ԵՐԲԵՄՆ ՊԷ՛ՏՔ Է ԺՊՏԻԼ ՆԱԵՒ…

Կեանքի մէջ միշտ նեղութիւններ, դժուարութիւններ կան՝ կեանքը դառնութիւններով, անախորժ, տաժանելի երեւոյթներով լեցուն ընթացք մըն է։ Մարդուս ուրախ, շէն եւ խնդուն օրերը շատ աւելի քիչ են քան տխուր, տրտում եւ թախծոտ օրերը։ Այս պարագային՝ կեանքի մէջ պէ՛տք է երբեմն ժպտիլ եւ ժպտելու առիթներ որոնել։

Ժպտելու լաւագոյն առիթներ կամ միջոցներ են՝ փոքրիկ, երեւակայական կամ իրական դէպքի մը պատմուածքը՝ սրամիտ, ծիծաղաշարժ կամ հեգնական բովանդակութեամբ՝ անեկդոտներ, որոնք գոնէ պահ մը ժպիտ կը ստեղծեն տրտում, տխուր դէմքերու վրայ։

Ուստի, զանազան աղբիւրներէ քաղուած «անեկդոտ»ներ կը ներկայացնենք մեր սիրելի՜ բարեկամներուն։

Ուսուցչուհին կը հարցնէ դասարանին.

-Ինչպէ՞ս կը կազմուի առաւօտեան ցօղը։

Ուշիմ աշակերտ մը կը պատասխանէ.

-Երկրագունդը կը դառնայ առանցքի մը շուրջ, եւ անդադար դառնալով կը քրտնի, եւ այսպէսով կը կազմուի առաւօտեան ցօղը…

*

-Այս վերելակը կ՚աշխատի՞։

-Ո՛չ, չ՚աշխատիր՝ ան տակաւին կ՚ուսանի…

*

Երկու բարեկամ կը ճամբորդեն։ Առաջինը կը հարցնէ քովը նստողին.

-Ո՞ւր կ՚երթաս։

-Թոփգաբու, կը պատասխանէ երկրորդը, իսկ դո՞ւն ուր կ՚երթաս։

-Ես ալ Թոփգաբուէն կու գամ, կը պատասխանէ առաջինը…։

*

Այր-մարդ եւ կին-մարդ կը խօսին։ Այր-մարդը կ՚ըսէ.

-Գիտե՞ս ո՜վ կին, Աստուծոյ աղօթեցի աշխարհի խաղաղութեան համար։

-Է՜հ Աստուած ի՞նչ պատասխանեց, կը հարցնէ կին-մարդը քմծիծաղով։

-Ըսաւ. «Անկարելի՛ է»։ Յետոյ խնդրեցի, որ այր եւ կնոջ միջեւ ալ բնաւ խնդիր եւ կամ կռիւ չըլլայ։

-Իսկ այս խնդրանքիդ ի՞նչ ըսաւ Աստուած, հարցուց կին-մարդը։

Այր մարդը կը պատասխանէ.

-Եկո՛ւր, աշխարհի խաղաղութիւնը փորձենք, ըսաւ Աստուած…։

*

Ծովեզերքը նստած ծովը դիտող մարդուն կը մօտենայ ուրիշ մարդ մը եւ կը հարցնէ.

-Ի՞նչ կ՚ընես հոս։

Մարդը կը պատասխանէ.

-Ճայերը կը համրեմ։

-Քանի՞ ճայ համրեցիր, կը հարցնէ օտար մարդը։

-25, կը պատասխանէ։

-Ուրեմն 25 լիրա պէտք է վճարե՛ս։ Իւրաքանչիւր ճայ 1 լիրա կը համրուի։

Միամիտ մարդը կը վճարէ 25 լիրան, օտար մարդը երբ կը հեռանայ, անոր ետեւէն կը փսփսայ.

-Միամիտ մա՛րդ. խաբեցի զայն՝ 35 ճայ համրած էի, եւ 25 ըսի, 10 լիրա պակաս վճարեցի…։

*

Տղան գինով տուն կը դառնայ եւ որպէսզի հայրը չգիտնայ, թէ ինք խմած է, կը կանգնի պատին դիմաց եւ կը սկսի մազերը սանտրել։

Հայրը այդ տեսնելով, կ՚ըսէ.

-Տղա՛ս, այդ պատի հայելին ութը տարի առաջ փշրուած էր…։

*

Մարդ մը գլխու ցաւէ գանգատելով բժիշկի կը դիմէ։ Բժիշկը խղճմտանքով քննելէ եւ բաւականաչափ շողանկարներ առնելէ ետք կը յայտնէ մարդուն, թէ բան մը չունէր, եւ ամէն ինչ լաւ էր, պարզապէս բջիջ մը չորցած էր եւ մեռած։

Մարդը բնականաբար շատ կ՚ուրախանայ, սակայն քիչ մը տատամսելով կը հարցնէ.

-Պարոն բժիշկ, այդ բջիջը ինչպէ՞ս եւ ինչէ՞ն մեռած է արդեօք։

-Անպայմա՛ն առանձնութենէն, կը պատասխանէ բժիշկը…։

*

Երիտասարդ մը հարսանիքի կ՚երթայ եւ կը նկատէ, թէ հարսը սարսափելիօրէն տգե՛ղ էր։ Քովը նստողին ցած ձայնով կ՚ըսէ.

-Հօրեղբայր, այս հարսը շատ տգեղ է, չէ՞։

-Ես հօրեղբայր չեմ, կը պատասխանէ քովը նստողը, ես հարսին մօրաքոյրն եմ…։

*

Վարորդ մը իր բեռնատարով կը զարնէ հինգ ինքնաշարժ, ուրիշ բեռնատար կառք կը մտնէ վաճառատունէ մը ներս, պատճառ կ՚ըլլայ ութը հոգիի մահուան եւ ծանրօրէն կը վիրաւորէ երիտասարդ մը։

Մի քանի օրեր ետք երբ աչքերը կը բանայ հիւանդանոցի մէջ, գլխուն վրայ կեցած բժիշկին կ՚ըսէ.

-Պարոն բժիշկ, ի՞նչ պատահեցաւ ինծի։

Բժիշկը շատ հանդարտ կը պատասխանէ.

-Արեանդ քննութեան արդիւնքները հասան, եւ շատ քիչ քանակութեամբ արիւն գտնուած է ալքոհոլիդ մէջ…։

Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, երբեմն ալ պէտք է ժպտիլ՝ տոկալու համար կեանքի նեղութիւններուն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2023