ԻՐԱՒԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ -Ա-
Իրաւաբանական գիտութիւններու ընդարձակ ծաւալը կարելի է բաժնել երկու մեծ եւ գլխաւոր ճիւղի՝ պետական, քաղաքացիական, որոնց ստորոգելիներն են միւս մասնաւոր բաժանմունքները։ Ընդհանրապէս, եկեղեցական իրաւունքը կը ստորադասուի պետական օրէնքին՝ նայելով եկեղեցւոյ վրայ իբրեւ հասարակական ընկերակցութիւն, որուն իրաւունքը կազմուած է «հանրական իրաւունք»ի մէկ մասը։ Այս զուգակշռին մասին Յիսուս յստակօրէն կ՚ըսէ. «Ի՛նչ որ կայսրին կը պատկանի՝ կայսրին տուէք եւ ի՛նչ որ Աստուծոյ՝ Աստուծոյ տուէք». (ՂՈՒԿ. Ի 25)։ Ուստի, երբ կը խօսուի եկեղեցական իրաւունքի մասին, Աւետարանի ուսուցումը յստակ է. ամէն արժէք իր տեղը ունի, եւ փոխանակ անոնք հակադրելու, պատշաճ է անոնք «հաշտեցնել» եւ հասարակաց կէտի մը վրայ միացնել զանոնք։ Ինչպէ՞ս։ Այնպէս, ինչպէս մարդ կ՚ապրի «երկնային»ը «երկրի» եւ գիտէ զանոնք ներդաշնակել եւ հաւասարակշռե՛լ։
Ուստի, պետութիւնը, ընդհանրապէս կ՚ըսէ քաղաքագէտը՝ միութիւն մըն է գերագոյն բարձրագոյն իշխանութեամբ, ան կարող չէ թոյլ տալ, որ իր մէջ գոյութիւն ունենան այնպիսի կազմակերպութիւններ, որոնք անկախ նշանակութիւն ունին։ Ո՛չ մէկ խմբակցութիւն կարող է գոյութիւն ունենալ եւ գոյատեւել, եթէ ան ընդունուած չէ պետութեան կողմէ եւ անոր իրաւունքին՝ օրէնքներուն չ՚ենթարկուիր։
Կան եւ ուրիշ հայեացքներ եկեղեցիի մասին. անոր կու տան մասնաւոր իրաւական բնաւորութիւն եւ կը ստորադասեն քաղաքացիական յարաբերութիւններէն։ Այս առթիւ, Սոքոլովի կարծիքով՝ թէ՛ առաջինները եւ թէ՛ երկրորդները կը սխալին, որովհետեւ եկեղեցին իր կազմութեամբ, իր ծագումով եւ կառավարութեամբ այնպիսի հաստատութիւն մըն է, որ կարո՛ղ է անկախ, առանց պետութեան գոյութիւն ունենալ, գոյատեւել, մինչեւ իսկ ծաղկիլ եւ բարգաւաճիլ այն ժամանակ, երբ պետութիւնը կը հալածէ, կը մերժէ եւ չ՚ընդունիր, ինչպէս, զոր օրինակ, Ա., Բ., Գ. դարերուն Հռոմէական կայսրութեան օրով։
Եկեղեցին, որպէս իւրայատուկ բնութեամբ հաստատութիւն, ան կը շարունակէ, կը շարժուի եւ կը գործէ պետութենէն տարբեր շրջանակներու, միջավայրերու մէջ. ունի իր առանձին նպատակները. կարող է իրագործել իր գաղափարները, համոզում եւ հաւատալիքները սեպհական իւրայատուկ միջոցներով. եւ այս իմաստով անոնց ճանապարհները տարբեր են։ Ուստի, պետութիւն եւ եկեղեցի, այս երկու հաստատութիւնները պէտք է դիտել եւ տեսնել այն տեսանկիւնէն՝ որ պատշաճն է նաեւ Աւետարանի ուսուցման, եւ պէտք է շարժիլ ըստ այնմ։ Պետութիւն եւ եկեղեցի. թէեւ իրենց ճանապարհները տարբեր է, կամ այդպէս ըլլալ կը թուի, սակայն ի վերջոյ նպատակը մէ՛կ է. մա՜րդը։ Եւ դարձեալ ըստ Աւետարանի ուսուցման. «Օրէնքը մարդո՛ւն համար է, եւ ո՛չ թէ մարդը օրէնքին համար» եւ այս պատճառով. «մարդը տէ՛րն է նաեւ օրէնքին»։ Եւ քանի որ վերջնական նպատակը մա՛րդն է թէ՛ պետութեան եւ թէ՛ եկեղեցիին, ապա ուրեմն անոնք ունին հասարակաց կէտ մը՝ որուն շուրջ պէտք է միանան եւ համաձայնին անոնք։ Անոնք, երկուքը, մրցակիցներ չեն, այլ՝ նպատակակիցներ…։
Գտնուելով պետութեան դաշնի մէջ՝ եկեղեցին կը ստորադասուի պետութեան՝ իր արտաքին վիճակով քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու սահմաններուն մէջ, բայց իր ներքին իրաւունքը, ներքին կազմակերպութիւնը կը մշակէ ինքն իրեն եւ կարող է իրագործել առանց պետութեան կողմէ ընդունուելուն, ինչպէս, զոր օրինակ, նախկին երեք դարերուն զանազան երկիրներու մէջ, Սկովտիայի, Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ այլն, եւ այլն…։
Թէ «եկեղեցական իրաւագիտութիւն»ը ինչո՞վ կը զբաղի եւ ի՞նչ խնդիրներ, հարցեր ունի մշակելու, զարգացնելու. այդ հասկնալու եւ պատասխանելու համար անհրաժե՛շտ է ուսումնասիրել, քննարկել այդ առարկան՝ քննելով անոր հիմունքները, պատմական անցեալը, զարգացումը եւ ժամանակի ընթացքին կրած փոփոխութիւնները։ Եւ, այստեղ, անգամ մը եւս պէտք է յիշենք որ անցեալը, պատմութիւնը անհրաժեշտ է գիտնալ՝ ներկան լա՛ւ հասկնալու եւ իրադարձութիւններու բնոյթը որոշելու համար։ Եւ յիշեցում մը եւս. պատմութիւնը երբեք հեքիաթ կամ առասպել չէ՛, այլ՝ գիտական հիմերու վրայ հաստատուած անցեալի իրադարձութիւններու հետազօտութիւնը եւ ներկայացումը՝ որպէս դաս եւ որպէս ուղեցոյց ներկայիս…։
Եկեղեցական իրաւագիտութիւնը երբ կ՚ուսումնասիրենք, անոր գլխաւոր նիւթը առնուած է դրական օրէնքներէն, գործնական կեանքէն, ապրուած իրադարձութիւններէն եւ յարմարեցուած եկեղեցիի վարդապետութեան հետ, ուստի եւ պէտք է ուշի-ուշով հետեւիլ, թէ եկեղեցական իրաւունքը ժամանակի ընթացքին ինչպէս կարողացած եւ յաջողած է իր դերը կատարել, ինչ փոփոխութիւններու եւ բարեշրջումներու ենթարկուած է թէ՛ ազգայնական եւ թէ՛ այլ արտաքին պայմաններու ազդեցութեան տակ։ Այս պատճառով, ուրեմն, այդ գիտութեան զբաղման նիւթը պիտի ըլլայ պարապիլ եկեղեցիի պատմական կեանքի, օրէնսդրութեան, կազմակերպութեան եւ «ներքին կեանք»ի աստիճանական զարգացման վերլուծմամբ եւ մշակմամբ։
- Պիտի շարունակուի
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 28 2022, Իսթանպուլ