ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (Գ.)
Յաջողութիւնը երկինքէն տեղացող մանանայ մը չէ, ոչ ալ հողին տակը պահուած «գանձ» մըն է. յաջողութիւնը մարդուն մէջ սկիզբ կ՚առնէ եւ անոր ամենէն հաստատուն սիւներէն մէկը համոզումն է. մարդ իր ուժերէն բացի պէտք է հաւատայ իր գաղափարներուն ու համոզումներուն. յաճախ մարդկային տկարութեամբ երբ փոքր դժուարութեան հանդիպինք, կը յուսահատինք, սակայն կը յաղթէ ան, որ հաստատ ու հաւատարիմ կը մնայ իր համոզումներուն։ Սեփական համոզումներու մէջ հաստատ մնալը միայն աշխատանքի եւ կամ «յաջողութեան» հասնելու համար պէտք չէ՛:
Սեփական համոզումներու հանդէպ ինքնավստահ ըլլալը մարդուն մէջ կը ստեղծէ վճռականութիւն եւ խանդավառութիւն. այդ վճռականութիւնն ու խանդավառութիւնը կը յաջողին երազները իրականութեան վերածել, որովհետեւ մարդուն մէջ կը ստեղծեն մարտահրաւէրներու դէմ դիմագրաւելու հոգեվիճակ եւ միայն այդ պայքարով կարելի է հասնիլ յաջողութեան:
Յաճախ մարդիկ «յաջողութիւն» կը մաղթեն, սակայն մենք կը հաւատանք, որ յաջողութիւն կը մաղթեն անոնք՝ որոնք յաջողութիւնը «երկինքէն» տրուած պարգեւ կը նկատեն. յաջողութիւնը մաղթանքէ մը աւելի պայքարի եւ գոյամարտի կոչ մը կրնայ ըլլալ:
Սակայն այսքանով ալ վերջ չի՛ գտներ. յաջողութեան հասնելու համար կարեւոր է ինքնակարգապահութիւնը. վերջերս համացանցի մէջ տարածում գտած էր տեսանիւթ մը, որ կը կարծենք յաջողութեան հասնիլ ուզող իւրաքանչիւր անձ պարտի նուազագոյնը մէկ անգամ նայիլ. մարդիկ մրցումի մէջ կը դնեն նապաստակ մը եւ կրիայ մը. վստահաբար ամէն մարդ կը մտածէ, թէ նապաստակը յաղթական դուրս կու գայ. սակայն հետեւեալը կը պատահի. նապաստակը հակառակ արագ ըլլալուն՝ որոշ քայլ մը առնելէ ետք կը սկսի շուրջը նայիլ. ուշադրութիւնը կը սկսի տարուիլ այլ բաներով. մինչ կրիան կամաց ըլլալով հանդերձ հաստատ մնալով իր քայլերուն մէջ կը հասնի նպատակակէտին. հետեւաբար, հաստատամտութիւնն ու ինքնակարգապահութիւնը յաջողելու համար շատ աւելի կարեւոր են՝ քան արագութիւնը։ Տեսած էք չէ՞, թէ ջուրը կաթիլ կաթիլ կաթկթելով ինչպէս ժամանակի ընթացքին կը յաջողի քարը ճեղքել. նոյնն է նաեւ յաջողութիւնը. պարզապէս հաստատամտութիւն պէտք է: Այնպէս ինչպէս նապաստակին, նոյնպէս ալ մեր հետաքրքրութիւնը շատ անգամ կը շեղի նպատակէն. կը ձախողինք, որովհետեւ ճամբու ընթացքին կը տարուինք այլ երեւոյթներով, որոնք մեր յաջողութեան ճամբուն վրայ խոչընդոտ են պարզապէս: Մեր ձախողութեան հիմնական պատճառը մեզ քայքայման տանող անհատական եւ բարոյական սայթաքումներն են, որոնք յաճախ խոցելի դառնալով կ՚արգիլեն մեր հաստատ ընթացքը եւ մեզ կը վերածեն այն նապաստակին, որ իր մէջ ուժը ունենալով հանդերձ յաղթուած դուրս կու գայ:
Ո՛չ մէկ մարդ անհատ հարբեցող կամ խաղամոլ կը ծնի. ժամանակի ընթացքին այնպիսին կը դառնայ, սակայն դառնալու համար պէտք է սկիզբ մը. այսօր հարբեցող մարդը իր խմելու սկսած առաջին օրը մեծ շիշերով խմել չսկսաւ. ո՛չ ալ բախտախաղի մէջ գումար դնողը սկզբնական շրջանին այնքան մեծ գումարներ դրաւ. հիմնականը սկիզբն է. նոյնն է նաեւ յաջողութեան պարագային. ամէն բան ունի սկիզբ եւ այդ սկիզբը կրնայ այնքան ալ փայլուն տեսք մը չունենալ, սակայն, ժամանակը կը զարգացնէ։ Սկզբունքն է, որ մարդը դէպի վեր կը բարձրացնէ: Հակառակ այս բոլորին, գիտենք, որ սխալիլը մարդկային է եւ մարդ պիտի սխալի՝ որպէսզի ճանչնայ եւ սորվի, սակայն սխալելէ ետք սխալը սրբագրելու փոխարէն քօղարկելը շատ աւելի վնաս է մարդուն համար՝ քան նոյնինքն քօղարկուած սայթաքումը. քաջութիւնը երբեք չսայթաքելու մէջ չէ. այլ սայթաքումէ ետք ինքնատիրապետումը պահելուն մէջ է: Աշխարհի լաւագոյն խօսքերէն մէկը կարելի է նկատել «սխալիլը սխալ չէ» խօսքը. մինչեւ մութը չզգաս ու չապրիս, լոյսին իսկական արժէքը չես կրնար գիտնալ. նոյնն է նաեւ մարդու պարագային. պէտք է ձախողիս՝ որպէսզի գիտնաս համն ու արժէքը յաջողութիւններուն. մէկ անգամ ձախողած անձը շատ աւելի բան գիտէ, քան երբեւէ ձախողութիւն չապրող անձը եւ հաւատացէ՛ք, որ աշխարհի մէջ «յաջողութեան» հասնող մարդոց մեծամասնութիւնը այսպէս կամ այնպէս դիմագրաւած է այդ մէկը. պէտք է դաստիարակութեան մէկ մասը դարձնել ձախողութեան ունեցած բարիքներու գիտութիւնը։ Մենք կը փորձենք մեր զաւակներուն խօսիլ յաջողութեան մասին, կը բացատրենք, թէ ինչպէ՞ս մարդ կարելի է յաջողի, սակայն կ՚անգիտանանք բացատրել, թէ ի՞նչ է ձախողութիւնը. ինչպէ՞ս կարելի է դիմագրաւել եւ այդ մէկը իր ժխտական երեւոյթէն դուրս բերելով վերածել դրականի: Մեր համոզումն է. մի՛ վախնաք ձախողելէ. ձախողեցէք այնքան՝ ինչքան կատարելագործէք այն ամէնը, որուն երազը ունիք։ Բողոքելու փոխարէն ձախողութիւնները դասի վերածեցէք. վերլուծեցէ՛ք, քննեցէք եւ սեփական ուժերով գտէք խոցերը, որոնք ձեր դրական երազները ձախողութեան կը մատնեն: Թէ ոչ ձախողութեան մը դիմաց ընկճուիլն ու լալը ձախողութեան մէջ ոչինչ պիտի փոխէ. փոփոխութիւնը գործով է միայն. հետեւաբար երանի՜ այն մարդուն, որ կը ձախողի, որովհետեւ ձախողութիւնը եւս յաջողութեան մը սկիզբն է:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Կեանքի մէջ ձախողիլը ամօ՞թ մըն է:
Պատասխան. Ձախողութիւնը էութեամբ ամօթ մը չէ. ձախողութիւնը սորվելու եւ զարգանալու բնական մասն է: Իւրաքանչիւր մարդ կը հանդիպի անյաջողութիւններու եւ մարտահրաւէրներու եւ փորձառութեան ճամբով կը ձեւաւորէ ճկնութիւն եւ նոր ուղիներ կը բացայայտէ: Ձախողութիւնը ամօթ չէ, սակայն կարեւոր է, թէ մենք ինչպէս կ՚արձագանգենք այդ ձախողութիւններուն. կը փորձենք սորվի՞լ: Պէտք է ձախողութիւնը ամօթ տեսնելու փոխարէն դիտել որպէս յաջողութեան ելք, որ կու գայ փորձութիւններն ու սխալները սրբագրելով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան