ԹԱՔՈՒՆ ՈՒԺԻՆ ԿԱԴՐՈՆԸ…
Սիրտը կեդրո՛նն է այն թաքուն ուժին՝ որ կը կառավարէ մարդուս ամբողջ կեանքը, ամբողջ խորհուրդները, ամբողջ գաղափարները, ամբողջ զգացումները, ամբողջ կիրքը, ամբողջ կամքը։ Սիրտը՝ մարդուն գաղտնիքներով լեցուն աշխարհ մըն է՝ որուն մէջ պահուած ուժերը աւելի բուռն են քան մարդուս ծանօթ բնական աշխարհի ուժերը։
Սիրտ-ծովուն եւ ովկիանոսին մէջ տեղի ունեցած փոթորկումները աւելի ուժգին՝ աւելի կատաղի են, քան բնական ովկիանոսներու մռնչող ալիքները ամեհի, քան անապատներու մրրիկները ահաւոր։
Դարձեալ, այդ սիրտ-աշխարհին մէջ ի՜նչ հաճոյքներ, ի՜նչ մեծութիւններ, ի՜նչ հրապոյրներ կան, որոնց հետ չեն կրնար բաղդատուիլ այս աշխարհի ոչ իսկ հաճոյքները եւ մեծութիւնները, ոչ իսկ գեղեցկութիւնները եւ հրապոյրները։
Մտէ՛ք, մտէ՛ք մէյ մը հոն՝ այդ սիրտ-աշխարհէն ներս, եւ հոն ի՜նչեր պիտի տեսնէք, իրարու ներհակ եւ աններդաշնակ, ի՜նչ հակապատկերներ, հոգեբանական, բարոյական ի՜նչ զարհուրելի երեւոյթներ պիտի պարզուին մեր աչքերուն առջեւ, կարծես թէ վայրի եւ փարատող գազանները լեռները եւ անապատները միայն կը բնակին… Հոն՝ սրտին մէջն ալ չէ՞ որ կը քնանայ կատաղի կիրքերու մռնչող առիւծը, հոն չէ՞ որ դեռ իր արիւնոտ թուշը կը լզէ վայրագ ունակութիւններու եւ անկուշտ շահասիրութիւններու պատառող գայլը. հոն՝ սրտին թաքուն ալքերուն եւ խորշերուն մէջը չէ՞ որ դեռ կը սողոսկի թունաւոր սեւ օձը նախանձի, վերջապէս հոն չէ՞ որ կը խլրտին խածատող՝ ասդիէն անդիէն խածնող իժերը մեր դէպի չարը հակամէտ զգացումներուն։
Մինչեւ որ Քրիստոսի կեանքէն եւ սրտէն սիրոյ արեւը չճառագայթէ, չլուսաւորէ մեր աս սիրտերուն ներքին կողմը, եւ նոյն երկնային լոյսով որոշակի չտեսնենք եւ ճանչնանք, թէ ի՜նչ գաղտնային բնաւորութիւններ՝ մարմին առեր եւ պահուըտած-բնակած են հոն, եւ մինչեւ որ այդ կիրքերու գազան բնաւորութիւնները չփոխուին, առիւծը՝ հեզահաբոյր եզին, պատառող գայլը՝ անմեղ գառնուկին, սողոսկող նախանձին օձը՝ սրբութեան եւ անբծութեան տատրակին, մենք տակաւին նորոգուած կամ նոր ծնած չենք համարուիր։
Մարդ մինչեւ որ «ամբողջական մարդ» չըլլայ՝ «մարդ» չի՛ կրնար անուանուիլ։
Արդարեւ, բարիքներուն ապականութիւնը մահացո՛ւմն է սրտին. ան է որ կը պղտորէ, կ՚աղտոտէ մեր սուրբ եւ անկեղծ զգացումներուն բուն աղբիւրը։
Մաքուր եւ սուրբ սիրտ մը չի՞ նմանիր պայծառ եւ յստակատես հայելիի մը՝ ուր ամէն ինչ որոշ եւ յստակ կ՚երեւի, կամ կը նմանի վճիտ եւ ջինջ լճակի մը՝ ուր կը պատկերանայ, կը ցոլանայ ամբողջ երկինքը։
Ուստի, քրիստոնեային սիրտը պէ՛տք է ըլլայ այնքա՜ն մաքուր, այնքա՜ն ջինջ, որ առաքինութիւններու գեղեցկութիւնները նկարուին հոն երկնային սիրոյ ցոլքերովը, եւ հոն պատկերանայ նոյնիսկ սիրոյ Աստուածը, ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս. «Երանի անոնց որոնք սրտով սուրբ են, որովհետեւ անոնք պիտի տեսնեն զԱստուած». (ՄԱՏԹ. Ե 8)։
Դեռ սակայն կոյր կիրքերու խաւարին ամպերն են պատեր մեր սիրտերու աշխարհին հորիզոնը, ուր Քրիստոսի խաչէն ճառագայթող խաղաղութեան՝ արդարութեան՝ սրբութեան եւ սիրոյ արեւին մէկ փոքրիկ նշոյլը հազիւ թէ մուտ գտնելով կը պլպլայ աղօտ կերպով, ինչպէս աշնան սեւ եւ ամպամած, թխպամած ամպերու ճեղքուածէն արեւին տկար եւ անզօր մէկ ճառագայթը կ՚իյնայ երկրի վրայ…
Ուստի, մենք դեռ պէտք ունինք եւ կարօտ ենք բուն քրիստոնէական արեւին ամբողջութեանը։ Պէ՛տք է որ ան իր յորդ եւ կենսատու ճառագայթներովը ողողէ, տաքցնէ մեր սիրտերու սառնապատ աշխարհը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 6, 2024, Իսթանպուլ