ՀԱՒԱՏԱԼ ԵՒ ՎՍՏԱՀԻԼ
Մարդ միշտ ունի վախեր, կասկածներ եւ մտահոգութիւններ։ Արդարեւ, վախը ներկայ վտանգի մը պատճառած հոգեվիճակն է, իսկ մտահոգութիւնը՝ հաւանական վտանգի մը, կասկածի մը պատճառած հոգեվիճակը։ Վախը եւ մտահոգութիւնը իրենց սահմաններուն եւ չափերուն մէջ բնական հակազդեցութիւններ են եւ մարդս կը զգուշացնեն ներկայ եւ կամ գալիք, հաւանական վտանգներու մասին։ Բայց ինչպէս ըսինք, թէ՛ վախին եւ թէ մտահոգութեան չափազանցութիւնը վնասակար կրնայ ըլլալ մարդուս համար եւ խանգարել կեանքին բնական ընթացքը։
Թէ՛ վախերու չափազանցութեան, թէ՛ մտահոգութիւններու ծայրայեղութեան դէմ անշուշտ թէ կան բժշկական՝ հոգեբուժական դարմանի միջոցներ, որոնք կը վերաբերին մասնագէտ բժիշկներու եւ հոգեբաններու։ Բայց հոգեւոր մարզի մէջ ալ կան միջոցներ «դարմանել»ու համար վախի եւ մտահոգութեան չափազանցութեան «ախտ»ը։
Վախի եւ մտահոգութեան ճարը եւ դարմանը կը կայանայ «վստահութեան» մէջ։ Մարդ վախի եւ մտահոգութեան, զինք տանջող կասկածներու դէմ միշտ կը փնտռէ վստահելի մէկը, ապաւինելիք ուժ մը, գերադաս զօրութիւն մը։ Մարդ կրնայ վստահիլ ուրիշի մը, կրնայ ապաւինիլ մէկու մը, որ իրեն վստահութիւն կը ներշնչէ։ Բայց ի վերջոյ որքան զօրաւոր ըլլայ, որքան ուժ ունենայ մարդ, վերջապէս «մարդ» է եւ ունի տկարութիւններ, թերութիւններ, որոնք արգելք կրնան հանդիսանալ իր նմանին վստահութեան կատարելապէս պատասխանելու եւ գոհացնելու զայն։
Մարդ կրնայ վստահիլ նաեւ ի՛ր ուժերուն՝ ինքնավստահութեամբ կը ջանայ յաղթահարել վախը եւ մտահոգութիւնը։ Բայց այս ալ երբեմն բաւարար չ՚ըլլար. պահ մը կու գայ՝ երբ մարդ բոլոր ուժերուն անբաւարար ըլլալը կը տեսնէ, յուսախաբութեան կը մատնուի եւ մինչեւ իսկ կը յուսալքուի։
Ուրեմն որո՞ւ վստահիլ, որո՞ւ ապաւինիլ, որ անսպառ ուժ եւ զօրութիւն ունի, մէկը՝ որ իրեն վստահածները եւ ապաւինողները երբեք անպատասխան չի՛ թողուր, կը գոհացնէ, կը մխիթարէ զանոնք։
Ըստ աւանդութեան, օր մը Սատանան ժողովի կը կանչէ իր բոլոր հետեւորդները, նպատակ ունենալով գտնելու այնպիսի սուտ մը՝ որ մարդիկը դադրեցնէ Աստուծոյ հաւատալէ, եւ լուրջ չնկատէ աստուածային ճշմարտութիւնները։
«Սատանայիկ» մը ձեռք բարձրացնելով կ՚ըսէ. «Կրնաք ըսել իրենց թէ երկինք գոյութիւն չունի»։
Սատանան գլուխ շարժելով կը պատասխանէ. «Այդ մէկը չի յաջողիր։ Թիւը շատ է անոնց՝ որոնք կը հաւատան երկինքի գոյութեան»։
Ուրիշ մէկը ձեռքը բարձրացնելով կ՚առաջարկէ. «Ուրեմն ըսենք իրենց, թէ դժոխք գոյութիւն չունի»։ Սատանան այդ ալ չ՚ընդունիր. «Այդ ալ կարելի չէ. շատեր արդէն այս աշխարհի վրայ դժոխքի կեանք մը կ՚ապրին, եւ նման սուտի մը պիտի չհաւատան»։
Վերջապէս, դէմքին վրայ լայն ժպիտով մը երրորդ «սատանայիկ» մը կ՚ըսէ. «Ես գտայ յարմար սուտ մը. կ՚ըսենք իրենց, որ աճապարելու պէտք չունին»։
Սատանան ուրախութեամբ ոտքի կ՚ելլէ եւ կ՚ըսէ. «Իսկապէ՛ս շատ լաւ սուտ մը, ամէն մարդ պիտի հաւատայ»։
Արդարեւ, մարդ, ընդհանրապէս հետամուտ է յետաձգելու եւ ձգձգելու իր մտադրած գործերը։
«Օրերը չեն վերջանար, վաղը կ՚ընեմ», շատերու ըսած մէկ խօսքն է, ինչ որ ցաւէ զատ, վնասէ զատ ոչ մէկ օգուտ ունի ենթակային… Բայց այդ «վաղը» երբեք չի գար եւ գործերը կը կաղան, եւ երբեք չեն կատարուիր, երբեք իրենց նպատակին չեն հասնիր։ Գրեթէ ամէն մարդ ունեցած եւ ապրած է այս փորձառութիւնը իր կեանքի զանազան շրջաններուն։ Ասիկա, պարտաճանաչութեան, պատասխանատուութեան գիտակցութեան հարց մըն է եւ մանաւանդ՝ հաւատքի եւ վստահութեան խնդիր մը։ «Այսօրուան գործը վաղուան ձգել»ու այս վատ եւ վնասակար ունակութիւնը մարդուս կեանքին մէջ բազմաթիւ վնասներու պատճառ եղած է, բայց մարդ կը շարունակէ այս փորձառութիւնը ապրիլ շատ անգամ։
Այս ունակութենէն ազատելու միջոցն է վստահութիւն ունենալ, հաւատալ եւ կարեւորութիւն ընծայել յետաձգուած գործին կամ պարտականութեան։ Եւ մանաւանդ հոգեւոր կեանքը չ՚ընդունիր յետաձգումներ, ձգձգումներ, քանի որ հոգեւոր կեանքը կ՚ապրուի միշտ «ներկայ»ին մէջ, եւ ամէն ինչ ուշացում է վաղուան համար, որովհետեւ Աստուած անժամանակ է՝ միշտ ներկա՛յ, միշտ ա՛ստ։
Յիսուսէ առնենք օրինակը՝ ո՛չ մէկ բան արգելք կրնայ հանդիսանալ Յիսուսի, Իր Հօրը հետ աղօթքով յարաբերութեան մէջ ըլլալու։ Աղօթքը՝ ժամադրութիւն մըն էր Յիսուսի համար, որ Ան միշտ կը յարգէր։ Յիսուս նախամեծար կը սեպէր իր աղօթքի պահը, եւ միշտ ժամանակ կը տրամադրէր անոր համար։ Եւ մենք, երբ յատուկ ժամանակ տրամադրենք Աստուծոյ հետ մտերիմ Հայր եւ որդիի յարաբերութիւն մը մշակելու, ճշմարտութիւն մը կը պարզուի մեր կեանքին մէջ։
Արդարեւ, որքան աւելի ժամանակ յատկացնենք աղօթքի, ա՛յդքան աւելի լաւ կը ճանչնանք զԻնք, ա՛յդքան աւելի կը մտերմանանք մեր երկնային Հօր հետ, եւ որքան մտերմանանք, որքան լաւ ճանչնանք զԻնք, այնքան աւելի՛ կը վստահինք Իրեն, եւ որքան աւելի վստահինք Իրեն, այդքան աւելի կ՚ապաւինինք եւ կը լեցուինք Իր զօրութեամբ. եւ այդ վստահութիւնը կը վերցնէ ամէն արգելք մեր նպատակին ճամբուն վրայ։ Երբ այսպիսի մտերիմ յարաբերութիւն մը կը մշակենք Աստուծոյ հետ, կը հասկնանք, թէ Յիսուս ինչո՞ւ այդքան կարեւորութիւն կու տար աղօթքի, որ մեզ կ՚առաջնորդէ հաւատք եւ վստահութիւն կերտող յատկանիշին՝ թէ վախերը եւ կասկածները, մտահոգութիւնները Աստուծոյ հետ կարելի է դիմակալել։
Արդարեւ, Յիսուսի կեանքը թափանցիկ, «բաց գիրք» մըն էր Իր հետեւորդներուն համար։ Ան արտօնեց Իր աշակերտներուն տեսնելու Իր կեանքին թէ՛ ուրախ եւ թէ փոթորկալից պահերը։ Լաւագոյն օրինակը Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ Իր ձերբակալութեան գիշերն էր, ուր անոնք առաջին անգամ ականատես եղան Տէրոջ հոգեխռով վիճակին եւ լսեցին հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Իմ անձս մեռնելու աստիճան տրտում է, հոս կեցէք եւ աղօթեցէ՛ք» (ՄԱՐԿ. ԺԴ 34)։ Յիսուս Իր բոլոր հարցերը աղօթքով Իր Հօրը կը տանէր, եւ Հայր եւ Որդի միասնաբար կը դիմակալէին զանոնք։ Այս է Հօր եւ Որդիի մտերմութի՛ւնը։
Մենք եւս եթէ հետեւինք Իր օրինակին եւ մեր ամենօրեայ աղօթքի պահերուն մեր հարցերը, մտահոգութինները ներկայացնենք Իրեն, պիտի լեցուինք Աստուծոյ զօրութեամբ, եւ վստահութեամբ պիտի կարենանք դիմագրաւել բոլոր դժուարութիւնները կեանքին։
Վստահի՛նք մեր երկնային Հօր…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 2, 2020, Իսթանպուլ