ՄԱ՛ՐԴՆ Է ՄՆԱՅՈՒՆ

Մարդ ի՞նչ է շինած որ մնացած է դարերու ընթացքին։ Շա՜տ բան բայց ո՛չ մնայուն։ Կամ մարդ ի՞նչ է կառուցած որ պիտի մնայ գալիք սերունդներու, գալիք դարերու ընթացքին։ Շա՜տ բան բայց ո՛չ մշտնջենաւոր, ո՛չ անայլայլելի։ Ուրեմն ո՛չինչ։

Այս իմաստով, մարդուն այն միակ ունեցածը կամ շինածը որ տեւականութիւն ունի՝ տեւականութեան, մշտնջենականութեան խոստում ունի, ի՛նքն է՝ մարդն է, Աստուծոյ պատկերովը ստեղծուած, եւ Աստուծոյ հոգիին եւ նկարագրին մէկ ցոլացումը։

Ուստի ի՛նչ որ պահպանելու է մարդ՝ իր մարդկային անձնաւորութեան աստուածատիպ նկարագրին այդ հարազատութիւնն է։ Այլապէս անկէ դուրս ամէն ինչ ունայնութիւն է. սիրելի, համակրելի, փափաքելի, ըմբոշխնելի… բայց անցաւոր եւ ունա՛յն։

Պահ մը դիտենք մեր շուրջը եւ տեսնենք. ի՛նչ որ մարդիկ շիներ, կառուցեր են, ի վերջոյ աւերուեր է։ Բայց նայինք սա բնութեան. սա լեռները եւ բլուրները, որոնք Աստուծոյ ձեռագործներն են, մնացեր են. նոյնքան գեղեցիկ եւ հրապուրիչ որքան անյիշատակ դարեր առաջ էին։

Մա՛րդն ալ «հնութիւն» մըն է այս մոլորակին վրայ Ադամէն ասդին, բայց իր նախատիպ գեղեցկութիւնը կը պահէ՞, թէ այս եւ այն աւերակներուն պէս աւերակ մըն ալ մա՛րդն է՝ բարոյական աւերա՛կ մը…։ Եւ ո՜րքան ցաւալի է, որ մարդ իր իսկ շինածը, կառուցածը դարձեալ ինք կը քանդէ, աւերակի կը վերածէ։

Բնութիւնը կը նորոգէ, մարդը կը քանդէ, կ՚աւերէ, կը փճացնէ։

Ուստի ժամանակակից աւերակներ որ կը տեսնուին ամէնուրեք, ապացոյցներ են մարդկային վայրագութեան որեւէ պատրուակով եւ կամ շարժառիթով։ Մարդ՝ որ հետզհետէ կը շինէ, կը հնարէ եւ կը յօրինէ, նոյն չափով եւ նոյն արագութեամբ ալ կը կործանէ, կը քանդէ եւ կ՚ոչնչացնէ իր շինածը։ Եւ ի՞նչ կը պատմեն, ի՞նչ կը ներկայացնեն այն աւերակները մարդկային արարքներով իրականացած… միայն մարդկային գազանութիւն, վայրագութիւն՝ մերկացեալ կեղծաւոր եւ բարեպաշտիկ բացատրութիւններու եւ յայտարարութիւններու քօղերէն։ Մա՛րդն է որ կը շինէ եւ շինածը կը կործանէ, կը քանդէ։

Եւ այդ աւերակները մէկ լեզուով եւ մէկ մեղադրանքով կը խօսին.- Ամօթ ձեզի որ մարդու կերպարանքի տակ գազաններէ աւելի վայրագ՝ ցածցեր էք… ամօ՜թ։ Արդարեւ իր արարչութենէն իսկ մարդուն կոչո՛ւմն է շինել, կառուցանել, բարձրացնել եւ ո՛չ՝ կործանել, քանդել։ Մարդ կոչուած է բարձրանալու եւ բարձրացնելու եւ ո՛չ՝ ցածնալու եւ ցածցնելու։

Եւ ինչո՞ւ քանդեր, աւերեր, կործաներ է մարդ սա խաղաղ եւ անմեղ մարդոց կեանքերը, բնակարանները. ինչո՞ւ մարդ նախընտրեր է մութը եւ խաւարը փոխանակ լոյսի։ Եւ ինչո՞ւ ատելութիւն, թշնամութիւն փոխանակ սիրոյ եւ բարեկամութեան։ Եւ ի՞նչ նպատակի ծառայելու համար մարդ քանդեր եւ կործաներ է իր նմաններուն կեանքը եւ ապրումները. եւ ո՛չ մէկ արդարացումով եթէ գազանութիւնը եւ վայրագութիւնը կրնայ որեւէ ձեւով եւ որեւէ ատեն արդարանալ. հապա՝ մարդկութիւնը թշուառացնելու եւ բարոյապէս հոգիով մարմնով ջախջախելու համար։

Պահ մը խորհինք, ընդունինք եւ խոստովանինք. հոգ չէ, եթէ մարդը մարդուն դէմ կը կռուի, զիրար կը հարուածեն, բայց ինչո՞ւ անմեղ մարդը թիրախ ըլլայ աւերիչ յարձակումներու… ի՞նչ է նպատակը, ի՞նչ է իմաստը այս թշնամութեան, այս հակառակութեան, ահաւասիկ ասիկա հասկնալ կարելի չէ՛։

Այն բոլոր աւերակները, իւրաքանչիւրը խոստովանութիւն մըն է, եւ ինչպէս դատապարտութիւն մարդկային սեւ եւ խաւար հոգիին, ուրացման այն բոլոր բարոյական բարձր սկզբունքներուն եւ իտէալներուն,  որոնցմով կը պարծենայ, ինքզինք հպա՛րտ կը զգայ «քաղաքակրթութեան ախոյեան», «լուսաւորեալ» եւ «յառաջադէմ» մարդը…։

Եւ երբ կը դիտենք այդ աւերակները՝ հոն կը տեսնենք մարդկային նկարագրին աւերը։ Այդ աւերակները՝ որ կը խորհրդանշեն մարդկային բնութեան վատ մէկ կողմը, անշուշտ փափաքելի է որ հետզհետէ նուազի եւ վերջապէս բոլորովին ոչնչանայ։

Արդարեւ, մարդ իր իսկ «Ես»ը խաչելու եւ թաղելու է նախ՝ որ կարող ըլլայ ասանկ աւերներ գործածելու…

Մարդ երբ կարողանայ առանց քանդելու նորոգել իր արժէքները, իր իսկ կառուցածները, ահաւասիկ այն ատեն հաւատարիմ պիտի ըլլայ իր սկզբնական կոչումին՝ շինելու, կերտելու, ստեղծագործելու յատկութեան՝ գոյապահպանելու եւ գոյատեւելու ամէն շնորհ, ամէն արժէք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 6, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Փետրուար 8, 2020