ԹԱՏՐՈ՞Ն ԹԷ…

Նախընթաց օրուան մեր «Փրկեցէ՛ք թատրոնը» խորագրեալ յօդուածով խօսեցանք նահանջի մէջ գտնուող հայ թատրոնի մասին, սակայն այսօր կու գանք ըսել, որ իրականութեան մէջ թատրոնը չէ՛ որ կը կորսուի, այլ պարզապէս մարդոց սպասումներն ու հետաքրքրութիւնները փոփոխութիւն կ՚արձանագրեն. մարդիկ այսօր թատրոնի մէջ արուեստ չեն փնտռեր. այլեւս այդտեղ նշանակութիւն չունի նիւթն ու միտք բանին, գաղափարն ու զգացումը: Այս երեւոյթը ընդհանրացնելը վստահաբար սխալ է, սակայն մեծամասնութեան մօտ այս մթնոլորտը կը տիրէ. մարդիկ կ՚ուզեն երթալ թատրոն ո՛չ թէ արուեստ ու մշակոյթ վայելելու, այլ ժամավաճառութեան՝ լեցուն հազար ու մէկ գռեհիկ պատկերներով ու լոզունգներով:

Վստահաբար այս բոլորը ըսելու կողքին պէտք է խօսիլ նաեւ փաստերով. այսօր Հայաստանի մէջ կը տեսնենք, թէ լուրջ ներկայացումներ ունին սահմանափակ թիւով հանդիսատեսներ. օրինակի համար՝ առիթով մը ներկայ գտնուեցայ Յակոբ Պարոնեանի մէկ թատրերգութեան. հանդիսատեսները կարելի էր հաշուել մատի վրայ, սակայն կը տեսնենք, թէ անդին ուրիշ ներկայացումներու պարագային տեղ չի՛ մնար։ Անցեալին խօսած էինք անոնցմէ մէկուն՝ «Cabaret restart»ին մասին, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի բեմ բարձրանալ։ Անոնցմէ վերջինը տեղի պիտի ունենայ 9 հոկտեմբերին. մենք «Cabaret restart»ի մասին խօսած էինք մօտաւորապէս մէկուկէս տարիներ առաջ եւ նման ներկայացման մինչեւ օրս բեմ բարձրանալը արդէն իսկ հայելին է ժողովուրդի մը հետաքրքրութեան:

Մի քանի օրեր առաջ տեսայ ուրիշ մը՝ «Հարսանեկան Ping Pong» անունով. Ուշադրութիւնս գրաւեց յայտարարութեան հետեւեալ տողը. «Տոմսերը սպառւում են շաաա՜տ արագ». կարճ պրպտում մը ի յայտ բերաւ այն, որ այս ներկայացումը բեմ բարձրացած է նոյնիսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ. հետաքրքրութեան համար ուզեցի տեսնել, թէ ի՞նչ է ներկայացումը, որ այսքան հանդիսատես կը հաւաքէ։ Արդիւնքը յուսախաբութիւն մը. գիտնալու համար կրնաք դուք ալ YouTube-ի վրայ գրել «Հարսանեկան Ping Pong» եւ տեսնել մշակութային գլուխ գործոցը... կիսամերկ աղջիկ մը եւ տղայ մը բեմին վրայ, անկողնին մէջ. կիսամե՞րկ թէ մերկ... չեմ գիտեր. սքանչելի՜ հայերէն մը «ա՛յ տեպիլ»ով, «դու իսկականից անասուն ես»ներով. կարելի է տեսնել օդին մէջ թռչող վարտիքներ ու ներքնազգեստներ. պէտք չէ մոռնալ, որ յայտարարութեան մէջ կ՚ըսուի. «Սէր, դաւաճանութիւն եւ Happy End». Ահաւասիկ, 21-րդ դարու մշակութային կտոր մը, որ կ՚ընդունուի իբրեւ «թատրոն»: Կը կարծեմ յօդուածին կից գտնուող նկարը բաւարար պիտի ըլլայ ներկայացման մասին գաղափար մը կազմելու համար:

Գուցէ շատեր շատ չափազանցուած եւ գուցէ «սխալ» նկատեն նման պատկերի մը հրատարակումը մեր պահպանողական թերթին մէջ. սակայն մենք ամօթ չենք նկատեր, որովհետեւ երբ որպէս թատրոն այս այլանդակութիւնները ընողներ բեմ բարձրանալու չեն ամչնար, ապա մենք ամչնալու պատճառ մը չունինք: Գուցէ գտնուին ուրիշներ, որոնք այս երեւոյթը փորձեն արդարացնել մատնանիշ ընելով եւրոպական եւ կամ ամերիկեան թատրոններն ու ներկայացումները. եթէ թատրոնը որպէս մշակոյթ կ՚ընդունինք, ապա կարիքը չունինք զայն համեմատելու ուրիշինին հետ, որովհետեւ մեր մշակոյթը ունի իր ինքնութիւնն ու գոյնը, որ այսօր աղաւաղումի մէջ է՝ եթէ ոչ ամբողջութեամբ աղաւաղուած:

Հիմա լուրջ հարց է, թէ ո՞վ է մեղաւորը. հանդիսատե՞սը՝ որ նման ներկայացումներու համար հոգի ու սիրտ կու տայ, թէ ոչ դերասաններն ու բեմադրիչները, որոնք կը փորձեն գոհացում տալ հանդիսատեսին, միւս կողմէ նաեւ հասութաբեր աղբիւրի վերածելով թատրոնը. իրականութեան մէջ բեմադրիչին ու դերասանին գործն է հանդիսատեսին հրամցնել այն՝ ինչ հանդիսատեսը կ՚ուզէ եւ սակայն եթէ անոնց ուզածը այս է... պէտք է լրջօրէն վերաքննութեան ենթարկել թատրոնի ինչութիւնն ու բարոյական արժեչափերը:

Նման ներկայացումներու հաւանում ստանալը ընկերային բարոյական արժէքներու աղաւաղումը ցոյց կու տայ, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ մերկութիւնն ու անբարոյականութիւնը չէ՛ որ պարտի գոհացնել հանդիսատեսը. թատրոնը տեղ մը յուզուիլ է նաեւ, տեղ մը արցունք ու գաղափար, մտածում ու համոզում. այդ վերացական արժէքները կը հեռանան մեր ընկերութենէն եւ գուցէ այս աղաւաղումն է, որ կը մեռցնէ նաեւ ծնունդը նոր դերասաններու եւ դէպի անդունդ կ՚առաջնորդէ հայ թատրոնը:

Անցեալին հայ գրականութեան մէջ արձակագրութեան եւ բանաստեղծութեան կողքին ճիւղ մըն էր նաեւ թատրերագրութիւնը. այսօր նման ներկայացումներու բեմադրիչներն ու հեղինակները դարձեալ որպէս թատերագիր կը յիշուի՞ն։ Անոնք թատերագիր են այնքան՝ ինչքան Մեսրոպ Փափազեան, Արա Արծրունի եւ կամ Լեւոն Շանթի կողքին... եթէ այո, ապա վա՜յ անոնց: Լեւոն Շանթի գրութիւններուն մէջ ալ կայ դաւաճանութիւն, հո՛ն ալ կայ կռիւ, սակայն պէտք է պահ մը բանալ, կարդալ եւ հասկնալ, թէ ի՛նչ ըսել է գրականութիւն, ի՛նչ ըսել է արուեստ, որովհետեւ իսկական արուեստագէտը ամենէն գռեհիկ պատկերին մէջ եւս կրնայ ստեղծագործել:

Եթէ այսօր ա՛յս է «հայ թատրոն» ըսուածը, ապա հայ թատրոն գոյութիւն չունի... աշխարհայնացած քաոսի մը գոյութիւնն է պարզապէս:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Թատրոնի մէջ հայհոյելը արուե՞ստ է:

Պատասխան. Վիճելի հարց է թատրոնի մէջ հայհոյելուն արուեստ ըլլալն ու չըլլալը, որովհետեւ որոշ պատմութիւններու պարագային կ՚արտացոլացնէ տիպարներու իսկական պատկերը եւ որոշ պայմաններու մէջ աւելիով պարզ կը դարձնէ իրավիճակը: Սակայն չափէն դուրս օգտագործումը կրնայ շեղել պատմութիւնը, անհանգիստ վիճակ մը ստեղծելով։ Անոր արուեստ ըլլալն ու չըլլալը կախուած է թատրոնի նիւթէն եւ դերասաններէն, նայելով թէ ինչքանո՞վ կը համապատասխանեն ընդհանուր պատերին եւ ուղերձին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024