ՍԵՒԱՄՈՐԹ ՔՐԻՍՏՈՍ… ՍԵՒԱՄՈՐԹ ՀՐԵՇՏԱԿ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջերս տասնեակ մը սեւամորթ մանուկներու հարց տուին, թէ ի՞նչ բան կ՚ուզէիք փոխուէր ձեր կեանքին մէջ. մեծամասնութեան մօտ պատասխանը նոյնն է. «կ՚ուզէինք սպիտակամորթ ըլլալ»: Մանուկ տարիքէն նման փափաք մը ինքնաբերաբար հոգեկան լուրջ խնդիր մը կը խորհրդանշէ, որովհետեւ մանուկներ իրենց սեւութեան հանդէպ կը սկսին ատելութիւն սերմանել, ինչ որ կը խոչընդոտ է առողջ կազմաւորման:

Մանուկները իրենց սեւութիւնը ատելու իրաւունք ունին, որովհետեւ մենք մեր կեանքին մէջ ամէ՛ն բան որ բարի է, կը ներկայացնենք որպէս սպիտակ, իսկ այն բանը որ գէշ է՝ կը ներկայացնենք որպէս սեւ: Սեւութիւնը խաւարի, իսկ սպիտակութիւնը լոյսի խորհրդանիշ որպէս կ՚ընդունինք: Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ ցուցադրուող ժապաւէններու մէջ մեծաւ մասամբ բարին ու արդարը սպիտակամորթ, իսկ չարագործն ու ոճրագործը կը ներկայացուի սեւամորթ դերասաններու միջոցով. գրեթէ մի՛շտ ալ սպիտակամորթի յաղթանակով վերջ կը գտնէ նման ժապաւէններ: Աշխարհի ամենէն յայտնի մանկական ժապաւէնին՝ «Tom And Jerry»ին մէջի ջղային կինը նոյնիսկ ներկայացուած է սեւամորթ:

Աւելին. Կաղանդ պապան՝ որ բարիքներ ու ժպիտներ կը բաժնէ՝ սպիտակամորթ է, Եկեղեցիներու մեծամասնութեան մօտ Յիսուս Քրիստոս սպիտակամորթ է, հրեշտակները՝ որ զԱստուած կը փառաբանեն՝ սպիտակամորթ են. անցեալէն մեզի հասնող բոլոր պատմական դէմքերը՝ որոնց իսկական դիմագիծն ու նկարները գոյութիւն չունին, միշտ ալ սպիտակամորթ են:

Այս բոլորը բացայայտօրէն կը ներկայացուի նաեւ սեւամորթ մանուկներուն, որոնց մէջ ակամայ նախանձ, ինչպէս նաեւ «պակաս»ութեան զգացողութիւն մը կ՚արթնցնէ անոնց մէջ:

Մինչեւ տասնամեակներ առաջ Ափրիկէի սեւամորթ ցեղերն ու ազգերը կը յիշուէին որպէս «վայրենի»ներ ու «մարդակեր»ներ, որոնք մինչեւ օրս մանկական ժապաւէններու եւ տարբեր տեսերիզներու ճամբով կը ներկայացուին հանրութեան:

Հայ գրող եւ երգիծագիր Նշան Պէշիկթաշլեան 1941 թուականին հրատարակած «Հայ Աղբրտիք» աշխատութեան մէջ կը գրէ պատմուածք «Վայրենի մը» խորագրով, ուր կ՚ըսուի, թէ տասնամեակներ առաջ սեւամորթ մը Եւրոպայի «զարգացած» քաղաքակրթութիւնը ուսումնասիրելու համար կը մեկնի Եւրոպա. յուսախաբութիւնը չ՚ուշանար եւ տեսնելով սպիտակամորթ մը կ՚ըսէ անոր. «Վայրենիներս սատանայի պատկերով հրեշտակներ ենք, դուք, սակայն, Աստուծոյ պատկերով շինուած սատանաներ էք։ Գայլեր՝ գառան մորթով: Մենք՝ վայրենիներս, դուրսէն սեւ ենք, սակայն, ներսէն՝ սպիտակ։ Իսկ դուք դուրսէն ճերմակ էք ու ներսէն սեւ»:

Չէ՞ որ Աստուած ալ սպիտակամորթ մը եղած պէտք է ըլլայ մեզի համար: Իսկ սեւամորթներու հանդէպ եղած խտրութիւնը նոյնպէս Աստուածաշունչի մէջ չե՞նք տեսներ, ուր Յակոբ իրարմէ կը բաժնէ սեւ եւ սպիտակ ոչխարները եւ իրար չի խառներ (Ծննդոց 30.40):

Մեր հայկական գրականութիւնը եւս անմասն չէ մնացած սեւամորթներու հանդէպ եղած անարդարութենէն. օրինակ՝ Յակոբ Օշական իր «Մաթիկ Մելիքխանեան» վէպի 5-րդ գլխուն մէջ կը յիշէ հետեւեալ տողերը. «Շատ, շա՜տ էին իշխանուհիները, որոնց անցքին պարտաւոր էիր աչքերդ խոնարհել գետին, այլապէս սեւամորթ ներքինիներու մտրակները կը ճզմէին անխորհուրդ նայուածքիդ հետ, քիթդ ու բերանդ»: Այլ վիրաւորական խօսք մը կը գտնենք Զարեհ Որբունիի «Վարձու սենեակ» աշխատութեան մէջ. «Կիներուն համար հաստաշուրթն սեւամորթը անվնաս անասուն մըն էր...»: Գարեգին Սրուանձտեանց ալ իր «Թորոս աղբար» աշխատութեան մէջ կը յիշէ սեւամորթ մը, որուն «առջեւէն ու ետեւէն կ՚երթային սեւամորթ եւ աղտոտ ծառայից բազմութիւն»:

Կարելի է բազմաթիւ յիշատակութիւններ կատարել, ուր սեւամորթը մեր գրականութեան մէջ եւս կը ներկայանայ որպէս ծառայ, վայրենի, կռուարար ու վախազդու:

Թերթեցէք համաշխարհային մամուլը. գիտէ՞ք ամէն տարի քանի սեւամորթ ինքնասպան կը դառնայ իր «սեւ» գոյնի հանդէպ եղած ծաղրանքին ու անպատուութեան պատճառով. 2014 թուականին 29-ամեայ աղջիկ մը ինքնասպան դարձաւ ընկերոջ կողմէ իր սեւութեան հանդէպ եղած ծաղրանքին պատճառով. 2018 թուականին 14 տարեկան աղջնակ մը ինքզինք սպաննեց, դասընկերոջ կողմէ իր սեւութեան պատճառով «վախնալիք» ու «տգեղ» որակուելու պատճառով, 2019 թուականին այլ սեւամորթ աղջիկ մը վերջ տուաւ իր կեանքին, շրջանակի կողմէ իր սեւութեան հանդէպ լսած աւելորդաբանութիւններուն պատճառով:

Ինչքա՜ն անուշ է Աստուածաշունչի այն տողը որ կ՚ըսէ. «Հոգի՛ է Աստուած». եւ հետեւաբար եթէ ստեղծուած ենք իր պատկերով, պէտք է նկատի առնենք, որ սեւամորթը եւս նոյն Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է: Ներկայ դարուս շատ աւելի վախ կը պատճառեն «զարգացած» եւրոպացիներն ու այլանդակուած ամերիկացիները, քան աշխատասիրութեամբ իրենց գործը կատարող Միջին Արեւելքի սեւամորթները, որոնք օրն ի բուն կ՚աշխատին գոյատեւելու համար:

Հետեւաբար պէտք է ընդունիլ, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի նաեւ սեւ կաղանդ պապուկ, սեւ Քրիստոս եւ սե՛ւ հրեշտակներ, որոնք տարբեր են միա՛յն գոյնով, իսկ էութեամբ նոյնն են ինչ որ մենք:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ
(1918-1992)

Մեր թուականէն 104 տարիներ առաջ՝ 8 յունուար 1918-ին Կարսի մէջ ծնած է գեղանկարիչ, Խորհրդային Հայաստանի Ժողովրդական նկարիչ եւ Գեղարուեստի ակադեմիայի ակադեմիկոս Յովհաննէս Զարդարեան:

Զարդարեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիզի մէջ եւ ապա ընդունուած է Կովկասի ամենէն հին համալսարաններէն մին՝ Գեղարուեստի ակադեմիա, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, 1933 թուականին տեղափոխուած է Հայաստան եւ ընդունուած՝ Երեւանի Գեղարուեստի ուսումնարան, ուր աշակերտած է նկարիչներ Սեդրակ Առաքելեանին եւ Վահրամ Գայֆէճեանին. 1937-1941 թուականներուն ուսումը շարունակած է Համառուսաստանեան գեղարուեստական ակադեմիայի մէջ եւ ապա Լենինկրատի Ռեպինի անուան գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան հիմնարկէն ներս:

Զարդարեան ուսումը աւարտելէ ետք զբաղուած է ուսուցչութեամբ ու մանկավարժութեամբ. 1951-1959 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի Գեղարուեստի-թատերական կաճառէն ներս, իսկ 1969-1982 տարիներուն եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան Մանկավարժական կաճառի գեղարուեստի ամպիոնի վարիչ: Զարդարեան հեղինակ է բազմաթիւ նկարչութիւններու, որոնցմէ ամենէն նշանաւորներն են «Սեւանգէսի շինարարներու յաղթանակը» (1947) աշխատութիւնն ու «Նախաշաւիղ»ը՝ ուր նկարուած է Խաչատուր Աբովեանի կերպարը (1948): Ան հեղինակ է նաեւ բազմաթիւ դիմանկարներու. ինչպէս՝ Վիքթոր Համբարձումեանի, Բաբգէն Առաքելեանի, Եղիշէ Չարենցի, Գէորգ Էմինի եւ այլ մեծերու դիմանկարները: Զարդարեանի յայտնի գործերէն է նաեւ 1947-1951 թուականներուն ստեղծած Կոմիտասի նուիրուած երեք նկարները: Զարդարեան սկսած է ցուցահանդէսներով հանդէս գալ 1950 թուականէն սկսեալ. ցուցահանդէսներ ունեցած է Երեւանի, Մոսկուայի, Հնդկաստանի, Փարիզի, Լեհաստանի, Լիզպոնի, Լենինկրատի, Իտալիոյ, Նիւ Եորքի, Հռոմի Վենետիկի եւ այլ քաղաքներու մէջ:

Զարդարեանի աշխատանքները կը գտնուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի, Մոսկուայի պատկերասրահի, Սեն Փեթերսպուրկի ռուսական արուեստի թանգարանի, ինչպէս նաեւ այլ թանգարաններու մէջ: Շնորհիւ իր վաստակին՝ արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի Վաստակաւոր նկարիչ կոչումին, ինչպէս նաեւ «Աշխատանքային կարմիր դրօշ» եւ «Ժողովուրդներու բարեկամութիւն» շքանշաններուն:

Արուեստագէտը մահացած է 21 յուլիս 1992-ին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 8, 2022