ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
«Մկրտութիւն» կը նշանակէ՝ սկզբնական մեղքը ջնջելու համար սահմանուած եկեղեցւոյ խորհուրդ։ Այս բառը ունի նաեւ, լուացում, լուսաւորութիւն եւ մարտիրոսութիւն։ Մկրտութիւնը, այս իմաստով, հոգեւոր «վերածնունդ»ի խորհուրդ մըն է։
Մկրտութեան շնորհիւ, երախան կ՚ընդունի Սուրբ Հոգին՝ «մարմին եւ անդամ» կ՚ըլլայ եկեղեցւոյ, «կը հագուի» Քրիստոսը, այսինքն Քրիստոսով նոր բնութեամբ կը մարդանայ։ Ըստ Հայ Եկեղեցւոյ Մկրտութեան կարգին՝ ենթական, այսինքն մկրտուող երախան կը ստանայ «Երկնաւոր Հօր որդեգրութիւն»ը եւ կ՚ըլլայ «Քրիստոսի ժառանգակից եւ Սուրբ Հոգիի տաճար»։
Մկրտութեամբ, երախան «նոր մարդ» մը կը ներկայանայ՝ սրբուած եւ վերածնած։
Հայ Եկեղեցւոյ մէջ մկրտութիւնը կը կատարուի ջուրի մէջ երեք անգամ ընկղմամբ յանուն Ամենասուրբ Երրորդութեան, Քրիստոնէական եկեղեցւոյ նախկին սովորութեան համաձայն։
«Երեք անգամ ընկղմում»ը կը համապատասխանէ Քրիստոսի քաւչական գործին։ Ջուրին մէջ մտնելը մահուան նշանակ է. ընկղմումը՝ թաղման եւ ջուրէն դուրս ելլելը՝ յարութեա՛ն։ Այսպէս՝ հին մարդը կը մեռնի, նորը յարութիւն կ՚առնէ։ Մկրտեալը՝ եկեղեցւոյ՝ փրկուած մարդկութեան մէկ անդամը կ՚ըլլայ։ Ըստ Պօղոս Առաքեալի, Քրիստոսի մահը, թաղումը եւ յարութիւնը իրողութիւններ են ո՛չ միայն պատմական տեսակէտով, այլ եւ աշխարհի յաւերժական կարգին մէջ։ (ՀՌՈՄ. Զ 3-11), (ԿՈՂ. Բ 12)։
Հաւատացեալը երբ մկրտութեամբ միանայ Քրիստոսի, մասնակից կ՚ըլլայ Անոր կեանքի այս իրողութիւններուն՝ կը մեռնի Անոր մահով, կը թաղուի Անոր մահուամբ եւ թաղումով, եւ յարութիւն կ՚առնէ Անոր յարութեամբ։
Ջուրի մէջ մտնելով կը մեռնի Քրիստոսի հետ իր մեղքերուն համար։
Ջուրի մէջ ընկղմելով կը թաղուի Անոր հետ՝ ապացուցանելու թէ՝ իր մահը մեղքին համար իրակա՛ն է, ինչպէս Քրիստոսինը եղաւ։
Ջուրէն ելլելով՝ կը սրբուի, կը լուսաւորուի եւ վերածնեալ եւ յարուցեալ կեանքի մը մէջ կը մտնէ։
Մկրտող պաշտօնեան՝ մկրտիչը պէ՛տք է «քահանայական կարգ» ունեցող եկեղեցական մը ըլլայ։ Միա՛յն ստիպողական պարագաներու մէջ, երբ մահուան վտանգ կայ եւ քահանայ գտնել կարելի չ՚ըլլար, սարկաւագներ կրնան խորհուրդը կատարել Մաշտոցի կարգաւորութեան համաձայն։ Ասոնց բացակայութեան, բարեպաշտ աշխարհականներ կրնան նոյն դերը կատարել։
Իսկ մկրտուողը՝ երախան՝ երբ չափահաս է, ապաշխարութիւն եւ հաւատք անհրաժե՛շտ են անոր, ըստ աւետարանական պատգամին, թէ՝ «Ով որ հաւատայ եւ մկրտուի՝ պիտի փրկուի, իսկ ով որ չհաւատայ՝ պիտի դատապարտուի» (ՄԱՐԿ. ԺԶ 16)։
Ուստի, չապաշխարած եւ թերահաւատ՝ հաւատքէ պարպուած մարդիկ պէտք չէ՛ մկրտուին։ Հասուն տարիք ունեցող երախաներ պէ՛տք է լրացնեն մկրտութեան պատրաստութեան համար օրինաւոր-կանոնեալ պայմանները՝ որոնց մասին Մաշտոցը յատուկ խրատ ունի։
Մանկամկրտութեան պարագային երբ երախան խորհուրդի ստացման անհրաժեշտ հաւատքին դեռ անկարող է իր անգիտակցութեանը պատճառով, Եկեղեցին անոր տեղ կը կացուցանէ «կնքահայր»ը՝ որ այսպիսով ստանձնած կ՚ըլլայ, մինչեւ մանուկին գիտակցութեան հասնիլը անոր հաւատքին պատասխանատուութիւնը։ Այս իսկ պատճառով՝ իր հանգամանքով եւ պաշտօնով, կնքահայր չե՛ն կրնար ըլլալ տարբեր յարանուանութիւններու եւ եկեղեցիներու եւ կրօններու պատկանող անհատներ, ինչպէս նաեւ կիներ եւ տհաս պատանիներ։
Կնքահօր «հաւատացեալ մա՛րդ» եւ միեւնոյն եկեղեցւոյ անդամ ըլլալը անհրաժե՛շտ է։ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կնքահօր պաշտօնն է երախայի անգիտակցութեանը հետեւանքով վկայել անոր հաւատքին մասին եւ պատասխանատուութիւն ստանձնել անոր գիտակցութիւնը առաջնորդելու Եկեղեցւոյ հաւատքին մէջ։ Ահա՜ թէ ինչո՛ւ ինք պարտի ըլլալ «կատարեալ հաւատացեալ» զաւակ Հայ Եկեղեցւոյ, որպէսզի կարենայ Աւետարանը ուսուցանել մանկան եւ զայն մեծցնել քրիստոնէական ոգիով եւ Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետութեամբ։
Այս իմաստով, կնքահօր պարտականութիւնը միայն Մկրտութեան ընթացքին՝ ձեւական մէկ ներկայութիւն մը կարծել սխալ եւ ներհակ է թէ՛ Մկրտութեան, թէ՛ կնքահօր իսկական իմաստին։
Արդարեւ «կնքահայրութիւն»ը ձեւական եւ ժամանակաւոր «դեր» մը չէ՛, այլ՝ ծանր պատասխանատուութեան գիտակցութիւն պահանջող աստուածամերձ եւ աստուածահաճոյ ծառայութիւն մը, եւ քրիստոնէական առաքելութի՛ւն մը։
Երախաներու մկրտութեան կանոնական ժամանակը ութօրեայ է։ Մանաւանդ վտանգի պարագային աւելի կանուխ կը կատարուի։ Եւ եթէ հիւանդութեան պատճառով ջուրի մէջ ընկղմում կարելի չէ, թոյլատրելի է սրսկումով կատարել խորհուրդը։ Ուշացումը անհոգութեան, անտարբերութեան եւ ա՛յլ նկատումներու հետեւանք է։ Եւ այս ուշացումէն պատասխանատո՛ւ են թէ՛ ծնողքը եւ թէ՛ կնքահայրը։
Թէ՛ մկրտող քահանան եւ թէ՛ մկրտուող երախան խորհրդակատարութենէն առաջ ծոմ պահելու են…։
- Օգտուեցանք՝ Մայր Մաշտոցէն եւ այլ Մաշտոցներէ, եւ Դերենիկ Եպիսկոպոսի «Մկրտութիւն եւ Դրոշմ»էն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 18, 2017, Իսթանպուլ