ՃԵՂՔ ՄԸ ՀՈՂԻՆ… ՃԵՂՔ ՄԸ ՍԻՐՏԻՍ

Մեր թուականէն 33 տարիներ առաջ՝ 7 դեկտեմբեր 1988-ի ժամը 11.41-ին բնութիւնը իր պոռթկումը ունեցաւ եւ հրաբուխի սաստկութեամբ երկիրը շարժեցաւ, որ պատուհաս դարձաւ աւելի քան 700 հազար հայորդիներու: Երկրաշարժ, որ գետնատակ ըրաւ 4 քաղաք, 21 հազար բնակելի շէնք, 88 դպրոց եւ 88 մանկապարտէզ, 84 հիւանդանոց եւ բոյժկէտ...: Երկրաշարժ, որ գերեզման կը դառնայ թիւով 25 հազարը գերազանցող հայորդիներու եւ անօթեւան, անտուն ու անպատսպար կը դարձնէ բազմահազար մարդիկ:

«Մեր բախտին պէս նորէն ճեղք տուաւ հայկական հողը: Կարծես մենք լիաթոք ծիծաղելու իրաւունք չունինք, կարծես մեր ժպիտները նոյնիսկ ճեղք պիտի ունենան...», կ՚ըսէ գրող եւ արձակագիր Հայկ Խաչատրեան, երկրաշարժէն օրեր ետք գրած իր «Դիմանալ, տոկալով» խորագրեալ յօդուածին մէջ:

Ճի՛շդ 33 տարիներ առաջ՝ այսօր քաոսային վիճակ մը կը ստեղծուի հայրենիքէն ներս. տակաւին վայրկեաններ առաջ խաղաղութեան մէջ գտնուող հայրենիքը երկվայրկեանի մը մէջ խառնարանի կը վերածուի. Ճի՛շդ այդ վայրկեանին հազարաւորներ որբ եւ այրի կը դառնան, հազարաւորներ խեղանդամ ու հաշմանդամ, շատե՜ր վիրաւոր, իսկ ուրիշներ՝ լուսահոգի:

Օրուայ մամուլը բարձրաձայն կ՚աղաղակէ «Անհրաժե՛շտ է». այդ օր ամէ՛ն բան անհրաժեշտ էր. ամբարձիչներ, բոյժանձնակազմներ, բժշկական սարքաւորումներ, դեղօրայք, սննդամթերք, ջուր, հագուստ, վրաններ. անհրաժեշտ էր ամէ՛ն բան, որ մարդ կրնայ երեւակայել ու պատկերացնել: Փրկուողները առանց ժամանակ ունենալու իրենց կենդանութեան վրայ ուրախանալու կ՚անցնին հարազատներու եւ սիրելիներու փնտռտուքի. մահէ՛ն աւելի դաժան բան է փնտռտուքն ու սպասումը հոգեպէս ընկճուած մարդու մը համար:

Այսօրուայ աշխարհին մէջ, նման ժապաւէններու դիմաց տարիքային սահմանում կը դնեն, որպէսզի մանուկներ ականատես չըլլան վախազդու պատկերներու. այդ օր բազմահազար մանուկներու, պատանիներու եւ պարմանուհիներու համար ի զօրու չէր այդ սահմանումը. անոնք ո՛չ թէ միայն պիտի տեսնէին, այլ պիտի ապրէին այդ բոլորը, իրենց աչքերով տեսնելով հաւանաբար իրենց քարերուն տակ մնացած մայրերն ու հայրերը:

Մեր թուականէն 33 տարիներ առաջ՝ այսօր, հակառակ մրցակցութիւններու, թշնամութեանց ու հակառակութեանց յարութիւն կ՚առնէ մարդկային խիղճը. աշխարհի չորս կողմէն կամաւորներ, բժիշկներ, մասնագէտներ, հոգատարներ կը փութան Հայաստան. 33 տարի առաջ՝ այսօր սկիզբ կ՚առնէ նամակներու տարափը: Մին իր համեստ լուման կը ղրկէ Հայաստան, մին պատրաստակամութիւն կը յայտնէ իր տան մէջ անպատսպար հայորդիներ ընդունելու: Էօզպեքիստանէն մանուկ մը այդ օրերուն ծնողներու ճամբով Հայաստան ղրկած իր նամակին մէջ կը գրէ. «Ես ութ տարեկան եմ: Խնայած եմ 10 ռուբլի, կ՚ուզէի գիրքեր գնել: Բայց Հայաստանի մէջ աղէտ է եւ կը ղրկեմ իմ 10 ռուբլին: Եթէ արիւնի պէտք ըլլայ, կրնամ արիւն ալ տալ...»:

Հայկական աշխարհի առաջին դժբախտ աղէտը չէ՛ այս մէկը. հազարամեակներ առաջ նոյնիսկ հայրենի հողը իր զոհերն ու վիրաւորները կ՚ունենար. վկայ Վայոց ձորը... 893-ին երկրաշարժի պատճառով կը կործանի Դուինը, 1308 թուականին՝ Տաթեւը, 1319-ին՝ Անին, 1840-ին՝ Ակոռի գիւղը: Պատմութեան մէջ որպէս մեծ երկրաշարժ յիշուած է 17-րդ դարու պատմիչ եւ մատենագիր Զաքարիա Քանաքեռցի կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւնը։ Մատենագիրին համաձայն՝ 4 յունիս 1679 թուականի ժամը 13.00-ին տեղի ունեցած է Երեւանի երկրաշարժը, որ ծանօթ է նաեւ Գառնիի երկրաշարժ անունով: Երկրաշարժի պատճառով վնասուած ու աւերակ դարձած են բազմաթիւ կառոյցներ, ներառեալ Երեւանի բերդը, Կարմիր Կամուրջը, Սուրբ Պօղոս Պետրոս եկեղեցին, Գեղարդավանքը, Յովհանավանքը եւ բազմաթիւ այլ հարստութիւններ. ըստ Չամչեանի՝ երկրաշարժին հետեւանքով զոհուած է թիւով 8 հազարը գերազանցող հայեր. ըստ պատմական տուեալներու՝ երկրաշարժը կրկնուած է նաեւ յաջորդող օրերուն եւս:

Երկրաշարժները բազմիցս քանդած են հայու ձեռքերով կառուցուած հոյակապ կառոյցները, սակայն հայը երբեք չէ՛ յուսահատած ու անտրտունջ դարձեալ կերտած է նորերը. բնութիւնը երկրո՞րդ անգամ աւերած է զայն. դարձեալ կերտած է՝ մի՛շտ աւելի լաւ ու գեղեցիկ: Հայը բազմիցս մեռելութեան մէջէն յարութիւն տուած է փառահեղ քաղաքներու, աւելի՛ քան մէկ, աւելի քան երկու, երեք կամ չորս անգամ. յուսահատիլ չէ՛ գիտցած հայը: Փաստ՝ 33 տարիներ առաջ երկրաշարժի զոհ դարձած այսօրուան Լենինականը՝ որպէս Հայաստանի ամենագեղեցիկ ու սիրուն քաղաքներէն մէկը:

Լենինականի երկրաշարժի հետեւանքով ճեղքուած պատերուն ճեղքերը գոցուած են հիմա, սակայն անոնց մեր սրտերուն վրայ պատճառած ճեղքերը կը մնան անբուժելի. մինչե՛ւ օրս, Վանաձորի, Սպիտակի եւ Կիւմրիի մէջ կան մարդիկ, որոնք երկրաշարժին իրենց տունն ու տեղը կորսնցուցած, մինչեւ այսօր կ՚ապրին փլատակ ու անապահով երդիքներու տակ:

Աշխարհի վրայ կան ճշմարտութիւններ, որոնց դիմաց դրամն ու նիւթականը անգամ անզօր ու անկարող է. այսօր բոլորս ալ մեր տուներուն մէջ հանգիստ նստած ենք, սակայն մի քանի վայրկեան ետք ի՞նչ կրնայ պատահիլ՝ ոչ ոք գիտէ:

Մեր հայրենի հողին չափ երանի՜, քիչ մը մեր սիրտերն ու գութերը շարժին, միասնաբար աւելի՛ հզօր Հայաստան մը կերտելու հրամայականով:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՊԱՏՈՒԱԿԱՆ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
(1934-1988)

Մեր թուականէն 33 տարիներ առաջ՝ 7 դեկտեմբեր 1988-ին, Կիւմրիի աղէտալի երկրաշարժին զոհուեցաւ գրող, արձակագիր եւ Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ Պատուական Ղուկասեանը:

Ղուկասեան ծնած է 2 հոկտեմբեր 1934-ին, Շիրակի մարզի Ծաղկաշէն գիւղին մէջ։ 1941 թուականին գրողը իր ընտանիքին հետ միասին տեղափոխուած է Լենինական եւ կրթութիւնը ստացած տեղի 5-րդ դպրոցին մէջ, միաժամանակ հետեւելով Կիւմրիի Նկարչական դպրոցի դասընթացքներուն: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք բարձրագոյն կրթութիւն ստացած է Լենինականի անուան բժշկական ուսումնարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1955 թուականին: Աւարտելէ ետք, մօտաւորապէս տասն տարի վարած է շտապօգնութեան բժիշկի պաշտօնը: Պատուական Ղուկասեան դարձեալ ուսումը շարունակել որոշելով 1965 թուականին աւարտած է Լենինականի Միքայէլ Նալպանտեանի անուան մանկավարժական համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժինը, իսկ 1970 թուականին Մոսկուայի Վ. Լենինի անուան մանկավարժական համալսարանը: Ղուկասեանի գրական գործունէութիւնը սկսած է դպրոցական տարիներուն։ Ան փոքր տարիքէն գրած է յօդուածներ եւ պատմուածքներ, որոնք լոյս տեսած են «Պիոներ Կանչ», «Աւանզարդ», «Բանուոր» եւ այլ պարբերականներու մէջ: Յառաջիկայ տարիներուն անոր գրութիւնները սկսած են լոյս տեսնել «Գրական Թերթ» եւ «Գարուն» ամսագրերուն մէջ:

Ղուկասեան 1975 թուականին Երեւանի մէջ հրատարակած է իր առաջին գիրքը՝ «Բարով ես եկել»ը, որուն յաջորդած են «Անհանգստութիւն» (1982), «Եւ մարդը հորիզոնին չձուլուեց» (1985) եւ «Կիսատ ճանապարհ» աշխատութիւնները:

Մեր թուականէն 7 տարիներ առաջ՝ 2014-ին Պատուական Ղուկասեանի ծննդավայրի միջնակարգ դպրոցը վերանուանուեցաւ գրողի անունով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021