ԿՐՕՆՔ ԵՒ ՏԱՌԱՊԱՆՔ
Իւրաքանչիւր «հաւատացեալ» պէտք է յստակօրէն ըմբռնէ, թէ «կրօնք» միայն Սուրբ Գիրք կարդալ, աղօթել, եկեղեցի յաճախել եւ մինչեւ իսկ «բարի» ըլլալ չի նշանակեր։ Իր բարձրագոյն իմաստով՝ կրօնք Աստուծոյ հետ անձնապէ՛ս յարաբերիլ, Անոր հետ մէ՛կ ըլլալ եւ Անոր մէջ Անոր կեանքը ապրիլ է։ Այս իմաստով, Սուրբ Գիրք կարդալ, աղօթել, եկեղեցի երթալ, բարի ըլլալ, բոլոր այս արարքները կրօնքին արտաքին մասը, տեսանելի կողմը կը ներկայացնեն։ Իսկ Աստուծոյ հետ յարաբերիլ, Անոր հետ մէկ ըլլալ, զԱյն ապրիլ՝ կրօնքին ներքին եւ անտեսանելի կողմն են։ Եւ կրօնքին այս ներքին կողմն է, որ իր իսկական իմաստը կը ստանայ։
Կրօնքը, ուրեմն ձեւականութիւն չէ, այլ էապէս ներքին մղո՛ւմ մը, ինքնեկ զգացում մը, անտեսանելի յարաբերութիւն մը եւ հոգեվիճա՛կ մը։ Ուստի «կրօնք»ը տեսնուածը չէ՛, այլ՝ անտեսանելի՛ն։
Երբ կրօնքը Աստուծոյ հետ մէկ ըլլալ, միանալ եւ Աստուծոյ հետ անձնապէս յարաբերիլ, ապրիլ է, պէտք է խոստովանիլ որ դժբախտաբար քիչեր հասած են կրօնքի այս «բարձունք»ին եւ դարձեալ, քիչեր ունեցած են այս բարձրագոյն փորձառութիւնը։
Արդարեւ, շատերու համար «կրօնք» կը նշանակէ պայմանադրութիւն մը Աստուծոյ հետ՝ որուն միջոցով իրենք «բարի» պիտի ըլլան, պիտի աղօթեն, Սուրբ Գիրք պիտի կարդան, եկեղեցի պիտի երթան, եւ Աստուած ալ այս բոլորին փոխարէն զիրենք ցաւէ, վիշտէ, տառապանքէ ազատ պիտի պահէ, եւ այս կերպով հանգիստ, անվտանգ, նեղութիւններէ զերծ երջանիկ կեանք մը պիտի ապրին այս աշխարհի վրայ։ Իրապէս պայմանադրութիւն մը՝ փոխադարձ խոստումներու դրութիւն մըն է կրօնքը այսպէս հասկցող եւ ըմբռնողներու համար։
Բայց երբ այսպէս մտածողներու դատումով երբ չկատարուի իրենց ըրածին փոխարէնը, կը յուսալքուին. եւ երբ իրենց հասկացողութեամբ կ՚ընեն ի՛նչ որ կրօնքը կը պահանջէ իրենցմէ, եւ կը տեսնեն, թէ դարձեալ հիւանդութիւն, նեղութիւն, ձախողութիւն, անհամաձայնութիւններ, դժուարութիւններ, արկած եւ ի վերջոյ մահ կը պատահին իրենց կամ իրենց մերձաւորներուն, եւ մանաւանդ երբ կը տեսնեն, թէ եկեղեցիէ, կրօնքէ, հաւատքի կեանքէ հեռու կեցողներ, «չար»եր իրենցմէ աւելի՛ առողջ, իրենցմէ աւելի՛ յաջող, իրենցմէ աւելի՛ հանգիստ եւ երջանիկ են, եւ ամէն տեսակ ցաւերէ, վիշտերէ, տառապանքէ ազատ, ահաւասիկ այն ատեն տակնուվրայ կ՚ըլլան եւ իրենց ցաւերուն, տառապանքներուն, կորուստներուն եւ անոնց պատճառած տագնապներուն մէջէն լռելեայն բողոք կը բարձրացնեն, թէեւ անձայն, դժգոհութիւն կը յայտնեն եւ գանգատ կը վերցնեն՝ եւ կ՚աղաղակեն. «ո՞ւր է Աստուած»։
Բայց միանգամ ընդմիշտ պէտք է հասկնանք եւ միտք առնենք, ընդունինք թէ «կրօնք դաւանիլ», աղօթք ընել, ծոմապահութիւն ընել, զԱստուած պաշտել, պատ-ւէրներու մեքենաբար հաւատարիմ մնալ եւ կատարել զանոնք. ցաւէ եւ տառապանքէ ազատ չեն թողուր մեզ բացարձակապէս։
Յաճախ կը յիշենք Յիսուսի խօսքը. «Այստեղ, այս աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, սակայն քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Յաճախ կը կրկնենք եւ կը յիշենք Յիսուսի այս խօսքը, քանի որ նեղութիւններ իրապէս չեն պակսիր մեր կեանքէն։ Քանի որ կ՚ապրինք այս կեանքը աշխարհի վրայ, պէտք է ընդունինք, որ տառապանք, ցաւ, նեղութիւն, դժբախտութիւն անխուսափելի են։ Կեանքը ա՛յս է եւ երբեք հանգստաւէտ բուրաստան մը չէ՛ խոստացուած մեզի այս աշխարհի վրայ։ Եւ ո՜վ չէ ունեցած ցաւ մը, վիշտ մը կամ նեղութիւն մը իր կեանքի որեւէ շրջանին անխուսափելի կորուստի մը պատճառով։ Եւ անշուշտ պատահած ամէն ֆիզիքական կամ բարոյական կորուստ անջնջելի հետքեր կը թողու մարդուս ներաշխարհին վրայ, որոնք նեղութիւն կը պատճառեն իրեն։ Բայց աշխարհի ամենէն մեծ տառապողները Աստուծոյ ամենէն մօտիկ ապրող անձերը եղած են։ Եւ եթէ մէկը կար որ իր բարութիւնը, սրբութիւնը ցոյց տուած՝ իր բարութեանը, սրբութեանը եւ կատարած բարի գործերուն համար տառապանքէ, նեղութենէ զերծ մնար, ազատ պէտք էր մնար՝ Քրիստոս էր, սակայն անոր համար ըսուած է. «Ցաւերու տէր եւ վիշտերու տեղեակ եղաւ», իրապէս, ո՞վ աւելի շատ նախատինք եւ հալածանք կրեց քան Քրիստոս, ո՞վ աւելի դառն մահուամբ իր կեանքը վերջացուց այս աշխարհի վրայ քան Ան, որ կեա՛նքն իսկ էր, ճամբան եւ ճշմարտութիւնը…։ Հապա մենք, ամենափոքր նեղութեան մը ժամանակ անմիջապէս կը բողոքենք, կը դժգոհինք՝ առանց խորհելու թէ աւելի ծանր նեղութիւններ կան աշխարհի վրայ եւ կրնային պատահիլ մեզի։
Եւ ի՞նչ էր խոստումը, որ Քրիստոս տուաւ իր աշակերտներուն, երբ զանոնք կանչեց որպէսզի Իրեն հետեւին։ Ան երբեք չըսաւ անոնց.- եթէ ինծի հետեւիք ցաւէ, վիշտէ եւ տառապանքէ ազատ պիտի ըլլաք, ընդհակառակը բացորոշ կերպով յայտնեց անոնց այն հալածանքի եւ տառապանքի, նեղութիւններու կեանքը, որ իրենց կը սպասէր։ Եւ այդ օրէն ի վեր Քրիստոսի հետեւողներ՝ առաքեալներ, սուրբեր, մեծ մարդասէրներ, բարեսէրներ, պատմութեան ընթացքին ամէն տեսակ տառապանքի մէջէ անցնելով շարունակեցին իրենց կեանքը, եւ այդ նեղութիւններու մէջ դիւցազնաբար կուրծք տալով ամէն հարուածի եւ փոթորիկի՝ իրենց դաւանած հաւատքին, իրենց պաշտած Փրկչին համար ապրեցան։
Քրիստոս կեանքը ներկայացուց որպէս պայքար մը եւ որոշակի ըսաւ. «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասիրտ եղէք, ես յաղթեցի աշխարհին»։ Ան եղաւ քաջ տիպար մը մարդկութեան համար։
Աշխարհի տառապանքներէն փոխանակ վախնալու, անտրտունջ դիմագրաւել պէտք է զանոնք։ Աստուած ցաւերը չի վերցներ մեր վրայէն՝ բայց ներքնապէս կը զօրացնէ մեզ, որպէսզի մեր խաչը շալկած Խաչեալին հետեւինք։ Անոր նման արի՛աբար քալենք մինչեւ Գողգոթա, եւ եթէ հոն մեռնինք, այդ մահ չէ, այլ կեա՛նք. յաղթանա՛կի կեանք։
Եւ նեղութիւններու ամէն մէկը ընդունելու ենք որպէս կանգառ, որպէս հանգրուան հաւատքի մէջ, հաւատքի ճամբուն վրայ՝ որ մեզ պիտի առաջնորդէ կատարելութիւն՝ երկնային երանութի՜ւն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 5, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024