ԿԱՐԳԱԹՈՂՆ ՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Մենք ազգ մըն ենք, որ ունինք բազմաթիւ մեծութիւններ, որոնք տիրացած են մեր խոր սիրոյն ու յարգանքին, սակայն այդ ակնածանքը կուրութեան չ՚առաջնորդեր մեզ (պէտք չէ առաջնորդէ), որովհետեւ անոնք մտաւորական ո՛ր բարձրութեան վրայ ալ գտնուին, չունին Պապին անսխալականութիւնը: Անձը բարձր գնահատել, սակայն անոր որոշ գաղափարներուն ու կարծիքներուն համամիտ չըլլալ այդ սէրէն ու յարգանքէն ո՛չ մէկ բան կը նուազեցնէ, որովհետեւ մէկը սիրել ու զայն յարգել չի նշանակեր անվերապահօրէն ընդունիլ այն բոլորը, ինչ ինք կ՚ըսէ եւ կը հաւատայ, որովհետեւ իւրաքանչիւր միտք, իւրաքանչիւր համոզում ենթակայ է քննադատութեան, որովհետեւ սէրը առանց բանականութեան խաբուսիկ ու մակերեսային երեւոյթ մը կ՚ըլլայ պարզապէս:

Այս համոզումի լոյսին տակ այսօր կու գանք քննադատելու եւ մեր կարծիքը յայտնելու մեր մեծագոյն գրողներէն մէկուն մէկ արտայայտութեան ու համոզումին դէմ. մեր թուականէն 85 տարիներ առաջ՝ 1940 թուականին, մինչեւ օրս լոյս տեսնող Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ յայտնի հայ բանաստեղծ ու խմբագիր Վահան Թէքէեան կը հրատարակէ իր գրիչին պատկանող «Եկեղեցական հարց մը» խորագրեալ գրութիւն մը («Զարթօնք», երեքշաբթի, 31 դեկտեմբեր, 1940, Դ. Տարի թիւ 981 “70”):

Վահան Թէքէեան այս յօդուածը կը գրէր սրտնեղած, որովհետեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եկեղեցւոյ մը մէջ հոգեհանգիստի կ՚արժանանար անձ մը՝ որ նախկին եկեղեցական էր. շատ շատերու համար ոչ յարմար կը նկատուէր կարգաթող նախկին եկեղեցական մը թաղման արարողութեան արժանի դարձնել. նախկին եկեղեցականին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութեան արժանանալը կը նեղացնէ մեծ բանաստեղծը, որ այս երեւոյթին համար կ՚ըսէ. «այս է որ սրտիս վրայ նստեցաւ»: Թէքէեանի համոզումով, եկեղեցին պէտք է արժանի չընէ այն անձերը եկեղեցական արարողութիւններու, նկատի ունենալով անոնց ուխտադրուժ ըլլալը: Թէքէեան կը շարունակէ ըսելով. «Եթէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէկ արքեպիսկոպոսը իր երէկուան աստիճանակցին կարգաթողութիւնը նկատի պիտի չառնէ եւ զայն պիտի յարգէ ու պատուէ այնպէս, ինչպէս ոեւէ ուխտ չըրած եւ զայն չդրժած հայ մը, ինչո՞ւ ուրեմն այդ ուխտը դեռ ընել կը տրուի նորընծայ վարդապետներու»:

Այս համոզումի լոյսին տակ Վահան Թէքէեան կը պահանջէր, որ յստակ պատնէշ մը դրուէր կարգաթող եկեղեցականներու եւ միւս բոլոր մահկանացուներուն միջեւ. որպէս եզրակացութիւն մեծ մտաւորականը կը գրէ. «Արդարեւ, չի բաւեր որ մեր սակաւաթիւ եկեղեցականութեան մէջ բաղդատաբար մեծ թիւ կը կազմեն կարգաթողները, վարդապետ ըլլան թէ մինչեւ անգամ եպիսկոպոս, կարգաթողութիւնը ոչ իսկ բարոյական պատիժի մը արժանի կ՚ընէ կարգաթողը, ոչ իսկ հանդիսաւոր հարսանիքէ կամ թաղումէ կը զրկէ զայն»: Այս համոզումները տարօրինակ չենք գտներ, որովհետեւ հին եկեղեցական կանոնները կը պատուիրէին կարգաթող եկեղեցականները նզովել (թէեւ որոշ կանոնները կը հրամայեն նզովել ծայրագոյն յանցագործութիւններու պարագային, այլապէս աշխարհականներու շարք դասել):

Իրականութեան մէջ շատ տեղին կը գտնենք Թէքէեանի այս արտայայտութիւնները, վերջապէս խօսելու նիւթի մը մասին, որուն մասին պէտք է խօսէինք անցեալին. սակայն, կը հաւատանք, որ լաւ է խօսիլ ուշ՝ քան երբեք: Նախքան բարոյական պատիժի ենթարկել կարգաթողները, պէտք է լաւապէս հասկնալ ու ըմբռնել, թէ ինչ կը նշանակէ կարգաթող.- պէտք է յստակ ըլլայ, որ կարգաթող անձը առաջին հերթին Քրիստոնէական հաւատքէն չի հեռանար եւ կամ Քրիստոնէութիւնը չ՚ուրանար։ Կարգաթողը յանձն կ՚առնէ հեռանալ այն շրջանակէն ու մթնոլորտէն, որուն մէջ կը գտնուի եւ այդ մէկը կրնայ ունենալ իր հոգեբանական ու մարդկային զանազան պատճառները: Կարգաթողութիւնը մեր ազգին մէջ կարծես կը դիտուի որպէս հաւատուրացութիւն. կարգը ձգել, հաւատքը կորսնցնել չի նշանակեր. այսօր երիտասարդ մը կեանքի պայմաններու բերումով կրնայ հայրենիքը լքել ու արտագաղթել, սակայն, այդ չի նշանակեր, թէ ինք հայրենիքը ատող ու դաւաճան անձ մը պիտի նկատուի, որովհետեւ այդ հեռանալը շատ անգամ զինք շատ աւելի հայրենասէր պիտի դարձնէ, ինչպէս կարգաթողութեան պարագային շատ անգամ անձը շատ աւելի հաւատքով պիտի լեցուի՝ քան իր կարգին մէջ գտնուած ժամանակ: Այս մտածումը արդիւնքն է այն սխալին, որ մեր ժողովուրդի զաւակները դարեր շարունակ ունեցած են եւ ունին. հաւատքը կարգին հետ կապ չունի եւ այնպէս մը չէ, որ կարգի մէջ գտնուողը շատ աւելի հաւատացեալ է քան աշխարհական մը՝ որ կրնայ ըլլալ շատ աւելի մեծ հաւատք ունենայ, քան մեծագոյն եկեղեցականը. հաւատքը ո՛չ պաշտօնով եւ ոչ ալ տարիքով կարելի է չափել: Այսօր կը տեսնենք, որ շատ մը հաւատացեալներ իրենց կրօնական հարցերը կ՚ուղղեն եկեղեցականներու, սակայն, կարգաթող անձերու կը խուսափին հարցեր տալու. պատճա՞ռ. կարգաթողութեան հետ անձը արդեօք կորսնցո՞ւց իր բոլոր գիտելիքները, ինչ որ ունէր նախապէս. անոր անուան դիմացի «հայր» կոչումը բաւարար ապացո՞յց է անոր եկեղեցական գիտելիքներուն. վստահ եղէք, որ շատերու համար այս հարցին պատասխանը «այո» է եւ այս անձերը անոնք են, որոանք կուրաբար կը հաւատան երբ եկեղեցականը անճիշդ տեղեկութիւն մը կու տայ. այս մէկը պարզապէս բաժին մըն է ոչխարի հոգեբանութեան, որ ցաւ ի սիրտ, ազգովին ունինք մեր մէջ:

Պետրոս առաքեալ իր երկրորդ նամակին մէջ կը խօսի հաւատքէն հեռացողներուն մասին եւ կ՚ըսէ, որ աւելի լաւ էր այդպիսիները ընդհանրապէս հաւատքի չմօտենային, քան թէ մօտենալէ ետք՝ հեռանային. ահաւասիկ առաքեալի խօսքերը.- «Զի լաւ էր նոցա եթէ բնաւ իսկ չէր ծանուցեալ զարդարութեանն ճանապարհ, քան, զի ծանեան եւ յետս կացին ի սուրբ պատուիրանէն որ նոցա աւանդեցաւ» (Բ. Պետ. 2:21). Հազարապատիկ համաձայն ենք այս խօսքին, պարզապէս այն ճշմարտութեան համար, որ կարգաթող եկեղեցականը Քրիստոնէական հաւատքէն հեռացող անձ մը չէ եւ աւելի կը հաւատանք, որ նման անձ մը կրնայ աւելի հաւատքի մօտ ըլլալ, որովհետեւ սեփական կամքով եկեղեցի յաճախելը շատ աւելի մեծ արժէք ու իմաստ ունի, քան պարտադրաբար մասնակցիլը, որովհետեւ հաւատքը երեւոյթներով չէ, որ կը դատուի, այլ անձնական ու հոգեկան ապրումներով է, որ ի յայտ կու գայ:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչքանո՞վ ճիշդ է ներողամտութիւն քարոզել, սակայն չներել:

Պատասխան. Ներողամտութիւն քարոզել, սակայն չներել, կրնայ հարցականի տակ դնել քարոզին իսկութիւնն ու ճշդութիւնը. ներելը անձնական եւ բարոյական արարք է եւ անոր քարոզչութիւնը առանց օրինակ դառնալու անդունդ կը ստեղծէ խօսքերուն եւ արարքներուն միջեւ: Այդ մէկը կրնայ կեղծաւորութիւն ըլլալ, ուր մարդ կը քարոզէ որոշ գաղափարներ, որոնք իր կեանքին մէջ ի գործ չի դներ. ինչ որ ուրիշներու կողմէ կասկածի տակ կը դրուի անոր ճշմարտութիւնը: Իսկական ներումը վարդապետութիւն չէ, որ պէտք է բարձրաձայնել, այլ սկզբունք է, որ պէտք է կենդանի օրինակ դառնայ, որպէսզի իրապէս ազդող ըլլայ, այլապէս խօսքը առանց արարքի ազդեցութիւն մը չ՚ունենար:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 8, 2025