար մեկնած է Գերմանիա, ուր շրջանաւարտ ըլլալէ ետք որոշ ժամանակ ապրած է:

Յակոբեան զբաղած է նկարչութեամբ. հիմնականին մէջ նկարած է դիմանկարներ, բնանակարներ, ինչպէս նաեւ այլ ժանրի աշխատութիւններ: Անոր գործերուն մէջ մեծապէս տեղ գտած է գիւղական կեանքը. անոնցմ են «Վարը Արագածի լանջին», «Հովիւը», «Հին Թիֆլիզ»ը եւ այլ աշխատութիւններ: Իր նկարներուն ճամբով փորձած է ներկայացնել հայ աշխատող դասակարգը. այդ գործերէն են «Հայ գիւղացին», «Ոսկերիչ Ալեքօն» գործերը: Իսկ Յակոբեանի դիմանկարներէն յայտնի են «Մովսէս Խորենացի», «Կաթողիկոս Խրիմեան» աշխատութիւնները:

Յակոբեան իր գործերով ունեցած է անձանկան ցուցահանդէսներ, Հայաստանի, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու մէջ. յետ մահու՝ 1948 թուականին Երեւանի մէջ բացուած է գեղանկարիչի ցուցահանդէսը:

Անոր գործերէն շատեր մինչեւ օրս կը պահուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, ինչպէս նաեւ Վրաստանի եւ Ռուսաստանի մէջ գտնուող յատուկ հաւաքածոներու մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յուլիս 7, 2022